Other notices
— - Bibliographic notice
753
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ ԻԸ
ՌՃԾ = 1701 - ՌՃԾԲ = 1703

ID
Number
753
Old record number
627
Title
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ ԻԸ
Start date
ՌՃԾ = 1701
End date
ՌՃԾԲ = 1703
Date details

ՌՃԾ-ՌՃԾԲ = 1701-3։

Copy place
Ասպահան։
Reference
Type
Number of pages
601
Dimension
28x40,5
Layout
երկսիւն, իւրաքանչիւրը 9x32,5։
Writing details

բոլորգիր մեծ եւ ընտիր։

Codicology

50, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի 12 թղ., բացի, լգ՝ որ ունի 13 թղ.։

Principal subject
Subject details

թուղթ սպիտակ եւ տոկուն։

Number of lines
40։
Binding

խաւաքարտ, կաշեպատ, դրոշմազարդուած՝ դասական զարդերով. առաջին կողքը անջատուած է ձեռագրէն, բայց միացած կը մնայ կռնակի կաշիին։ Ներքին կողմերէն ծածկուած են ժԹ դարու յատուկ տպագիր թուղթով, որու զարդերով գունաւորուած է ձեռագրիս երեք կողմերը, գեղեցիկ կերպարանք մը տալով ամբողջութեան։ - ՄԱԳԱՂ. ՊԱՀՊԱՆԱԿ չունի։

State of preservation

շատ լաւ, ամէն կերպով ներկայանալի, նոխ՝ գեղեցիկ մանրանկարներով։ Պոկուած են կարգ մը լուսանցազարդեր, ինչպէս՝ թղ. 206, 299, 310, 329, 432։

Copyist
Տէր Մկրտիչ։
Owner

Կոստանդին վարդապետ (որդի Ռամազի), որու պատուէրին վրայ օրինակել սկսած է գրիչը, եւ իա թերթը հասնելուն՝ մեռած է Կոստանդին (տե՛ս ստորեւ Յիշատակարան)։

Commanditaire
Illuminator
հաւանաբար գրիչը։
Binder
Parchment flyleaf

Lettrines

հոն ուր կան երեք խորաններ, բնագրին առաջին տողի բոլոր տառերը, իսկ տարւոյս բոլոր օրերու վկայաբանութիւնները սկսելուն՝ առաջին տառերը։ Բազմագոյն են եւ յոյժ ճաշակաւոր, մանրանկարչական արուեստի տիպար օրինակներ, բոլորն ալ կենդանակերպ։ Ամէնուն մէջ կը փայլի ոսկին։

Initials

Marginal illuminations

երեք խորաններուն քով՝ ունին թուղթին բարձրութիւնը. կիսախորաններուն քով՝ նուազ երկար են, իսկ տարւոյն, բոլոր օրերու վկայաբանութիւնը սկսելուն՝ անխափան կայ լուսանցազարդ մը. բոլորն ալ բազմագոյն եւ իրարմէ տարբեր, գեղեցկութեամբ՝ զիրար գերազանցող։ Մանրանկարի ձեւով են՝ թղ. 268ա Ս. Անտոն անապատական, 284բ Ս. Յովհան Ոսկեբերան, 353ա Սեբաստիոյ Քառասուն մանուկները՝ բաժակի մը մէջ, որու վրայ կան 40 պսակներ եւ Աստուծոյ հայրական աջը։

Images

երկու հատ. թղ. 246բ, մեծութիւն՝ 22,5x32, կը ներկայացնէ Աստուածամայրը նըստած, գիրկը Յիսուս մանուկ՝ օրհնելու դիրքով, ու դիմացը բացի երեք մոգերէն՝ բազմութիւն մը հաւատացեալ հոգիներու, բոլորն ալ ձեռքերնին ունին ոսկեղէն բաժակներ։ Հեռուն կը տեսնուի քաղաքը, որու վրայ կ'իջնէ Ս. Հոգին։ Երկրորդ նկարը, թղ. 389բ, ունի նոյն մեծութիւնը, կը ներկայացնէ Քրիստոս յարուցեալ, աջին ու ձախին երկու հրեշտակներ, մինչ ստորեւ, պարապ գերեզմանին քով կը մնան չորս զինուորներ։ Երկու նկարներ ալ ամենակատարեալ են արուեստի տեսակէտով. դժրախտաբար կամաւոր ձեռք մը վնասած է յարուցեալ Քրիստոսի դէմքը։ (Տեսս նաեւ Լուսանցազարդք)։

Canon tables 1

երեք հատ, թղ. 7ա, 247ա, 391ա, երեքն ալ արուեստի գլուխգործոցներ, բազմագոյն եւ նրբութեամբ հիւսուած զարդերով, կրնան այս դարուս արուեստին, յատկապէս Ջուղայի դպրոցի գեղարուեստի պատմութեան առատ նիւթ հայթայթել։

Canon tables 2

շուրջ տասը հատ, հայկական ամիսները սկսելէն առաջ։ Կտրուած եւ պոկուած է՝ թղ. 186բ2։ Բոլորն ալ ունին խորաններու նրբութիւնը։

Title text

կարմիր մելանով են։

Blank pages

թղ. 1ա, 7բ, 245բ, 246ա, 388բ-9բ, 390ա-բ։

Colophon

1. Թղ. 599բ2. «Յիշատակարան սուրբ գրոցս։ Աւրհնութիւն, գոհութիւն, պատիւ, փառք եւ երկրպագութիւն՝ համաբուն բնութեան եւ եռանձնեայ աստուածութեանն, համափառ զուգաւորութեան եւ հաւասարապատիւ տէրութեանն եռակի եզակի եւ եզակի երրակի, միոյ սահման բնութեան եւ անվախճան թագաւորութեան, պաշտելի, խնկելի եւ երկրպագելի ամենասուրբ Երրորդութեանն, Հօր անծնի եւ արարողի, Որդւոյ ծնիցելոյ եւ փրկագործի, Հոգւոյն Բղխեցելոյ եւ կենագործի, փառս վերառաքեսցի ի բոլորից գոյից եւ ի մասանց արարածոց, տարրեղինաց եւ յանտարրից, յերեւելեաց եւ անյայտից, յանիմանալեաց եւ ի զգալեաց, անսպառ յաւիտենիւ եւ անպայման կէտահարութեամբ։ «Արդ, սովորութիւն է աստուածային արանց միշտ եւ հանապազ խոկալ յաստուածային պատուիրանս, ի տուէ եւ ի գիշերի՝ միշտ զվերինն խորհել, ուր Քրիստոս նստի ընդ աջմէ Աստուծոյ։ Եւ արդ յաղագս բազում պատճառաց՝ բազումք փափագին ջերմեռանդն սիրով եւ ըղձալի ցանկութեամբ արդիւնս բարութեան եւ գործս աստուածահաճոյս կատարել ի փառս Աստուծոյ։ «Նախ վասն յուսոյ... (հմմտ. Ը. Յայսմաւուրք)։ «Երկոտասաներորդ, վասն ի նախանձ եւ ի փափագ շարժելոյ զայլս ճշմարիտ արդեանց ի բարի գործոց, որպէս ասէ Պօղոս. Նախանձաւոր լերուք շնորհացն որ լաւն է։ Որպէս այր ոք որ տեսանիցէ դրախտ վայելուչ ամենայն բարութեամբ առլցեալ եւ ցանկանայցէ դրախտին այնորիկ գեղեցկութեան։ «Եւ արդ, յայտ է ամենեցուն, զի դրախտ աշխարհիս այսորիկ անցաւոր է եւ կորստական, քանզի թէպէտ սաղարթափթիթ ծաղկեալ է տերեւով, սակայն ի հասանել ձմերայն թափի զարդ նորա եւ ցամաքեալ կոչի։ Իսկ սուրբ գիրքս այս դրախտ է լուսեղէն եւ աս տուածազարդ ձեռօքն Աստուծոյ տնկեալ եւ վայելչացեալ։ Քանզի կայ ի սմա տնկեալ ծառ՝ ամէնօրհնեալ Աստուածածին կոյսն Մարիամ, որ ետ մեզ անմահութեան պտուղ զՏէր Քրիստոս, զորդին Աստուծոյ մերոյ։ Եւ կայ ի սմա ծառ դասք առաքելոցն, գունդք մարգարէիցն, ջոկք մարտիրոսացն, փայլմունք վարդապետացն, գումարք հայրապետացն, խումբք սուրբ կուսանացն, ջոլիրք նահատակացն, ճառք ճգնաւորացն, պատմութիւնք թագաւորացն, զրոյցք զօրականացն, վարք վանականացն, կրօնք կրօնաւորացն. հսկմունք աղօթականացն, գութք ողորմածացն, արիութիւնք ողջախոհ սրբուհեաց կանանց, ի յայրս եւ ի ծերպս եւ սիւնակեաց միայնակեցացն։ Այլ եւ գլուխն ամենայնի տօնք տէրունականացն եւ այլ բազմութիւնք անհամար սրբոց, որ ոչ կարաց յիշատակել աստ զանուանս նոցա, որք գրեալ կան ի դպրութեան յաւիտենական կենացն։ «Արդ, գրվեցաւ սուրբ Յայսմաւուրքս ի քաղաքն Ասպահան, թուոյ փրկչին ՌԷՃԳ ( = 1703), ըստ յունաց Հ եւ Զ ընտիքտիոնին, եւ յերկոտասան Ձ եւ Ը ոլոմպիաթին, եւ ըստ Հայոց անշարժ տումարին՝ քսաներորդ եւ երրորդ յոբելինին եւ երկու ամին (23x50- 2- 55 = 1703) եւ յամսեանն Մարտի ԼԱ (31), աւարտումն եղեւ սուրբ տառիս։ Որոյ նպաստ եւ օժ(ա)նդակ եղեւ ծրելոյ սորին՝ Ռամազի որդի մահդասի վարպետ Կոստանդն, որ յերիտասարդական տիօք, զկնի վախճանի կրկին ամուսնեացն, եկն բնակեցաւ ի վանս վսեմական եւ փառաբնակ սուրբ ուխտս Ամենափրկչի Նոր Ջուղայու, յերկիրս Պարսկաստանի, Ասպահան արտաձայնելոյ։ Ի թագաւորութեան արքայանիստ գահիս տեղապօլսոյ, մեծապատիւ եւ խաղաղասէր Շահ Սուլթան Հուսէնին, որոյ տացէ Տէր ամենաթագաւորն Աստուած երկար կեանք, ամենաբարի վայելչութեամբ, յաւուրս որոյ սկիզբն եղեւ տառիս եւ աւարտ։ Եւ առաջնորդ սուրբ ուխտիս՝ հեզահոգի, խոնարհամիտ եւ սրբասէր Աղեքսանդր բանիբուն եւ աստուածաբան Արքեպիսկոպոսին, ձեռամբ Մկրտիչ քահա«Քանզի նոյն վերոյ ասացեալ այրն բարի, մահդասի վարպետ Կոստանդն, յետ մտանելոյ ի վանս՝ եցոյց զարդիւնս յոլով բարութենէն։ Նախ զի ամենայն հոգս տանս, աշխատութիւնք եւ տաժանմունք՝ յանձին կալեալ ունի. երկրորդ, զամենայն պէտս եղբայրութեան՝ ինքն հոգայ, անտրտունջ կամօք, երրորդ, զի զդպիր մանկունսն, որ ի դպրոցի ուսուցանէ, անթարթ ակամբ եւ անխոնջ աշխատանօք, պէսպէս եւ զանազան ուսմամբ կրթելով եկեղեցական եւ վաճառական արհեստիւ փարթամացուցանելով համարողականին եւ երկրաչափականին, եւս ներհուն առնելով եւ այլ մասնաւոր ուսմանց, որովք բազում որդիս ի փառս ածեալ է, զոր ահա քսան ամ է որ վարի գործառնութեամբքս այսոքիւք, յամենայնի հաւատարիմ, բանիւք եւ գործովք, որում եւ հատուցումն արդարութեան եղիցի լացքաք հատուցչէն, աստ եւ ի հանդերձելումն. ամէն։ «Եւ դարձեալ սոյն այս առն պատուականի տեսեալ զպայծառութիւն, զգեղեցկութիւն եւ զպիտանի հարկաւորութիւն գերահռչակ գրոցս, ցանկացող եղեալ սմին ազնուամեծար եւ հոգիաշունչ անկապտելի գանձուցս աստուածային, եռափափակ բաղձմամբ եւ եռանդնոտ պարփամբ՝ ետ գրել զսա ի լաւ, յընտիր եւ կատարեալ օրինակէ. բայց ոչ տեսեալ աւարտումն սուրբ ցցսա, ի տետր էինք հասեալ եւ թիւն ՌՃԾԱ ( = 1702) եւ Յունիսի իէ ( = 27), եղեւ վախճան սուրբ ծերունոյս, որ գնաց առ ցանկալիս ամենեցուն Քրիստոս Աստուած։ Ի հալալ ընչից եւ յարդար վաստակոց իւրոց, զոր ունէր մթերեալ ի վաճառականութեան ժամէն եւ ոչ ի վանաց ստացեալ, որպէս ոմանք առնեն, ստացաւ զսա յիշատակ հոգւոյ իւրոյ եւ ծնօղացն, հօրն բարեպարիշտ եւ քրիստոսասէր Ռամազին, եւ մօրն ամօթխած եւ երկիւղած Զիթանին եւ որդւոյն Աղեքսանդր վարդապետին, եւ կողակցացն Ձեբեդեայ եւ Տալիթային, եւ եղբօրն Մնացականին եւ քեռն կուսան Տատկումին, եւ դստերն Մարմարին գնացելոյ առ Քրիստոս, եւ այլ ամենայն արեանառու մերձաւորաց իւրոց, կենդանեաց եւ հանգուցելոց, եւ համօրէն երախտաւորաց եւ աշխատաւորաց տացին պարգեւ բարեաց այժմ եւ յաւուրն աներեկի. ամէն։ «Այլ արդ, ով տէր համայնից եւ փրկիչ բոլորեցունց, Աստուած իմ Յիսուս Քրիստոս, (նայեաց) ի դատապարտեալ եւ ի յոգնամեղ Կոստանդս, որ եմ զաւակ ծառայի քո եւ որդի աղախնոյ քոյ, ունայն գոլով եւ թափուր յամենայն բարեաց, ոչ ունելով զնըւէրս ընծայից՝ ըստ վայելչութեան արժանապատիւ տէրութեանդ, բայց միայն զայս պտուղ շրթանց արժանաւոր ծառայից քոց, շնորհեալ ի քումմէ ամէնառատ գանձարանէ, բարձեալ զսա մեղսամերկ բազկաւս՝ տարեալ ընծայեցի ի տուն Տեառն խայրիս խորհրդական եւ դահմունս նուիրական կաթողիկէ եկեղեցւոյս Ամենափրկչի սրբոյ, եւ ի գուճ անկեալ աղաչեմ եւ յոգնահառաչ ձայնիւ պաղատիմ։ Ով գերապանծ եւ լուսաճեմ առագաստ երկնաւոր փեսային, հայցեա՛ամենայն սրբովք ի գլխոյն քո սխրալի, ընդունել զսա յիւր աստուածային գանձարանն պատարագ հաճելի, եւ թէ ոչ ընդ պատուականսն, սակայն ընդ չքաւորեալսն առ խորանաւն՝ որք մազ մատուցանէին եւ կամ բաժակ մի ցուրտ ջրոյն կամ ընդ երկուս լոմային։ Յաղագս որոյ մայրամած դիմօք մաղթեմ զդասս սրբազանիցդ, զի յիշման զմեզ արասջիք արժանի, եւ ոչ առնել անտես զանէութիւնս իմ, որ կամ հողացեալ եւ կորդացեալ գերեզմանի, այլ առաջի աչաց համարեսջիք՝ գոգ ի վեր քարշեալ զօրէն մուրողաց, շառագունեալ դիմօք եւ տվայտեալ երեսօք, խնդրել ի ձէնջ փշրանս ողորմութեան, այսինքն միով նըւագիւ երկնաւոր զենմանն առնել արժանի, զոր եւ ձեզ յիշողացդ, ընդ մեզ յիշեցելոցս, ի նոյն ի Տեառնէ եղիցի մեզ ողորմութիւն յամէներջանիկ կեանսն. ամէն։ «Ով հարք իմ, սուրբ գրքիս լաւ խնամքով պահէք, ի կրակէ, ի ջրէ եւ ձիթէ եւ ամենայն պատահարէ, մանաւանդ Տէր Մկրտիչ գըծող սորա յիշէ. վերջ։ «Ով քրիստոսասէր ընթերցօղք յիշեցէք զեղկելի սրբագրօղք տառիս զԱստուածատուր եւ զՅակոբ աբեղայքս, եւ զձեզ Աստուած յիշէ. ամէն»։ 2. Թղ. 388ա1. «Քրիստոս Աստուած, յաւուր մեծի թաղմամբդ եւ ընդ քեզ յարո մահդասի վարպետ Կոստանդին եւ ծնօղացն, հօրն Ռամազին եւ մօրն Ձիթանին եւ որդոյն Աղեքսանդր վարդապետի եւ զայլ ամենայն արեանառու մերձաւորացն, կենդանեաց եւ հանգուցելոց։ Եւ մանաւանդ ինձ Մկրտիչ երիցիս հոգին, եւ հօրն իմոյ Աղաթեղէ, եւ մօրն իմոյ Անայուն եւ այլոցն ամենեցունց, ընթերցողաց եւ լսողաց առհասարակ Քրիստոս Աստուած ողորմեսցի. 3. Թղ. 284բ-285ա. «Թիւն փրկչին ՌՁԲ ( = 1702) եւ թիւն Հայոց ՌՃԾԱ, եւ Յունիսի ԻԷ ( = 27) երրորդ ժամուն, հանգեաւ ի Քըրիստոս երանելի այր ծերունի վարպետ Կոստանդն զըստացող սուրբ գրոյս»։ 4. Թղ. 8ա. «Արդ սկիզբն գրոյս եղեւ թիւն փրկչին ՌԷՃԱ ( = 1701) եւ թիւն Հայոց ՌՃ0, Օգոստոսի ԺԱ ( = 11). ղամբ իդ 5. Թղ. 601բ. «Եղեւ աւարտ սորա թիւն Հայոց ՌոԾԲ ( = 1703), յամսեանն Մարտի ԼԱ( = 31), եւ ղմս. ԺԲ ( = 12)»։

Informations

1861ին, Պր. Սերովբէ Ալիշան, եղբայրը Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի, նուիրած է Ս. Ղազարի Մատենադարանին։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, որ կը պատկանի Գրիգոր ելաթեցիի խմբագրութեան, որուն նմանները բազմիցս տեսանք նախորդ օրինակներուն մէջ։ Ստորեւ կու տանք գլխաւոր բաժանումները։ 1. Թղ. 1բ-7ա. «Յանկն է Յայսմաւուրքիս, ըստ այբուբենից, վասն դիւրեաւ գտանելոյ զպատմութիւն սրբոց Մարտիրոսաց զոր եւ կամիս»։ 2. Թղ. 8ա. «Նաւասարդի Ա. եւ Օզոստոսի ԺԱ. Տօն է սուրբ Կարապետին Յովհաննու, զոր կարգեաց ի Տարօն սուրբն Գրիգոր Լուսաւորիչն մեր»։ 3. Թղ. 52բ1. «Հոռի Ա. Սեպտ. Ժ. Վկայաբ. Մինադորայ...»։ 4. Թղ. 93ա2. «Սահմի Հայոց ամիս ի Ա. եւ Հոկտ. հռոմայեցւոց ի Ժ. Տօն է յղութեան Եղիսաբեթի»։ 5. Թղ. 137ա1. «Տրէի Ա. Նոյեմ. Թ. Վկայաբ. Անտոնիոսի...»։ 6. Թղ. 186բ2. «Քաղոց Ա. Դեկտ. Թ. Տօն է յղութեան Աննայի»։ 7. Թղ. 220բ1. «Քաղոցի ԺԹ. եւ Դեկտ. Իէ. Տօն է սրբոց առաքելոցն գլխաւորացն Պետրոսի եւ Պօղոսի»։ 222բ1-224բ2. «Թուղթ սրբոյն Դիոնէսի առ Տիմոթէոս, յաղագս մահուանն Պետրոսի եւ Պօղոսի եւ նահատակութեան նոցին. Ով աշակերտ աստուածային եւ որդի հոգեւոր...»։ 8. Թղ. 254ա1. «Արաց Ա. Յունուարի Ը. Վերստին տօն է Ծննդեանն... եւ Թէօփի9. Թղ. 299բ2. «Մեհեկի Ա. եւ Փետր. Է... Անդրոնիկոսի...»։ 10. Թղ. 353ա2. «Արեգի Ա. եւ Մարտի Թ... Քառասնիցն որք ի Սեբաստիայ կատա11. Թղ. 385ա2. «Արեգի ԺԶ. եւ Մարտի ԻԴ.., Աւետարանչին Մարկոսի»։ - 386բ1388ա1. «Յայսմ աւուր պատմութիւն եւ յիշատակ է քաջ նահատակին Միրաքի թաւրիզեցւոյն. Երանելի Աւաքն Միրաք... ազգաւ հայ... կատարեցաւ Միրաք Աւագն ի թվականիս մերում ԹՃ եւ ԼԵ ( = 1486)»։ 12. Թղ. 423ա2. «Ահկի Ա. եւ Ապրիլի Գ... Սահակայ եւ Համազասպայ»։ 13. Թղ. 472ա2. «Մարերի Ա. եւ Մայիսի Ը... Որդւոցն Որոտման»։ 14. Թղ. 509բ2. «Մարգաց Ա. Յունիսի Է... Սիւքիոսի անապատաւորի»։ 15. Թղ. 541բ2. «Հրոտից Ա. Յուլիսի է. Վկայաբ. սրբոյն Պրոկոպոսի»։ 16. Թղ. 585բ1-559բ1. «Պատմութիւն Յովասափայ Հնդկաց թագաւորին եւ Բարաղա

Content