745
978
ՌԾ1601։
բոլորգիր մեծ ու գեղեցիկ։
56, որոնցմէ ա ունի 6 թղ., իդ՝ 10 թղ., լը՝ 11 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։ Երեք յաւելեալ թուղթեր կը պահուին առանձին, առաջին կողքին մէջ։
թուղթ բամպակեայ, հաստ ու տոկուն։
խաւաքարտ կաշեպատ, կազմուած հաւանաբար անցեալ դարուն, նորոգելով պատռած ու փնացած մասերը։
շատ լաւ, մաքուր ու անթերի, միջանկեալ ինկած է երկու թուղթ, ընդ մէջ թղ. 270-1, 436-7ի, հաւանաբար մանրանկարները պոկելու համար։ Տասէ աւելի լուսանցազարդեր, որոնք սուրբեր կը ներկայացնէին, նոյնպէս անխնայ կերպով մկրատուած եւ պոկուած են։ Կան թուղթեր՝ ուր գրութեան մելանը տկար ըլլալով՝ դժուար կը կարդացուին. նոյն ոճով են նաեւ ստորին աջակողմեան անկիւնի գրութիւնները, որոնք գործածութենէն եւ թուղթը դարձնելէն՝ երբեմն դարձած են անընթեռնլի։ Ձեռագրիս առաջին 10 թուղթերը վերէն վար կեսով չափ անհետացած են. նորոգողը արդի թուղթով նորոգած է եւ տգեղ գիրով ամբողջացուցած է բնագիրը։
Խաչատուր քահանայ Բա բերդցի։
չունի։
թղ. 1ա, 437ա, ուր կան խորանները։ Գրութեան առաջին տողի բոլոր տառերը բազմագոյն են եւ յոյժ ճաշակաւոր, մանրանկարչական ընտիր արուեստով։
շուրջ 365 հատ, տարւոյն բոլոր օրերուն համար, բոլորն ալ գեղեցիկ եւ գիւտաւոր գարդերով, մեծադիր ու շքեղ։
երկու տեսակ են. սովորաբար ամէն օրուան կանոնը սկսելուն՝ ունի երկու գոյնով գեղեցիկ զարդ մը, սակայն շատ անգամ գծուած է նոյն օրուան սուրբին մանրանկարը, որոնցմէ ոմանք պոկուած են։ Ներկայիս մնացած են հետեւեալները. 30բ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը՝ ափսէի վրայ, 83ա Գրիգոր Լուսաւորիչ, 92ա Հռիփսիմէ, 222ա Յակոբ Մծբնայ, 231բ հրեշտակ մը, 243բ Ստեփաննոս, 289բ Յովհաննէս Մկրտիչ, 295ա Անտոն նգնաւոր, 297 Թէոդոս թգ., 350ա Թէոդորոս ձիու վրայ, 353բ Մեսրոպ Մաշտոց, 366ա Գրիգոր Նարեկացի, 391բ Քառասուն մանկունք, 468բ հրեշտակ մը, 542ա Կոստանդիանոս թգ., 576բ Եղիսէ մրգ., 606ա Յովհաննէս Մկրտիչ։
կան, կամ լաւ եւս պոկուած են։
թղ. 1ա եւ 437ա, որոնցմէ առաջինը մասամբ վնասուած եւ կտրուած է։ Երկու խորաններն ալ ոսկեխառն եւ բազմագոյն զարդերով, եզական ճաշակով, արուեստի նրբութեամբ՝ գեղեցիկ կերպով կը ներկայանան։
հայկական ամիսները սկսելուն, թիւով 12 հատ, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով են, չունին խորաններու շքեղութիւնը։
կարմիր մելանով են։
թղ. 436բ, ուր գրիչի փորձեր կատարուած են։
1. Թղ. 660ա1. «Յիսուս Քրիստոս Հօր միածին, Անեղ անճառ լոյս անքննին, Որ կամաւ Հօր եւ սուրբ Հոգւոյն, Իջեր յերկնից յաշխարհ ստորին, Խորտակեցեր զօձ թշնամին, ԶԱդամ հաներ յերկրէ յերկին, Եւ դասեցիր փառսն առաջին, Արդ աղաչեմ զՏէրդ երկնային, Զհովիւըդ քաջ մոլոր հօտին, Զի քաղցրանայ կամքըն քոյին, Հայցմամբ ընտրեալ սուրբ վկային, Յովասափու թագաւորին, ԻԱբեներայ հօրըն նորին, Ի յըստացող այս սուրբ գըրին, Միշտ քաղցրասցիս բոլորովին, Ի Խաչատուր քահանային, Եւ ի ծնօղաց նոցա հոգին, Յազգականացն ամենեսին, Եւ առաւել ընդ արդարոցն, Ըզմեզ արժան առնես յետին, Տէր արարիչ էից բընաւին, Եւ համագոյ լոյս եռամին, Անեղ անճառ... Հայր եւ Հոգի եւ սուրբ Որդի, Զոր մարգարէքն գուշակեցին, Եւ առաքեալքն մեզ պատմեցին, Ջիջում Հոգոյն յերկնից յերկին Եւ զմիանալն ընդ լ.. կուսին, Ջի Գաբրիէլի երետ ողջոյն, Լուսածարոյր Մարիամի, Ի քէն ծնանի Յիսուս որդին, Եւ դու լիցիս Աստուածածին, Այն որ հրեայքըն մատնեցին Չար քահանայք վկայեցին, Պիղծ դատաւորք չարչարեցին, Եւ յուրբաթի զՏէր խաչեցին, Եւ անդ եղեւ հրաշք մեծգին, Զի լուսաւորք խաւարեցին, ծերեկն եղեւ մութ ժամու օրին, Նա աւանդեաց առ Հայր զհոգին, Բի պասքեայի սրբոյ զատկին, Յարեաւ Քրիստոս աստուածորդին, Եւ համբարձաւ յերկինս վերին, Դարձեալ գայցէ Հայրն եւ Հոգին, Ի սոսկալի օրն ահագին, Դատաստանի աթոռ դնեն, Արդարքն առցեն փառք պսակին, Եւ մեղաւորք տանջանք ստասցին, Ես որ գծողս եմ այս տառին, Պոռնիկ երէցըս Հիզանցին, Որ շնացող քաշիշ ասին, Ջքեզ աղաչեմ Աստուածածին, Բարեխօսեա՛ քո միածնին, Յաւուր մեծի դատաստանին, Ըզմեզ արժան առնես յետին, Արժան առնել իւրոյ ձայնին, Եւ ոչ տայցէ զիս բանսարկւին, Եւ քեզ փառաց թագաւորիդ, Միշտ աւրհնութիւն ի մէնջ տացին»։ 2. Թղ. 662ա2. «Արդ, այս(պիս)ում լուսազարդ ցանկացօղ եղեւ մեծաւ փափաքմամբ հոգիընկալ եւ սուրբ քահանայն Խաչատուր, եւ մեք տեսաք զփափաք եւ զսէր նորա զոր ունէր առ հոգեւորսն, ի միտ առեալ զբանն Եսայեայ որ ասէ. Երանի որ ունիցի զաւակ ի Սիոն եւ ընդանեակ յԵրուսաղէմ։ Վասն այն յուսոյն եւ տէրունական հրամանին, սերտ սրտիւ եւ բոլոր հաւատով, ետ գրել զսուրբ գիրքս յիշատակ բարի հոգոյ իւրոյ եւ ծնօղացն, հօրն Խաչերեսին եւ մօրն Խաթունին, եւ միւս մօրն Թուրւանդին, եւ կողակցին Ղայաթին, եւ եղբարցն Սարգսին, Նարիմանին եւ Առաքել սարկաւագին, եւ քըւերն Շահմանաթին, եւ մեծ պապուն Մուրատին, եւ հօրեղբարցն Շահապին եւ Վարդերեսին, եւ Շահապի որդոյն Մարտիրոսի, եւ Վարդերեսի որդոցն Յովանիսին եւ Աւագպարոնին եւ ամենայն արեան մերձաւորաց նոցին, կենդանեացն եւ հանգուցելոցն. ամէն։ «Արդ, որք ճաշակէք յամէնառատ սեղանոյս եւ վայելէք յաստուածային բուրաստանէս եւ հանդիպիք տեսութեան սուրբ գրոցս կարդալով կամ օրինակելով եւ կամ հարեւանցի տեսանելով, յիշեսջիք ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր, առաջի անարիւն զենմանն, ի ժամ սոսկալի սուրբ պատարագին, լի բերանով եւ բոլոր հաւատով՝ Աստուած ողորմի ասացէք եւ մեղաց թողութիւն հայցեցէք Խաչատուր բարեմիտ քահանային, եւ ծնողաց մահդասի Խաչերեսին եւ Խաթունին եւ Թուրւանդին եւ կողակցին Ղայաթին, եւ եղբարցն Սարգսին, Նարիմանին եւ Առաքել սարկաւագին եւ քուերն Շահմանաթին, եւ հօրեղբարցն Շահապին եւ Վարդերեսին, եւ մեծ պապուն Ղազար քահանային եւ իւր կողակցին Գուլստանին, եւ որդոցն Մարտիրոս քահանային եւ Յովանիսին, եւ դստերցն Դօլւաթին եւ Շադանին, եւ Մարտիրոս քահանային որդոյն Գրիգորին, եւ դստերցն Անահին եւ Երանուհուն, եւ ամենայն ազգականաց նոցա, կենդանեացն եւ հանգուցելոց. եւս առաւել այնոցիկ որ ի տտ խատանք եւ երախտիք ունին, թողու Տէր Աստուած զմեղս նոցա. ամէն։ «Եւ արդ ես յետինս ի կարգաւորաց եւ անարժանս ի մանկունս եկեղեցւոյ, թափառնիկս եւ ունայնս ի գործոց բարեաց, սուտանուն Գրիգորիս քահանայս, որ անուամբս միայն եմ եւ գործովս ոչ, այլ հեռացեալ ի բարի գործոց եւ աւտարացեալ ի սուրբ յլան(ո)ւանէ, զչարս առնելով եւ զբարին խափանելով, տկարացեալ հոգով եւ անկարացեալ մարմնով, քանզի եւ են բեռինք մեղաց իմոց անթուելի մարդկան, անհուն բազմութեամբ՝ իբրեւ զաւազ ծովու։ Ջոր յուսամք եւ հայցեմք յամէնառատ քաղցրութենէն Աստուծոյ, որ ոչ առնէ զմեզ անտես, այլ վերստին կանգնեսցէ զձեզ եւ զմեզ բազում ողորմութեամբն իւրով. ամէն։ «Շնորհիւ Տեառն սկսաք եւ ողորմութեամբ նորին կատարեցաք զսուրբ գիրքս եւ զաստուածախօս տառս, ես Գրիգորիս գծողս եւ ընկերակիցն իմ Քաշիշ Տէր Յովանէսն, ի քաղաքիս որ կոչի Խիզան, ընդ հովանեաւ սուրբ եկեղեցեացս Սուրբ Յարութեան եւ Սուրբ Աստուածածնին,.ին եւ Սուրբ Գրիգոր(ին եւ Սուրբ Ս)տեփաննոսին, Սուրբ (Սարգիս) զօրավարին եւ որդւոյն Մարտիրոսին, եւ մեծ թուականիս Հայոց ի Ռ եւ ի Ծ ( = 1601), ի հայրապետութեան Տեառն Էօմիածնայ Մելիքսէթ Ամենայն Հայոց, եւ ի կաթողիկոսութեանն մերոյս Աղթամարայ սրբազան հայրապետի Տէր Գրիգորիսի. ի բռնակալութեան տաճկաց Սուլթան Մահմադ խոնդքարին, եւ արեւելեան թագաւորին բարեպաշտ Շահապասին, եւ ի մերոյս պարոնութեան Միրհասանին, ի դառն եւ ի նեղ ժամանակիս, յորում նեղիմք ի սղութենէ հացին, որ լիտր ալիւր՝ չորս նուկի ու կէս խոնդքարին իթ ( = 29) փարայ է։ Եւս առաւել հալածիմք ի յանօրինաց, որ ելաւ Վանայ փաշէն եւ գնաց ի Բաղէշ իբր սիրով, եւ էառ զԽանշարաւն եւ զայլ քուրդ պարոնքն ու գընաց ի վերայ Հրզւայ աշխարհին, զերկիրն նորա աւար էառ եւ աւերեաց զաշխարհն զայն, եւ յետոյ ի դառնալն ի ճանապարհին, նենկութեամբ եսպան զԽանշարաւն եւ զօրսն նորա, զորս փախստական արար եւ զորս ի ձեռս անկեալ՝ եսպան զնոսա, եւ եկեալ ի Բաղէշ՝ տիրեաց զքաղաքն եւ զտունս եւ զինչս եւ զստացուածս նոցա, զկինս եւ (զաղախ)նայս եւ զորդիս նոցա, զոման իւրն տիրեաց, զոմանս իւր զօրացն երետ, զոմանս եսպան եւ զոմանս փախստական արար, յերկրէ ի յերկիր եւ ի քաղաքէ ի քաղաք, եւ ինքն անվնաս նստաւ ի քաղաքն, եւ բազում պակասութիւն եւ թալան արար քրիստոնէիցն։ Եւ այս ամենայն եկն ի վերայ մեր այսօր վասն մեղաց մերոց, բայց զառաջիկայն Աստուած գիտէ, զոր յուսամք եւ հայցեմք յապէնիազ կամաց արարչէն, որ ինքն հայրական գթով՝ գթայ ի բոլոր յարարածս, եւ ազատեալ յամենայն չարեաց, յերեւելի եւ յաներեւոյթ պատահմանց, եւս առաւել զԽիզան քաղաքի քահանայքն եւ զժողովուրդն զամենեսեան առհասարակ. ամէն։ «Արդ, աղաչեմ զամենեսեանդ, զմանկունսդ սուրբ եկեղեցւոյ, զի որք հանդիպիք տեսութեան սուրբ գրոցս, կարդալով կամ օրինակելով եւ կամ հարեւանցի տեսանելով, զաւելորդն բառնայք եւ զպակասութիւնն լնուք, եւ խոշորութեան եւ սխալանացս անմեղադիր լինել, զի կար մեր այս էր։ Վասն որոյ երես ի գետին դնելով աղաչեմ զամենեսեանդ, զի լի սրտիւ եւ սերտ հաւատով, անարժան Գրիգորիս երիցուս՝ Աստուած ողորմի ասացէք եւ մեղաց թողութիւն հայցեցէք, ինձ եւ ծնողաց իմոց Տէր Մարտիրոս մահդասի քարտողարիկ եւ անուշաձայն երաժըշտին եւ Աղաբէկուն, եւ կենակցին իմոյ Ինախին, եւ իմ որդոցուն Սահակուն, եւ դեռաբոյս Ներսէսին, եւ իմ եղբօր Իգնատիոս սարկաւագին, եւ իմ քուերցն Աննային, Եղիսաբէթին եւ Եփրոսինին, եւ հօրեղբօրն իմոյ Տէր Սարգիս վարպետին, եւ իւր որդոցն Յովհանէս սարկաւագին եւ Կիրակոսին, եւ մեծ պապուն իմոյ Տէր Սարգիս երանաշնորհ քահանային եւ իւր կողակցին Խանումին, եւ իմ հօրքուերցն Հռիփսիմին եւ Եփրոսինին, եւ Հռիփսիմի որդոցն Տէր Խաչատուր վարպետին եւ Պարսամին, եւ մեր հոգեւոր եղբօրն մահդասի Խաչատուրին եւ իւր կենակցին Ահլիփաշին, եւ իմոց փեսայիցն խօջայ Ձիրաքին եւ Դիլաք սարկաւագին եւ ամենայն ազգականաց իմոց, կենդանեաց եւ հանգուցելոց. եւս առաւել այնոցիկ որ ի վերայ մեր աշխատանք եւ երախտիք ունին. Տէր Աստուած թողու զմեղս նոցին եւ զյիշատակս աւրհընէ զնոցին. ամէն»։ 3. Թղ. 34բ. «Չեղկելի հողս եւ զանարժան զրկողս, զԳրիգորիս գծողս, յիշեցէք ի Քրիստոս»։ 4. Թղ. 42ա. «Որք հանդիպիք այսմ տառիս, Նա միտ դրէք դուք այս բանիս, Վայ ասացէք Գրիգորիսիս, Որ մեռեալ է մեղօք հոգիս»։ 5. Թղ. 207ա. «Ես տառապեալ Գրիգորիս հիզանցի գծողս, թըվին ՌԽէ ( = 1598) գնացի ի Մոգս. զսա հինգ տետրս անդ գրեցի, ու բազում մեծարանք ի Տէր Թումից տեսայ։ Աստուած լուսաւորէ զիւր հոգին եւ զիւր կողակցին զԽանզադին, եւ զիւր որդին զՅովանէսն եւ զկողակիցն զԽաթունաղէն, եւ զորդիքն զԽոսրով, զՅովասափ եւ զԳրիգորն խաղաղութեամբ պահեսցէ. ամէն»։ 6. Թղ. 436ա2. «Եւս առաւել աղաչեմ զձեզ զամենեսեան, կողկողագին պաղատանօք, ով քահանայք եւ ժողովուրդք, զի յիշեսջիք ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր զթափառնիկ, սուտ եւ ունայնս, զփշաբեր ծառս, զպտղակորոյս ձիթենիս եւ զոստաքանց արմաւենիս, զանարժանս ի գրչաց, զեզկելի Յովանէս պոռնիկ երէցս, եւ զծնօղսն իմ զմահդասի Միքայէլ քահանայն եւ զՓաշաջանն։
«Ստացաք յամի 1888, փոխանակութեամբ տպագրեալ գրոց մերոց, ի Տէր Յովհաննիսէ Գրիգորեան, առաջնորդէ Հայոց ի Ռուսնուգ»։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, որ կը պատկանի Գրիգոր Խլադեցիի խմբագրութեան, ընդհանրացած ԺԶ դարուն։ Չունենալով մասնաւոր եզականութիւն մը, կու տանք իւրաքանչիւր ամսուան առաջին օրուան պատ1. Թղ. 1ա. «Նաւասարդի ամսոյ Հայոց Ա. ... Աւգոստոսի ԺԱ. Տաւն է Յովաննու Մկրտչի եւ Աթանագինեայ...»։ 2. Թղ. 51ա1. «Հոռի Ա. Սեպտ. Ժ. Մինադորայ...»։ 3. Թղ. 100բ1. «Սահմի Ա. Հոկտ. Ժ. եւ Թշրինի ԻԲ. Տաւն է յղութեան Եղիսաբէթի»։ 4. Թղ. 146բ1. «Տրէ Ա. Նոյեմ. Թ. Անտոնիոսի...»։ 5. Թղ. 207ա2. «Քաղոց Ա. Դեկտ. Թ. Տաւն է յղութեան Աննայի»։ 6. Թղ. 278ա2. «Արաց Ա. Յունվ. Ը. Վերստին տօն է Ծննդեան ... եւ վկայաբ. Թէոփիլոսի»։ 7. Թղ. 329բ2. «Մեհեկի Ա. Փետր. է. Անդրոնիկայ եւ Աթանասի»։ 8. Թղ. 339ա2. «Յայսմ աւուր (Մեհեկի Ե. Փետր. ԺԱ.) Յիշատակ է Աստուածաբան վրդ. ին եկեղեցւոյ Աստուածատրոյ Մեծոփայ վանից սուրբ ուխտին. Այս երջանիկ եւ երանելի...»։ 9. Թղ. 391բ2. «Արեգի Ա. Մարտի Թ. Քառասնիցն Սեբաստիոյ»։ 10. Թղ. 400բ1. «Արեգի Զ. եւ Մարտի ժԴ. Պատմութիւն յաղագս նոր նահատակացն Ստեփաննոս վրդ.ին եւ Պետրոս քահանային. Աստուածային առաքեալն ... կատարեցան ... ի թուականիս Հայոց ՊՀԳ»։ 11. Թղ. 471բ1. «Ահկի Ա. Ապրիլի Ը. Սահակայ եւ Համազասպայ»։ 12. Թղ. 525ա1. «Մարերի Ա. Մայիսի Ը. Որդւոցն Որոտման»։ 13. Թղ. 565ա2. «Մարգաց Ա. Յունիսի Է. Սուքիոսի անապատաւորի»։ 14. Թղ. 588ա2. «Յայսմ աւուր (Մարգաց Ի. եւ Յունիսի ԻԶ.) Նահատակութիւն կաթուղիկոսին Աղթամարայ. Զսրբազան հայրապետն մեր զտէր Զաքարիայ տեսեալ նախաչարն... ի թուականիս Հայոց ՊԽԲ»։ 15. Թղ. 600ա2. «Հրոտից Ա. Յուլիսի Է. Պրոկոպոսի»։ 16. Թղ. 645ա2-660ա1. «Աւելեաց Ե. Աւգոստոսի ժ. Պատմութիւն Յովասափու եւ Ռարաղամու»։ 17. Թղ. 663բ2-664բ1. «(Անխորագիր). Քառասուն մանկունք նահատակեցին. եւ էր քաջ Մեծատուրս այս թ ամաց...», կը մնայ կիսատ ու չէ աւարտած վկայաբանութիւնը։