882
1153
Ձեռագրիս նորոգութիւնը կատարուած է 1595ին, որով Ձեռագիրը գըրուած ըլլալու է ժԴ դարուն վերջաւորութեան կամ ժԵի սկիզբը։
բոլորգիր, իսկ էջ 463-518՝ նոտր։
Ա-ԻԱ։
թուղթ։
դրոշմազարդ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով. աստառը կապոյտ, դեղին, սեւ գծաւոր նուրբ կերպաս։ Ինկած են զոյգ փականքները։
բաւարար. 1595ին նորոգողը ամբողջացուցած է թերի մասերը, այն է՝ էջ 1-30 եւ 457-518. առաջին թուղթերը (էջ 1-145) եւ յաջորդաբար վերին ամբողջ Ձեռագրին լուսանքը մնացած է խոնաւութեան մէջ, թողլով հետքը։ Յետին ձեռք մը լուսանքներուն վրայ գրած է փոքր վերնագրեր՝ բնագրին իմաստին համաձայն։
սկիզբը երկուքի ծալուած երկաթագիր Ճաշոցի հատուած մը, ուր կայ Պօղոսի Գաղատացւոց թուղթէն հատուած մը. իսկ ետեւի կողմը սլաւ լեզուով տպագիր էջ մը։
էջ 1։
կարմիր, -
չունի։
չունի։
չունի։
էջ 1, նորոգողին կողմէ, միագոյն։
319322, ուր մանկական գրիչով գծուած է թագով եպիսկոպոս եւ այլ անյաջող զարդագրեր։ Դատարկ են նաեւ էջ 504-6, ուր կայ նամակի մը սկզբնաւորութիւնը անկատար թողուած։
Բնագրին գրչութեամբ. Էջ 424. «Քրիստոս Աստուած ողորմեայ գրողի գրիս եւ մեր ննջեցելոցն եւ որ զամէնն Էջ 451. «Ով եղբայր, ինչ լինիմ ի քնոյս, զամէնս խալտել եմ»։ Նորոգողին գրչութեամբ. Էջ 223. «Թվին ՌԽԴ (1595) եղեւ ի Թոխաթ անասնոց մահ, զի ամէն գիւղ ԵՃ (500) Զ2 (600) կով եւ եցն մեռաւ»։ Էջ 463. «Մանաւանդ զիս զմոխրամած եւ զվա(տ)թար գրիչս Թոխաթցի Ստեփանոս երէցս հանդերձ ծնօղօք մերովք եւ արեանառու ազգականօք յիւր սուրբ արքայութեանն արժան առնել. ամէն»։ Էջ. 518. «Փառք...։ Նորոգեցաւ եւ գրեցաւ պատուական գիրգս եւ պատմութիւնս ժամանակաց Մխայիլ վարդապետի, ձեռամբ Թոխաթցի Ստեփանոս իրիցու, ի քաղաքս Կաֆան, ընդ հովանեաւ սուրբ տաճարիս բարձրաւանդակ եւ ծովահայեաց Սուրբ Լուսաւորչիս։ Որք կարդայք եւ բան ինչ օգտիք, յիշեցէք զՍտեփանոս եւ զեղբայրն իմ զՏէր Յակոք եւ ասացէք Հայր մեր որ յերկինս։ սուրբ եղիցի»։
1870ական թուկաններուն ստացած ենք Պոլիսէն, Սերովբէ Ալիշանի ձեռքով։ բովանդակութիւն. 1. Էջ 1. «Տեառն Միքայէլի պատրիարգի Ասորոց համառօտ ժամանակաց զրոյցք քաղուածոյ արարեալ յոլովից պատմագրաց ի վարժս բանասիրաց սղամանեակ տեղեկութեանն յԱդամայ հետէ մինչեւ յետին աւուրս թեւացեալ. Եւ արդ լուարուք ուսումնասէրք եւ աստուածասէրք, կարաւտեալք գիւտի եւ ժամանակաց, եւ հաւաքեալ վէպս բազումս ժրաջան աշխատութեամբ խնայեցի յիս եւ ի լսելիսդ ձեր յաճախութենէ զըրուցաց»։ Վերջ էջ 423. «Եթէ զինչ է քահանայութիւնն եւ զինչ է գործ եւ աստիճան քահանայութեան եւ պատիւ նոցայ, եւ հանգուսցուք զյաւժարութիւնս մեր ի փառս Աստուծոյ»։ 2. Էջ 424. «Նորին Տեառն Միխայէլի յաղագս քահանայական կարգաց եթէ ուստի առնու սկիզբն. Սկիզբն քահանայութեան շընորհի է անժամանակն Աստուած...»։ 3. Էջ 463. «Դաւանութիւն սուրբ պատրիարգին Միքայէլի այս է. Դաւանեմ զԱստուած սուրբ եւ զուգափառ երրորդութիւն...»։ 4. Էջ 470. Անուանք պատրիարգաց. «Հռոմայ. Նախ առաքեալն Պետրոս, բ. Ղինոս... (ա-իա). Անտիոքայ. Նոյն առաքեալն Պետրոս, բ. Եւոդիոս... (ա-ծէ)...։ Արդ մինչեւ ցայս վայր յայտնի եւ ի ծածուկ լինին...»։ - Վերջ էջ 502։ Ձեռագիրս ամբողջութեամբ համաձայն կ'ընթանայ 1870ին Երուսաղէմ տպուած օրինակին հետ (էջ 1-622. Ձեռագիրս չունի տպագրին էջ 608ի խորագիրը, որով բնագիրը կը շարունակուի միակտուր)։ 5. Էջ 502. «Յասորոց գրոց վասն երկոտասան նահապետացն թէ որ մարգարէք կամ դատաւորք եւ թագաւորք եւ թարքմանիչք եւ փոխանորդք նոցա առաքեալք. Ռուբէն որդի Լիայ, յազգէ սորա մարգարէք»։ - Վերջ էջ 503. «Դան որդի Բալլայ, մարգարէ չըկա(յ). Բալլայ նաժիշտ էր Հռաքելի, դատաւոր Սամփսոն. թարքմանիչք Թէոփիլոս, Յովրամ, Սարեմ, Եսայի, Երեմիայ, Դանիէլ, առաքեալ Յուդայ մատնիչ. թիւն ԿԲՌ եւ էՃ»։ Հոս կ'աւարտի. գրիչը ստորին լուսանցքին վրայ գրած է. «Ռ ափսոս որ օրինակն թուխտ էր անկեր»։ 6. Էջ 507. «Վասն թագաւորացն Հայոց զոր կարգեաց Մովսէս Խորենացին. Ա. Յաբեթ, որդի Նոյի. Բ. Գամեր (...) ԻԲ. Արտաշէս, որդի նորա, որ կոչեցաւ Արտաշիր. եւ աստ սպառեցան թագաւորք Արշակունիք եւ եղեւ անիշխանութիւն ամս Էջ 516. «Ապա սկսեալ Բագրատունիք որոց առաջինն Աշառ, մինչեւ ի Բ. Գագիկ թագաւոր (...) միահամուռ թագաւորք Հայոց ՀԱ»։ էջ 517. «Եւ Հոռոմոց տանս թագաւորքն այս են որ ի տաճկաց թագաւորեցին. Ա. Առաջին Աւսման անուն...»։ - Վերջ 518. «ԺԴ. Մահամատն եւ իւր որդին ԺԵ. Ահմատ։