894
911
թղ. 15ի բնագրին մէջ, սիւնակի մը անկիւնը գրուած է. «Յիշեա՛ Քրիստոս ի գիր քո, թուին ՌՀԵ - 1626»։
բոլորգիր ընտիր եւ մանր։
տե՛ս Գրութիւն։
մագաղաթ։
ոսկեգոյն գեղեցիկ դրոշմանիշով մութ կանաչ կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ. երկու կողքերը ունին իրենց դռնակները, մին աջէն եւ միւսը ձախէն, առնելով Ձեռագիրը իրենց մէջ. այս ամբողջութիւնը իը կարգին կը զետեղուի տուփի մէջ, շինուած երկմասնեայ կանաչ գոյն կաշիով։
շատ գեղեցիկ եւ սքանչելի, եզական իր տեսակին մէջ։
չունի։
բազմաթիւ, բոլորն ալ բազմագոյն եւ ընտիր. յատուկ գեղեցկութիւն ունի թղ 4բ.ի սկզբնատողը, բոլորն ալ թռչնագիր։
կարմիր, կապոյտ կամ ոսկետառ։
թղ. 3բ, մեծութիւնն է 11x14 սմ., կապոյտ շրջանակի մէջ բազմաթիւ հրեշտակներ, ուր կայ Երրորդութեան նկարը. Հայրը բազմած չորս աւետարանիչներու խորհրդանիշով շինուած բազկաթոռի վրայ, գիրկը ունի Յիսուս, աշխարհագունտը ձեռքին, եւ Յիսուսի գլխուն վերեւ աղաւնին. նկարին ստորին կողմը կայ երկիրը՝ զարդարուած ծառերով եւ ծաղիկներով։ Յաջորդաբար կան փոքր մանրանկարներու բազումութիւն մը, յատկապէս մարգարէներու եւ առաքեալներու եւ այլ սրբազան անձերու, փոքրիկ կլորներու մէջ գծուած, բոլորն ալ բազմագոյն եւ յոյժ գեղեցիկ։ Յատուկէն յիշուելու արժանի են՝ թղ. 6բ, (3,3x6,5), Ադամ եւ Եւա, ծառին աջին ու ձախին կանգուն, վերեւ երկնաւոր հայրը. թղ. 30բ-33բ, երկար սիւնի մը վրայ (2,5x48 սմ.) կան 12 առաքեալներու նկարները, եւ անոնցմէ առաջինն է՝ Աստուածամայրը՝ բազկատարած, Յիսուս մանուկը գրկին։
թղ. 4բ. բազմագոյն, յատկապէս ոսկի, կապոյտ եւ ծիրանեգոյն։
չունի։
կարմիր։
1ա-2բ, 35բ, 73ա-բ։
տե՛ս ժամանակ։
1883ին մեր միաբանները գնած են ի Պոլիս։ Բովանդակութիւն. Ա. Սամուէլ Անեցի, ժամանակագրութիւն, Բ. Տոհմաթիւ սուրբ գրոց, Գ. Բառք քերթողականք. Ա. Սամուէլ Անեցի, ժամանակագրու1. Թղ. 3ա. «Սամուէլի քահանայի հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց, յաղագս գիւտիւ ժամանակաց անցելոց մինչեւ ի ներկայս, ծաղկաքաղ արարեալ. Յերիս որոշմունս բաժանեալ սահմանեցան թիւք ժամանակաց, յանցեալն, ի ներկայն եւ յապառնին, իսկ յաւժարութիւն կամաց մարդկութեանս ներհուն լինել տեսանի անցելոյն եւ ապառնեացն՝ առաւել քան ներկային, որպէս ուսաք ի գրոց...»։ Գեղեցիկ բոլորգրով եւ ժամանակագրական աղիւսակներով զարդարուած է ձեռագիրս, գրուած երկար մագաղաթի վրայ, որոնք ծալելով ձեւացած են 72 Ձեռագրի երեսներ։ Պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ թղ. 72ա. «Ի ՉՁԴ թւականին եւ ի սոյն ամի չարագլուխ ամիրան Հալպայ, հրամանաւ Մէլէք Նասր Սուլտանին Սըսրայ, գաղտագողի յերկիրն Սսայ եմուտ եւ բազում աւերս արար, զորս եսպան եւ զորս հրով այրեաց եւ գորս գերի վարեաց եւ արար անապատ զբազմամարդ աշխարհն Հայոց»։ Բ. Տոհմաթիւ սուրբ գրոց. 2. Թղ. 4բ. «Ըստ մեծի Արիստոտելի իմաստասիրի, հարկ է ամենայն ընթհանրական ի յառաջանալ իւրում առանձնակի, զի ընդհանրականաւքն առանձնականացն դիւրագոյն հմտանամք։ Եւ զի կամեցայ խաւսել ի վերայ տոհմանց եւ ազգակցութեանց եւ պատմութեանց հին եւ նոր կտակարանաց, պատշաճաւոր թուեցաւ ինձ նախ բաժանել զգիրս հին եւ նոր կտակարանաց։ Զհին կտակարանացն բաժինք կամիմք ըստ եբրայեցւոցն կարգի եւ բաժանմանցն, ուստի եւ էառ սկիզբն եւ սփռեցաւ ընդ ամենայն ազգս»։ Գեղեցկագիր եւ զարդերով ճոխ Ձեռագիրս ունի եզական գրութիւն եւ Ս. Գրքի տոհմածառի պատկերներ, որ դասագրքի մը ձեւով կը բացատրէ Հին եւ Նոր Կտակարանի պատմութիւնը, իւրաքանչիւր Գիրք ներկայացնելով մարգարէին բոլորակ մանրանկարով եւ բաժանումներով։ Գրութիւնը կ'աւարտի թղ. 34բ. «(Ա)յլ եւ զայս գիտելի է զի ի ճանաչել ազգին Իսրայէլի զստութիւն նեռինն պղծոյ, ապա հաւատասցեն ի Քրիստոս եւ ասասցեն թէ նա է ճշմարիտ Քրիստոսն զոր հարքն մեր խաչեցին, եւ դու ես նեռն որդին կորստեան. եւ կատարեսցին խբռ (42. 000) արք ըստ առաքելոյ, յորժամ լրումն աշխարհի մտցէ յայնժամ ամենայն իսրայէլ կեցցէ ի փառս Քրիստոսի յաւիտեանս. Գ. Բառք քերթողականք. 3. Թղ. 36բ. «Այս բառք են քերթողականք, վասն չափոյ հոմերական տաղիցն, վասնզի քերթողական արհեստքն չափաբերանք են եւ չափով վարին, եւ են որ գեղջուկք են որով ճարտասանքն վարին, զի յաճախապէս փոխաբերին սակս զարդու ճարտասանից եւ հարկ յոգնահամար եղանիլ. Աստուածազան, աստուածազարդ, աստուածարեալ, յԱստուած զաւրանալ, աստուածահրաշ, աստուածասքանչ կամ աստուածահրահանգ...» (ԱՔ)։ - Վերջ թղ. 63բ. «Քերդաւղ, ներշրջանակ կոչի. Քռատել եւ քողել, պճնել. քստրմնել, սոսկալ կամ գողալ. քըքել, թշնամանել. քուք, աւազակուռ, գանիչ. քրէական, մեղք, յաւրէնքն մեղանչէ, զքահանան բամբասէ, անթողլի մեղք է, մինչեւ ի մահ ապաշխարէ»։