3211159անյայտ, զի գլխաւոր յիշատակարանն ինկեր է։ Գրէն, մագաղաթէն եւ մանրանկարներէն դատելով՝ հաւանօրէն կամ ԺԲ. դարու վերջին կէսին եւ կամ ժԳ.ին սկիզրները գրուած ըլլալ կը թուի ինձ։
Թղ. 1-50բ մեսրոպեան մեծ երկաթագիր, լայնագոյն տողամիջոցներով. իսկ մնացեալը միջին երկաթագիր։ Իւրաքանչիւր գլխու առաջին բառերն եւ տնագլուխներն առհասարակ ոսկեգոյն են խոշորագոյն։
19, իւրաքանչիւր 8 թուղթք (Ը թերթը 11 թուղթք). թերթահամարներ ներքին լուսանցաքղանցից վրայ նշանակուած են, բնագրէն տարբեր գրով։
մագաղաթ դեղնեալ եւ ողորկ։
(նոր). ստուարաթղթեայ դեղնագոյն կաշիով պատեալ եւ եզերքը գրոշմազարդ։
թուղթերն առ հասաբակ խոնաւութենէ սեւցած են. Թղ. 1-10 արտաքին լուսանցից կէսէն վար մաշած են, Թղ. 155 ալ վերին լուսանցքն. Թղ. 57, 80, 114, 116 արտաքին լուսանցքը նեղքուած է։ Կը պակսին 1 թուղթ ընդ մէջ Թղ. 39բ-40ա. 8 թուղթք ընդ մէջ Թղ. 115-116ա, այսինքն Կ. թերթն ամբողջապէս, - վերջէն ալ աւելի կամ պակաս թուղթեր ինկած են։
նախկինը Վարդեր քահանայ, ապա այլք, հուսկ Հ. Սբապիոն Վ. Պուրիսեան։
չկան։
բազմաթիւ են, մեծագոյն եւ գեղեցիկ, ամէնքն եւս եռագոյն ոսկեզարդ, այնպէս որ ոմանք ուղղահայեաց ամբողջ լուսանցքը կը գրաւեն, եւ ոմանք ալ հորիզոնաձեւ երբեմն ամբողջ տողամէջը եւ երբեմն ալ մինչեւ կէսը գրաւած են։ Ուշագբաւ են Թղ. 6բ, 100ա Այբ զարդագրերն, Թղ. 32ա Վ, եւ Թղ. 40ա Զ թռչնազարդ զարդագրերն։
բազմաթիւ են, մեծ, միջակ եւ փոքր. ուշագրաւ է Թղ. 17բ խաչազարդ մատուռիկն իր ներքին խորերդաւոր ձեւերով եւ երկու թռչուններով։
չկան։
11 հատ, քառագունեան, այսինքն մութ կանաչ, կարմիր, կապոյտ եւ ոսկեգոյն. պարզ են բայց գեղեցիկ, (տես Թղ. 2ա, 6բ, 17բ, 26ա, 49ա, 57ա, 69բ, 88ա, 100ա, 116ա, 147ա). ոմանք միայն թռչնազարդ։
առաջին մասին ջնարակային կարմիր ոսկեզօծուած, իսկ վերջնոյն ընդհանրապէս սեւ։
Թղ. 1։
հինգ են, բայց համառօտ, այսպէս. 1. Յովնանու Աղօթքին վերջը (Թղ. 6ա) կայ գրչէն. «Գրիգոր գրիչ յիշեսցի ի Տէր Աստուած»։ Նոյն (մանրագիր) ընդ ստացողին, Թղ. 87բ, այսպէս. «Զստացաւղ տառիս զՎարդեր քահանայ, յիշեսջիք ի Քրիստոս Յիսուս։ Եւ զԳրիգոր գրիչ»։ 2. Ի վերջ Հանգստեան Յովհաննու (Թղ. 99բ) կայ գրչէն, միջակ երկաթագրով, այսպէս. «Քրիստոս Աստուած բարեխաւսութեամբ սուրբ եւ սիրեցեալ աշակերտիս, ողորմեա ստացաւղի հրաշազան մատենիս, Վարդեր քահանայի եւ ծնաւղաց իւրոց եւ ժողովրդականաց իւրոց հաւատացելոց ի Քրիստոս»։ Նոյնպէս կայ (կէսը մեծ եւ կէսը մանը երկաթագրով) Թղ. 50բ։ «Զստացաւղ կտակիս զՎարդ քահանայ յիշեսջիք ի Քրիստոս Յիսուս ի Տէր մեր. ամէն»։ (Անտարակոյս Վարդս նոյն է նախընթաց յիշատակարաններում յիշատակուած Վարդեր քահանային հետ, որ իր եղբօր Գրիգորի հետ յիշուած է - ետեւ Հոռոմոսի վանքում յամի Տեառն 1181 գրուած Աւետարանին մէջ. ուստի հաւանական է որ Մաշտոցս ալ գրուած նլլայ 1165-1185ի միջոցները։ 3. Բարսղի Քարոզին վերջը (Թղ. 56բ) ևալ միջակ երկաթագրով. «ԶՍտեփանոս քահանայ յիշեսջիք աղաւթիւք ձերովք ի Տէր»։ Հաւանական է որ ծաղկողն ըլլայ։ թէեւ որոշ բան մը ըսուած չէ։ 4. Յաւարտ վարդավառի Աղօթքին Բարսըղի (Թղ. 146բ) նոյն գրչութեամբ կայ այսպէս. «ԶԿոստեր քահանայ, զսիրելի եւ ղբարեկամ, զհոգեւոր եղբայր Վարդ քահանայի ստացաւղի մատենիս, յիշեսջիք ի Քրիստոս Յիսուս. ամէն», Թէ այս անուանքս - որ ուրիչ Ձեռագրաց մէջ սոյն ձեւով յիշուած չեն, - թէ՛ թուականի պակասը եւ Մաշտոցիս հին կարգաւորութիւնն եւ երկաթադրի բարեձեւութիւնն եւ ուղղագրութիւնը, - որոնց հետ չեն համաձայնիր սակայն զարգացած կիտագրութիւնք, - առ այժմ անոր «նութեան հարցը անլոյծ կը թողուն։
. Ձեռագիրս հաւանօրէն 1814-1818ի միջոցին մտած է հաւաքմանս մէջ, այսինքն մեր միաբան Վ. Հ. Սբապիոն Ղ. Պուրիսեան ի Կարին առաքելութիւն վարած տարիներուն մէջ, վասն զի մատենիս պահպանակին վրա, գրուած է բէ ինքն ի նարին ստացած է զայն եւ յղած ի Վենետիկ։ Մատեանս է կէս Մաշտոց, զի երկու Կանոններ միայն կը պարունակէ, այսինքն Կանոն ջուր օրհնելոյ եւ Կանոն Պսակ օրհնելոյ (պակասաւոր). իսկ մնացեալն՝ Օրհնութիւններ եւ Աղօթքներ են, հետեւեալ կար1. Թղ. 2ա։ «Այլ ես ի ձայն աւրհնութեան խոստովան եղեց քեզ. մտցեն աղաւթ(ք) իմ ի տաճարաւօռքօ, Ի նեղութեան իմում աղաղակեցի առ Տէր Աստուած իմ, լուաւ ինձ յորովայնէ դըժոխոց անացա կի իմում»։ - Վերջ Թղ. 6ա։ «Մատուցից քեզ պատարագ զոր ուխտեցից եւ հատուցից զըփրկութեան Տեառն»։ Յովեանու մարդարէի սոյն աղօթքը համեմատելով տպ. Բ. գլուխին հետ, կը տեսնուին ինչ ինչ տարբերութիւններ. սակայն ասոնցմէ աւելի քեմաքքաւ են Աղօթքիս մէն մի բառի վրայ ջնարակային կարմիր մելանով դրուած խազերը, որոնք մեծաւ մասամբ կը զանազանուին շարականաց խազերէն, եւ արաբական իրարու հետ միացուած տառերու եւ թուանշաններու ձեւեր ունին։ Այս խադերս - որոնք դրուած են աւելի կամ պակաս կերպով նաեւ յաջորդ Օրհնութիւններուն եւ Երգերու վրայ - յայտնի ապացոյց են, թէ ժամանակաւ կ'երգըցուէին այս Աղօթքս եւ Օրհնութիւնները. վասն զի ամանակը ճիշտ բերելու հաժար, խազերէն զատ՝ նոյն իսկ բնագրին մէջ Ը տառը աւելցուած է գրչէն եւ նոյն մեծ երկաթագրով. օր աղադաւ։ ւՉունայնութիւն եւ ըգըստութիւն»։ 2. Թղ. 6բ։ «Երգ Մովսէսի եւ որդ(ւ)ոցն Իսրայէլի. Աւրհնեսցուք ըզՏէր զի փառաւք փառաւորեալ է։ Ջերիւարս եւ զհեծեալս նոցա ընկէց ի ծով. աւգնական ընդունելի իմ Տէր, եւ եղեւ ինձ ի փըրկութիւն»։ - Վերջ Թղ. 17ա։ «Յառաջեաց Մարիամ եւ ասէ, աւրհնեսցուք զՏէր զի փառաւք է փառաւորեալ։ Տերիւարս եւ զհեծեալս ընկէց ի ծով»։ 3. Թղ. 17բ։ «Ահա հասեալ է թագաւոր փառաց լուսոյ լուսաւորել ըզամենայն արարածըս։ Լուսաւորեաց լուսաւորեաց Երուսաղէմ. զի հասեալ է լոյս քո. եւ փառքն Տեառն ի վերայ քո ծագեսցին լուսաւորել ըզամենայն արարածս»։ - Վերջ Թղ. 25բ։ «Եւ փառք Լիրանանու առ քեղ եկեսցեն սարդիւն եւ սաւսիւ» (թերի)։ 4. Թղ. 26ա։ «Երգք երից մանկանց. Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած հարցըն ըմերոց փառաւորեալ է անուն քը յաւիտեան»։ Վերջ Թղ. 50բ։ «Աւրհնեցէք եւ գոհացարուք, զի յաւիտեան է ողորմ նորա» Թղ. 51ա։ «Քարոզ զոր ասացեալ է Տեառն Բարսղի Կեսարու Կապպադովկացւոյ. Ժողովեալքս ի տաճար փառաց սրբութեանդ քո, հայցեմք ի քո(յ)ին գըթութեանց, լեր պարդեւիչ հայցուածոց մերոց լիապէս ի՛՝ քոց առատ պարդեւացդ. Աղաչեմք»։ - Վերջ Թղ. 56բ։ «Աղաչեմք, պաղատիմք, հայցեմք, առաջի անկանիմք, ողորմած, գըթած, անոխակալ, անյիշաչար, երկայնամիտ եւ բազումողորմ Աստուած, ողորմեայ մեզ ըստ մեծի քում ողորմութեանդ», Քարողիս - որ նոյնպէս խաչերով է - ամէն մի պարբերութեան վերջը կը կրկնուին փոփոխակի «Աղաչեմք», «ենդրեմք» բառերը. իսկ լուսանցից վրայ ալ «Փոխ»։ 6. Թղ. 57ա։ «Կանոն ջուր աւրհնելոյ։ Սղ. ԻԸ. Ձայն Տեառն ի վերայ ջուրց. եւ Աստուած փա։ Ընթ. Ա. Ի չորրորդ թագաւորութեանց. Եւ ասեն արք քաղաքին ցԵղիսէ. ահաւասիկ բնակութիւն քաղաքիս բարի է»։ - Թղ. 58ա։ «Ընթ. Բ. Յես. մարգարէէ. Այսպէս ասէ Տէր. Եւ առէք ջուր ուրախութեան յաղբերացն փրկութեան»։ - Թղ. 58բ։ «Ընթ. Գ. Յեզեկ. մարգարէէ. Եւ եմոյծ զիս հոգին առաջի դրան տաճարին»։ - Թղ. 61ա։ «Ընթ. Յելից. Եւ խաղացոյց Մովսէս զորդիսն Իսրայեղի ի Կարմիր ծովէ անտի»։ Թղ. 62բ։ «Ընթ. Յեսուայ որդ(ւ)ոյ Նաւեայ. Եւ իբրեւ չուեաց ժողովուրդն ի խորանաց իւրեանց»։ - Թղ. 64բ։ «Պաւղոսի առաքելոյ ի Կորնթացւոց Ա. թղթոյն ընթերցուածս. Ոչ կամիմ եթէ տգէտք իցէք եղբարք»։ - Թղ. 65բ։ «Աղելուիա արուեստի. Ուրախ լիցին երկինք և ցեծասցէ։ Աւետ. ըստ Մատթեոսի Յաւուրսն յայնոսիկ դայ Յովաննէս Մկըրտիչ»։ - Թղ. 68բ։ «Սարկաւագն քարոզէ Եւ եւս խաղաղութեան։ Վասն ի վերուստ խաղաղութեան»։ - Թղ. 69ա։ «Աւրհնութիւն ի վերայ ջրոյն զոր ասացեալ է սրբոյն Բարսղի Կեսարու Կապպադովկացւոյ. Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած ամենակալ»։ - Վերջ Թղ. 87ա։ Թղ. 87բ. Խրատ. «Եւ ապա տեառնագրէ եպիսկոպոսն սուրբ խաչիւն երիցս անգամ, Եւ ասէ. Աւրհնեսցի եւ սրբեսցի ջուրս այս նշանաւ սուրբ խաչիւս յանուն Հաւր եւ Որդ(ւ)ոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ։ Ժողովուրդն ասէ Ամէն։ Եւ ապա կաթեցնէ զսուրբ միւռունն երիցս անգամ եւ ասէ. Աւրհնեսցի աւծցի եւ սրբեսցի ջուրս այս յանուն Հաւր եւ Որդ(ք)ոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ։ - Այժմ եւ միշտ մի ասեր»։ Կանոնս ունի Յելից եւ Յեսուայ որդւոյ Նաւեա, ընթերցուածները, որոնք կը պակսին Ա. Մաշտոցին մէջ, հետեւարար կրսեր է ժամանակաւ. բայց որովհետեւ չունի մեծ Քարոզն եւ Տաղերը, որոնք կը գըտնուին Կիլիկեան, այն է ԺԳ դարու Մաշտոցներուն մէջ, ուստի այս իսկ նշան է թէ սոյն Մաշտոցը կամ նախակիլիկեան է, եւ կամ նախակիլիկեան Հին Մատոցէ մը դաղափարուած։ 7. Թղ. 88ա։ «Հանգիստ որբոյն Յովհաննու առաքելոյ եւ աւետարանչին Քրիստոսի. Էր ընդ եղբարս երանելին Յովհաննէս, մեծաւ ուրախութեամբ ի Տէր»։ - Վերջ Թը. 99ա։ «Եւ մինչդեռ մեք ահիւ եւ խնդութեամբ խառնեալ լայաք, աւանդեաց զհոգին սուրբ առաքեալն Յովհաննէս, աւետարանիչ Քրիստոսի, ի փառս ամենասուրբ Երրորդութեան Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ Գրուածս բաղդատելով Ջոհր. տպագրութեան հետ, տեսանք յայտնապէս որ թէպէտեւ յահախ նախադասութիւններն իրաբու համաձայն կ'ընթանան, րայց ընդհանուրին մէջ իրարմէ այնչափ կը տարբերին, որ կարծէք թէ տարբեր թարգմանութիւններ եդած ըլլան։ Տպագիրն ունի շատ նախադասութիւններ եւ բառեր, որ երբեմն բոլորովին կը պակսին Մաշտոցիս մէջ, երբեմն ալ տարբեր կերպով դասաւորուած են եւ կազմուած, Սա եւ փոխադարձաբար իր զգալի սեղմութեամբն հանդերձ - կ'ընծայէ ընդհակառակն այնպիսի նշանաւոր բառեր, որոնք տպագրին մէջ չեն գտնուիր։ Օրին. աղագաւ, Թղ. 89ա, տող 2։ «Արդ հաստատուն կացէք ի նոսա, յիշելով զՏէր ի...»։ Թղ. 89բ։ «Վասն ձեր»։ - Անդ։ «Անուն Աստուծոյ» փոխ, աղ. «անուն՝ Աստուած ի Յիսուս»ին։ - Թղ. 89բ-90ա։ «...ձերում... ձեր... ձերում»։ - «Փու թացեալ յառաջիկայ գործն ձեր կատարել ի Տէր»։ Թղ. 90բ։ «Եկաց յաղաւթս ամենեքումբք եւ ասէ»։ Անդ։ «Ով Տէր ամենակալ որ զպսակս զայս հաւատոց հիւսեր Քրիստոս քոյով հիւսմամբդ»։ - Թղ. 91բ։ «Եւ ապա խնդրեաց հաց եւ բաժակ, եւ ասէ... ի վերայ հացիս եւ բաժակիս ասասցուք, այլ զքեզ միայն Յիսուս»։ - Թղ. 92։ «Փառաւորեմք եւ գոհանամք հանդերձ Հարբ եւ Հոգւովդ» փոխ. տպ. «փառաւորեմք Տէր զքո ասացեալ Հոր անուն»ին։ - Անդ։ «Փառաւորեմք զյարութիւնն որ ցուցաւ քեւ մեզ»։ - Անդ։ «կհատն» փոխ. տպ. «հաւատ»ին։ - Թղ. 92բ։ «Առ ի չաբէն փախուստ» փոխ. տպ. «Առ ի քեզ»ին, եւն, եւն։ Եթէ Մաշտոցիս ներկայացուցած «Հանդիստ» եւն, դիտմամբ համառօտուած եւ փոխուած չէ, կարծեցեալ յունարէնէ տարբեր եւ աւելի վաւերական բնադրէ մը թարգմանուած ըլլալու է. նախ անոր համար որ զերծ է տպագիր Աստուածաշունչի ընծայած աւելազանցութիւններէն, որոնք յետին ժամանակի ներմուծուած քեաաւքէ կասկած կու տան. երկրորդ - ի քաց առեալ ինչ ինչ փոքրիկ տարբերութիւններէ - աւելի կը համաձայնի Թ-Ժ դարեբուն դրուած երկաթագիր Մաշտոցին եւ Ճաչոցներուն, ինչպէս պիտի տեսնուի 8. Թղ. 100ա։ «Աղաւթք զոր ասացեալ է սրբոյն Բարողի ի սուրբ Պենդակոստէն. Անարատ, անեղծ, անսկիզբն, անտեսանելի, անհասանելի, անհետազաւտելի, անփոփոխելի, անպարագրելի, անսահման, անոխակալ Տէր»։ - Վերջ Թղ. 106ա։ «Խաղաղութիւն, Աստուծոյ երկրպագեսցուք։ Գ. ծունըր։ Ժ. Տէր ողո։ Աղաւթք. Տէր Աստուած մեր որ զըխաղաղութիւն քո պարգեւեցեր մարդկան»։ - Վերջ Թղ. 112ա։ «Խաղաղութիւն ամեն. Աստուծոյ երկրպագ։ Գ ծունբ եւ ԺԲ Տէր ողորմեա։ Աղաւթք. Որ եսդ Տէր զաւրութեանց եւ Աստուած ճշմարիտ» եւն։ - Վերջ Թղ. 115բ։ «Արժանաւորեա զմեզ պաղատանս եւ խնդրուածս մատուցանել վասըն որ կապեալ են յանդունդս»։ 9. Թղ. 116ա։ «ի մեծի Վարդավառին տաւնի Աղաւթք սրբոյն Բարսղի Կապպադովկացւոյ. Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած ամենակալ, Որդի եւ Բանդ Աստուած, էակից եւ արարչակից Հաւր, գոյացուցիչ եւ համագոյակից Հաւր եւ Հոգւոյն սրբոյ, անորիշ յէական բնութենէդ»։ - Վերջ Թղ. 146բ։ «Եւ ընդ սուրբս քո զեռահիւսակ սրբասացութիւն տնաւրինեցելոյդ երգեսցուք ընդ Հաւր եւ ամենասուրբ Հոգւոյդ անհաս աւրհնութեամբ, որ եսդ աւրհնեալ գովեալ եւ առաւել փառաւորեալ յերկնաւորաց եւ յերկրաւորաց, այժմ եւ միչտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։ Շնորհապարտ ենք երկաթագիր Մաշտոցիս որ պահած է մեղ կեսարացի մեծ հայրապետի Աղոթքներէն ամէնէն աւելի սքանչելին, ընդարձակագոյնը ե։ հիւթեղը վարդապետութեամբ, եւ լեզուական գանձերով փարթամը, յորում արարչութենէն սկսեալ մին չեւ վերջին դալուստը խտացուած են տնօրինականա։ վերաբերեալ վարդապետութիւնքը, եւ որում յոյն ըրնագիրն անյայտացած է վաղուց։ Էջմիածին տպուած Ճաշոցին մէջ (եր. 543-556) Եղիշէի վերագրուած է սոյն աղօթքը, այսպէս. «Սրբոյն Եղիշէի վարդապետին արարեալ վասն այլակերպութեան Քրիստոսի»։ Ինձ յայտնի չէ, թէ ո՞ր թուականին գրուած ձեռագրէն եղած է այդ հրատարակութիւնը. այլ կարող եմ ըսել որ բաղդատութեամբ հին երկաթագրիս՝ լատ կրճատ եւ աղաւաղուած է։ Օրինակ մը միայն մէջբերեմ (էջ 552). «զՊետրոս զվէմն» ապուած է՝ փոխ «զՊետրոս՝ զեկեղեցւոյ զվէմն» ըստ երկաթագրին։ Յամենայն դէպս անճիշտ է որ Եղիշէէն գրուած ըլլա այդ Աղօթքը, վասն զի յունարէնի վրայ ուղղակի կաղմուած բարդութիւնք, ողորկ եւ ճշդրտատիպ լեզուն հեղինակական վարդապետութիւնն եւ ոճն իսկ դլխովին յար եւ նման են Բարողի միւս աղօթքներուն եւ Պատարագին։ Օրին. համար՝ յունարէնի հետքեր են Թղ. 113ա. «Գոյացուցիչ ( = որ է ըսել «արարչակից») եւ համագոյակից Հաւր եւ Հոդւոյն ցըքըյց (որ էջ միածնի Ճաշոցը փոխած է «դոյակից եւ համաբնակից Հոգւոյդ»ի)։ - Թղ. 117բ։ «գործակնեցեր... սեռաձեւ ամպայաբմար». - Թղ. 118բ. «Թաղանթապատեալ իբրեւ յաման ինչ արկեալ» (իմա՛ առաջին լոյսն)։ - Թղ. 125ա. «նորդանիս». - Թղ. 120ա «կերպիւ մարդատեսակ». - Թղ. 127ա. «Ի մարդկահոյլ բաղմութենէ». - «Ի թափովբական... ի Թափովր լերին». - Թղ. 128ա. «Ի փայլակնակայծակ հառադայթից»։ - Թղ. 123բ. «Ճառագայթատեսիլ շողիւք». - Անդ. «Փոխակերպեալ». - Թղ. 129բ. «Բ տաղաւարաշինութեանն»։ - Անդ. «Երիցս գաղափարկերպիցս». - Թղ. 144բ. «Յընկղմնութենէ»։ Ուրիշ տեսակէտով եւս շատ ուշագրաւ է հառական Աղօթս. այսինքն իբրեւ աղբիւր ծառայած է Ագաթանգեղոսի (հմմ. ա. 7, բ. 23, 24, 33, 35, 36, 38 40), Եզնկայ, Բուղանդայ (Դ. դպր. Ե.) եւ Եղիշէի, իսկ Յայլակերպութիւն Քրիստոսի ճառին մէջ դաղափարական աղերսներ ցոյց կու տայ։ 10. Թղ. 147ա։ «Կանոն պսակ աւրհնելոյ։ Սղ. Տէր ի զաւրութեան քում ուրախ եղիցի թագաւորն ի փրկ։ Ընթ. ի Ծննդոց. Եւ ասաց Աստուած արասցուք մարդ ըստ պատկերի մերում»։ (Մնացեալն առ հասարակ ընթերցուածներով եւ աղօթքով հանդերձ նոյն է ընդ նախընթացին (Հմմտ Ա. Մաշ. § 20 Թղ. 78ա2-82ա1). միայն վերջին մասը, այն է՝ Պսակ վերացուցանելոյ, կը պակսի, վասն զի վերջը թերի կերպով կ՚ընդհատուի Մաշ