877
516
Հ. Մկրտիչ Աւգերեան եւ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան կը համարին որ գրուած ըլլայ ՉԾ թուին, այն է՝ 1301ին։
բոլորգիր մեծ։
20, այն է՝ Ա-Մx12 (Ա, Զ, Է՝ 9 թղ., Բ. 11 թղ., Գ, Ի, Ղ. Ճ՝ 10 թղ., Մ՝ 18 թղ.)։
թուղթ բամպակեայ դեղնորակ։
գեղեցիկ դրոշմանիշով շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով՝ որ նոյնպէս դրոշմազարդ է. աստառ ունի միայն երկրորդ կողքը, սրճագոյն տպածոյ լաթ, իսկ դռնակին՝ կանաչ եւ կարմիր զարդերով տպածոյ լաթ։ Կորած են զոյգ փականքները։
բաւարար. ինկած է առաջին թուղթը, որմէ մնացած է միայն հատուածիկ մը. միջանկեալ եւս կորած են թուղթեր. Հ թերթը (թղ. 167-174) ամբողջութենէն փոքր է եւ գրուած է տարբեր բոլորգրով, հաւանաբար ամբողջացնելու համար կորած թերթը։
Սիւնեաց Արքեպիսկոպոս Ստեփաննոս Ուոպէլեան։
միայն սկիզբը՝ մէկ կտոր, կողմնակի կարուած, երկսիւն երկաթագիր մաշտոցի հատուած մը, ուր կը կարդացուի խորագիրը՝ մանր երկաթագրով գրուած։
եւ այլ զարդեր չունի։
սեւ։
չունի։
առաջին թուղթը թէեւ կորած՝ սակայն մնացած է հատուած մը, ուր կը տեսնուի կիսախորանի առաջին ծայրը, գծուած հին սրնագոյնով։
կարմիր։
թղ. 209բ-210բ, 213բ։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ, 28ա. «Զհրաշագեղ հայրապետն եւ զսքանչելի րաբունապետն զՏէր Ստեփանոս ստաց (ող)ի սորայ յիշեցէ ք ի Քրիստոս»։ 2. 33բ. «Զստացող սորա զորդի Տարսայճին զՏէր Ստեփանոս Արհիեպիսկոպոս եւ զշնորհաշատ վարդապետ յիշեցէք ի Քրիստոս եւ Աստուած զձեզ յիշէ ե(ւ) զծրողն»։
«Այս գիրք յիշատակ է Շոռոթեցի պարոն Ռափայէլին, զոր երեր ի Վարատինու եղբայր նորա Հ. Սուքիաս Վրդ. մեր Աղամալեան, յամի Տեառն 1781, ի Յունուարի 3»։ Բովանդակութիւն. Ա. Վարդան վարդապետ Արեւելցի, Բ Վասն շարաբի, Գ. Թուղթ վասն հաւատոյ. Ա. Վարդան վարդապետ Արեւելցի, Պատմութիւն. 1. Թղ. 1ա. «Ն(ախ քան զամենայն խընդիրս հայցեսցուք) եղ(եալքս զէն, եւ սկըսեալքս) զան(սկիզբնն եւ ստորայինքնս) ըզվ(երնայինն, ոչ զորքանն) զամ(էնն, որ ինքեան միայնոյն է), այլ յա(նհասական փառացն փայլակն ինչ երեւման), որով ուղղ (եսցուք զբաղձանս մեր եւ այն միջ)նորդիւ եւ ոչ անձամբ իշխեցեալ, եւ էն (բարեկամն Աստուծոյ մեծն) Մովս(էս...)»։ Առաջին թուղթը պոկուած ըլլալով՝ մնացած է պատառիկ մը, ուր կը տեսնուին խորագրէն եւ բնագրին սկզբնաւորութենէն քանի մը տառ։ Սենք ամբողջացուցինք բնագիրը՝ առնելով տպագրէն։ Ձեռագրին առաջին թուղթերը սխալ կազմուած ըլլալով՝ բնագիրը կը սկսի թղ. 5ա. «եւ անուն նորա տէր է, զի յիւրմէ եղելոցն իշխան եւ դատաւոր է։ Եւ զի միշտ է՛ է, ոչ է եղեալ. քանզի զգոյութիւնն յայտնէ Էն, եւ Աստուածն՝ զարարչութիւնն»։ Միջանկեալ երեք տեղ թուղթ ինկած է, այն է՝ թղ. 9-10, 63-64 եւ 169-170։ Բնագիրը կ'աւարտի՝ թղ. 209ա. «Իսկ ի վերանալ թւոյն մերոյ յՉԺԶ ի կատարման քառասներորդաց (...) զոր տեսեալ Յիսուսին իւրոյ եւ Աստուծոյ՝ ընդ Ղազարու հանէ արտաքոյ այսքան դժնդակ կրիցս յանպատումն»։ Բ. Վասն Շարաբ պատրաստելոյ. 2. Թղ. 211ա. «Վասն ամենայն շարաբանոյ. Ընկուզի շարաբ որոր աւգտէ փողացաւի երբ խաղաջ արնեն, եւ ամէն տեղ խաղաւարտի որ ի բերանին լինի եւ խմելով աւգտէ ում վերաբերութիւն լինի դիպել։ Ա՛ռ զընկուզին զպոպոկն որ հագուցեալ լինի եւ ծեծէ եւ զջուրն քամէ եւ ի սուրբ աման արկ եւ կրակով եփէ որ գ. բաժնէն մէկ մնայ եւ պարզէ...»։ - Վերջ 213ա. «Ծորի շարաբ որ աւգտէ տաքութեան. խարտել մաղձի սափրայի եւ արենի, առ զկոծի խուրնուջ զքիթն ու զկոթն ընտրէ ու ի կճիճնածու ջուր լից ի վերայ որ անցնի ու մին եռ տուր, ու ճմրդէ ու քամէ, զկուտն հան, ու զայն ջուրն այլ ի կրակն դիր ու մեղմ եփէ որ ի դ. մէկ մնայ. ի վայր առ ու կէս լիտր ձագի մեղքն ի նես թող, կամ խանդ շաքար եւ յապիկի աման արկ եւ եբ պիտի ի բան տար եւ աւգտէ»։ Միջանկեալ ունի. «Սերկեւըլի շարաբ», «Նռան շարաբ», «ժռի շարաբ», «Խնծորի շարաբ», «Դամոնի շարաբ», «Չոր ամբրաւի շարաբ», «Թթի շարաբ», «Անանըխի շարաբ», «Խաշխաշի շարաբ», «Մանուշակի շարաբ», «Խաւարծլի շարաբ» եւ վերջին՝ «Ծորի շաԳ. Թուղթ վասն Հաւատոյ, 3. Թղ. 216. «Թուղթ վասն հաւատոյ եւ կարգաց եկեղեցոյ յարեւելեան աշխարհէս, առ Կաթողիկոսն Հայոց Տէր Գրիգոր, որ վասըն կասկածանաց ինչ ակն ածեալ եպիսկոպոսաց աշխարհիս, գրեցին զայս նամակ ուղղափառութեան մի միաբանութեամբ, ի ձեռն Տէր Ստեփանոսի Սիւնեաց եպիսկոպոսի եւ գահերէց մետրապաւլտի, որ է պռսաւտաւֆրաւնտէս Հայոց Մեծաց. ի թվին ՉԽԳ. Աստուածային անյաղթ զաւրութեամբն բարձրացեալ եւ անեղական աջով հզօրին պարըսպեալ, բարձր բազկօքն Յիսուսի գըգուեալ եւ հիազաւր շնորհաւք հոգւոյն պերճացեալ, սուրբ, անբիծ, անարատ եկեղեցիս հայոց, անբասիր եւ անշաղախ հարսն երկնաւոր փեսային, տնկեալս եւ հիմնադրեալս ի սրբոց առաքելոցն Թադէոսի եւ Բարթողիմէէ...»։ Վերջ թղ. 215ա. «Ողջ լեր թագաւորական արգասիւքդ, ծնաւղդ իմաստից եւ մայրդ ուղղափառութեան, աղբիւրդ հաւատոյ եւ անվախ ախոյեանդ սուրբ եկեղեցոյ, Գրիգորւոս Կաթողիկոս Հայոց, եւ տէրն տերանց հովաննասցի տիրական գխլոյդ»։ 4. Թղ. 215ա. «Ձեռնարկ միաբանութեան եպիսկոպոսացս արեւելից եւ վարդապետաց եւ իշխանաց. Մեք Տէր Սարգիս եւ Տէր Գրիգոր, ի սոյն վիճակէ համախոհ եւ միաբան եմք՝ այս վերագրելոցս, մեր հարցն աւանդիցն, եւ որք ոչ միաբանին այսմ հայրենաւանդ եւ հայրապետական հաստահիմն դաւանութեանցս՝ նզովեալ եղիցի, որպէս Սաբէլ եւ Արիոս։ «Ես Տէր Յովանէս աթոռակալ Բջնոյ միախոհ...։ «Ես Գրիգոր աշակերտ եւ սպասաւոր բանին, որ մակադրեալ կոչեցայ Բջնեցի, հրամանատար այսմ աթոռոյս սէր եւ անքակ միաւորութեամբ, համախոհ եմ...։ «Ես Տէր Յոհանէս, շնորհաւքն Աստուծոյ եպիսկոպոս Հաղբատայ, հաստատեմ...։ «Ես Տէր Սխիթար Հաւութառոյ եպիսկոպոս, անքակ միաւորութեամբ...։ «Ես Տէր Մարգարէ, եղբաւրորդի Վանական վարդապետին, համախոհ եմ...։ «Ես Յեսայի, կրսեր բանասիրաց եւ յետին վարժապետ իմով աշակերտոքս համախոհ...։ «Ես Դաւիթ նուաստ ոգի, քարոց բանի եւ վարդապետ Հայաստանս եկեղեցւոյ, համախոհ...։ «Մեք անպիտան ծառայք Քրիստոսի Ելիկումս ու Լիպարիտս, որդիք փառաւոր իշխանացն Տարսայճին եւ Իւանէի, եղբարբք մերովք...»։ - Վերջ թղ. 224ա։ Թղ. 214-224 կազմի ժամանակ ունեցած է ետեւառաջութիւններ. վերջին թուղթը (թղ. 224ա) մաշած ըլլալով՝ կիսով չափ կարելի է կարդալ։