Other notices
— - Bibliographic notice
735
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ Ժ
ՌԺԲ = 1563 - ՌԺԲ = 1563

ID
Number
735
Old record number
1160
Title
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ Ժ
Start date
ՌԺԲ = 1563
End date
ՌԺԲ = 1563
Date details

ՌԺԲ = 1563։

Copy place
դժբախտաբար Յիշատակարանի մէջ գիւղին անունը կիսով չափ մաշած ըլլալով՝ մնացած է միայն «...թլակ»։
Reference
Type
Number of pages
486
Dimension
30x41,5
Layout
երկսիւն, իւրաքանչիւրը 10x33։
Writing details

բոլորգիր մեծ, որ ձեռագրին կէսէն ետք կը սկսի դառնալ աւելի փոքը։

Codicology

41, որոնցմէ ա եւ զ ունին 10 թղ., է եւ խա՝ 11 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։

Principal subject
Subject details

թուղթ հաստ եւ տոկուն։

Number of lines
34-42։
Binding

խաւաքարտ կաշեպատ, արդի կազմով, գործ՝ ժԹ դարու։

State of preservation

շատ լաւ, առաջին եւ վերջին թուղթը մաշած, հաւանաբար անցեալին կողքը ինկած ըլլալուն պատճառով։

Copyist
Owner

Յովհաննէս սարկաւագ, որ հաւանաբար գրած է Յայսմաւուրքս՝ առանց մէկու մը պատուէրին, եւ որով թէ՛ գլխաւոր Յիշատակարանին մէջ եւ թէ բնագրին ընթացքին շատ շատ տեղեր, ստացողի անունը չէ գրած եւ տեղը ձգած է ազատ։ Յետագայ ստացողներ նոյն դատարկ տեղերուն մէջ գրած են իրենց անունը, նախ Յովհաննէս դպիր մը, ապա Առաքել մը, որ բաւական կրցած է նմանցնել գիրը՝ բնագրին հետ. աւելի ուշ Վալաթին մը, տգեղ նոտր գրով, անխնայ լեցուցած է պարապ տողերը՝ իր եւ իր որդիներուն անունները։

Commanditaire
Illuminator
Binder
թղ. 486ա.ի վրայ գտնուած Յիշատակարանին մէջ, որ կը թուի բնագրին գրչութեամբ գրուած, կը յիշուի իբր կոկող՝ Մկրտիչ։
Parchment flyleaf

չկան։

Lettrines

Initials

Marginal illuminations

Images

Canon tables 1

թղ. 1ա, որ միայն սեւ մելանով է, հաւանաբար ապագային գոնաւորելու նպատակով. քովը նոյն ոճով կայ լուսանցազարդը։

Canon tables 2

չկան։

Title text

Blank pages

Colophon

1. Թղ. 486բ1. «Փառք ... որ ետ ևա ղութիւն տկար եւ ի մեղուցեալ յանձինս Յովաննէս սարկաւագիս հասանել յաւարտ գրոցս որ կոչի Այսմաւուրք, որ աւր ըստ աւր սոսկացուցանէ զոսկերս լսողացն պատմութիւն վարուց սքանչելեաց եւ չարչարանաց եւ տանջանաց սրբոց առաքելոցն եւ մարգարէից, նախահարց եւ նահապետացն, հայրապետացն եւ վարդապետացն, եւ կուսանացն եւ ճգնաւորացն, թագաւորհաց եւ իշխանեաց, զաւրաւորացն եւ զինուորելոցն եւ ամենայն մարտիրոսացն։ Այլ եւ գլխովին զմարդեզութիւնն Քրիստոսի, եւ զսուրբ Աստուածածնի պատմութիւն զսնընդեանն եւ զփոխմանն, եւ զհրեշտակապետացն, որ յամենայն յաւուր ուրախացուցան սիրով հոգեւոր զսիրտս լսողացն եւ զայնոսիկ որ աստուածային սիրովն են զմայլեալ եւ զհարստացեալ։ Այսինքն ըզդասս քահանայից եւ համաւրէն ժողովրդոց. զի որք զտաւն սոցա եռափափաք սիրով յաւժարութեամբ եւ յարթնութեամբ կատարեն յերից բարեաց արժանաւորին։ Նախ, զի չարչարակից գոլով սրբոցն եւ լինել փառացն նոցին հաղորդ։ Երկրորդ, եւ որք զնոսա պատուելով՝ Քրիստոս իւրն համարի, ըստ այնմ որ ասէ. Ձեզ ընդունի՝ զիս ընդունի։ Երրորդ, զի վկայսն պատուելով՝ յամենայն փորձութենէ յազատին։ Եւ որք գրով զյիշատակս նոցա արձանացուցանեն եւ անջինջ առնեն յեկեղեցի Աստուծոյ, զորպիսի փառս եւ զմեծութիւն ժառանգեսցեն եւ անտրտում յուրախութեան հասցեն, որ պահեալ է նոցա ի Քրիստոսէ եւ ի սրբոց նորա։ «Իսկ որ մեծութիւն ցանկայ յաշխատութեամբ այլմէ այլ գաւառ յանցանեն, բազում յաշխատութիւն հանդիցին, ի գողոց եւ ի աւազակաց, ի քառաժիռ ճանապարհաց յիէլ եւ ի էջ (...) յալեկոծութեան ծփանաց, յարեւակիզութիւն եւ ի սառնասառոյց ցրտութիւն, ի քաղցս եւ ի ծարաւս, յահս եւ յերկիւղս գազանացն եւ ի սողնոցն. այլ (...)մ հասանեն, յարկս (...) զամենայն ոչինչ համա(...) եւ մեծապայծառ ուրախանան (...) ըստ այնմ յաւրինակ (հատուած մը պատռած եւ անհետացած)։ ... զՈվան(նէս) ... թիւնս մարմնոյս եւ (յ)անձն առի գրել զսուրբ գիրգս, ի դառն եւ ի չար ժամանակիս, որ կեանք վիշտ ի ձեռն այլազգեաց եւ ի սատանայի։ «Եւ գրեցի զսայ յիշատակ (անունին տեղը դատարկ) եւ ծնողաց նորին (երեք տող դատարկ) եւ ամենայն արեան մերձաւորաց։ Եւ արդ գրեցի զսա ի գեաւղն որ կոչի (չորս տառ անընթեռնլի) Թըլակ, ընդ հովանեաս Սուրբ Աստուածածնին եւ Սուրբ Գէորգեայ զաւրայվարին եւ այլ սրբոցն որ աստ կան հաւաքեալ։ «Սկսեալ եղեւ սայ ի հայրապետութեան յԱրեստակիս, եւ աւարտեցօ ի հայրապետութեան Տեառն Պարսղի, եւ եպիսկոպոսութիւն սուրբ յուխտիս Սիմէռնին մականուն։ Եւ ի պարոնութիւն Սուլթան Սուլէմանին, որ տիրեաց յաշխարհիս յամենայն, ի թուականիս Հայոց ՌԺԲ ( = 1563)։ «Արդ աղաչեմ զամենեսեան զքահանայքդ եւ զժողովուրդս, որք հանդիպիք սմայ կարդալով կամ յաւրինակ դնելով, յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր (անունին տեղը դատարկ) եւ զամենայն յայզգայինսն։ «Նաեւ յիշեցէք ի սուրբ յաղաւթս ձեր զառաջնորդն սուրբ յուխտիս զՍիմէոն եպիսկոպոսն եւ զծնաւղս իւր եւ լի բերանով Աստուած ողորմի ասացէ(ք)։ «Դարձեալ յաղաչեմք զամենայն հանդիպողգ սուրբ գրոցս եւ յերես անկեալ յարտասուահառաչ պաղատանաւք հայցեմք, յիշեսջիք ի Քրիստոս զանարժան եւ զմեղաւոր ծառայս զՈվաննէս գրիչս եւ» (կը մնայ կի2. Թղ. 486ա2. «Ողորմի ստացողի գրոցս Յովանէս դպրիս եւ զծնաւղս իմ զԱստուածատուր երէցն եւ զմայրն իմ զերէցու կինն (բառ մը չէ գրուած)։ «Եւ ինձ մեղաւոր գրչի, եւ Մկրտիչ քարտէսի կոկողի, եւ ի ձեռնարտըւութիւն Մըկրտիչ սարկաւագիս (...) եւ թղթի ճղգելն զիմ հա(...), ի ճղգելն եւ յողաելն ձեռնատրւութեամբ ոչ խնա(յ)եցին եւ Աստուած ողորմի ով որ յաշխատանք ընդ իս. ամէն. Հայր»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ կան. 3. Թղ. 289բ2. «Զբարեմիտ զԱռաքելն, որ ստացաւ զայս գիրքս որ կոչի Այսմաւուրացն զկէսն, յիշատակ բարի հոգւոյ իւրոյ եւ ծնաւղացն եւ ննջեցելոցն, զՄուղտուսի Մախսուտն եւ զկողակիցն զԵհիտին, եւ որդոցն Աւետն, զՄախսուտն եւ զՄելքոնն, զՀընդիկն եւ զհարսն, զՆուպարն եւ զամենայն յարեան մերձաւոր»։ 4. Թղ. 287ա2. «Ողորմի ստացողի գրոցս պարոն Վալաթին եւ որդւոցն Ղամբարին, Ղազարին, Թաւագալին, էլպէկին, սարկաւագ ձաքարին, Ճոհարին»։ 5. Թղ. 295ա2. «Ստացողի գրոցս Վալաթին եւ կողակցին Զատին եւ ծնաւղացն Յայվատին, Զատին, Ղամբարին, Ղազարին, Թաւագալին, Ճոհարին»։ 6. Թղ. 343ա1. «Որոյ աղաւթիւքն Ղազարու՝ ողորմի ստացողի գրոցս պարոն Վալաթին եւ փծուն գրչի Պաւղոս աբեղայի, որ է աւրհնեալ յաւիտեանս. ամէն»։

Informations

Մէրտինի առաջնորդ Մարգար եպս. Թուխմանեան նուիրած է վանքիս, ուր հասած է 19 Օգոստոս 1753ին, Հ. Գէորգ Անթէպցիի ձեռքով։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, որու բովանդակութիւնը եւ կարգը կը համապատասխանէ Դ. Յայսմաւուրքին, սակայն երբեմն անկանոն կերպով կը կատարէ շեղումներ ու կը հետեւի 2 Յայսմաւուրքին։ Հայկական ամիսներուն համաձայն՝ ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը 1. Թղ. 1ա. (Անխորագիր). Նաւասարդ Ա. Օգոստոս Ժ. Յովհաննու Կարապետին, «Յորժամ լուսաւորեաց սուրբն Գրիգոր»։ 2. Թղ. 49բ1. «Հոռի Ա. Սեպտեմբեր Ժ. Մինադորայ եւ Մինդրոդորայ եւ Մինփոտո3. Թղ. 90բ1. «Սահմի Ա. Հոկտեմբեր Ժ. Տաւն է յղութեան Եղիսաբէթին սուրբ Կարապետին»։ 4. Թղ. 132բ2. «Տրէ Ա. Նոյեմբեր Թ. Անտոնիոսի եւ Բիքտորոսի»։ 5. Թղ. 185ա1. «Քաղոց Ա. Դեկտեմբեր Թ. Տաւն է յղութեան Աննայի Յովակիմայ զամէնաւրհնեալն Մարիամ»։ 6. Թղ. 244ա1. «Արաց Ա. Յունուար Ը. Տաւն է Ծննդեան... Վկայաբանութիւն սըրբոյն իւրոյ Աթանասիոյ»։ 7. Թղ. 290ա1, «Մեհեկի Ա. Փետրուար է. Անդրոնիկոսի եւ ամուսնոյն իւրոյ Աթա8. Թղ. 329բ2. «Արեգ Ա. Մարտ Թ. Քառասնիցն (Սեբաստիոյ)»։ 9. Թղ. 377ա2. «Ահեկի Ա. Ապրիլ Ը, Սահակայ եւ Համազասպայ»։ 10. Թղ. 411ա1. «Մարերի Ա. Մայիս Ը. Որդւոցն Որոտման, Յակոբայ եւ Յովհան11. Թղ. 434ա1. «Մարգաց Ա. Յունիս է. Սուքիոսի անապատաւորի»։ 12. Թղ. 453ա2. «Հրոտից Ա. Յուլիս Է. Պրոկոպիոսի»։ 13. Թղ. 474ա2. «Աւելեաց Ա. Օգոստոս Ձ. Տաւն է Այլակերպութեան Քրիստոսի»։ 14. Թղ. 478ա1 - 486ա1. «Աւելեաց Ի Օգոստ. Ժ. Պատմութիւն Յովասափայ եւ Բարղամու ճգնաւորին»։

Content