750
1042
ՌՃԻԵ = 1676։
բոլորգիր, հինգ գրիչներուն համաձայն՝ իրարմէ աննման բոլորգիրեր են։
56, ցանկին համար սկիզբը ունի յաւելեալ 8 թղ., ե, զ, եւ լբ՝ ունին 10 թղ., իե եւ իէ՝ 13 թղ., խգ։ 8 թղ., ծ՝ 6 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրն ունի 12 թղ.։
թուղթ հաստ մագաղաթանման։
փայտեայ կաշեպատ, երկրաչափական դրոշմազարդերով։ Ունի գոցելու կաշին, ինկած են հինգ ականջները, մնացած են անոնց հետքերը։ Կողքերը ներքին կողմէն ծածկուած են դեղնորակ նուրբ կերպասով, քառակուսի զարդերով։ - ՄԱԳԱՂ. ՊԱՀՊԱՆԱԿ սկիզբն ու աւարտին մէկական անգիր մագաղաթներ։
շատ լաւ, մաքուր ու անթերի. գործածութենէ կարգ մը թերթեր կազմէն անջատուած են։
Ագուլեցի Նահապետ, որդի խոճայ Գուլնազարի, որ գրել տուած է Վենետիկի Ս. Խաչ եկեղեցւոյն համար։
երեք խորաններուն ստորեւ՝ ամբողջ տող մը բազմագոյն եւ յոյժ ճաշակաւոր. տարւոյն բոլոր օրերուն համար՝ առաջին տառերը կարմիր եւ կապոյտ զարդերով, բոլոր ալ յատուկ նոյն դարու ծաղկողներուն։
եւ միջանկեալ տողեր՝ կարմիր։
երեք խորաններուն քով՝ մեծադիր եւ բազմագոյն, իսկ տարւոյն բոլոր օրերուն համար՝ կարմիր եւ կապոյտ գոյներով, բոլորն ալ ճաշակաւոր։ Թղ. 236բ մանրանկարի ձեւով է լուսանցազարդը, ու կը ներկայացնէ Սոփոնիա մարգարէն։
հինգ հատ, թղ. 9բ, մեծութիւն՝ 19x30, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ հայրապետական տարազով, գլխուն ունի թագ, աջին վարդապետական գաւազան եւ ձախին Աւետարան. դիմացը Տրդատ թագաւոր՝ ծնրադիր։ Թղ. 304բ, նոյն մեծութեամբ, Յայտնութեան տեսարան, Տիրամայրը նստած, Յիսուս մանուկ գիրկը՝ օրհնելու դիրքով, ետին՝ Ս. Յովսէփ, իսկ դիմացը երեք մոգեր ծնրադիր, ձեռքերնին նուէրներով։ Թղ. 449բ, Յիսուսի յաղթական Յարուբիւնը, ստորեւ դատարկ գերեզմանը, աջին ու ճախին երեք զինուորներ՝ քունի մէջ։ Թղ. 655ա ունի երկու նկար, 9x14,5 մեծութեամբ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէ խաչը, աջին ու ձախին երկու թագակիրներ կանգուն. երկրորդը՝ երկու հայրապետներ, եկեղեցական տարազով եւ թագով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Սեղբեստրոս. նկարին վերեւ ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Բոլոր այս նկարները թէեւ գունաւոր են եւ լաւ գծուած, սակայն չունին նրբութիւն։
թղ. 10ա, 305ա, 450ա, 19x21 մեծութեամբ, երեքն ալ բազմագոյն. կը պակսի գիծերու յստակութիւնը եւ նրբութիւնը։
հռոմէական ամիսները սկսելուն, 12 հատ, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով։
սեւ մելանով են։
թղ. 1ա-3բ, 8բ-9ա, 303ա-304ա, 449ա, 662ա-4բ։
1. Թղ. 654ա2, «Փառք...։ Սէր սիրուն սերտեալ, սիրով Սիոնէ առեալ հող եւ արար զմարդն ըստ պատկերի իւր բանական, ըստ այնմ սիրէ Տէր զդրուն(ս) Սիովնի եւ այլն։ Եւ սէրն ի սիրոյ ոչ յագեալ մահն եդ ի մէջ բագձաձական միաւորութիւն, յագումն սիրոյ, ասելով թէ՝ Յորում աւուր ուտիցես մահու մեռանիցես։ Ահա էր մահ ի կամս աբարչին երեւեալ, բայց ոչ էր հնար անմահ էին մահանալ. այլ պատկերն հայեցեալ ի պատկեր բանին եւ տեսեալ բանական մասամբ առիթ սիրոյ՝ զմահ կայր ի փայտի, եւ տենչմամբ առեալ եկեր, լքաւ եւ ոչ յագեցաւ։ Քանզի ոչ կատարելապէս սիրով ի բանականս մտառեալ, այլ ցանկութեամբ ստորեւս ի տնկականս անկեալ։ Վասն այն լքաւ սիրոյ եւ ոչ յագեցաւ. սակայն կապակցեալ կամաւ ի սէրն կամս արարչին։ Յաղագս որոյ կամեցաւ սէրն կատարելապէս ցուցանել զբանական սէրն։ Իջեալ միացաւ ըստ պատկերին եւ եցուց մարդասիրութիւն, յագեալ սիրով ի վերայ խաչին որ ասէր թէ ամենայն ինչ կատարեալ է։ «Լուեալ զայս կատարելութիւն յազգս մարդկան, դիմեալ հաւատով յաւժարութեամբ առ ի մահ՝ ի կատարեալ սէրն Աստուծոյ, փոխան բանին մարդասիրին՝ եղեւ մարդիկ աստուածասէրք, կատարեալ սիրով կատարեցան ի Քրիստոս։ Ասելոյն Պօղոսի. Ո՞վ կարէ մեկնել զմեզ ի սիրոյն Քրիստոսի, եւ եթէ յամենայն ժամ զմահն Յիսուսի ի մարմինս մեր կրեսցուք, զի եւ կեանքն Յիսուսի ի մարմինս մեր յայտնեսցին։ Որպէս ասէ, Ո(ր)ք հաւատով պարտեցին զթագաւորութիւնս, գործեցին զարդարութեան, քարկոծեցան, սղոցեցան, սպանմամբ սրբոյ մեռան եւայլն, կարաւտեալք, նեղեալք, չարչարեալք, զորս ոչ արժէ աշխարհս։ Սոյնպէս հոտ անոյշ եղեն ընդ տիեզերս, դասս առաքելոց եւ մարգարէից, հայրապետաց, մարտիրոսաց, ճգնաւորաց, կուսանաց եւ ամենայն սրբոց, եւ եդին մեզ յիշատակ զմահս իւրեանց եւ զպատմութիւն՝ որ այժմ ասի Յայսմաւուրք, ըստ աւուրց պատմութեանց, իբրեւ խնկալից բուրաստան (զ)մայլեցուցանէ զքիմս բանաւորաց։ Որք բորբոքեալ յորդորալիր եւ սիրախուռ բարբառ կայծակնամաքուր մարգարէին որ ասէ. Երանի այնմ որ ունիցի զաւակ ի Սիոն եւ ընտանեակ նորա իցէն յԵրուսաղէմ։ «Արդ, այժմ քաղցրանուագ երգոյս հետեւեալք ի սէրն Քրիստոսի, ստացաւ զաւակ անմահ ըստ հոգւոյն եւ յիշատակ անջնջելի յաւիտենական ի դուռն սրբոյ Երեւման Խա չի, վայելչայարկ եւ գեղեցկասար եկեղեցւոյ, ի պայծառ եւ ի գեղազարդ քաղաքն եւ նաւահանգիստն ի Վէնէտիկ, ի խնդրոյ Աստուածասէր եւ բարեբարոյ պարոն Նահապետի, յիշատակ հոգւոց իւրեանց եւ ծնաւղաց, որդւոց եւ դստերաց, կենդանեաց եւ հանգուցելոց ի Քրիստոս եւ ամենայն արեան մերձաւորաց, որ եւ զամենեսեան արժանասցին հասանել մասին սրբոցն ի լոյս. ամէն։ «Արդ, գրեցաւ ի մեծահանդէս քաղաքս Կոստանդինուպաւլիս, ընդ հովանեաւ Սուրբ Լուսաւորչի եւ Սուրբ Գէորգայ եւ այլոց սրբոցն, ի թեւականիս Հայոց ՌՃԻԷ ( = 1676)։ Օգոստ. Ժ( = 10), ի թագաւորութեան եւ ի մեծ բռնակալութեան իսմայելացւոց ի վերայ բազում ազգաց եւ ազանց քրիստոնէից եւ այլ սեռից՝ Սուլթան (տող մը պարապ), եւ ի հայրապետութեանն Հայոց որ ի Սուրբ Էջմիածին Տեառն Տէր Յակովբ կաթողիկոսի, ձեռամբ գրչաց Սարգիս տիրացուին, եւ Անտոն քահանայի, եւ Զաքարիա քահանայի եւ Պօղոս քահանայի եւ Աստուածատուր քահա«Արդ, երես անկեալ պաղատիմ հանդիպողացդ այսմ ծաղկաւէտ բուրաստանի եւ հոգիազարդ մատենի, յիշել զվերոյ գրեալ անուանսն ի սէրն Քրիստոսի, ի ժամ աղօթիցն, զի թերեւս զմնացեալ եւ զգնացեալ յանցանսն որ ընդ մեզ, ջնջեսցի ձերոյին մաղթանաւքդ եւ ողորմութեան ձաւղիկն անձրեւեսցի ի շարաւալի յոսկերս մերս, առ ի բուսուցանել յօրն աներեկի, վերանալ ընդ Քրիստոսի. զի եւ ինքն Քրիստոս զյիշողքդ, զյիշեալքս առհասարակ արժանի արասցէ երեւանաւէտ ձայնին ի փառս ամենազօր անուան իւրոյ. եւ նմա փառք ընդ Հօր իւրում եւ սուրբ Հոգւոյն. ամէն, հայր մեր որ յերկինսդ ես, սուրբ եղ։ «Նաեւ յիշեսջիք եւս զջուղայեցի խոջայ Ղարտաշի որդի զտիրացու Անտոնն եւ զամենայն արեան մերձաւորսն, որ յամենայն սրտէ փոյթ անձին առեալ եւ հոգս բազումս արարեալ ի վերայ այսր մատենիս, մինչեւ ի լրումն էած։ Զի եւ դուք յիշեսջիք առաջի ատենին Քրիստոսի յամենայն սրբոց, ի բարեբախտութիւն եւ յերանութիւն հոգւոց եւ մարմնոց ձերոց. ամէն»։ 2. Թղ. 661բ1. «Ես Ագուլեցի Գուլնազարի որդի նահապետս, որ Վանատիկու Սուրբ Խաչ Հայոց եկեղեցուն ոչ ունէր Յայսմաւո(ւ)ը, այս Յայսմաւո(ւ)րս գրել տվի ի Կոստանդինայ պօլիս, իմ կամաւս եւ իմ յօժարութեամբն, յիշատակ իմ եւ իմ ամենայն արեան մերձաւորացն։ Առած գինն թէ ամենայն խալզ եւ կազմելովն՝ եղեւ Ճ եւ Ժ ( = 110) ղուռուշ, ընծա(յ) տվի Երեւման սուրբ Խաչի եկեղեցուն յիշատակ։ Ոչ ոք ունի կարողութիւն առնելու այս եկեղեցուս։ Եթէ ժամանակաւ կամենան առնուլ՝ ըստամփայ տալու համար, յառաջ զիմ գնած գինն, որ է մէկ ճժ( = 110) ղուռուշ տայ, մէկ ուրիշ անօթ առնու՝ տայ եկեղեցին, իմ անուան յիշատակ։ Ապա թէ առնու, ինչպէս որ գրեալ կայ ի վերն, ով ոք որ լինի՝ մինչեւ չտայ ճ եւ ժ ( = 110) ղուռուշն յիշատակ, ոչինչ պատճառիւ կարողութիւն չունի առնելոյ կամ ըստամփայ տալու։ Յայտնի լիցի Վէնէտիկու եղեալ վաճառականացն եւ վերակացուաց եկեղեցւուն, զայս գրեալն եթէ տեղն չկատարեն, նոքա պարտական լիցին Քրիստոսի դատաստանին։ Այս փոքրիկս գրեցի ձեռամբ իմով յիշատակ Ագուլեցի Գուլնազարի որդի Նահապետին»։
«Ետ մեզ Տէր Գրիգոր Ղափանեցի, եղբայրն Պարոն Յոհանի վանառականի, 1753-ՌՄԲ, ի Մարտի 16»։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, ցարդ մեր տեսած օրինակներուն բովանդակութեամբ։ Ունի հետեւեալ կարգը՝ հայկական ամիսներու հետեւողութեամբ։ 1. Թղ. 4ա1-8ա2. «Յանդ Յայսմաւուրացս 2. Թղ. 10ա. «Նաւասարդի ի Ա. եւ Օգոստոսի ի ԺԱ. Պատմութիւն Գլակայ վանից սուրբ Կարապետին եւ գլխոյն Յովաննու»։ 3. Թղ. 60բ2. «Հոռի Ա. Սեպտ. Ժ. Վկայաբ. Մինադորայ...»։ 4. Թղ. 113ա1. «Սահմի Ա. Հոկտ. Ժ. ե։ Թշրին ԻԲ. Տօն է յղութեան Եղիսաբէթի»։ 5. Թղ. 170բ1. «Տրէ ի Ա. Նոյեմ. Թ. Վկայաբ. Անտոնիոսի...»։ 6. Թղ. 241ա1. «Քաղոց ի Ա. Դեկտ. Թ. Տօն է յղութեան Աննայի»։ 7. Թղ. 312ա1. «Արաց ի Ա. Յունուարի Ը. Վերստին տօն է Ծննդեան եւ վկայաբ. Թէոփիլեայ»։ 8. Թղ. 360ա1. «Մեհեկի Ա. Փետր. Է. Յիշատակ վարուց Անդրոնիկոսի...»։ 9. Թղ. 412բ1. «Արեգի Ա. Մարտի Թ. Վկայաբ. սրբոց Քառասնիցն»։ 10. Թղ. 480բ1, «Ահկի Ա. Ապրիլի Ը, Վկայաբ. սրբոց իշխանացն Սահակայ եւ Համազասպայ»։ 11. Թղ. 528բ1. «Մարերի Ա. Մայիսի Ը. Տօն է Որդւոցն Որոտման»։ 12. Թղ. 568բ2. «Մարգաց Ա. Յունիսի է. Վկայաբ. Սուքիոսի»։ 13. Թղ. 599բ2. «Հրոտից Ա. Յուլիսի է. Վկայաբ. Պրոկոպոսի»։ 14. Թղ. 610բ1. «Աւելեաց Ե. Օգոստ. Ժ. Պատմութիւն Բարղամու եւ Յովսեփայ (Յովասափու) որդւոյ թագաւորին»։ 15. Թղ. 655ա2. «Թուղթ սիրոյ եւ միաբանութեան մեծի կայսերն Կոստանդիանոսի եւ Սելվէստրոսի պապուն, եւ Տրդատայ Հայոց արքայի, եւ սրբոյն Գրիգորի Հայոց Լուսաւորչին, արարեալ ընդ միմեանս դաշինս եւ ուխտ անքակ»։