736
1378
ՌԼ = 1581։
բոլորգիր մեծ եւ ընտիր։
60, որոնցմէ ա եւ իե ունին 7 թղ., վերջինը՝ 6 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը ունի 12 թղ.։
թուղթ բամպակեայ։
սկզբնականը չէ մնացած, ներկայիս ունի կազմ մը՝ փայտեայ, ծածկուած հասարակ կաշիով, անզարդ ու կոշտ, կռնակի կողմը կաշին ինկած ըլլալով, ծածկուած է սեւ լաթով, ծածկելու համար կռնակի կազմի թելերը։ Ինկած են երեք ականջները, որոնց հետքերը մնացած են։ Կազմը տկար ըլլալով, կեդրոնական մասը կազմէն դուրս ցցուած է, ու կարօտ է վերակազմութեան։
վատ. սկիզբը կը պակսին քանի մը թուղթեր, ոմանք նորոգութեան ատեն դրուած են ետեւ առաջ։ Ձեռագիրս մեծապէս կրած է խոնաւութենէն. առաջին թերթերուն վրայ կայ խոնաւութեան հետքը՝ առանց վնասելու բնագիրին, սակայն կէսէն սկսեալ ապականած է յատկապէս լուսանցազարդերը, իրարու կպցնելով շատ մը թուղթեր, որու հետեւանքով թուագրողը չէ էջագրած զանազան թուղթեր, այսպէս՝ ընդ մէջ թղ. 20-21, 23-24, 234-5, 608-9, իսկ թղ. 344 կրկին թուղթերու տրուած է։ Կարօտ է արմատական նորոգութեան։
միաժամանակ Մարտիրոս կրօնաւոր եւ Ատոմ կրօնաւոր, որոնցմէ առաջինին անունը շատ ստէպ կը յիշուի ձեռագրիս առաջին մասին, մինչ Ատոմ տարբեր բոլորգրով աւելցուցած է իր անունը. յաջորդաբար կը յիշուի միայն Ատոմ կրօնաւորի անունը. կան նաեւ յիշատակագրութիւններ՝ ուր միաժամանակ կը յիշուին երկուքին անունը, ինչպէս յատկապէս վերջին ընդարձակ յիշատակարանին մէջ։ Ստացող Մարտիրոս կրօնաւոր թղ. 109բ2 յիշատակարանին մէջ կը յիշուի իբր «հայր վանաց Թեղւոյ սուրբ Յովանիսին»։ Յաջորդող դարերու ընթացքին ձեռագիրս ստացած են՝ Յակոբ Կարկոնց, Տէրվէիշ եւ մահտեսի Աստուր, որոնց մանր յիշատակագրութիւններով ծեփուած են ստորին լուսանցքները։
չունի։
365 օրերու կանոններու առաջին տառերը, կարմիր միագոյն, իսկ թղ. 2ա, 297ա եւ 469, ուր կան խորաններ, զարդագիրերը այլազան են, բազմագոյն եւ գեղարուեստի գլուխգործոցներ։
իւրաքանչիւր օրուան կանոնը սկսելուն՝ անխափան, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով, որոնցմէ մաս մը փոխանակ լուսանցազարդի զարդերու՝ կը ներկայացնեն օրուան սուրբը. այսպէս՝ թղ. 10ա Վերափոխում, 75ա Ս. Սահակ, 77ա Մովսէս մարգարէ, 176բ Յովհաննէս Ոսկեբերան, 186ա Ս. Գր. Լուսաւորիչ, 222բ Վառվառէ, 244ա Յակոբ Մծբնայ, 262բ Դաւիթ մարգարէ, 265ա Ս. Ստեփանոս, 268բ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս, 278բ Բարսեղ կեսարացի, 316բ Յովհաննէս Մկրտիչ, 322ա Անտոն անապատական, 324ա Թէոդոս թագաւոր, 345բ Ս. Սարգիս եւ Մարտիրոս, եներ երեշտակ մը, 523ր Գէորգ զօ րավար, ճւ7բ յարուցեա, Յիսուս, ճ78ր Կոստանոբացորգ., 643ա Յովնան մարգարէ, 677ա Յիսուսի այլակերպութիւնը։ Վերջին երկուքը խոնաւութեան հետեւանքով գրեթէ անտեսանելի են, մնացածները բոլորն ալ բազմագոյն եւ դէմքերու կատարեալ արտայայտութեամբ են։
երեք հատ. թղ. 1ա, կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռնադրութիւնը, որուն գլխուն ետեւ գրուած է կարմրատառ, «Լուսաւորիչն առնու ըզկարգն». իր ետեւ կան երկու իշխանազուններ, որոնց համար գրուած է. «իշխանքն են Տրդատայ»։ Նկարին ձախին կայ ձեռնադրող հայրապետը, բազմախաչեան շուրջառով եւ եմիփորոնով։ Նկարին մեծութիւնն է 17x26, որու վերի անկիւնը (6x8 մեծութեամբ) կը պակսի։ Թղ. 296բ. 18x27 մեծութեամբ, Յիսուսի ծնունդը՝ կը գրաւէ նկարին կեդրոնը, աջին Տիրամայրը, վերեւ երեք հրեշտակներ, աւելի վար երեք մոգերը, ստորեւ՝ երկու հովիներ եւ ոշխարներ. վարի ձախ անկիւնը առանձին քառակուսիներու մէջ՝ երկու ստացողներու նկարները, որոնցմէ մէկուն համար արտաքին լուսանցքին վրայ գրուած է. «Տէր Մարտիրոս կրօնաւորն է»։ Ստորին լուսանցքին վրայ կայ գծողին յիշատակարանը (տե՛ս ստորեւ Յիշ. թիւ 9)։ Թղ. 468բ. Յիսուսի յարութիւնը. նկարին կեդրոնը բազմած է հրեշտակը՝ բաց թեւերով, ձախ ձեռքով ցոյց կու տայ դատարկ գերեզմանը, ուր կը տեսնուին վարշամակն ու լաթը, աջին՝ երեք իւղաբեր կիներ, ձեռքերնին բռնած անուշահատ իւղի սրուակը։ Վարը՝ քունի մէջ չորս զինուորներ՝ իրենց զրահներով։ Մեծութիւնն է 17x27։ Ստորին լուսանցքին վրայ կայ գծող Մարտիրոսի յիշատակարանը. (տե՛ս Յիշ. թիւ 10)։ Երեք նկարներն ալ բազմագոյն են եւ շատ գեղեցիկ արտայայտութիւններով. դժրախտաբար խոնաւութիւնը պատնառ եղած է որ կորսուին առաջին փայլն ու շքեղութիւնը։
երեք հատ, թղ. 2ա, 297ա, 469ա, գեղեցիկ ու բազմագոյն, կը փայլի յատկապէս ոսկին։ Երրորդ խորանը համեմատութեամբ նախորդներուն՝ փոքր է, 15x17 մեծութեամբ, որու համար ստորեւ գրուած է գրիչին սա անդրադարձութիւնը. «Ոհ թէ զինչ գործեցի, զի զխորանի տեղն քիչ թողի, յաւրինակն չկայր եւ ես սխալեցայ, անմեղադիր լեր, եղբայր»։
տասը հատ, սակայն չունին խորաններու գեղեցկութիւնը, եւ իբը մեծութիւն ունին 2,5x8։ Յատկանշական է թղ. 637բ՝ կիսախորանը, 4x8,3 մեծութեամբ, որու մէջ ծաղկողը երկու տողերու մէջ ծածկած է իր անունը. «ԶՄարտիրոս ծաղկողս յիշեցէք ի Քրիստոս»։
կարմիր մելանով են։
թղ. 468ա, ուր յետագայ ստացողներ գրած են յիշատակարաններ։
1. Թղ. 699բ1 - 700բ2. «Փառք.... Որ ետ կարողութիւն տկար մատինս եւ անարժան եւ մեղաւք մեռեալ Առաքել սուտանուն աբեղա յի, հասանել յաւարտ այսմ մատենի որ այժմ կոչի Այսմաւուրք։ Քանզի ունի սայ զբոլոր տար(ւ)ոյն յինքեան հաւաքեալ ըստ հոռոմոցըն երկոտասան ամիսս եւ հինգ աւր աւելիքն, զամենայն տաւնից տէրունականաց եւ զսրբոց նահատակացն, զնախահարցն, զմարգարէիցն, զառաքելոցն, զհայրապետացն, զքահանայից եւ զսարկաւագացն, զմիանձնացելոց ճգնաւորաց, զկուսից եւ զկանամբաց, զարանց եւ զկանանց, զծերոց եւ ըզտղայոց եւ զամենայն չափուհասակի։ Այլ եւ զվերին զաւրացն զաթոռոցն, զսերովբէիցն եւ զքերովբէցն, զտէրութեանց, զաւրութեանցն եւ զիշխանութեանցն եւ զպետութեանց, զհրեշտակապետացն եւ զհրեշտակացն։ Պատմութիւն կարծրագոյն տանջանաց եւ սքանչելի չնաշխարհիկ վարուցն սրբոցն որ աստ հաւաքեալ կան, որ աւր ըստ աւրէ սըռսըռեցուցանէ եւ սոսկացուցանէ զոսկերս լսողացն, որոց սիրալիր տարփմամբ եւ սըըտատենչ եւ եռափափագ ըղձմամբ Տէր Մարտիրոս մահդասին եւ Տէր Ատոմ պանծալին՝ ստացան զանառիկ մեծութիւնս, զպայծառութիւնս սուրբ եկեղեցւոյ եւ զխրախութիւնս մանկանց ուսումնասիրաց վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց, քահանայից եւ սարկաւագաց։ «Արդ յորժամ հանդիպիք այս սուրբ գրոցըս կարդալով կամ աւրինակելով, յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր զստացողք սուրբ գրոցս, զՄարտիրոս կրօնաւորն եւ զՏէր Ատոմ մահդասին եւ զծնօղսն սոցայ՝ զՅովսէփն եւ զՄարգարիտն եւ զեղբարքն իւր զՄելքեսէդ քահանայ եւ զԳրիգոր քահանայ, զԱւետիսն եւ զամենայն արեան մերձաւորսըն, զկենդանիսն եւ զհանգուցեալսն։ «Յիշեցէք ի Քրիստոս զՄարտիրոսն բազմանըւէր եւ զմեծ երախտաւորն եւ ծնօղսն իւր զԲերամն եւ զԳուլմէլէքն եւ զեղբարքն իւր զՍիրուն եւ զՎարոս, զԿիրակոս, եւ զեղբաւրորդիքն զՅովսէփ քահանայն, զԳրիգորն եւ զՄարտիրոսն։ Աղաչեմ, լի բերանով Աստուած ողորմի ասացէք սոցա. ամէն։ «Արդ, ի յանկ ելեալ աւարտեցաւ սուրբ եւ աստուածազարդ ծաղկաւէտ եւ վարդափթիթ մարգարտաշար եւ ակն տպազիոն եւ զընչաւէտ փարթամութիւնս եւ զանառիկ մեծութիւնս եւ զպայծառութիւն սուրբ եկեղեցւոյ, զհացս կենաց եւ ջուր անմահութեան, գաւազան կաղաց եւ ճրագ կուրաց, մեծութիւնս աղքատաց եւ հանգիստ տարակուսելոց, կերակրիչ քաղցելոց եւ լցուցիչ կարօտելոց, բժիշկ հոգւոց եւ խրախութիւն մարմնոց եւ պատմութիւնս ամենայն սրբոց՝ ի փառս արարչին։ «Արդ գրեցաւ սուրբ տառս ձեռամբ անարհեստ եւ մեղսամած, անարժան եւ մեղապարտ Առաքել Մոկացոյ, ի մեծափառ հռչակաւոր, լուսաճեմ եւ երկնանման սուրբ ուխտիս որ Սուրբ Կանանց վանք կոչի, ընդ հովանեաւ սուրբ խաչիս եւ սուրբ Կարապետիս եւ յայլ սրբութեանցս որ աստ կան հաւաքեալ։ Ի թվականիս մերոյ ՌԼ ( = 1581)։ Աղաչեմ զձեզ, ով մանկունք սուրբ եկեղեցւոյ յիշման (...) զԱռաքել մեզ(...) եւ զծնաւղսըն իմ (...) քահանայ եւ զԽանում (... եղ)բայրն իմ զՍտեփա(նոս...) եւ զամենայն արեան մերձ(աւորսն) մեր, լի բերանով Աստուած ողորմի ասացէք սոցա, եւ դուք ողորմութիւն գտջիք ի Քրիստոսէ Աստուծոյ մերոյ. ամէն։ «Դարձեալ կրկին անգամ աղաչեմ, յիշեցէք առ Քրիստոս զսուրբ եւ զպատուական կրաւնաւորքն, զստացողք սուրբ գրոցս զՏէր Մարտիրոս մահդասին եւ զՏէր Ատոմ մահդասին, որ իբրեւ զաստղ լուսաւոր փայլեցան ի մէջ աշխարհի եւ ստացան զսուրբ գիրքս յիշատակ հոգոյ իւրեանց եւ ծնօղացն եւ ամենայն ազգական(ա)ցն. ամէն։ «Յիշեցէք ի Քրիստոս զՄարտիրոս մաքրամիտ կրօնաւորն եւ զծնաւղսն իւր զԲերամն եւ զԳուլմէլէքն, եւ զեղբարք՝ զՍիրուն, զՎարոս եւ զԿիրակոս, եւ զեղբաւրորդիքն՝ զՅովսէփ քահանայն, զԳրիգորն եւ զՄարտիրոսն։ Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, ջնջեա՛ զձեռագիր յանցանաց սոցա եւ գրեա՛ ի գիրն կենաց. ամէն։ «Յիշեցէք ի Քրիստոս զՏէր Ատոմ բարեմիտ եւ բարեսէր կրաւնաւորն եւ զծնօղսն իւր զՅովսէփն եւ զՄարգարիտն, եւ զեղբարսն զՄելքեսէդ քահանայն եւ զորդին իւր (... սարկաւ)ագն եւ (...)գ քահանայն եւ զԱւ(ետիս եւ զա)մենայն արեան մերձաւ(որսն, զկեն)դանիսն եւ զհան(գուցեա)լս, լի բերանով եւ (լի ս)րտիւ Աստուած ողորմի ասացէք, եւ Աստուած ձեզ եւ մեզ առհասարակ ողորմեսցի եւ յահաւոր եւ ի սոսկալի դատաստանին, ընդ իդ ( = 24) քահանայիցն դասակից եւ պսակակից արասցէ զիւրեանքն իւրեանց ննջեցելովքն. ամէն։ «Արդ, մեք հոգեւոր եղբարքս, Մարտիրոս աբեղայս եւ Ատոմ կրաւնաւորս, ետուք գրել զսուրբ գիրքս յիշատակ հոգոց մերոց եւ բարեպաշտ ծնօղաց մեր(ոց եւ) եդաք անջընջելի յիշատակ բարի, ըստ աւետարանական բանին որ ասէ՝ Երանի ողորմածաց զի նոքա ողորմութիւն գտցեն, եւ թէ՝ Երանի որ ունիցի զաւակ ի Սիոն եւ ընդանեակ յԵրուսաղէմ. եւ եդաք անջինջ յիշատակ ի դուռն Սուրբ Յովանիսի, որ այժմ Թէղուտ կոչի։ «Դարձեալ յիշեցէք ի Քրիստոս զՏէր Ատոմ մաքրամիտ կրօնաւորն եւ զծնաւղսն իւր զՅովսէփն եւ զՄարգարիտն եւ զեղբարքն զՄելքեսէդ քահանայն եւ զԳրիգոր քահանայն եւ զԱւետիսն. ամէն։ «Արդ յիշեցէք ի Քրիստոս զՏէր Մարտիրոսն, զմեծ երախտաւորն, որ շատ շէնք եւ շինութիւն արար յայս աստուածաբնակ սուրբ ուխտս, եւ զծնաւղսն իւր զԲէրամն եւ զԳուլմէլէքն, զեղբարքն զՍիրուն եւ զՎարոս, զԿիրակոս, եւ զորդին Յովսէփ քահանայն եւ զԳրիգոր եւ զՄարտիրոսն եւ զամենայն արեան մերձաւորսն, եւ զորս գրեցաք եւ զորս մնացին՝ Տէր Աստուածն մեր արժանի արասցէ զվերոյ գրեալքս ի սմա աւրհնեալ ձայնին, աջագահ դասին, անմատոյց խորանին, հայրական սեղանին, կենարար հացին, կողահոս բաժակին, փեսայարան հարսնարանին եւ լուսեղէն առագաստին, եւ փառահեղ պատմուճանին, լուսաբողբոջ սուրբ պսակին, կոչեա՛ ձայնիւդ աստուածային, զՏէր Մարտիրոսն հրաշալին եւ զՏէր Ատոմ այր գովելին, դասաւորեա՛ ընդ աջմէ քումմէ ի յաւթեւանս Հաւր միածնին, զոր Տէր Աստուածն Իսրայէլին՝ արժան առնէր զհոգիս նոցին իւր հայրական աւթեւանին, արժան առնէ զհոգիս նոցին, որք աստ գրեցաք եւ որք մնացին, այն կուսածին Յիսուս որդին, զտեալ մաքրէ ըզմեղս նոցին. ամէն»։ 2. Թղ. 699ա1. «Յիսուս որդի Հաւր միածին... հայցմամբ սրբոյ Կարապետին Տէր Ստեփանոսն ի ձեզ յանձին, որ է գծող այս մատենի, վարդափըթիթբիւրաստանի, եդեալ ի սուրբ աստիճանի եւ ընթեռնուն որք հանդիպին, Գիմն առաջին եւ Րէն յետին, որ համարով վերաբերին, ԺՌ բոլորովին, եւ ԶՃի ու վեցին։ («Գրիգոր». Գ-3։ բ = 5.000։ ի20։ գ = 3։ ո = 600։ ը = 5.000)։ Դարձեալ յիշեցէք ի Քրիստոս զՄռջան մամէն, որ հանապազ կերակրեաց զմեզ, Աստուած ողորմի ասացէք»։ 3. Թղ. 59բ2. «Բարեխօսութեամբ սուրբ Աստուածածնին, ողորմեա՛ Քրիստոս Աստուած ստացողի սուրբ գրոցս Տէր Մարտիրոսին եւ ծնօղացն Գուլգուլին, եւ եղբարցն Սիրունին եւ Վարոցին, Կիրակոսին եւ որդւոյն Յովսէփ սարկաւագին։ Եւ Առաքել գծողին եւ ծնօղաց նորին Ստեփանոս քահանային եւ Խանումին եւ եղբօրն Ստեփանոս քահանային եւ ամենայն ազգատոհմին, թէ կենդանի են ի մարմնի եւ թէ մեռեալ ի տապանի, Տէր համօրէն ողորմեսցի եւ քաւեսցէ զմեղս նոցին. ամէն»։ 4. Թղ. 109բ2. «Ստացողի գրոցս Տէր Մարտիրոս կրօնաւորին, որ է հայր վանաց Թեղւայ Սուրբ Յովանիսին, եւ ծնօղացն Բերամին եւ Գուլմէլէքին եւ եղբարցն Սիրունին, Վարոսին եւ քեռոյն Ամիրջանին»։ 5. Թղ. 232ա1. «Աղօթիւք եւ բարեխօսութեամբ սուրբ առաքելոց քոց, Քրիստոս Աստուած, ողորմութիւն եւ մեղաց թողութիւն շնորհեա՛ ստացողի գրոցս Տէր Մարտիրոս եւ Տէր Ատոմ կրօնաւորին, եւս առաւել բերկրութեանց Յովաննէս րաբունապետին եւ ծնօղաց նորին, որ յայսմ ամի հանդիպեցաւ ի սուրբ ուխտս որ Սուրբ Կանանց վանք կոչի։ Տէր Աստուած անփորձ եւ անսասան պահեսցէ զՅոհաննէս մեծ րաբունապետն, եւ յետ աստեացս ելանելոյ ընդ սուրբ վարդապետաց դասակից եւ պսակակից արասցէ. ամէն»։ 6. Թղ. 401ա1. «Բարեխօսութեամբ եւ մաղթանօք սուրբ նահապետացն, ողորմեա՛, Տէր Յիսուս, ստացողի գրոցս սրբասէր եւ մաքրամիտ Մարտիրոս կրօնաւորին եւ միաբան եղբարցն Ատոմ կրօնաւորին եւ Աւետիս աբեղային, որք աշխատին ի դրունս Սուրբ Յովանէսին. եւ ինձ Առաքել մեղապարտ Մոկացոյ, կարդացողիս եւ լսողացդ. ամէն»։ 7. Թղ. 436բ1, «Զստացաւղ ցցրոս զՏէր Ատոմն, եւ ծնաւղս իւր զՅովսէփն եւ զՄարգարիտն, եւ զեղբարսն իւր զՄելքեսէթ քահանայն եւ զԲաղդասար քահանայն եւ զԱւետիսն, եւ զմեղսաթաւալ գրիչս զՍտեփանոս քահանայն, եւ կարդացողիս եւ լսողացդ. Յաջորդ հինգը (թիւ 8-12) գծող Մարտիրոսին գրիչով են կարմրատառ. 8. Թղ. 2ա. «Ես Մարտիրոս մեղաց գերի, Որ ցընորեալ կամ յաշխարհի, Դառըն ցաւօք երերալի, Հոգիս է սեւ ի մէջ մարմնի, Զայսմաւուրքս ծաղկեցի, Մատամբ իմով մեղսամածի, Ջոր յիշատակ սա եղիցի, Կրօնաւորացըս ցանկալի, Տէր Մարտիրոս քահանայի, Եւ Տէր Ատոմ ընկերակցի, Կանաչացեալ վարդքն ի թփի, Եւ բարունակքն ողկուզալի, Որ միշտ տացեն զպտուղ ի ժամի, Ըստ Դաւթի մարգարէի, Ետուն գրել պրտուղ բարի, Եւ զարդարեալս ցանկալի, Ըզայսմաւուրքըս ցանկալի։ Եւ զարդարեալս հրաշալի, Ով կարդացող առաքինի, Թէ վարդապետ ես անուանի, Թէպէտս տէր..., Քահանայ կամ մահդասի, . . ո. . . . . .. Յորժամ կանգնիք դուք յատենի, Յիշման առնէք զիս արժանի, Զկրօնաւորքս ... բարի, Յորժամ նստի... Տէրն եւ արքայն ամենայնի, Յայնժամ եւ անդ ցամքն բարի, Յամենեսեանս միշտ յիշեսցի»։ 9. Թղ. 296բ. «Յիսուս փըրկիչ ամենայնի, Որ մարդ եղեր վասն ամէնի, Ծընար յայրին Բեդղահէմի, Բարձեր զյանցանս մօրն Եւայի, Սուրբ ծընընդեամք քո հրաշալի, Մեզ ողորմեա՛, Աստուած բարի, Զտէր Մարտիրոսն եւ զՏէր Ատոմն, Քեզ արասցես միշտ արժանի, Լըսեն զձայնն երանելի, Թ'եկայք աւրհնեալ ծառայք բարի, Ամէն, ամէն եւ եղիցի»։ 10. 468բ. «Յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր զստացող սուրբ գրոցս զՏէր Մարտիրոս եւ զՏէր Ատոմ մահդասի սրբասնեալ կրօնաւորքն, եւ զիս զանարժան Մարտիրոս ծաղկողս, եւ Աստուած ողորմի ասացէք եւ Աստուած ձեզ ողորմեսցի. ամէն»։ 11. Թղ. 468բ. «Յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր զստացող սուրբ գրոցս զՏէր Մարտիրոս եւ զՏէր Ատոմ մահդեսի սրբասնեալ կրօնաւորքն։ Եւ զիս զանարժան Մարտիրոս ծաղկողս, եւ Աստուած ողորմի ասացէք, եւ Աստուած ձեզ ողորմեսցի. ամէն»։ 12. Թղ. 469ա. Խորանին ստորին լուսանցքին վրայ։ «Այս խորանի անունս սըխտոր, Հոգիս մոլոր միտքս է պըղտոր, Մեղօք եղեալ եմ զխիկոր, Որ օրինացն եմ յանցաւոր, Զքեզ աղաչեմ սըրտով բոլոր, Ով կարդացող օրինաւոր, Զի ես գործող եմ մեղաւոր, Դու աղաչեա՛ զՀայրն երկնաւոր Զի յարութեան ձայնի փողոյ, Արժան առնէ զազգըս բոլոր, 3Տէր Մարտիրոսն զօրաւոր։ Եւ զՏէր Ատոմըն փառաւոր, Ըզկրօնաւորքըն հրաշաւոր, ... ծաղկողըն նոր, Յորժամ գայցէ Տէրն երկնաւոր, Դասէ զնոսա դասն երկնաւոր, Ասէ եկայք բարի ծառայք, Պսակ առէք ձեզ բիւրաւոր. ամէն»։ Բնագրէն տարբեր եւ յետագայ դարերու գրչութեամբ կան. 13. Թղ. 468ա1. «Դարձեալ յիշեցէք ի Քրիստոս Գրիգոր կրօնաւորն, որ ետ վերըստին նորոգել զսուրբ գիրքս, յիշատակ իւր եւ ծնաւղացն եւ ամենայն արեան մերձաւորաց եւ հանգուցելոց մեծի եւ փոքու առհասարակ. 14. Թղ. 468ա1. «Կարկոնց Յակոբին եւ կողակցուն Ազպահարին եւ յորդւոցն Մեծատուրին, Յովակիմին, Մարդրտին, եւ եղբօրն Յովանիսին, Պետրոսին, եւ յորդոցն Մինասին, Զատուրին, Աբրահամին եւ իւրեանց կողակցոցն Թուրվանտին, Արզունին, Մարիամին եւ յորդոցն Պողոսին, Յակոբին, Սարգիսին, մահտեսի Ղուկասին եւ կողակցուն Շուշանին եւ յորդոցն Նիկողոսին, Տօնօին, Մարկոսին, մահտեսի Յայրապետին եւ յորդոցն Յովասափին, Աւաքին, Սաֆարին, Խաչօին, Աստուրին, Մարթային եւ Մանուկին, Սուլթանին, Կարապետին, Գոհարին, կարդացօղաց եւ լըսօղ(աց) ասացէք Աստուած լուսայո(ր)է իւրեանց հոգին. ամէն»։ 15. Թղ. 468ա2. «(Յ)իշատակ է ատեան (Յ)ա(յ)մաըուրք Կարկոց Մինասի եղբօրն Նիկօղոսին, որդիւն Պետրոսին, տիրացու Սարգսին ձեռին գրեցաւ թվին ՌՄՀԵին ( = 1828)»։ 16. Թղ. 19բ2. «Տէվրէշին որդոյն մահտեսի Եղիաին եւ կողակցոյն Եղիսային»։ 17. Թղ. 211բ1. «Քրիստոս Աստուած, ստացողի գրոյս Տէվրէշին եւ կնոջն Կուլքանին, որդոյն Եղիային, կնոջն Եղիսային։» 18. Թղ. 27ա2. «Մահտեսի Աստուրին եւ կնոջն Վարդենոյն, որդոյն Խայաճանին եւ կողակցոյն Մարիամին»։ 19. Թղ. 30ա1. «Մահտեսի Աստուրին եւ կնոջն Հազովարդին, որդոյն Խայանանին, Մարիամին»։
«Ստացաք յամի 1879, ձեռամբ Պարոն Սերովբէի Ալիշան»։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, որ ունի Դ. եւ Զ. Յայսմաւուրքներու կարգը, ինքնայատուկ մանը շեղումներով։ Ստորեւ կու տանք գըլխաւոր մասերու բովանդակութիւնը. 1. Թղ. 2ա. «Նաւասարդ ամսոյ Հայոց Ա. եւ Ասորոց, եւ Աւգոստոս Հռոմայեցւոց ԺԱ. եւ Աւ. Եբրայեցւոց ի ԻԳ. Տաւն է Յովաննու Մկրտչին եւ սուրբ Կարապետին Քրիստոսի...»։ 2. Թղ. 61բ2. «Հոռի Ա. Սեպտ. Ժ. Վկայաբ. Մինադորայ.... 3. Թղ. 116բ2. «Սահմի Ա. Հոկտ. Ժ. եւ Թշրին ԻԲ. Տաւն է յղութեան Եղիսաբեթի զսուրբ Կարապետն Յովաննէս Մկրտիչն»։ 4. Թղ. 169բ1. «Տրէ Ա. Նոյեմ. Թ. Վկայաբ. Անտոնիոսի»։ 5. Թղ. 232ա1. «Քաղոց Ա. Դեկտ. Թ Տաւն է յղութեանն Աննայի եւ Յովակիմայ զամէնաւրհնեալն Մարիամ...»։ 6. Թղ. 289ա1, «Քաղոց Իէ. Յունուար Դ. Վկայաբ. սրբոյն Զոսիմոսի»։ 289ա2. «Յայսմ աւուր յիշատակ... Աբրահամու»։ 290բ1. «Ի սմին աւուր յիշատակ է աստուածազարդ եւ բազմաշնորհ վարդապետին Մկրտչին. Այս երիցս երանեալ... էր ի գեղջէն Բելւայ.. փոխեցաւ աստի... ի թուականութիւնս Հայոց ՌԻԲ»։ 292ա2. «Յայսմ աւուր հանգեաւ ի Քրիստոս... Տէր Կարապետն որ մականուն Խնկիկ անուանի... Սա էր յաշխարհէն Հիզնա, ի գեօղէն Անդենից...»։ 7. Թղ. 293ա1. «Քաղոց ԻԸ. Յունուար Ե. Նաւակատիկ եւ Ճրագալոյց է Ծննդեան»։ 293բ1. «Պատճառ Ճրագալուցի Ծննդեան»։ 294ա2. «Յայսմ աւուր յիշատակ է տիեզերալոյս վարդապետին Գրիգորի Խլաթեցւոյ. Այս երջանիկ եւ երանելի... երկրորդ վկայասէր անուանեցաւ ի վերջին ժամանակիս եւ յետին դարուս, զի ժողովեաց գիրս բազումս ի մերոց եւ յաւտարաց... ամենայն սրբոց ի խաւարէ ի լոյս ածեալ, եւ արար զգիրս Յայսմաւուրաց...։ Կատարեցաւ նահատակութեամբ մեծ վարդապետն Գրիգորիոս ՊՀԴ թուականին մեր, ի Մայիս ամսոյ ի Թ., յաւուր կիրակէի մեծի Պենդակոստէին...»։ 8. Թղ. 305ա2. «Արաց Ա. Յունվ. Ը.. Սրբոյն Թէոփիլեայ»։ 9. Թղ. 358ա1. «Մեհեկի Ա. Փետր. է. Յիշ. Անդրոնիկոսի»։ 10. Թղ. 415բ1. «Արեգ. Ա. Մարտ Թ. Քառասնիցն Սեբաստիոյ»։ 11. Թղ. 504ա1. «Ահկի Ա. Ապրիլ Ը. Սահակայ եւ Համազասպայ»։ 12. Թղ. 560ա1. «Մարերի Ա. Մայիս Ը. Որդւոցն Որոտման»։ 13. Թղ. 603բ1. «Մարգաց Ա. Յունիս է. Վարք Սիւքիոսի»։ 14. Թղ. 637բ1. «Հրոտից Ա. Յուլիս Է. Պրոկոպիոսի»։ 15. Թղ. 683բ1 - 700ա2. «Պատմութիւն Յովասափայ եւ Բարաղամու»։