Other notices
— - Bibliographic notice
327
ՄԱՇՏՈՑ Ը
ԺԳ դար - ԺԴ դար

ID
Number
327
Old record number
336
Title
ՄԱՇՏՈՑ Ը
Start date
ԺԳ դար
End date
ԺԴ դար
Date details

(հնոյն) հաւանօրէն 1293-1299. իսկ նորոգուածին 1401։

Copy place
անյայտ։
Reference
Type
Number of pages
366
Dimension
22,5x6,3 (17x 11,7)
Layout
միասիւն։
Writing details

բոլորգիր միջին, լայնատող եւ ընտիր, կրկին գրչութեամբ։

Codicology

31, անհաւասար բաժնուած, այսինքն առաջին նօթն թերթերը (նորոգողէն աւելցուած) առանց թերթահամարի են. իսկ միւսներն՝ ոմանք 10, ոմանք 11, իսկ ընդհանրապէս 12 թուղթք։

Principal subject
Subject details

մագաղաթ սպիտակ եւ ազնիւ, տեղ տեղ միայն դեղնեալ եւ հաստկեկ։

Number of lines
17-28։
Binding

փայտեայ շէկ կաշիով պատած եւ գրոշմազարդերով. իսկ կողերու ներսը կապոյտ հաստ լաթով պատեալ։ ԺՄԱԳ. ՊԱՀՊԱՆԱԿ չունի։

State of preservation

շատ լաւ պահուած. միայն Թղ. 27, 140, 235, 244, 266, 336, 366 մերթ նեղքուած են եւ մերբ այ լուտանցաքդանցքը բերեւ կերպով Կարուած իսկ վերջին թուղթը վարի կողմէն փրթած է հանդերձ գրութեան մէկ մասով։ կողերու կոճակներն եւս փըրթած են՝ գոցելու մասով։

Copyist
կրկին, հին Մաշտոցին Յուսէփ քահանայ, իսկ նորոգուած մասին Յովհաննէս եւ Տէր Դաւիթ։
Owner

նախկինն անյայտ, ապա Տէր Պապ, Զաքարիա քահանայ ե։ Դաւիթ եպիսկոպոս, ապա այլք, ապա Տիւղեանք, -

Commanditaire
Illuminator
անյայտ, հաւանօրէն գրիչն (Յուսէփ քահանայ)։
Binder
Տէր Դաւիթ (եպիսկոպոս)։
Parchment flyleaf

Lettrines

բազմաթիւ են, բազմագունեան ոսկեզարդ, մեծաւ մասամբ կիտուածային ծաղկագրեր, քիչ թրոչնագիրեր։

Initials

Marginal illuminations

բազմաթիւ են եւ բազմագունեան, մեծ, միջակ եւ փոքր, երբեմն երբեմն միացած զարդագրերուն հետ՝ գիւտաւոր մոտիւներով։

Images

չունի։

Canon tables 1

6 հատ (Թղ. 1ա, 34ա, 36բ, 158ա, 185բ։ 226ա)։ Ամէնքն եւս բազմագունեան, ոսկեզարդ եւ գեղեցկադրուագ, թաւշանման ազնիւ իւղաներկերով. առաջինը (նորոգողէն) եւ վերջինը միայն մեծ են, ժամացուցաձեւ լայնշի բնակամարներով. իսկ միւսներն առ հասաբակ երկայն քառակուսիներ են առանց բնակամարի, նոյնպէս գեղեցկադրուագ եւ ճաշակաւոր։

Canon tables 2

Title text

կարմիր են առ հասարակ. նորոգուած մասին - այն է Թղ. 1-33բ - տնագլուխներն եւս կարմիր են. իսկ մնացեալին բոլորն եւս ոսկեգիր, ոսկեգիր են նոյնպէս մէն մի գլխու առաջին տողը, իսկ երկրորդր կարմիր։

Blank pages

Թղ. 37բ (կէս), 40ա (կէսբ), 225բ, 366բ, մէկ թուղթ ալ սկիզբը։

Colophon

.Թղ. 362ա (Հանգստեան շարականաց վերջ) կայ նախկին գրչէն, այսպէս. «Զյուսէփ սուտանուն գրիչ եւ զանպիտան քահն աղաչեմ յիշել ի տէր եւ որով յիշէքդ յիշեալ լիջիք ի Տեառնէ»։ 2. Թղ. 33ա (Քահանայի ձեռնադրութեան կանոնին վերջ) երկրորդ գրչէն. «Արդ որք հանդիպիք այս բուրաստանիս որ է հայր Մաշթոց, յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր, զստացող սորին զտէր Պապ քահանայն, եւ Զաքարիա քահանայն, եւ զվերջին նորոգաւղ սորին զՏէր Դաւիթ եպիսկոպոսն որ զթերին լցի, զիրիցաւրնէքն, եւ զեկեղեցու դուռն աւրհնէքն, եւ զաւազան աւրհնէքն, գրեցի, եւ կազմեցի՝ յիշատակ տէր Պապին եւ տէր Զաքարիային, եւ ինձ մեղապարտ տէր Դաւիթ եպիսկոպոսիս, եւ որդեցն իմ Ղազար քահանային եւ Գէորգ դպրին. արդ որք կարդայք կամ աւրինակէք, յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր։ Եւ զՅովաննէս անարժան գրիչս, որ զպակասութիւն գրիս լցի. թվ. ՊԾ (1401) եւ Աստուած զձեզ յիշէ յիւր երկնից արքայութիւնն. ամէն»։

Informations

Ձեռագիրս 1850ին մտեր է հաւաքմանս մէջ. յիշատակ է Տիւզեան ազգատոհմին, Վ. Հ. Արսէն Ա. Բագրատունին յիշեալ թուականին Կ. Պոլսէն անձամբ բերած է ի Վենետիկ։ Մատեանս է Մաշտոց նկարազարդ, մեծադիր եւ հաստ։ Հին բնագիրն - որ կը սկսի (Թղ. 34ա) «Հիմնարկէք եկեղեցւոյ» կանոնով, եւ կը վերջանայ (Թղ. 362ա) կը կազմէ յինքեան ամբողջութիւն մը անթերի,'է յոյժ ընտիր, ուղղագիր եւ համաձայն Դ Մաշտոցին. հաւանօրէն կա՛մ ասկէ դաղափարուած է եւ կամ ասոր համասեր ուրիշ օրինակէ մը, այն է Ա. Մաշտոցէն։ Իսկ կանոնք ի. փոքր աստիճանաց, Սարկաւագի ձեռնադրութեան, որոնք գրաւած են Թղ 1ա-33բ, եւ Կանոն դուռն աւրհնելոյ եկեղեցւոյ, որ ներմուծուած է հին բնադրի մէջ (Թղ. 78ա-82բ) 1401ին աւելցուած են Դաւիթ եպիսկոպոս եւ Յովաննէս գրչի ձեռքով, և են համաձայն Սսոյ, այն է ԺԳ. Մաշտոցին. այսպէս նաեւ կրկին ամուսնութեան կարդն եւ ուրիշ 4 Աղօթքներ եւ Աւրհնութիւններ։ Ուստի այս պատճառաւ աւելորդ կը համարինք մանրամասն ցանկել մէն մի կանոնի ամբողջ բովանդակութիւնը. այլ բաւական կը համարինք դնել վերնագիրն եւ սկզբնաւորութիւնը միայն, ծանօթագրելով սակայն աչքի զարնող նորութիւնները խրատագիրներու մէջ, որով պիտի իմացուի թէ ո՞րն յիչեալ Մաշտոցներէն է երիցագոյնը ժամանակաւ եւ կամ կրտսերը. 1. Թղ. 1ա։ «Ի սկիզբն կարդի ի. աստիճանաց, որք ձեռնագրեն ի Դ. եղանակ տար(ւ)ոյն շարաթ աւր ի գարրը դարն (իմա ###### ##### - 4 ժամանակք)։ Առաջի աստիճանք կղերիկոսաց. որք են սաղմոսերգօ։ Զի զգենու եպիսկոպոսն ըստ օրինին, եւ ամենեքեան ըստ իւրաքանչիւր կարգի։ Եւ ծխէ խունկ սուրբ սեղանոյն եւ ասեն շարական ըստ աւուրն պատշաճի»։ Հմմտ. Մաշտ. ԺԳ § 3, Թղ. 8ա-30ա։ Որուն սակայն գլխացանկը (Թղ. 2ա1-3բ2), Իւղաբերից եւ այլ աւետարաններն (Թղ. 3բ27ա1) կը պակսին այս Մաշտոցիս մէջ։ Կղերիկոսաց կամ Հերակտրութեան, Դռնապանի, Ընթերցողի, Ջահընկալի եւ Կիսասարկաւագի. աստիճանները՝ միահամուռ դըքուած են - կարմիր խորագրաւ - իբրեւ մէկ կանոն, բայց առանց Կանոն վերադիրը կրելու։ Միայն Սարկաւագի եւ Քահանայի ձեռնադրութիւնները իրրեւ ուրոյն Կանոններ խորագրուած են եւ կը կազմեն Ջ. եւ Է կարգերը։ Չունի նաեւ Երդմեցուցչութեան աստիճանը, որ յիշեալ Մաշտոցին մէջ իբրեւ Չորրորդ կարգ նկատուած է, եւ որուն պատճառաւ - ինչպէս պիտի տեսնուի - հոն Քահանայութիւնը նկատուած է իբրեւ Ը. Կարդ. Մաշտոցս ունի (Թղ. 1ա) աւելի. «Տէր Աստուած նորոգիչ եւ քառքասեք առաջին աղօթքը։ Թղ. 4ա ունի «Չորրորդ ակազիտին», մինչդեռ ԺԳ. Մաշտոցին չորրորդն է Երդմնեցուցչութեան, եւ հինգերորդն Ակաւյիտին (Ջահընկալութեան)։ Կիսասարկաւագութեան կարդը հինգերորդ է, մինչդեռ ԺԳ. Մաշտոցին մէջ վեցերորդ նշանակուած է։ Իսկ Սարկաւագութեան եւ Քահանայութեան կարգերը ըստ ամենայնի համաձայն են Ձեռնադրութեան գրքին։ Վերջապէս եօթն կարգերու մէջ եւս Մաշտոցս ուղղագրած է ԺԳ Մաշտոցի սխալագրութիւնները, եւ ունի յաւելուածով բառեր. օրինակ՝ Թղ. 6բ։ «Աւրհնեալ անմահ թագաւորութիւն Հաւր»։ 2. Թղ 34ա։ «Հիմնարկէք եկեղեցւոյ։ Բարեխաւսութեամբ սըւցը Աստուածածնին եւ ամենայն քքքոքաւք մեղ տէր Աստուած մեր»։ - Վերջ Թղ. 46ա։ Հմմտ. Դ. Մաշ. § 2, Թղ. 1բ2-9բ1, հանդերձ Ա. Մաշտոցէն ունեցած տարբերակներով. միայն թէ առանց Յոհ. Մանդակունւոյ կը խորադրէ Մաշտոցս, եւ նախընթացներու առաջին խրատագիրն ալ Աղօթքէն ետքը զետեղած է։ Մաշտոցս աւելի ուղղագիր է քան Ա. Դ. Մաշտոցները, եւ յաճախ կ'ուղղադրէ յատկապէս Խրատագիրներու մէջ ինչպէս պիտի տեսնենք - ասոնց սխալագրութինները եւ տարակուական ինչ ինչ բա 2. Թղ. 46բ։ Կանոն եկեղեցի աւրհնել (առանց խորագրի եւ Խրատագրին)։ «Իմաստութիւն չինեաց իւր տուն»։ - Վերջ Թղ. Մնացեալն ամբողջ տես Դ. Մաշտ. § 3, Թղ. 9բ2-28բ2, Ա. Մաշտոցէն ունեցած աւելցուած ընթերցուածներով եւ բառերու տարբերակներով հանդերձ։ Մաշտոցս չունի Ա. եւ Դ. Մաշտոցներու առաջին Խրատագիրը։ Իսկ Բ. Խրատագրի մէջ (Թղ. 51ա) ունի. «Զեպիսկոպոսն որում հաւատացաւ փառաւորութիւն աւուրն սքօղեցուցանեն», քը աւելի ճիշտ է, փոխանակ Ա. Մաշտոցի «Եպիսկոպոսն որում հանդիպեցաւ փառաւորութեան սքողեցուցանեն»։ Անդ. «Եւթնապատիկ կարդաւք», փոխ. «եւթնապարզ կարդաւք»ի։ Անդ. «Եւ կրկնամած նափորտիւն», փոխ. «կրկնապարզ նափորտամբն»ի։ Անդ. «Եւ լայնատարած երկնագունիւն», որ կը պակսի Ա. Մաշտոցին մէջ։ - Թղ. 51բ։ «Համանգամայն պատուանդանի ոտիցն»։ փոխ. «Մանգամայն պատուանդան ոտից»ին։ 4. Թղ. 78ա. «կանոն նորակերտ դուռն աւրհնելոյ եկեղեց։ Գան ի մէջ եկեղեց. եւ վառեն մոմեղէնս. եւ սարկաւագն քարոզէ. Վասն ուղղելոյ։ Եպիսկոպոսն ասէ զաղ. Տէր Աստուած նորոգիչ եւ զարդարիչ քոյոց արարածոց»։ - Վերջ Թղ. 79ա։ (Այս եւ յաջորդն երտքէն ներմուծուած են, ուրիշ Մաշտոցէ մը)։ 5. Թղ. 79ա։ «Կանոն աւազան աւրհնելոյ»։ (Հմմտ. Դ. Մաշտոց § 5)։ 6. Թղ. 83ա։ «Կանովն ժամաեար աւրհնել»։ (Հմմտ. Դ. Մաշտոց § 10)։ 7. Թղ. 85ա։ «Կանովն հանդերձեղէն սպաս եկեղեցւոյ աւրհնել»։ (Հմմտ. Դ. Մաչ. § 8)։ 8. Թղ. 86ա։ «Կանովն սկիհ եւ մաղզմայ աւրհնել։ Տանին յեկեղեցին եւ ասեն Սղ. ԻԾ Դատ աքա ինձ Տէր զի ես։ Եւ լուանան նախ ջրով և սրբեն սուրբ ջնջոցաւ։ Քարոզ. Խնդր. Եւ ապա լուանան գին(ւ)ով։ Եւ ասեն Սղ. իԲ. Տէր հով(ու)եսցէ զիս»։ (Հմմտ. Ա. Մաչ. § 8)։ 9. Թղ. 86բ։ «Կանովն նորակերտ գիրս աւրհնել»։ (Հմմտ. Դ. Մաշ. § 10), 10. Թղ. 87բ։ «Կանովն պղծեալ տաճարի աւրհնել։ Երիկունն հսկումն լինի եւ ի ժամ պատարագին ասի Սղ. ՀԸ. Աստուած մտին» եւն։ (Հմմտ. Ա. Մաչ. § 5) Բայց Մաշտոցիս մէջ նախընթացի խրատագիրները մերթ ի սպառ դուրս թողուած են, մերթ ա համառօտուած։ 11. Թղ. 94ա։ «Կանովն խաչ աւրհնելոյ»։ (Հմմտ. Դ. Մաշ. § 21)։ 12. Թղ. 109բ։ «Կանովն հաղորդ տալո(յ)»։ (Հմմտ. Դ. Մաշ. § 31) Միայն թէ վերջին խրատագրին մէջ ունի Մաշտոցս յաւելուածով. «Եւ ապա տացէ զսուրբ խորհուրդն զգուշութեամբ։ Եւ իրրեւ ճաշակէ՝ ցուցանէ ի սուրբ խորհրդէն եւ փառս տան. Լցաք ի բարութեանց»։ 13. Թղ. 113բ։ «Կանովն համաւրէն զամենայն վախճանեալսն թաղմամբ առ ի Քրիստոս յուղարկելոյ։ Ասեն կանովն զԵրկինք պատ։ Աւրհնութիւն՝ Ես ասացի շարականաւ։ Քարոզէ. վասն ի վեր։ Եւ քահանայն ասէ զաղաւթս զայս. Աստուած յաւիտենական եւ անսկիզբն»։ 14. Թղ. 128բ։ «Իսկ ի միուսում աւուր Յայգալացն գան ի գերեզմանն եւ ասեն Սղ ՃԻԹ. կցորդ. Եղիցի ականջ»։ (Հմմտ. Դ. Մաչ. § 32, 33) Հանդերձ տարբերութեամբք ինչ ինչ ընթերցուածոց եւ Աւետաբանաց։ Երկրորդ մասին վրայ նոյնպէս Կանովն տիաղոսը կը պակսի. այլ իրբ քարունակութիւն նկատուած է Աշխարհաթաղին. իսկ ստորին լուսանցքի վրայ մերթ Աշխարհաթաղ Այգուն, եւ մերթ ալ Այգուն խորագրուած է գրչէն։ 15. Թղ. 133բ։ «Կանոն Տղայաթաղ առնել։ Ասեն գորղայս. Գ. Առ քեզ տէր համբ։ Առ քեզ տէր կար։ Ի քեզ տէր ուսասաւ Աւրհնութիւն՝ Ես ասացի շարականաւ։ Քրզ. Վասն ի վերուստ։ Աղաւթք. Փառք քեզ թագաւոր փառաց»։ (Հմմտ. Դ. Մաշ. § 34)։ Սակայն Մաշտոցիս մէջ Այգալացի կանոնը դուրս թողուած է գրչէն, ծանօթագրելով ի վերջ Աղօթքին. «Զաշխարհարագին երկրորդ աւուրն այգոյն կարդա»։ 16. Թղ. 142ա։ «Կանովն յորժամ կրաւնաւոր վախնանի, այսպէս յուղարկեն առ Քրիստոս։ Այծեաւքն բանկոնաւ նորովին սրքեմովն. այծեւքն բանկոնաւն կնկղովն։ Եւ ասեն Սղմս. զԵրանեալ ամբիծսն ի բուն։ Եւ աւրհնութիւն՝ Ես ասացի ի վերալ։ Քրզ. վասն ի վերուստ խաղ։ Խ Տէր ողորմեա։ Աղաւթք. Բարերար Աստուած եւ ամենայն բարեաց առաջնորդ»։ (Հմմտ. Դ. Մաշ. § 35)։ Թղ. 148ա։ Վերջին աղօթքին ետքը կը ծանօթագրուի. «Գիտ յաշխարհաթաղն եւ կարդա իւր Կարգաւքն եւ զառաւաւտունի հետ նոյնն է»։ 17. Թղ. 148բ։ «Կանովն պսակ առնել։ Երթան ի դուռն եկեղեցւոյն եւ դնէ քահանայ զձեռն հարսինն ի ձեռն փեսային եւ ասէ Սաղմ. ի թիւ կալար զաջոյ ձեռանէ։ Սարկաւ. քարոզէ՝ Եւ եւս խաղաղութեան. Աղաչեսցուք զամենակալն Աստուած։ Գ Տէր ող։ Եւ քահանայն ասէ զաղաւթս զայս. Խորհուրդ երկնաւոր փեսային որ առ հարսնացեալ սուրբ եկեղեցի»։ (Հմմտ. Դ. Մաշ. § 29)։ Միայն թէ սոյն Մաշտոցիս մէջ կրճատուած են թէ. ի սկղրան եւ թէ՛ վերջընթեր խրատագիր ու մեծադոյն մասը։ Առաջին Աղօթքն եւ Ծենդոց կրկին ընթերցուածներն նոր աւելցուած են։ Վերջին աղաւթքներն ալ տարբեր են։ 18. Թղ. 154ա։ «Կանովն պսակ վերացուցանելոյ։ Սազմ. Բղխեսցէ սիրտ։ Քարոզ. Խնդրեսցուք հաւ։ ԺԲ Տէր ողոր։ Եւ քահանայն ասէ զաղօ»։ Տէր Աստուած մեր որ յամենայն ժամ ընդ մեղ ես»։ - Վերջ Թղ. 154բ։ Աստ կան պսակին վերաբերեալ ուշագրաւ մանրամասնութիւններ, որ կը պակսին Ա. եւ Դ. Մաշտոցներուն մէջ, այսպիսի խորագրով. «Հետեւումն աւրհնութեան խաչփիոխելոյ։ Դնի բաժակ ի սեղանն եւ Բ մատանի, մին ոսկի եւ մին երկաթի, մերձ կալով որք զուգաւորել կամին, եւ քահ. հանէ խաչ ի վերայ նոցա։ Սրկ. ասէ. Աւրհնեա տէր։ Քե. Աւրհնեալ է թագաւորութիւն Հաւր եւ Որդ։ Սրկ. Խաղաղութեամբ զտէր աղ։ Վասն ի վերուստ խաղաղութեան»։ - Թղ. 155ա։ «Քե. ասէ զաղաւ. Աստուած յաւիտենական, որ զցրուեալսն ժողովեցեր»։ - Թղ. 155բ։ «Սրկ. Ընկալ կեցո եւ ող։ Զամենասրբուհի։ Քե. զաղօթս (ստ. լուս. վրայ նոր գրով «րաժակի օրհնէնք է»). Տէր Աստուած մեր որ հաստատեցեր զտիեղերս եւ զարդարեցեր զարարածս, ինքնին աւրհնեա զխաչս եւ ըզրաժակս եւ զմատանիս»։ - Անդ։ «Աղաւթք. Տէր Աստուած որ զանճառելի տեսչութիւնդ ընկալաք ի սուրբ եկեղեցի քո»։ - Թղ. 156ա։ «Աղաւթք առանձինն քահանայի. Տէր Աստուած հարցն մերոց, արարիչ յաւիտենից»։ - Թղ. 156բ։ «Եւ առնու քահանայ զոսկի մատանին եւ տա(յ) ի յայրն, եւ զերկաթին ի կինն, եւ փոխանակեն զնոսա։ Եւ առնու այրն զերկաթին եւ կինն զոսկին։ Եւ ասէ քահանայն. Խաղաղութիւն ընդ ամենեսեան։ Սրկ. Զդլուխս ձեր Տեառն խոնարհեցուցէք։ Եւ քահանայ ասէ զաղ. Տէր Աստուած մեր որ ի հեթանոսաց խաւսեցար քեզ եկեղեցի»։ Անդ։ «Զբաժակին աղաւթն խնդրէ յառաջի պսակին, եւ արձակու ասելով. Ուրախ լերուք ի Տէր յամենայն ժամ, այժմ եւ միշտ»։ 19. Թղ. 156բ։ «Կարգ երկրորդ ամուսնութեան։ Դնէ քահ. զբաժակն ի վերայ սեղանոյն։ Սրկ. քարոզէ. Ասասցուք ամենեքեան մ։ Յամենայն անձնէ եւ յա։ Տէր ամենակալ Աստուած հարցն մեր։ (Քարոզ)։ Եւ եւս բարեպաշտ եւ աստուածապա։ Եւ եւս վասն ծառայից քոց այս անուան առողջութեան կենաց եւ թողութիւն յանցանաց։ Քահանայն՝ զՏէր աղ։ Տէր Աստուած մեր որ ի հրեշտակաց խաւսեցեալ բանդ եւ ի մարգարէից»։ - Թղ. 157ա։ «Սրկ. Եւ եւս խաղ. Վասն թողլոյ զմեղս եւ քաւելոյ զյանցանս սոցա զկամա(յ) եւ զակամա(յ) զՏէր։ Ընկալ կեցո։ Զամենասրրուհի։ Քահանայն ասէ (զաղօթս). Փառք քեղ թագաւոր յաւիտենից որ աճեցուցանես զժողովուրդս քո եւ լցուցանես զեկեղեցի քո հաւատացելովք յանուն քո»։ - Թղ. 157բ։ «Սաղմ. Տէր տէր մեր զի։ Քի. ազ. Աստուած որ գաղտնեաց եւ ծածկութից մարդկան գիտակ ես։ Եւ տա(յ) բաժակ ըմպել նոցա երիցս եւ ասէ զաղաւթս Տէր Աստուած զամենայն արարեր զաւրութեամբդ քո»։ - Վերջ Անդ։ «Եւ ասէ. Ուրախ յերուք ի տէր յամենայն ժամ, եւ արձակու» 20. Թղ. 158ա։ «Կարգ աւրհնութեան սուրբ իւղոյն Հիւանդաց։ Յորժամ աւուր հանդերձի իւղոյն աւրհնութեան ժողովին է քահանայ եւ լցեալ ձէթ անապակ ի պտղո, ծառոց ի կանթեղ՝ դնեն ի սուրբ ամանի ի մէջ ցորենոյ. եւ է. պատրոյգք. առ նմին։ Զգեստաւորին քահանայքն, եւ առնուն ի ձեռս է լապտեր եւ լուցանեն, եւ սկ(ս)անին ի շարականս յայս. Տէր որ ըզհոգւոց ախտս եւ զմարմնոյ ձիթով շնորհի քոյին դըթոյ առողջութեամբ զուարթ առնես»։ Վերջ Թղ. 185բ Հմմտ. ԺԳ. Մաչ. § 30, Թղ. 62ա1112ա2, ուր մանրամասն ամենայն սարօք ցանկեցինք կանուխէն։ Կանոնիս հռոմէական եկեղեցւոյ Ծիսարանէն թարդմանուած ըլլալուն յայտնագոյն ապացոյց այն է որ Աւետարանական ընթերցուածներն ամէն անդամ «ի ժամանակին յայնմիկ» (## #### #######) բառերով կը սկսին։ Եւ եթէ այդ թարդմանութիւնը 1345 թուականէն շտտ առաջ գոյութիւն ունէր, այն ժամանակ, պէտք է որ այդ թուականին դրուած ԺԳ. Մաշտոցն ասկէ դաղափարուած ըլլայ. իսկ հակառակ պարագային՝ այս անկէ օրինակուած պիտի ըլլայ եւ հաւանօրէն ժամանակով ալ կրտսեր։ 21. Թղ. 185բ։ «Ազաւթք ի վերայ պատանոյ ութ աւուր յետ ծննդեան իւրոյ։ Առնուլ անուն ի ձեռն քահանայն։ Տէր Աստուած զքեզ աղաչեմք նշանեսցի լոյս երեսաց քոց ի վերայ ծառայ(իս) այս անուն»։ - Վերջ Թղ. 186ա։ «Եւ կնքէ զբերան, զճակատն եւ զլանջսն երեք եւ արձակէ»։ 22. Թղ. 186ա։ «Աղաւթք ի վերայ պատան(ւ)ոյ աւուրս Խ. Տէր Աստուած մեր որ յաւուրս քառասուն ըստ աւրինացն ի տաճարն եկիր»։ - Վերջ Թղ. 186բ։ «Եւ առնու զնա եւ մտանէ ի սուրբ բեմն եւ երկրպագէ սուրբ սեղանոյն երիցս եւ դնէ զնա առաջի սուրբ դրանցն, եւ վերացուցանէ զնա ընդունող նորա»։ 23. Թղ. 186բ։ «Աղաւթք ի վերայ կնոջ Խ. աւրեայ յետ ծնընդեանն։ Տէր Աստուած որ եկիր ի փրկութիւն ազգի մարդկան, նայեաց ի վերայ աղախնոյ քոյ այսորիկ»։ Վերջ Թղ. 187։ (Հմմտ. ԺԳ. Մաշտ. § 59։ 58. 59. Թղ. 141ա2-143ա2)։ 24. Թղ. 187ա։ «Աղաւթք յառնել երեխա(յ)։ Մերկացուցանէ զնա եւ բոկացուցանէ, եւ կանգնէ դէպ արեւելից։ Քահ. փչէ ի նա երիցս, կնքէ զճակատն եւ զբերանն եւ զլանջսն։ Եւ սարկաւագն. Աւրհնեա Տէր։ Եւ քահ. Աւրհնեալ է թագաւորութիւն Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն այժմ»։ - Վերջ Թղ. Կանոնիս խորագիրը եւ խրատագիրը թէպէտեւ տարբեր են Սսոյ, այն է ԺԳ. Մաշտոցի Մկրտութեան եւ Դրոշմի կանոնի խորագրէն (Հմմտ. § 63. Թղ. 143բ2 -156բ2), սակայն ամենասերտ աղերս ունի անոր հետ։ Երկուքն եւս թէպէտեւ հիմն ունին Ա. Մաշտոցը, սակայն լատին կամ հռոմէական Ծիսարանին յատուկ խրատագիրներով, աղօթքներով եւ արարողութիւններով ճոխացուած են։ Որչափ որ այս եւ Սսոյ Մաշտոցին մէջ եղած ընդհանուր աղերսը մեծ է, սակայն եւ այնպէս արարողական կարդաւորութիւնը, Աղօթքներն ու խրատաւիրները իրարմէ շատ կը տարբերին. յատկապէս մըկըրտութեան նախապատրաստութիւնն, այսինքն երեխայացումը, ներկայ Մաշտոցիս մէջ շատ աւելի ընդարձակ է եւ կարդաւորեալ։ Թղ. 188բ-192ա երեք գլուխ Աղոթքներն - Երդումն որոշման ա. բ. եւ զ. կարմիր խորագրի ներքեւ, - այսինքն են. «Սաստեսցէ քեզ տէր մեր նիսուս Քրիստոս, պիղծ սատանայ, որ եկն յաշխարհս եւ շրջեցաւ ընդ մարդկան»։ - Աստուած որ մեծ ես եւ ահաւոր եւ փառաւորեալ յամենայնի դործովք եւ զաւրութեամբ»։ - «Տէր սաբաւովթ Աստուած Իսրայէլի որ փարատես զցաւս»։ Թղ. 168ա։ «Խորտակեցան ի նշանէ խաչի քո ամենայն րնդդիմակաց զաւրութիւնքն», երեխային մերկացման Աղոթքը, հուսկ ուրեմն Թղ. 203բ. «Աղօթքի ի լուացումն նոր լուսաւորելոյն. որ զերծումն մեղաց, ի ձեոն մկրտութեան ի ձեռն ծառացիս քս պարդեւեցեր ինքնին տէր տէր զլուսաւորութիւն երեսաց քոց», որոնք կը պակսին Սսոյ Մաշտոցին մէջ. եւ աւելի հայկական նկարագիր ունին քան յիշեալ Մաշտոցին ներկայացուցած լատինածէս երդման ձեւակերպութիւն ները։ Դարձեալ Մաշտոցիս մէջ վտարուած են ՍսոՄաշտոցի «գումֆրմէ» աըֆընտէ» շատիներէն բառերը Ուշադրաւ են նոյնպէս հետեւեալ խրատագիր ներն, Թղ. 202ա։ «Եւ քահանայն առեալ զնորընծայն թէ՛ արու է եւ թէ էգ, եւ մտանէ առաջի սրբոյ սեղանոյն. մոմեգինաւք եւ բուրուառաւ, եւ աւետարանաւն հանդերձ։ Եւ երկրպագել տա(յ) Դ. Եւ դարձեալ դնէ զմկրտեալն առաջի աշտիճանացն բեմին, եւ քահանայն հաղորդէ զնոր մկրտեալն, եւ համբուրէ ե։ տայ ի մանկարարձն, եւ ողչունէ ամենայն ժողովուրդն. եւ մանկաբարձն հանգերձ մոմեղինաւքն տանի զմանուկն եւ դնէ ի գիրկս մաւր իւրոյ»։ - Թղ. 203ա։ «Եւ եւրն աւր հազորդութիւն տայ։ Եւ յաւուրն Ութերորդի վերացուցանէ զթազն ի գլխոյն»։ Թղ. 204ա։ «Եւ բառնա(յ) զգլուխ մկրտելոյն քահանայն եւ առեալ ջուր լուանա(յ) զերեսս հորա ասելով. Արդարացա՛ր, սրբեցա՛ր, լուացի՛ր յանուն Հաւր եւ Որդւոյ եւ սրբոյ Հոդւոյն այժմ»։ Թղ. 204բ, «Աղաւթք ի հարթել պատանոյն. Զքեզ աղաչեմք Տէր Աստուած փրկութեան մերոյ» եւն, որ Սսոյ Մաշտոցին մէջ ընդհակառակն Մկրտութեան կանոնէն յառաջ դրուած է։ 25. Թղ. 205ա։ «Հետեւումն սրբոյ Աստուածայայտնութեան ջրոյն աւրհնելոյ։ Սարկաւագն ասէ. Աւրհնեա տէր։ Եւ քահանայն ասէ. Աւրհնեալ է թադաւորութիւն Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. այժմ եւ մ»։ Սարկ. քարոզէ ասելով. Խաղաղութեամբ ղտէր աղաչեսցուք։ Վասն ի վերուստ խաղ»։ - Թղ. 206բ։ «Քահանայն. Զի զքեզ աւրհնեն ամենայն քաւքութիւնք երկնից»։ Անդ. «Աղաւթք առանձինն քահանայն. Տէր Յիսուս Քրիստոս միածին Որդի, որ ես ի ծոց Հաւր»։ - Թղ. 207բ։ «Իրինի պաս. Ժողովուրդն Եւ հոդւոյ քում։ Սարկ. Պռաւսխաւմէն. անաղնաւստ։ Ընթ. Յես. (մարգ). Այսպէս ասէ տէր. Ուրախ լեր անապատ ծարաւի»։ Թղ. 208բ։ «Ընթ. Յես. մարգ. Այսպէս ասէ տէր. Որ ծարաւիդ էք երթայք ի ջուր»։ Թղ. 210ա։ «Ընթ. Յես. մարգ. Այսպէս ասէ տէր. Առէք ջուր ուրախութեան»։ Սարկ Պռաւսխումէն։ Քահ. Խաղաղութիւն ընդ ամեն։ Մեսեդի. Չայն Տեառն ի վերայ ջրոց եւ եւ Աստուած փառաւք որոտ։ Փոխ. Մատուցէք Տեառն որդիք Աստուծոյ։ Պաւղոսի առաքելոյ ի Կորնթա. Երբացք՝ ո՛չ կամիմ եթէ տդէտք իցէք»։ - Թղ. 210բ։ «Ալէլուիա. Յելանելն Իսրայէլի յԵգիպտ։ Ծով ետես եւ փախեաւ զի է քեզ ծով։ Լերինք ցնծասցեն։ Աւետ. ըստ Մատթէոսի. Ի ժամանակին յայնմիկ (## 1## #######) գայ Յիսուս ի Գալիլէէ ի Յորդանան»։ - Թղ. 211ա. «Սարկ. քարոզէ. Ասասցուք ամեն»։ - Թղ. 213ա։ «Քահ. ասէ զաղաւթս. Քրիստոս թադաւոր երկնի եւ երկրի»։ - Թղ. 213բ։ «Եւ յետ այսորիկ Կց. Չայն Տեառն ի վերա(յ) ջրոց։ Եւ քահ. ասէ. Այսաւր եղբարք ընկալարուք զքարոզ ճշմարտութեանն»։ - Թղ. 222ա։ «Եւ վերաձայնեն. Մեծ ես դու Տէր եւ սքանչելի են գործք քո»։ - Թղ. 224ա։ «Խաղաղութիւն ամեն։ Սարկ. Զգլուխս ձեր Տեառն խոնարհե»։ - Թղ. 224բ։ «Քահանայն ասէ զաղաւթս զայս. Խոնարհեցո Տէր ղունկն քո եւ լուր մեզ»։ - Թղ. 225ա։ «Աղաւթք որ ասի ի վաղիւն. Տէր Աստուած մեր որ զդառն ջուրն առ Մովսէսիւ ժողովրդեանն ի քաղցրութիւն դարձուցեր»։ Կանոնս յունահռոմէական Ծիսարանի հետեւսղութեամբ յօրինուած է, ինչպէս կը տեսնուի իբինի պաս, անաղնաւտ բառերէն, եւ վերոյիշեալ Մաշտոցներու ներկայացուածէն կը տարբերի իր կաղմու 20. Թղ. 226ա։ «Կանովն յորժամ եպիսկոպոս կամ քահանա(յ) կամ հայրապետ կավ ուխտի առաջնորդ վախնանի։ Զայս կարգաւորութիւն արասցեն լուացման եւ պատանաց եւ այլ կանոնեալ պայմանաւոր կարգացն։ Զայս արասցեն զոր եդին վարդապետքըն մեր։ Լուանան քահանայքն ծածուկ ի ժողովրդենէն եւ կին մի՛ մերձեսցի. եւ այս ինչ բաւանդակի պատանսն։ Ագուցանեն պարէգաւտս սպիտակ, եւ անդրավարտիս ի ներքոյ եւ աւդ յոտս եւ գաւտի ընդ մէջ եւ կընգուղ եւ փակեղ զուսովք եւ փիլոն սպիտակ եւ խունկ դաստառակաւ յաջ ափն եւ դնեն ի մահինսն եւ զգ(լ)ուխն յարեւմուտս։ Եւ այս կանոն կատարի։ Սաղմ. Յաւղիա լիս։ Ընթ. յԵզեկիէլէ մարգ. Այսպէս ասէ Ատովնեայ տէր եւ ցանեցից ի վերայ ձեր ջուր»։ Թղ. 126բ։ «Պաւղոսի առաքելոյ Յեբրայեցւոց թղթոյն է ընք. Ունիմք այսուհետեւ եղբարք համարձակութիւն»։ բ. Թղ. 332բ։ «Իսկ յերկրորդում աւուրն երթան ի Հանգիստն եւ յերթալն առեն զԱմրիծսն, Աւրհնութիւն Ի նեղութեան շարականաւ։ Եւ ասեն Սաղմ. ԻԹ. Կցուրդ Ընդ երեկոյս հանգիցեն։ Բարձր առնեմ զք։ Ընթ. Ի Ծննդոց. Եւ մնաց Յակովբ միայն»։ դ. Թղ. 341բ։ «Յերրորդում աւուրն երթան ի հանգիստն եւ ասեն սաղ, ՃԻԹ. Ի խորոց կարդացի առ։ Ընթ. Յես. մարգ. Այսպէս ասէ Տէր. Զճանապարհս սրտի նորա տեսի»։ դ. Թղ. 347ա։ «Կանոն Չորրորդ աւուրն։ Ասի սաղմ. ԼԹ. Համբերելով համ։ Ընք. Յես. մարգ։ Այսպէս ասէ Տէր. Զարթիր զարթիր Երուսաղէմ»։ ե. Թղ. 350ա։ «Ի Հինգերորդում աւուր երթան ի հանգիստն եւ ասեն սաղմ. ՃԻԱ. Աղաղակեցի առ տ. Ձայնիւ իմով ես առ տէր կարդացի ձ։ Ընթ. Յես. մարգ. Այսպէս ասէ Տէր. Ո՛չ եւս եղիցի քեղ արեգակն ի լոյս տուընջեան»։ զ. Թղ. 352ա։ «Ի վեցերորդում աւուրն գան ի գերեզման եւ ասեն սաղմ. ՃԿԹ. Եղիցի ակնջաց քո։ Ընթ. Յես. մարգ. Եւ ասասցեն յաւուր յայնմիկ, ահաւասիկ Աստուած է. Թղ. 354բ։ «Կանովն եւթներորդ աւուրն։ Երթան ի գերեզմանն եւ ասեն սաղ. Ճ. Յողորմութիւն եւ յիրաւ։ Ընթ. Յես. մարգ. Այսպէս ասէ տէր. Եւ կատարեսցին աւուրք սդոյ քո»։ - Վերջ Թղ. 362ա։ Կանոնս եօթնօրեայ Քահանայաթաղի իր ամբողջութեամբն հմմտ. Դ. Մաշտոց § 43, Թղ. 188ա1302բ1, եւ Գ. Մաշտ. § 1, Թղ. 1բ-135բ։ Սակայն մասնական կէտերով յաճախ մէկէն եւ մերթ միւսէն կը խոտորի ոչ միայն երկոտասան մարդարէից ընթերցուածներուն եւ Մահերու ետեւ յառաջ կարդաւորուելուն մէջ, այլ նաեւ ուրեք ուրեք տարբեր սաղմոսներու, Առաքելական թղթոց եւ Աւետարաններու յառաջբերութիւններով։ Սաղմոսներն ու Քարոզները ամբողջութեամբ եւ տնատելով միշտ մէջբերուած են։ Ունի յաւելուածով Թղ. 228ա։ «Մատիցուք հշմարիտ հաւատով, լրութեամբ հաւատոց», Թղ. 232ա։ «Տէր Աստուած յոյս ամենեցուն», Թղ. 274ա։ «Արարչադործ Աստուած», Թղ. 282ա։ «Ճառադայթ համատարած, եւ աթոռ աստուածահրահոս սեռիցն կառք» յորդորական Աղօթքներն։ Մաշտոցս եթէ ոչ ճոխ պարունակութեամբ, այլ իր դեղագրական եւ սիրուն լարդարումովը կը գերազանցէ բոլոր նախընթաց Մաշտոցները։ Հիանալի են խաղերը իրենց արուեստական նբրութեամբ, կարծէք թէ ձեռքով գծուած չեն, այլ ապագրական մայրերու մէջ ձուլուած։ Շատ ըւշադրաւ են հետեւեալ եղելութիւնները որ նախրնթաց Մաշտոցներէն ոչ մէկն ունի։ Թղ. 271բ։ Տէր հովուեսցէ ողբաձայն սազմոսի տուներուն առաջին տողերը կարդաւ դնելով (սեւագրով), անոնց իւրաքանչիւրին վերջը կարմրագրով կրկնուած են անոր կցուրդին, այն է «Պատրաստ արարեր» բառերն, այսպէս, սրին. աղագաւ. ւի վայրի դալարոջ բնակեցոյց դիս եւ առ։ Պա. «Դարձոյց զանձն իմ առ իս առաջնոր, Պատրաստ, եւն։ Այսպէս նաեւ Թղ. 272ա-բ։ Վախճանեալ քահանային առ սուրբ եկեղեցին ուղղած Ողջոյնին, կը յարին ձեԱ. եւ ՁԶ. ողրաձայն սազմուսներու տուներու առաջին տողերը, կրկնելով միշտ. Ողջոյն ձեզ կարմիր դրով, այոդես ւեառաւորեալն եսւսեցաւ վասն քո. Ողջոյն ձեզ»։ «Յիշեցի զՌահար եւ զԲաբելոն ոյք. Ողջոյն ձեզ» եւն։ Թղ. 273ա։ Քահանայի. «Ահա հրաժարիմ ի քէն սուրբ եկեղեցի» ողբանուագին կը կցեն անմիջապէս ՃԼԸ ողբաձայն սաղմոսի տնառաջ տողերը՝ յարելով (կարմրադրով) անոնց իւրաքանչիւրին վերջը բազմիցս. Ահա հրաժարիմ։ Նոյնպէս Թղ. 273ա-բ. հրաժարական ողջունի վերջին տան կցուրդին. «Աղաւթս արարէք վասն իմ հարք եւ եղբարք եւ որդիք» եւն, նոյնպէս կը յարին սաղմոսի 10 տողեր, յաւարտ մէն միոյն կրկնաբանելով (նոյն ոճով. «Աղաւթս աբ»։ Թղ. 284բ։ Խրատագրին մէջ դարձեալ կը կրկնուի (առ եկեղեցի) «Ողջո՜յն քեզ զէն անբթելի։ Ողջո՜յն քեզ սուրբ եկեղեցի։ Ողջո՜յն քեզ նշան յաղթութեան» եւն, զորս յիշեալ Մաշտոցները չունին։ Թղ. 286բ-287ա։ ՃԵԵ. Սաղմոսի տասնաթիւ տնառաջ տողերուն վերջը դարձեալ յեղյեղուած են տասնիցս (կարմիր գրով) կըցուրդի առաջին բառերը. «Երանի ազգի որ»։ Նոյնը կը նկատուի Թղ. 311ա-բ. «Մերձեցաւ անձն իմ ի հող յորմէ ստեղծայ» հանդստեան շարականին յարեալ սաղմոսի տնատողներուն առընթեր, կրկնելով բազմիցս կցորդաց առաջին բառերը. «Մերձեցաւ», «ըզնանապարհս», «Աւրէնսգէտ ար»։ Արդ՝ դիտելով որ յիշեալ տեղերում եւ այլուր կցուրդներու առաջին բառն կամ բառերն, որ բազմիցս կրկնուած են կարմիր մելանով, խազեր ունին, ատկէ կը հետեւի հաւանօրէն, որ յուղարկաւորութեան ժամանակ՝ ինչպէս Ողջոյնը, այսպէս եւ յիշեալ սաղմոսատները. կղերիկոսները՝ ի թիւ կ'արտասանէին, իսկ քահանայք կամ ժողովուրդն ողբաձայն եւ փոխ առ փոխ կը նուագէին անոնց կցուրդի առաջին բառերը, մինչեւ որ աւարտէին։ Ասկից ակներեւ կը տեսնուի, թէ որպիսի ջանքեր ըրած են մեր նախնիք հետզհետէ աւելի բանաստեղծական, վսեմ եւ սրտաշարժ ընել քահանայի յուղարկաւորութեան հանդէսը, որ գրաւած է գրեթէ Մաշտոցիս կէսը։ Եւ ասով չբաւականանալով՝ յաւարտ Է օրուան հանդիսին (Թղ. 357բ-362ա) աւելցուցեր են. «Երգ զկնի թաղմանն, Տեառն Ներսիսի ասացեալ Ողր երգական ձայնիւ» խորագրի ներքեւ. «Աստուած անեղ անժամանակ» եւն հանդստեան շարականները։ Մաշտոցիս մէջ (Թղ. 317բ-323ա). «Հանգիստ երանելոյն Յովհաննու Աւետարանչի էր ընդ եղբարսն», Դ. Մաշտոցի ներկայացուցածէն զանազան տարբերութիւններ ունի, սրբագրութիւններ։ Խրատադիրներն ընդհանրապէս համառօտուած են. իսկ Թղ. 271ա-272ա. Դիոնեսիոս Աթենացւոյն վերադրուած դիօծէքին եւ համբուրման վերաբերեալ ընդարձակ խրատագիրն հետեւեալ երեք անորոշ տողերուն վերածուած է. «Եւ դնեն զաւետաբանն ի գիրկն եւ համբուրեն զսեղանն եւ զխորանն եւ զամենայն որրբութիւնն. որպէս յերեսաց վախնանելոյն, Էւ դարձեալ զաւետարանն եւ զաջն ի համբուրելն ասեն զոր Դիռնեսիոս մեկնէ» (իմա՛ Ողջոյն քեզ սուրբ եկեղեցի») իբրեւ առաքելական կանոն։ 27. Թղ. 362բ։ «Կանովն Ոգեհանգիսս առնել»։ (Հմտ. Դ. Մաշտ. § 24)։ 28. Թղ. 364ա։ «Կանովն աղ աւրհնելոյ։ Ասեն սղմ. ԿԶ. Աստուած մեր ողորմեա մ. Քարոզ. Լուիցէ տէր ձայնի աղաչ։ Աղաւթք Աւրհնեալ ես տէր Աստուած ամենակալ»։ 29. Անդ։ «Կանովն Աւրհնութիւն հատի պատարագի։ Դնեն ի սեղան հատ, եւ անապակ գինի, եւ գ մոմ լուցեալս եւ ասեն շարկ. հանգստ։ Եւ ի կատար շարականին Կց. Որպէս եղ անուշ խունգ ընդունելի ընկալ Քրիստոս զաղաւթս պաշտօնէից քոց։ Արդարք որպէս։ Փառք եւ երկրպագութիւն Հաւր եւ։ [Աղաւթք]. Գոհանամք եւ փառաւորեմք ըզքեզ տէր Աստուած մեր»։ - Վերջ Թղ. 365ա։ Այս եւ նախորդ երկու կանոնները գրուած են մանրիկ, բայց ամենաընտիր բոլորգրով. գրերու ձեւակերպութիւնը նման է բնագրին։

Content