— - Bibliographic notice
1680
ՎԱՐՔ ՀԱՐԱՆՑ Ե
ԺԴ դար - ԺԵ դար

ID
Number
1680
Old record number
1922
Title
ՎԱՐՔ ՀԱՐԱՆՑ Ե
Start date
ԺԴ դար
End date
ԺԵ դար
Date details

դատելով արտաքին պարագաներէն՝ ժԴ-ԺԵ դար։

Copy place
Reference
Type
Number of pages
5
Dimension
20x28,5
Layout
միասիւն եւ երկսիւն։
Writing details

նօտր հին։

Codicology

Principal subject
Subject details

թուղթ։

Number of lines
երկսիւն՝ 37։
Binding

արդի, ստուարաթուղթ։

State of preservation

Copyist
եւ այլ ծանօթութիւններ կը պակսին։ Ձեռագիրս կազմուած է մեծադիր հինգ թուղթերէ, պոկուած Վարք Հարանցէ մը, որոնք միասին ծալուած չորսի՝ զետեղուած են Վարք Հարանց թիւ 1324ի մէջ (Վրք. Հրց. Գ.) որու հետ չունին ոչ մէկ առընչութիւն, ո՛չ բնագրային, ո՛չ գրչութեան եւ ոչ մանրանկարներու տեսակէտով։ Ձեռագիրս ստացած է Հ. Ներսէս Սարգիսեան, 1846-1852 տարիներուն դէպի Հայաստան կատարած ուղեւորութեան ընթացքին, եւ Ս. Ղազար հասնելէն ետք՝ այս հինգ թուղթերը բացուած եւ կազմուած են առանձին, որոնք բնագրային արժէքէ աւելի ունին ընտիր մանրա1. Թղ. 1ա. Վերջին հատուածն է Ներսեհ կամաւոր աղքատին բնագրին՝ հետեւեալ կերպով. «...նոր նշան, քանզի եղեւ երեսս նորա լուսաւորեալ...յաւիտենից. ամէն» (հմմտ. Վարք Հարանց, հտ. Ա., տպ. Վենետիկ, 1955, էջ 368-9)։ 2. Թղ. 1բ. «Պատմութիւն եւ վարք երանելի կամաւոր աղքատացելոյն վասն Քրիստոսի որդւոյ թագաւորին Հոռոմոց»։ Գրութիւնը երկրորդ սիւնակին վրայ է, իսկ առաջին սիւնակին վրայ կայ «Անանուն» որդի թագաւորին մանրանկարը, 8x23,5 սմ. մեծութեամբ, ուր երիտասարդ «Անանուն»ը ունի ոսկեթագ գլխուն, լուսապսակով, կապոյտ պատմուճան, որու ուսերը եւ թեզանիքները ոսկեգոյն են, ինչպէս նաեւ կեդրոնական մասը վերէն վար՝ ոսկեգոյն ուրար մը, կարմիր գուլպաներով. բացած է երկու ձեռքերուն ափերը։ Սուրբը կանգնած է պատուանդանի վրայ, իսկ նկարին երկու կողմերը եղած զարդերը սիւնաձեւ են։ Ամբողջութեան մէջ գեղեցիկ մանրանկար մը, դէմքի կատարեալ արտայայտութեամբ։ 3. Թղ. 2ա. Իբր բնագիր մնացած է եօթը տող, («իմ ասէի, եթէ իցէ ոք բնակեալ... երկիր պագի նմա։ Իսկ նա ա»), որու ամբողջ բնագիրը հմմտ. Վարք Հարանց, անդ, էջ 180։ Նոյն թուղթին վրայ կը գտնուի 15x18,7 սմ. մեծութեամբ մանրանկարը, եւ կը ներկայացնէ Ոնոփրիոսի այցելութիւնը Պափնոտիոսի, որ սրճագոյն զգեստով, երկու ձեռքերը կուրծքին վրայ՝ կը խոնարհի իր հիւրին դիմաց, որ հագած է մինչեւ ծունկը հասնող սրճագոյն պարեգօտ, երկու ձեռքերը երկարած դիմացինին։ Խորքը մասամբ կապոյտ երկինքն է, մինչ Պափնոտիոսի ետին կայ իր բնակարանը՝ տաճարաձեւ, զետեղուած ժայռերու մէջ։ Երկու սուրբերուն դէմքերու արտայայտութիւնը կատարեալ է, բացի ամբողջութեան ներդաշնակութենէն։ 4. Թղ. 2բ. Ամբողջ էջը կը բռնէ մանրանկարը, 15x22,5 սմ. մեծութեամբ, որու աջ կողմը դարձեալ Ս. Պափնոտիոսն է, իր խըրՏիթին առջեւ, երկու ձեռքերը կուրծքին վրայ խաչաձեւ՝ թեթեւ մը խոնարհած չորս ճգնաւորներու՝ որոնք կը գտնուին իր դիմաց իբր այցելու։ Չորս միանձները հագած են մինչեւ ծունկը պարեգօտներ, երկուքը մութ սրճագոյն, միւս երկուքը աւելի բաց սրճագոյն, չորսն ալ իրենց երկու ձեռքերը իրենց երկար ու ճերմակ մօրուքներուն վրայ՝ յարգանքի դիրքով։ Փոքրիկ մասը ուր կայ երկինքը՝ կապոյտ է, իսկ մնացած մասը կը ներկայացնեն ժայռեր։ 5. Թղ. 3ա. Իբր բնագիր՝ Սուրբ Մակար Եգիպտացիի վարքէն հատուած մը մնացած է, երկսիւն, իւրաքանչիւրը տասը տող (հմմտ. վարք Հարանց, տպ., հտ. Ա., էջ 89-91)։ Էջին վերի մասը կայ մանրանկարը, 15,5x18 սմ. մեծութեամբ, ուր նստած են անզարդ աթոռներու վրայ՝ Ս. Մակար, գիրկը առիւծ եւ դիմացը ուրիշ սուրբ մը՝ առիւծը առնելու դիրքով։ Երկու սուրբերն ալ ունին ոսկեպսակը, մինչեւ ծունկ հասնող պարեգօտներով. խորքը սեւ է, իսկ մանրանկարին վերի մասը գմբէթաձեւ։ Նկարէն դուրս, առջեւի կողմը կան երկու առիւծներ, արու եւ էգ, առաջինը գլուխը բարձրացուցած դէպի Մակարիոս, իսկ էգը քալելու դիրքով։ 6. Թղ. 4ա. Էջին ստորեւ, 11 տող, մնացած է վերջին հատուածը այն գրութեան, որու խորագիրը ուրիշ Ձեռագիրներու մէջ է «Վասն որք զդրախտին լեառն գտին եւ զստորոտին հասեալ տեսին» (հմմտ. Վարք Հարանց, տպ., հտ. Ա., էջ 348)։ Էջին վերեւ կայ մանրանկարը, 15,8x17սմ. մեծութեամբ, որու աջակողմը բազմած է սուրբ մը աթոռի վրայ, իր գմբէթաւոր խրճիթին առջեւ, վեղարով եւ ձեռքը գաւազան մը բռնած. դիմացը կանգնած են հինգ սուրբեր՝ հագած զանազան գոյներով, իսկ վեցերորդը ամբողջ հասակով, երկու ձեռքերը ուղղած երկու երեսներուն։ Նկարին վերեւ կայ ծառազարդ դրախտը, որմէ կը բխին չորս գետեր։ Երկինքի մասը միշտ նոյն կապոյտն է, իսկ մնացած մասը կանաչագոյն ժայռեր։ 7. Թղ. 4բ. «Երանելւոյն մակարիոսի, որ քսան մղոնաւ մերձ դրախտին բնակէր. գըրեաց զպատմութիւն Թէոփիլոս կրօնաւորն»։ Գրութիւնը մէկ ու կէս սիւնակ է, մնացած մասին մէջ կայ 6,5x16,4 սմ. մեծութեամբ մանրանկարը, ուր կանգուն կեցած է մերկ Սուրբ Մակարիոս, լուսապսակով, որու մօրուքը կը հասնի մինչեւ ծունկերը. աջին ու ձախին նստած են երկու առիւծներ, աջ թաթը բարձրացուցած դէպի սուրբը։ Նկարին խորքն է մութ կապոյտ։ 8. Թղ. 5ա. Ամբողջ էջը կը բռնէ մանրանկարը, 14,5x22,3 սմ. մեծութեամբ, որու ձախին կանգուն կեցած է սուրբ Պամբոյ, գլխուն արաբական փաթթոցի ձեւով ճերմակ լաթ, կապոյտ ուսնոցով եւ սրճագոյն պարեզօտով, երկու ձեռքերով բռնած է գաւազանը, բոկոտն, իր ետին ունենալով վեց ճգնաւորներ, որոնցմէ միայն մէկը կը տեսնուի ամբողջութեամբ, հագած նոյն ոճով, իսկ մնացածներէն միայն երկուքին երեսները կը տեսնուին։ Նկարին աջ կողմը հայրապետական զգեստներով կանգնած է Սուրբ Թէոփիլոս եպիսկոպոս, երկու ձեռքերը կուրծքին՝ թեթեւ մը խոնարհած դէպի Պամբոյ. իր ետին կան հինգ հետեւորդներ, բոլորն ալ գլուխնին ունին սրճագոյն գդաև որոնցմէ միայն մէկը կը տեսնուի ամբողջութեամբ, վարդագոյն պարեգօտով։ Գեղեցիկ մանրանկար մը, կապոյտ երկինքով եւ այլազան գոյն ժայռերով։ 9. Թղ. 5բ. Ամբողջ էջը մանրանկարն է, 14x23 սմ. մեծութեամբ. աջին մեծադիր նստած է ծերունի ճգնաւորը, ճերմակ փաթթոցաւոր գլխարկով, վարդագոյն փիլոնաձեւ զգեստով եւ բաց կապոյտ շրջազգեստով, բոպիկ ոտքերը կը հանգչին սրճագոյն պատուանդանի վրայ, երկու ձեռքերը բաց՝ ուսուցանելու դիրքով։ Իր դիմաց ծնրադիր են եօթը փոքրադիր ճգնաւորներ, սպիտակ վեղարով եւ մութ գոյն փիլոններով, սորվելու դիրքով։ Երկինքն է մութ կապոյտ, ժայռերը մոխրագոյն։ Սա եւս գեղեցիկ մանրանկար մըն է, յատկապէս դէմքերու լուրջ արտայայտութեամբ։
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

Lettrines

թղ. 1բ, միագոյն։

Initials

, ինչպէս նաեւ սուրբերուն անունները՝ կարմրատառ, իսկ տէրունական անունները՝ ոսկետառ։

Marginal illuminations

Images

նկարագրութիւնը տե՛ս ստորեւ։

Canon tables 1

եւ այլն չունի։

Canon tables 2

Title text

,

Blank pages

Colophon

Informations

Content