912
2430
Մատեանս 1823ին Պոլիս տպագրուած Եղիշէի «Պատմութիւն Վարդանանց»ն է, որ սրբագրուած է 1697 թուականի Ձեռագրի մը համաձայն։ Աշխատութիւնը կատարուած է Պոլիս, Հ. Կարապետ Վրդ. Եսայեանի ձեռքով, որ թողած է սա յիշատակագրութիւնը. «Բաղդատեցաւ տպագրեալս Եղիշէի ընդ գրչագիր մատենի ինչ գրելոյ ի թուին Հայոց ՌՃԽԶ, ի գիւղաքաղաքն Աստապատ, ընդ հովանեաւ սրբոյն Ստեփաննոսի եւ սրբոց Հրեշտակապետացն Միքայէլի եւ Գաբրիէլի»։