475770ՋԿԱ( = 1512)։
րոլորգիր, նուրբ եւ համաչափ, վարժ խազագրութեամբ։
23, որոնցմէ ա՝ 10 թղ., բ՝ 18 թղ., գ՝ 12 թղ., իգ՝ 15 թղ.,մնացածները իւրաքանչիւրը 14 թղ. ունին։
թուղթ բամպակեայ։
խաւաքարտ կաշեպատ դրոշմազարդուած. գոցելու զոյգ ականջները ինկած են։
թէեւ հաստատուն կազմով, սակայն արտաքին լուսանցքը մեծապէս վնասուած ըլլալով՝ շատ մը լուսանցազարդեր փճացուցած է, Թղ. 1-50 գրութեան մասն ալ մեծապէս եղծուած է, իսկ Թղ. 312-321 շատ խեղն վիճակի մէջ են, թուղթերբ թէեւ կէսէն վար նորոգուած են՝ սակայն չնորոգուած մասը խնամքի կը կարօտի։ Թղ. 1, 10, 11, 12 մագաղաթէ են, իսկ Թղ. 112, 123, 124, 153, 154, 165, 166 նոր ագուցուած են եւ նոր ձեռքէ մը ամբողջացուած է գրութիւնը. որով բնագիրը ամբողջական է եւ թուղթ չի պակսիր։
տէր Յովհաննէս։
ետեւի կողմը միայն, երկուքի ծալուած կլոր երկաթագրով աւետարանի հատուած մըն է. գրութիւնը 9x14 մեծութիւն ունի։
իւրաքանչիւր կանոնի առաջին տողը, ընդհանրապէս կենդանակերպ եւ թռչնագիր են, միագոյն կամ կարմիր կապոյտ գոյներով։ Շարականներու սկզբնատառերը ոսկեգիր են։
բաւական շատ. ընդհանրապէս միագոյն, յաջող եւ ընտիր աշխատութիւններ են։ Լուսանցազարդի ձեւով կան նկարներ. այսպէս՝ թղ. 30ա, 56բ, 71բ, 117ա, 143ա, 170բ, 172բ, 174բ, 189ա, 210բ, 213բ, 215բ. բոլորն ալ բազմագոյն, շատ յաջող դէմքի արտայայտութեան եւ զգեստներու ծալքին մէջ. սակայն թուղթը բամպակեայ ըլլալով եւ մանաւանդ արտաքին լուսանցքը փնացած՝ մեծապէս վնասուած են վերեւ նշանակուած մանրանկարները։
չկան, (տե՛ս լուսանցազարդք)։
Թղ. 1ա, մնացած է միայն կէսը, միւս կէսը լուսանցքին հետ փճացած է, գուցէ մկնակեր եղած։
Թղ. 9ա, 46ա, 87բ, 195բ, 249ա, 268բ, 293ա։
կարմիր, իսկ շարականներու առաջին տողը մութ կարմիր։
Թղ. 111ա, 111բ։
1. Թղ. 311բ. «Փառք սուրբ Երրորդութեանն եւ միաստուածութեանն. ամէն։ Գրեցաւ եղանակաւոր տառս ի թու(ականիս) հայոց ՋԵԱ( = 1512), յաշխարհակալ թագաւորութեան տաճկաց կարմրագդակ շահի Սմաելին,որ բռնացաւ զաւրութեամբ ի վերայ բազում քաղաքաց, եւ էառ շատ ամրոց եւ բերդորայք, զի են քաջ եւ արի ի մարտս պատերազմի. եւ ի հայրապետութեան տեառն Գրիգորիսի, յաստուածախնամ կղզիս Աղթամար, ձեռամբ անիմաստ գրչի Յովսէփի։ Ի խնդրոյ պատուական եւ սրբասէր կրաւնաւորին հեզահոգի տէր Յովանիսին։ Արդ աղաչեմ զամենեսեան որք աւգտիք ի սմանէ։ յիշեսջիք ի Քրիստոս զստացաւղ տառիս զպատուական կրաւնաւոր Յովանէս, եւ զծնաւղսն իւր զյոգ (բառ մը ցեցակեր եղած է) Խաթուն, եւ զեղբայրն իւր զՄուրատն եւ ըզզորդիսն զՍարգիսն եւ զԱմիրջան սարկաւագն յիշեցէք, եւ լի բերանով Աստուած ողորմի ասացէք։ Որ ստացան զսա յարդար ընչից, ի վայելումն անձին եւ յիշատակ (իւր) եւ ծնաւղաց»։ 2. Թղ. 110բ. «Ով սիրելի լուր իմ բանիս, որ հանդիպար շարակնոցիս, զՅովսէփւ եղկելի ոգիս, յիշել ի Տէր զանյիշելիս։ Քանզի ունիմ անթիւ չարիս, յոյժ մեծագոյն քան ըզՄասիս ընդ ասելոյդ ինձ ողորմիս, միթէ դթայ փրկիչն ի յիս»։