740
1379
ԺԶ դար, հաւանաբար 1584ին, որովհետեւ առաջին ստացողը եղած է «Տէր Առաքել կաթողիկոս», որ նոյն տարին գահակալած է։
բոլորգիր։
կը սկսի իե թերթով եւ կ'աւարտի խթ.ով, առաջին 24 թերթերը կորսուած են, իե՝ ունի 10 թղ., իթ, խզ, իէ՝ 11թղ., լա՝ 9 թղ., վերջին խթ՝ 15 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։
թուղթ բամպակեայ, դեղնորակ, գործածութենէ սեւցած։
փայտեայ եւ կաշեպատ, կռնակի կաշին ինկած ըլլալով՝ ծածկուած է լաթով։ Առաջին կողքին կաշին կիսով չափ ինկած ըլլալով՝ կը տեսնուի փայտը. վնասուած է նաեւ երկրորդ կողքին կաշին։ Ինկած են երեք ականջները, մնացած են երեք գամերու տեղերը։ Կողքերը ներքին կողմէն ծածկուած են սպիտակ թուղթով։
անբաւարար եւ կարօտ է նորոգութեան։ Ինկած են առաջին 24 թերթերը, միջանկեալ ինկած են թուղթեր։ Թուղթերը գործածութենէ սեւցած են. անցեալին նորոգուած է անվարժ ձեռքէ մը, որ կոշտ կերպով թուղթի կտորներով ամրացուցած է թուղթերը՝ ստէպ ծածկելով գրութիւնը։ Նորոգողին կողմէ ամբողջացուած են զանազան թուղթեր, այսպէս՝ 8-9, 166, 172-4, 177-9, 188, 270-296։ Յետագայ ստացող մը մանր թուղթերու վրայ գրած է իր անունը եւ ձեռագրին մէջ հոն ուր գրուած է առաջին ստացողին անունը, վրան կպցուցած է իր անունը, չուզելով ձգել առաջին ստացողին անունին հետքը։ Ստորին լուսանցքներուն վրայ ստացողներ գրած են իրենց անունը, գրեթէ աղտոտելով լուսանցքները՝ աննաշակ գրութիւններով։
առաջինը՝ «Տէր Առաքել կաթողիկոս», որու հետ միասին կը յիշուի նաեւ «Տէր Թոմաս կաթողիկոս», որու գոյութիւնը չապացուցուիր պատմութենէն։ Յայսմաւուրքը օրինակուած է այս երկուքին համար, որոնց անունները ստէպ գրուած են վկայաբանութիւններու աւարտին։ Յաջորդ ստացողը եղած է տիրացու Խաչատուր, որ բուղբով ծածկած է նախորդ բոլոր յիշատակագրութիւնները, փնացնելով բնագիրը, եւ տգեղ նոտրգրով գրած է իր անունը։ Երրորդ ստացող մը եղած է Դուստ, որ նորոգած է ձեռագիրս, եւ ստորին լուսանցքներուն վրայ աննաշակ բոլորգրով ծեփած է իր անունը։
չունի։
տարւոյն բոլոր օրերուն առաջին գիրերը եւ լուսանցքները, որոնք թէեւ նուրբ են եւ արտայայտիչ, սակայն դժգոյն ըլլալով եւ տկար գոյներով, չեն ներկայանար գեղեցիկ կերպով։
չկան։
կարմիր մելանով են։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 17բ2. «Ողորմի ստացողի գրոցս Տէր Առաքել կաթողիկոսին եւ Թումայ կաթողիկոսին եւ ծնողաց իւրոց Աբրահամ քահանային եւ Սաւլիփաշին, Գոհարշատին, Կօզալին, Հռիփսիմին եւ պապուն իւր Նուկզարին եւ Աթամելիքին»։ 2. Թղ. 56ա2. «Որ ողորմի ստացողի գրոցըս Տէր Առաքել կաթողիկոսին եւ Տէր Թումա կաթողիկոսին, եւ ծնօղաց իւրոց Աբրահամ քահանային եւ Սաւլիփաշին, եւ եղբարցն Աստուածատուր քահանային, եւ Տիրատուր քահանային, Ալթունելօչին, Թադէոսին, Մատթէոսին»։ 3. Թղ. 67ա1. «Ոը ողորմի Քրիստոս ստացողի գրոցս Տէր Առաքել կաթողիկոսին եւ Տէր Թումայ կաթողիկոսին եւ ծնօղաց իւրոց Աբրահամ քահանային, Սաւլիփաշին, եւ քերցն Գոհարշատին, Կօզալին, Հռիփսիմին, Ազիզմելիքին եւ Խաթունմամին, կարդացողաց եւ լսողաց»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ. 4. Թղ. 2բ2. «Տիրացու Խաչատուրիս, իւր կողակցուն եւ որդոյն մահտեսի Յուսէփին եւ կողակցուն Նունուֆարին, եւ որդոյն Եղիազարին, կարդացողաց եւ լսողաց»։ 5. Թղ. 63ա2. «Որ ողորմի ըստացօղ գըրոյս տիրացու Խաչատուրին եւ կողակցուն Նունուֆարին, եւ որդոյն Մարտիրոսին եւ ամենայն զարմից նորին, կարդացողաց եւ լսողաց եւ որ ողորմիս ասեն՝ Աստուած ողորմի. ամէն»։ 6. Թղ. 67բ. «Կամ թէ Առաքելին, Թօրոսին կամ Գրիգորի, Աստուած, Յիսուս, Քրիստոս, Տէր. ամէն։ Յիշատակ է այս (Յ)ա(յ)սմայուրքս Առաքելին, Ալմասին, տըղին Մարտիրոսին»։ 7. Թղ. 182ա. «Դարձեալ (յ)իշեցէք եւ Աստուած ողորմի ասացէք Տուստին, Ջիլբին, Սիմաւոնին, Դաթլուին, կարդացողաց, լսողաց։
«Ստացաք յամի 1879, ի ձեռն Պարոն Սերովբէի Ալիշան»։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, կը պատկանի Գրիգոր Խլաթեցիի կազմած խմբագրութեան, որու օրինակները լրիւ տեսանք նախորդ էջերուն մէջ։ Ներկայ ձեռագիրս, որու առաջին 24 (ա-իդ) թերթերը ինկած են, հաւատարիմ կերպով կը հետեւի այդ խմբագրութեան, առանց աւելցնելու իւրայատուկ վկայաբանութիւններ։ Ստորեւ կու տանք գլխաւոր բաժանումները։ 1. Թղ. 1ա2. «Արաց ԺԷ. Յունուարի ԻԴ. Վկայաբ. սրբոյն Կղեմայ եպ.ին»։ Նախորդ օրուան, Յակոբ առաքեալի վկայաբանութենէն մնացած է միայն վերջին հատուածը, որու կը յաջորդէ Կուրտերիոսինը (թղ. 1ա1-1ա2)։ 2. Թղ. 20ա2. «Մեհեկի Ա. Փետր. Է. Յիշ. Անդրոնիկեայ եւ Աթանասիայ»։ 3. Թղ. 63ա2. «Արեգի Ա. Մարտի Թ. Սրբոց Քառասնիցն»։ 4. Թղ. 121բ1. «Ահկի Ա. Ապրիլի Ը. Սահակայ եւ Համազասպայ»։ 5. Թղ. 162բ2. «Մարերի Ա. Մայիսի Թ. Որդւոցն Որոտման»։ 6. Թղ. 203ա1. «Մարգաց Ա. Յունիսի է. Սուքիոսի անապատականի»։ 7. Թղ. 237բ2. «Հրոտից Ա. Յուլիսի է. Պրոսկոպոսի վկային»։ 8. Թղ. 283ա2-296բ2. «Աւելեաց Ե. Աւգոստոսի Թ. Պատմութիւն Յովասափու եւ Բարաղամու»։