1068
1212
գլխաւոր յիշատակարանը կիսատ մնալով՝ չունինք նշգրիտ թուականը, սակայն նկատած թուղթը, գրութեան ոճը եւ յատկապէս բոլորգրին հնութիւնը՝ անտարակոյս ժԳ դարու գրչութիւն է։
բոլորգիր հին, մեծ եւ ընտիր։
(27) Ա-Զx12 (Ա՝ 11 թղ.)։
թուղթ թուխ եւ տոկուն։
դրոշմազարդ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով, աստառը մութ կապոյտ կերպաս. կորած են երեք փականքները. հաւանաբար կազմուած ԺԵ-ԺԶ դարուն։
բաւարար. ԺԴ-ԺԵ դարու նորոգող մը խնամքով ամբողջացուցած է հին բնագրին թերի երկու թուղթերը (թղ. 1 եւ 5), նմանապէս ստորին լուսանցքի վերջին տողը երբ կտրուած է, ամբողջացուցած է թուղթը եւ գրութիւնը՝ հին բոլորգով։ Կը տեսնուին խոնաւութեան հետքեր։
առաջինը՝ Մարգարէ, իսկ յաջորդաբար ուրիշներ. ամէնէն հիներէն մէկը եղած է Յովհաննէս վարդապետ, հաւանաբար ժԴ դարուն, որ Ձեռագրին մէջ զանազան պարապ տեղեր դրոշմած է, - գրեթէ բնագրին բոլորգրով, - իր անունը՝ իբր ստացող։ ԺԴ-ԺԵ դարուն ստացած է Վասիլ անունով մէկը, որ գուցէ եղած է նաեւ Ձեռագրիս նորոգողը։ Իրմէ ետք յաջորդ դարերուն Ձեռագիրը պատկանած է Սահակ վարդապետի եւ ապա Գրիգորի։
օգտագործուած է երկսիւն մեծադիր կլոր երկաթագիր աւետարան մը. մնացած է ամբողջական սիւնակէ հատուած մը, 9,5 սմ. լայնութեամբ, մինչ ետեւի կողմինը (գլխիվայր) կիսով չափ կարուած է եւ մնացած է լայն լուսանքով։ Երկուքին ալ բնագիրը առնուած է Մթ. ԺԶ (Ա) 20-22, 8-10 եւ (Բ) 13-15, 17-19։
միայն սկիզբը, թղ. 1ա, նորոգողին կողմէ. հին բնագիրը չունի զարգադիր։
կարմիր մելանով։
սակաւք, միագոյն եւ ամենապարզ։
եւ
չունի։
թղ. 1ա, նորոգողին կողմէ, 3x12 մեծութեամբ, կարմիր մելանով, ԺԳ-ԺԴ դարու զարդերով։
նորոգուած մասինը՝ կարմիր, իսկ բնագրին մէջ մանր խորագիրները բնագրին գոյնով են։
չունի։
բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 322բ. «Աւրհնեալ սուրբ Երրորդութիւնն, փառք սուրբ Երրորդութեանն, զի շնաւրհաւքն Աստուծոյ սկսաւ եւ ողորմութեամբն նորին կատարեցաւ բազմափարթամ եւ յոգնաժողով բանք սուրբք եւ շահաւէտք, որ թեւաւք Հոգւոյն թռուցեալ մեղուաւրէն ընթացիւք աշխատեալ ի պրակս սրբոց վարդապետաց իբր ի մարգս ծաղկաւէտս, զփոշատեսակն ի կրկնուած մտացն բառնալով ի զանազան նիւթոց ի միասին ամբարելով գործէ քաղցր եւ անարաւր, ըստ այսմ բազմախոյզ քննութեամբ եւ մանրամասն արտաճառութեամբ ի Հոգւոյն յայտարարութեանց ի տեսութիւն ածեալ զաննիւթն եւ քաղցրահամ ճաշակ հոգեւոր կազմեալ, որով երբեմն լըցեալ աննիազ պահի յաւիտեան։ «Զստացող սուրբ կտակարանացս զՄարգարէ, որ բազմաջան աշխատութեամբ ամայր ամաւք եւ երկար ժամանակաւք առ ոտս հոգեւոր իմաստութեան տքնեալ եւ ի յաւարտման աստուած ճառ պատմութեանց մարգարէականաց առաքելականաց եւ աւետարանակաց եւ ամե» կը մնայ կիսատ։ 2. Թղ. 90բ. «ԶԱստուածատուր յիշեա»։ 3. Թղ. 141ա. «Յառաջ զներքի տողն ասա եւ զիս յիշեա»։ 4. Թղ. 260բ. «ՉԳրիգոր գրիչս յիշեա»։ 5. Թղ. 260բ. Լուսանցազարդին մէջ նոյն գոյնով կարմրատառ. «Աստուածատուր»։ ԺԴ դարու բոլորգրով. 6. Թղ. 117ա. «ԶՅովաննէս վարդապետ ստացող սմին»։ 7. Թղ. 197բ. «Տէր Յիսուս, յերկինս հան եւ զիս զՅովաննէս վարդապետ»։ 8. Թղ. 260ա. «ԶՅովաննէս վարդապետ ստացող գրոցս յիշեցէք ի Քրիստոս Յիսուս»։ Նորոգողին կողմէ աւելցուած՝ ԺԴ-ԺԵ դարուն. 9. Թղ. 1ա. «Ընդ նմին զիս զանարժանս զՎասիլս զմեղ(աւք) լցեալս յիշեցէք ի Քրիս10. Թղ. 5ա. «Ես Սահակ վարդապետս ստացայ զՄեկնիչս ճշմարիտ ի յիշատակ եւ ի պայծառութիւն հոգոյ իմոյ եւ ի փառս Քրիստոսի Աստուծոյ։ Ով որ վդ. (ջնջուած) ժառանգէ»։ 11. Թղ. 320բ. «Ով եղբայր, յաղաւթս յիշեա զԳրիգոր, որ զգիրքս ստացայ գնոց մակ քառեակ արծաթոյ ի սուրբ Վիրապիս, զի ի մեր տեղոյն էր եւ ես գտայ եւ ոչ թողի մինչեւ ստացայ դարձեալ»։
Հ. Ներսէս Սարգիսեան 1845-1852 տարիներուն դէպի Հայաստան ուղեւորութեան ընթացքին ստացած է եւ բերած Վենետիկ։ Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 1ա. «Ժողովումն մեկնութեան սրբոյ աւետարանին որ ըստ Մատթէոսի, ի բանից նախաշար վարդապետաց եկեղեցւոյ, կարգեալ եւ յաւրինեալ դիւրհաս ընթերցողաց Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի, ի խնդրոյ նորուն եղբաւր Գրիգորիսի առաջնոյ վերադիտողի Հայոց. Սիրոյ զաւրութիւն գերազանցէ քան բնութիւն, եւ այնքան մինչ զի մոռացումն առնել տկարութեան»։ Ձեռագրիս առաջին թուղթը (թղ. 1ա-բ) աւելցուած է նորոգողին կողմէ՝ վաղ ժամանակներէ, - ինչպէս կը տեսնուի տառատեսակէն, - ամբողջացնելով հին բնագիրը։ Հին բնագիրը կը սկսի թղ. 2ա.էն. «...կատարեցաւ ի կատարածի, այլ անժամանակաբար էր առ Աստուծոյ ըստ առաքելո(յ) թէ խորհուրդն որ ծածկեալ էր յաւետարանաց եւ յազգաց՝ այժմ յայտնեցաւ»։ Հին բնագիրը դարձեալ ընդհատուելով, կիսատ կը մնայ («...բայց զի յայտնապէս շնորհացն վրիպեցաք, օ՛ն առ»), եւ նորոգողը ամբողջացուցած է (թղ. 5ա-բ), առնելով հին բնագրին վերջին մասէն, տալով նոր խորագիր՝ որ կ'ըսէ. «Եւ արդ եկեսցուք ի տեսութիւն բանից սրբոյ աւետարանին որ ըստ Մատթէսոի, ի նոյն հոգւոյն՝ որով նայն բարբառի. Պարտ եւ պատշաճ էր մեզ այժմ որպէս առաքելոցն յայնժամ ոչ կարաւտանալ նշանագիր գրոց աւգնականութեան, այլ այնպիսի սրբական վարս ստանալ, զի փոխանակ գրոյ շնորհք Հոգւոյն լինէին մերոց հոգւոց ի պաշտպանութիւն։ Բայց զի յայտնապէս ի շնորհացն վրիպեցաք, ա՛ւն առեալ», եւ կը շարունակուի բնագիրը։ Մինչ Յովհաննէս Ծործորեցիի կողմէ ամբողջացած օրինակներուն մէջ Մատթէոսի Ա 1-ի մեկնութիւնը սկսելուն՝ կը գըտնենք նոր խորագիր, հոս առանց զանազանութեան՝ կը շարունակուի բնագիրը, որ է Թղ. 6բ. «...Լուացեալ ի խղճէ մտաց, քանզի ահաւասիկ տեսանեմք բացեալ մեզ զդրունս եւ ո՞ր իցեն առաջին դրունք. Գիրք լինելոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որդոյ Դաւթի, որդւոյ Աբրահմու...»։ Ներսէս Շնորհալիի մեկնութիւնը կը հասնի մինչեւ Գլ. Ե 17. «Մի՛ համարիք եթէ եկի լուծանել զօրէնս՝ այլ լնուլ»։ Սա կը համապատասխանէ Ձեռագրիս թղ. 94ա։ Յաջորդաբար բնագիրը կը շարունակուի Յովհան Ոսկեբերանի Մեկնութիւն Մատթէով, այն է՝ թղ. 94ա. «Մինչչեւ անցցեն երկինք եւ երկիր յովտ մի, որ նշանախեց մի է ոչ աննցէ յաւրինաց եւ մարգարէից» (հմմտ. տպ. Վենետիկ, 1826, հտ. Ա., էջ 243)։ 2. Թղ. 117ա. «Նորին Յոհաննու Ոսկեբերանի Դ Կափառնաւումն՝ բանին Տեառն մեկնութիւն, գիրք երկրորդ. Իբրեւ եմուտ Յիսուս ի Կափառնաւումն, մատեաւ առ նա հարիւրապետ մի. Բորոտն յորժամ էջ ի լեռնէ անտի»։ - Վերջ թղ. 197ա. «Չիցէ՞ լուեալ ի Պաւղոսէ որպէս ասէ. Թէ պատուական է հարսանիք եւ սուրբ են անկողինք. եթէ ի սուրբ անկողնէ յարուցեալ չիշխիցես աղաւթս մատուցանել, զիարդ ի բամբասանաց եւ ի չարախաւսութենէ չիշխես գալ»։ 3. Թղ. 197բ. «Յոհաննու Ոսկեբեր(անի) գիրք երրորդ 'Կեսարացւոց՝. Եւ ելեալ Յիսուս ի կողմանս Փիլիպեա(յ) Կեսարեայն, հարցանէր ցաշակերտսն իւր, զոյ ոք ասեն զինէն մարդիկս թէ իցեմ. Վասն է՛ր եւ զշինիչ քաղաքին ասիցէ յանուանէ...»։ - Վերջ թղ. 260ա. «եւ աւգուտ ինչ ոչ տանէին եւ միամիտ ժողովուրդն եւ անդի եւս մեծամեծ շահէին, քանզի այնպիսի է յարութիւնն. ա՛ւն առեալ զամենայն հնարս հնարեսցուք զի առաջին իսկ աստիճանացն հասանիցեմք»։ 4. Թղ. 260բ. «Տեառն Յոհաննու Ոսկեբերանի գիրս չորրորդ ՓՓարիսացոցն. Իսկ փարիսացիքն իբրեւ լուան եթէ պապանձեցոյց զսադուկեցիսն ժողովեցան ի միասին. Դարձեալ զպատճառն դնէ աւետարանիչն, վասն որոյ պարտ է լռել»։ - Վերջ թղ. 322բ. «քանզի կարող եմք թէ կամիմք, զինչ դժուարին ի հրամանացն իցէ, մի՛ ասէ առներ զոք թշնամի, մի՛ ատեր զոք, մի՛ չար զումեքէ խաւսիր. սոցին հակառակքն են դժուարինք եւ ոչ սոքա»։