— - Bibliographic notice
1008
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔ ԺԶ
ԺԵ դար - ԺԶ դար

ID
Number
1008
Old record number
1373
Title
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐՔ ԺԶ
Start date
ԺԵ դար
End date
ԺԶ դար
Date details

ԺԵ-ԺԶ դար. առաջին մասը (թղ. 1-169) աւելի հին կը թուի քան երկրորդ Կանոնագիրքի մասը, որ անկարելի չէ աւելցուած ըլլայ ԺԶ դարուն։

Copy place
Reference
Type
Number of pages
410
Dimension
15x21
Layout
միասիւն (10x16)։
Writing details

բոլորգիր։

Codicology

Ա-ԺԵx12 (ԺԵ՝ 4 թղ.), Ա-Իx12։

Principal subject
Subject details

թուղթ տոկուն։

Number of lines
28-29։
Binding

դրոշմանիշ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով, աստառը կապոյտ կերպաս. կորսուած է զոյգ փականքներէն մէկ. առաջին կողքին վրայ կան աստղազարդ երկու պղնձէ գամեր։ Անցեալին առաջին կողքը հաւանաբար ունեցած է արծաթեայ զարդ, որովհետեւ ծակերով լեցուն է կաշիէն մինչեւ աստառը։

State of preservation

շատ լաւ, հաւանաբար կազմուած է ժէ դարուն, եւ այդ առիթով մէջը աւելցուած՝ Գրիգոր Կեսարացիի եղբօրորդի Յակոբ երէցի կողմէ գրուած ընդարձակ Յիշատակարանը։

Copyist
եւ այլ ծանօթութիւններ կը պակսին, որովհետեւ չունի գլխաւոր Յիշատակարանը։
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

սկիզբն ու վերջաւորութեան, 20,5x28 սմ. մեծութեամբ, երկուքի ծալուած երկսիւն մանր կլոր երկաթագրով, որոնցմէ առաջինին բովանդակութիւնն է Մտթ. Ի 9-25, եւ երկրորդին՝ Մթ. ԺԶ 17 - Ժէ 3. գրութիւնը գրեթէ ջնջուած է իւրաքանչիւր մագաղաթի մէկ երեսը։

Lettrines

սակաւք եւ հանգուցագիր։

Initials

մութ կամ յստակ կարմիր երկաթագիր։

Marginal illuminations

միայն հատ մը, աննշան։

Images

չունի։

Canon tables 1

թղ. 8բ, սեւ գրիչով, հաւանաբար յետագային գունաւորելու նպատակով։

Canon tables 2

թղ. 2ա, 174ա, կանաչ եւ կարմիր, շատ պարզ, գրեթէ նախնական։

Title text

Blank pages

սկիզբը երկու թուղթ, ապա 1ա-բ, 116ա, 173ա-բ, 408ա-410բ։

Colophon

Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 326բ. «Աղաչեմ զձեզ, ով սուրբ ընթերցողք, որ ոք ընթեռնոյք եւ աւկտիք կամ աւրինակէք, մեղաց թողութիւն խնդրեցէք յԱստուծոյ Տէր» կը մնայ կիսատ։ Նորոգութեան ընթացքին աւելցուած. 2. Թղ. 170ա-172բ. «Փառք քեզ համապատիւ (...)»։ Ժէ դարու Յակոբ երէցի Յիշատակարանն է, Պոլսոյ Պատրիարգ Գրիգոր Կեսարացիի կեանքին, թաղման եւ գրական վաստակին ներբողով։ Յիշատակարանին գրիչն է «Վասիլ», իսկ Յիշատակարանը աւարտելուն կայ սա ծածկագրութիւնը. 1։.։ 4։ #. ###։ ##։ ##։. ####։ ##4։. #4։ 77#։։ . 1։։. ####։։։ #։։։. ####։։։։. ##։ ####։։ մ###։։. «ԶԲասիլս յիշեցէք ի Տէր»։ Յիշատակարանին ամբողջ պատկերը տե՛ս՝ Պմգր. Հյց. Ի. (էջ 84-88)։

Informations

կը պակԲովանդակութիւն. Ա. Առաքել Սիւնեցի, Մեկնութիւն Մահմանաց գրոց, Բ. Սխիթար Գօշ, Դատաստանագիրք, Գ. Գիրք Օրինաց, Դ. Թուղթ դաշանց, Ե. Տեսիլ սրբոյն Աահակայ. Ա. Առաքել Սիւնեցի, Մեկնութիւն Սահմանաց գրոց. 1. Թղ. 2ա. «Տէբ Առաքելի եռամեծի ե։ քաջ հռետորի եւ յանյաղթ փիլիսոփայի, աշակերտի երիցս երանելոյն Գրիգորի տիեզերալոյս վարդապետի, արարեալ բանս խրատական ոգեշահս եւ հանճարեղս իմաստայեղըս, ի մեկնութիւն Սահամանաց գրոց, ի յիղձ մաղթանաց ոմանց բանասիրաց եղբարց հարազատաց նորին աշակերտաց. աւգնեա Յիսուս եւ հասո՛ ի յաւարտ շնորհօք սուրբ Հոգւոյն. Սահման թէ քանի նշանակութիւն ցուցանէ. Լծ. ա., այսինքն տասն յատկութեամբ զանազանի. նախ թէ զի՞նչ է սահման ըստ անւանն. երկրորդ, զի՞նչ է ըստ իրին. երրորդ, ուստի բաղկանայ սահման...»։ Վերջ թղ. 8ա. «Չորրորդ, զի անիշխան էր ազգս եւ ոչ ոք էր որ յարգէր զնա եւ կամ այլք հնազանդեցուցանէր նմա. այսքան առ այս. այսքան նախերգանաբար ասացաւ»։ 2. Թղ. 8բ. «(Ն)որին Տէր Առաքելի, հոգինորոգ հայրապետի, վասն Սահմանացն Դաւթի քաղւածու բան. Որք միանգամ. Լծ. Բազմաւորակի դնէ, այսինքն զի ամենեցուն իմաստութիւն որք ունին զտենչումն. երկրորդ, զի ամենայն բանաւորաց ցանկալի է իմաստութիւն...» (պրակ Ա-Ի)։ - Վերջ թղ. 156ա. «Իսկ անբանք են զգայութիւնք, երեւակայութիւն. սոյնպէս եւ ի կենդանական զօրութիւնսն բանականք ասին՝ կամք, ընտրողութիւն, յօժարութիւն. իսկ անբանք բարկութիւն եւ ցանկութիւն, զի մին անբանիցն է եւ մինն տնտեսականին, եւ երկոքեանքն անբանք ասին եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս. ամէն»։ 3. Թղ. 156ա. «Նորին Տէր Առաքելի Սի(ւ)նեաց եպիսկոպոսի ի տեսութիւն բանին որ ասէ. Ամենայն չար տանջելի է. (Զ)ի՞նչ է որ ամենայն չար տանջելի. Պխի. Վերա(յ) այսր բանի լգ. ինչ խնդրելի է. նախ թէ յինչ պէտս հարկ եղեւ...» (Ա-ԼԳ)։ - Վերջ թղ. 169բ. «Զի ոգիք ըմպռնեալք ի մեղս ի մտաց եւս անկանի, վասն որոյ ասէ ով ոք անմեղ ստորոգէ ճշմարտապէս եւ ինքն է չար. եւ վասն այսքան պատճառացս ասաց թէ ամենայն չար տանջելի»։ Բ. Մխիթարայ Գօշի, Դատաստանագիրք. 4. Թղ. 174ա. «Գիրք դատաստանի ըստ ակնարկելոյ արարեալ սուրբ վարդապետի Գոշի. Հանդերձեալ գրել զգիրս դատաստանաց, նախ զընդդիմադրութիւն դիցուք պարսաւողաց...»։ Թղ. 182ա. «Սկիզբն դատաստանի ի կամս եւ Որդւոյ եւ շնորհաւք սուրբ Հոգւոյն. Եկեսցուք այժմ ի գործ դատաստանի, գիտելով զի ըստ քաղաքաց դատաւորս հրամայեաց Սովսէս...»։ Ձեռագիրս կը հետեւի ընդարձակ խմբագրութեան։ Իբր բնագիր ունեցած է թերի կամ խառնակ օրինակ մը եւ օրինակած նոյնութեամբ, որով շատ մը կանոններ ետեւառաջ են եւ կամ զանց եղած։ Նախադրութեամբ հանդերձ՝ Դատաստանագիրք ունի Ա-ՃՀ4 կանոն, եւ վերջինն է՝ թղ. 265ա. «Յաղագըս դատաստանաց այգեգործաց մշակաց ընկերաւոր մասնաւորաց եւ հակարաշաց եւ վարձկանաց»։ Գ. Օրինաց գիրք. 5. Թղ. 271ա. «Գլուխք ընդրութեամբ ի մովսէսական աւրինացն վասն՝ մեղացն եւ արդարութեան յԵլիցն ԿԹ. (Զ)համբաւ սուտ մի՛ ընդունիցիս եւ մի՛ հաւանիցիս ընդ անիրաւի լինել վկայ...» (Ա-Կէ). ցանկը տե՛ս թղ. 265բ-267ա։ 6. Թղ. 291ա. «Յանուն Հաւր եւ Որդոյ եւ սուրբ Հոգւ(ոյ), Լեւոնի եւ Կոստանդիանոսի բարեպաշտ թագաւորացն, Յառաջաբան քաղաքական աւրինադրութեանս. Տէրն եւ արարիչն Աստուածն մեր որ ստեղծ զմարդն ի պատիւ անձնիշխանութեան...»։ Թղ. 294բ. «Ընդրութիւնն համառաւտ յաւրինացն քաղաքականաց Լեւոնի եւ Կոստանդեայ իմաստուն եւ բարեպաշտ թագաւորաց, զորոյ եւ մեծն Յուստիանոս նորոգեաց զկարգ ուղղեալ ի բարեպաշտութիւն. Տիտլոս Ա. գլուխ դ. (ա.) Վասն հաստատութեան ամուսնութեանն եւ արձակման նորին...»։ Յանկը տե՛ս թղ. 267բ-270բ. բովանդակ պատկերը հմմտ. Կանոնագիրք Ե, § 3 (ձեռ. թիւ 1223)։ Թղ. 332ա. «Գլուխք քաղաքական աւրինադրութեան կարն ի կարճոյ ընդրութեամբ ի թազաւորական սահմանադրութեանց» ճմբ). ցանկ։ Թղ. 336բ. «Աւրէնք յաղթող թագաւորաց քրիստոնէից Կոստանդիանոսի եւ Թէոդոսի եւ Լեւոնի թագաւորաց հռովմայեցւոց. Զաւրէնս բարի եւ զճշմարիտ Տէր Աստուած իսկըզբանէ ետ մարդոյն, որպէս յառաջին գիրսըն արարածոցն եցոյց մեզ...»։ 7. Թղ. 371ա. «Վասն զինուորաց սահմանադրութեան, Գլուխք ԾԶ» ցանկ։ Թղ. 373ա. «Սահման զինուորութեան հաստատութեան եւ ահարկութեան ի քաղաքական աւրինացն կարգէ. Որ ոք համարձակի վասն իւրոյ իշխողին զինչ եւ իցէ պատճառաց առաջի այլ մեծապատիւ իշխանի դատաստան ըմբռնել...» (Ա-ԾԶ, լուսանցքին վրայ չեն նշուած համարները)։ 8. Թղ. 379ա. «Վասն աստիճանաց ազգականութեան, յերրորդ գրոցն, տիտլաւս գ. Ազգականութիւն ծնընդականութեան անուն է եւ բարժանի յերիս կարգս, յորում էաքն, այսինքն որ զմեզ ծնան եւ որք ի մէնջ եղեն, այսինքն որ ի մէնճ ծնան...»։ Թղ. 380բ. «Վասն արդարութեան աւրինաց, յառաջին եւ յերկրորդ տիտլաւսէն եւ յառաջին գրոցն. Արդարութիւն է հաստատուն եւ սեփական...»։ Թղ. 381ա. «Վասն արդարութեան աստուածայնոյն եւ մարդկայնոյն. Ինչ որ աստուածային արդարութիւն է՝ ոչ է մարդկային...»։ Թղ. 381բ. «Վասն բնութեան աւրինաց հեթանոսաց քաղաքականաց ի ա. տիտլաւսէն եւ յբ. գրոց հրամանացն. Աւրէնքն բարժանի ի քաղաքս եւ յաւանս...»։ Դ. Թուղթ Դաշանց. 9. Թղ. 383բ. «Թուխթ սիրոյ եւ միաբանութեան մեծի կայսերն Կոստանդիանոսի եւ սուրբ Սեղբեստրոսի եւ Տրդատայ թագաւորի եւ սրբոյն Գրիգորի, Լուսաւորչին. (Կ)ամաւք եւ կարողութեամբ համագոյ սուրբ Երրորդութեանն Հաւր անհասի եւ անիմանալոյ...»։ Ե. Տեսիլ սրբոյն Սահակայ. 10. Թղ. 398ա. «Տեսիլ սրբոյն Սահակա(յ). Արդ ունկնդիր լերուք ինձ միաբանութեամբ ամենայն բազմութիւնք ժողովըրդոցդ եւ պատմեցից ձեզ. յառաջ քան զամըս...»։ - Վերջ թղ. 407բ. «Յիշատակ նորա աւրհնութեամբ եւ աղաւթք նորա ի վերա(յ) մեր ամենեցուն յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։

Content