Other notices
— - Bibliographic notice
746
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ ԻԱ
ՌՃԶ = 1657 - ՌՃԶ = 1657

ID
Number
746
Old record number
1950
Title
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ ԻԱ
Start date
ՌՃԶ = 1657
End date
ՌՃԶ = 1657
Date details

ՌՃԶ = 1657։

Copy place
«ի գաւառն Սեբաստիոյ, ի գիւղն Ըստանոսի, ընդ հովանեաւ սուրբ Թէոդորոսին»։
Reference
Type
Number of pages
655
Dimension
29,5x42,5
Layout
երկսիւն, իւրաքանչիւրը 8,5x32։
Writing details

բոլորգիր մեծ ու յստակ։

Codicology

խառնակ ու անկանոն, բազմաթիւ ետեւառաջութիւններով, չէ պահպանուած նախնական թերթականակը։

Principal subject
Subject details

թուղթ հաստ եւ տոկուն։

Number of lines
34։
Binding

խաւաքարտեայ, կաշեպատ, անցեալ դարուս կազմով։

State of preservation

կատարեալ արտաքին վայելչութեամբ, սակայն թուղթերը խառնակ կազմուելով՝ կը դառնայ անգործածելի։ Թղ. 61 եւ 547 կտրուած են լուսանցազարդերը՝ հաւանաբար պոկելով մանրանկարները։

Copyist
Սահակ սարկաւագ, որու անունը կը յիշուի գլխաւոր յիշատակարանին մէջ, իսկ թղ. 155ա2 կը յիշուի «մեղապարտ գրչիս Սալվիարին». նոյն այս անունը կը կրկնուի թղ. 581ա1 ծածկագրութեան մէջ։
Owner

Հաննայ սեբաստացի։

Commanditaire
Illuminator
Յակոբ։
Binder
անյայտ։
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

տարւոյն բոլոր օրերուն կանուններու առաջին տառը, բազմագոյն ու ճաշակաւոր, մարդագիր, կենդանագիր ու ծաղկագիր։

Initials

Marginal illuminations

գրեթէ ամէն էջի վրայ, հոն ուր կան խորաններ՝ աւելի շքեղ կը ներկայանան. նուազ շքեղութեամբ՝ բայց մեծադիր՝ կիսախորաններու քով։ Կան բազմաթիւ լուսանցազարդեր, որոնք կը ներկայացնեն օրուան սուրբը. այսպէս՝ թղ. եա Յովհաննէս որ կը մկրտէ զՅիսուս (11 սմ. բարերութեամբ), 15բ Ս. Նիկողայոս (13 սմ.), 28ա Պօղոս-Պետրոս, 31ա Թէոդորոս թգ., 32ա Ս. Եփրեմ (19 սմ.), 65ա Գրիգոր աստուածարան (18 սմ.), 72բ Ս. Սարգիս ձիու վրայ, 107ա Յակոբոս առաքեալ, 140բ Պորփիւրոս եպ., 155ա հաւատաւոր կին մը, 160ա Դանիէլ կանգուն առիւծի վրայ, 205բ Թոմաս առաքեալ (14 սմ.), 244ա Գէորգ զօրավար, 261ա Համբարձումն Քրիստոսի, 267ա Երինի կոյս, 322 բ Հռիփսիմէ, 348բ Դանիէլ մրգ., 355բ Յովհաննէս Մկըրտիչի գլխատումը եւ գլուխը ափսէի վրայ, 364ա վերափոխում, 402բ Յովհաննէս աւետարանիչ, 459ա Գաբրիէ, հրեշտակ (19 սմ.), 470ա Յովհան Ոսկեբերան, 478ա Գրիգոր Լուսաւորիչ, 487ա Գրիգոր Ակռականդացի, 492ա Գրիգոր Սքանչելագործ (17 սմ.), 501բ Տրդատ թգ. (17 սմ), 558բ Զաքարիա մրգ., 596ա Քրիստափոր, 645բ Կոստանդիանոս թգ. (17 սմ.)։ Բոլորն ալ բազմագոյն եւ դէմքերու կատարեալ արտայայտութիւններով։

Images

հինգ հատ. թղ. 2բ, 19x34 մեծութեամբ, կը ներկայացնէ Քրիստոս բազմեալ, երկու հրեշտակներու միջեւ, որոնք ձեռքերնին ունին քշոց, որոնց մէջ գրուած է. «Սուրբ, սուրբ, սուրբ Տէր զաւրութեանց». վարը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ։ Թղ. 8բ, որու մեծութիւնն է 19x31, կը ներկայացնէ Քրիստոս խաչակիր, դիմացը ունենալով «Ադամ եւ նահապետքն» վեց հոգի, ետին՝ «մարգարէքն» հինգ հոգի, ստորեւ «դժոխք, սատանայ»։ Նկարին վերջին հաստ գծին մէջ, երկաթագիր սղագրութեամբ գրուած է. «Մեղապարտ Յակոբ գրիչս յիշեցէք ի Քրիստոս Աստուած»։ Թղ։ 9ա, կը ներկայացնէ Յիսուսի յարութիւնը. մեծութիւնն է 18,5x21, կեդրոնը բազմած է հրեշտակը՝ բացուած թեւերով, դէմքը դարձած իւղաբեր հինգ կիներու, աջ ձեռքով ցոյց կու տայ վեց զինուորները՝ որոնք կիսով չափ քունի մէջ են՝ տապալած գետին. կը տեսնուի պարապ գերեզմանը՝ վարշամակով։ Թղ. 24բ, կը ներկայացնէ Աւետումը. մեծութիւնն է 18,5x31, հրեշտակն ու Ս. կոյսը՝ կանգուն կայնած են, խօսելու դիրքով։ Թղ. 144բ, կը ներկայացնէ Սեբաստիոյ Քառասուն մանուկները, 8x10 մեծութեամբ։ Հինգ նկարներն ալ յաջող են դէմքի արտայայտութիւններով, բոլորն ալ բազմագոյն, սակայն գոյներու ընտրութիւնը եւ համադրութիւնը ցոյց կու տայ նկարողին նուազ վարժ ըլլալը։ Վերջին նկարը աւելի կատարեալ կը ներկայանայ քան նախորդ չորսը։

Canon tables 1

հինգ հատ, թղ. 3ա, 25ա, 36ա, 335ա եւ 383ա, բոլորն ալ 18x18 մեծութեամբ, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով, գեղեցիկ ու ներկայանալի՝ իրենց պարգութեամբ։

Canon tables 2

շուրջ 15 հատ, հայկական կամ հռոմէական ամիսները սկսելուն, խորաններու զարդով, 5,5x8 կամ 8x8 մեծութեամբ։

Title text

կարմիր մելանով են։

Blank pages

թղ. 653բ, 655բ։

Colophon

1. Թղ. 317բ2. «Փառք ամենասուրբ Երրորդութիւն, Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, տէրութեամբ եւ իշխանութեամբ, կայացեալ անբաւից բարձողին, որ ի խնդիր ելեալ՝ ոչ եթող անկատար զգործն զոր էառ ի Հաւրէ։ Յանձն առ զխաչն եւ մեռաւ մարմնովս՝ որ մահու եղաք պարտականք, եւ մահուամբ իւրով խափանեաց զայն, որ զիշխանութիւն մահուն ունէր, եւ զաղձն որով մեռաք՝ առաջին եղաւղն դարձոյց, որպէս ասէ մարգարէն. Դարձին ցաւք ի գլուխս նորա եւ ի գագաթ նորա անաւրէնութիւնք իջցեն։ Եւ յարուցեալ հաստատեաց յոյս եւ կանգնեաց զանկեալս հաւատ, զինքն ածեալ աւրինակ եւ ետ առատապէս զհոգւոյն ձիր, մխիթար եւ առհաւատչեա(յ) կենաց։ «Եւ այս յոյս պնդեալք յոլովք քան թէ սակաւք՝ զհետ ընթանան, արհամարհելով զմահ։ Առաքեալք եւ հայրապետք, վարդապետք եւ քահանայք, սարկաւագունք եւ դըպիրք, կուսանք եւ ճգնաւորք, մարտիրոսք եւ (յ)աղթող նահատակ(ք), թագաւոր եւ զաւրագլուխ(ք), զաւրավարք եւ զինուորեալ մանկունք նոցին, մանաւանդ արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք, ամենեքեան ամենայնի։ Որք զբաժակ մահու արբին իբր զանուշ գինի, քանզի որ ի կողէն էջ գինին անապական։ զմրեցոյց զնա իբրեւ զաւշա(րա)կս նռնենեաց եւ ընդ ամրացոյց որպէս զմանրագորս, եւ զմայլեալք ի եռանդ հրոյն, որ ի Հոգւոյն այրեալ կիզեաց զահեղ երկուող որ ի բանսարկուէն եւ աւժընդակեալք ընդ սուրն խաղացին՝ իբրեւ զգաւազանս, ընդ հուրս անցին՝ իբրեւ զջուրս յորձանաց, ընդ առիւծս եւ ընդ գազանս մաքառեցան՝ իբրեւ քաջս, ընդ աւձս եւ ընդ գազանս՝ իբրեւ ընդ ձագու խաղացին, եւ առ ոտն եդին զմահ եւ ընդ գարշապարս կոխեցին զզօրութիւն նորա։ «Եւ ի սոյնգունակ նախահարք, նահապետք, մարգարէական հոգւով ծանեան զգալուստ արդարոյն. նաեւ մարգարէիցն գումարք, իւրաքանչիւր դարս եւ ժամանակս, յաւուրս եւ ի տարիս։ Զիջումն բանին ի յարգանտ կուսին, ոմն զծնունդն եւ զսնունդն, ոմն զչարչարանքն եւ զխաչն, զգեղարդն եւ զմահն, զթաղումն եւ զ(յ)արութիւն, զհամբարձումն եւ զնստիլն ընդ աջմէ Հաւր, այլ եւ զգալուստն միւսանգամ։ Զայս ամենայն գուշակեցին եւ ի նոյն բանի կատարեցան ի փառս արարչին։ «Արդ յայսոսիկ եւ ի սոյնպիսիս նայեցեալ մեր, ոգւոց հանեալ մահտեսի Հաննան սեբաստացին, եւ յոյժ սիրով եւ փափաքանօք, տենչմամբ սրտիւ բաղձանաւք, գծագրեաց զսա գանձ անկողոպտելի անձին իւրոյ եւ մխիթար հոգւոյ իւրոյ եւ մտաց իւրոց հը(ր)ճուանս։ Իբրեւ լոյս ընկալ(աւ) ակն անգին եւ զմարգարիտն մեծագոյն, իբրեւ զջահս պայծառ խաւարեալ հոգւոյ իւրոյ, եւ որպէս զղամբարս լու(ս)ակիրս՝ մթացեալ ստուերին սրտիս, իբրեւ զանթառամելի բազմերանկ ծաղիկս եւ որպէս զթագս արքունական եւ զպսակս ընկուզեալ ի ականց պատուականաց կորացեալ գլխոյս։ «Եւ իմ անըմբր(ն)ելի փափաքս որ ի սմա, ոչ ետ թոյլ միջոցի ժամուց ընդ մէջ անցանել, եւ ճահողական եւ արդիւնարար գրչի յաւրինմամբ սմա հանդիպիլ։ Այլ ես յիմարս եւ թարտկացեալ եւ անմիտ Սահակ գրչի, անպիտան եւ սխալող, կնատ եւ թարմատար եւ տարացեալ ի բնօին բարեաց, հեծեծանաւք եւ ցաւագին անձամբ, յանձն առի զգծագրութեանս զայս։ Բայց սորայս մեծ էր առիթն որ ի սմայ սակս այս մեծի ըղձանաւք, առ ոտս հարայ իմս չքին եւ փինատ տրփութիւնս։ Եւ ստացաւ զսա իւր ներկայս՝ ի վայել եւ ի փարթամութիւն անձին իւրոյ եւ ապագայն յիշատակ մահտեսի Հաննային, եւ կողակցուն մահտեսի Մարիամին, եւ ծնաւղացն Ասֆարին եւ Խաթունին, որդոյն Գրիգորին, եւ դստերացն Հօտատուորին, Բուրաստանին, Մանասէ, Շահզատէ, Խաթունպակէ, Կուլզատէ, եւ եղբարցն Շիրինին եւ Շիրուանին, փեսայ Սիրանոսին, եւ թառինն Մուրատին, եւ ամենայն զարմին եւ զաւակաց նոցա, կենդանեաց եւ մեռելոց առհասարակ ամենեցուն. ամէն։ Որ ստացան զսա ի հալալ արդեանց իւրեանց եւ եդին յիշատակ ի դուռն (ջնջուած)։ «Արդ, դարձեալ աղաչեմ գամենեսեան, զսրբազան դասս մաքրագունից, որք հանդիպիք սմա կամ աւգտիք ի սմանէ, կամ կարդալով եւ կամ աւրինակելով, յիշեսջիք ի Քրիստոս Աստուած՝ զվերագրեալսն ի սմա։ Եւ զիս զմեղապարտ գրիչս Սահակ սուտանուն սարկաւագիս, որ գրեցի եւ աւարտեցի ի գաւառն Սեբաստիոյ, ի գիւղն Ըստանոսի, ընդ հովանեաւ սուրբ Թէոդորոսին եւ բազմահաւաք սուրբ նշանացս. ի կաթողիկոսութեան էջմիածնայ Տէր (Յ)ակոբին, եւ յառաջնորդութեան Սեբաստիոյ Տէր Յովանիսի եպիսկոպոսի, ի թուականիս Հայոց Ռ եւ Ճ4 «Արդ ես յերես անկեալ աղաչեմ զամենեսեանդ, զի որք հանդիպիք սմա, յիշեցէք ի Քրիստոս Աստուած, զիս զՍահակ գրչիկս եւ զուսուցիչն իմ, եւ մանաւանդ զծնողս իմ զԽաչատուր քահանայ, որ բազում ջանս եւ աշխատանս կրեաց ի թղթին կոկելն. եւ զմայրն իմ, եւ զամենայն արեան մերձաւորս իմ։ Իսկ որ յիշէք Հայր մեղայիւ կամ Տէր ողորմեայիս, յիշեալ լիցիք ի Քրիստոսէ՝ որ ասէ արդարոցն. Եկայք աւրհնեալք Հաւր իմոյ ժառանգե(ցէք)։ «Այլ եւ յիշեցէք ի Քրիստոս զսրբազան քահանայսն՝ զԻգնատիոս քահանայ եւ զԳալուստ քահանայ՝ որ վերակացու եղեն տառիս, յաւիտեանս ամէն։ Հայր մեր»։ 2. Թղ. 581ա1. «Որոց աղաւթիւքն ողորմի Քրիստոս Աստուած ըստացողի գրոցս մահտեսի Հաննային, եւ կողակցուն մահտեսի Մարիամին եւ ծնաւղացն Սաֆարինեւ Խաթունին, որդւոյն Գրիգորին, եւ դստերացն Հաւատաւորին, Բուրաստանին, Մանասէ, Շահզատէ, Խաթունպակէ, Կուլզատէ, եւ եղբարցն Շիրինին եւ Շիրուանին, եւ մեղապարտ գրչիս ......................... .. (.) ........... (.................... ........ (.......... (.) .......... ............... (.......... (.......... ........... ( = Սալվիարիշ)»։ Անվարժ նոտր գրով կան. 3. Թղ. 2ա2. «Դարձեալ օվ եղբայրք ոսկէգործ մահտեսի Կարապետի որդի տիրացու Արդինս, պատճառ եղէ նորօգման սուրբ մատենիս, ով ոք ընթեռնու, մէկ Հայր մեղայիւ յիշէք զհայրն իմ հանգուցեալ հայրն իմ, եւ դուք յիշեալ լիջիք ի Աստուծոյ. ամէն։ Թւին ՌՄԼԹ ( = 1790), (Յ)ուլիսի 10։ «Տէր Կարապետ կոչեցայ թւին ՌՄԼԹ ( = 1790) Նոյեմբերի 23, եւ մայրս իմ մղտսի Եղիսաբերդն առ Աստուած ուղուղեաց. եւս նայ այլ յիշեցէք, եւ դուք յիշեալ լիջիք յԱս4. Թղ. 655բ. «Զայս (Յ)այսմաւուրքս պիտանի, եկեղեցոր պարծանք լինի, ամէն աւուր ընթեռնանի, քանզի լսօղքն փառաւորի եւ ընդերցօղն ուրախ լինի, սիրտն յուժ կը բերկրի, օվ ընթեռնու զայս մատենի, թօղ ասէ զՀայր մեղայ մի, զհանգուցեալ լուսաւոր հոգի ոսկէգործ մահտեսի Կարապետի, Աստուած ինքեանն ողորմի։ Թւին ՌՄԼԸ ( = 1789), Ապրիլի ժ ( = 10)»։

Informations

կը պակսին։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, որ կը պատկանի ԺԵ-ԺԶ դարուն ընդհանրացած Գրիգոր Ծերենցի խմբագրութեան։ Ներկայ ձեռագրիս նորոգութեան կամ կազմին ժամանակ թերթերն ու թուղթերը խառնակուած են։ ստեղծելով այնպիսի վիճակ՝ որ չէ կարելի դիւրաւ օգտագործել ձեռագիրս։ Կազմողն իր կարգին կու տայ տարտամ բացատրութիւն մը՝ գրելով. «Ով եղբայրք, յառաջի ժբ տետրն որ գրեցի, եկօ մահտեսին տարօ, թէ կու տան իմ ի մերն, կու կարդամ. տարեր ի հուտ տեղ է դրեր, որնեմէ առեր որ գիրն յիրար է անցեր» (թղ. 2բ)։ Անկարելիութեան դիմաց՝ զանց կընենց նշանակել մանրամասնութիւններ, մանաւանդ որ ձեռագիրս նման է ցարդ ցանկագրուած օրինակներուն։ Նորութիւն են հետեւեալԹղ. 164բ1. «Արեգի Թ. եւ Մարտի Ժէ, եւ Աւելեաց եբրայեցւոց ի Ա. Վարք երանելւոյն Ալեքսիանոսի»։ Թղ. 165բ2. «Գրիգորի քաջ հռետորի, անյաղթ փիլիսոփայի ասացեալ վասն Ծաղկազարդին, ի բանն որ ասէ. Ասացէք դստեր Սիոնի ահա թագաւոր քո գա(յ) հեզ, նստեալ ի յէշ եւ յաւանակ իշոյ. Սիոն ամրոց էր Հրէաստանի որ եբուս կոչէին...»։ Վերջ թղ. 169բ1. «զոր այժմ աւրինակաւ դէմ յանդիման տեսանելով զՔրիստոս ի փառսն հայրենի»։

Content