Other notices
— - Bibliographic notice
734
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ Թ
ՋՂ = 1541 - ՋՂ = 1541

ID
Number
734
Old record number
1136
Title
ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ Թ
Start date
ՋՂ = 1541
End date
ՋՂ = 1541
Date details

ԶՂ = 1541։

Copy place
նէյթուն։
Reference
Type
Number of pages
497
Dimension
23x32
Layout
երկսիւն, իւրաքանչիւրը 7,5x26։
Writing details

բոլորգիր։

Codicology

44. սկիզբէն թերի ըլլալով՝ կորսուած են ա եւ բ, իսկ գ ունի 5 թղ., միջանկեալ ալ թուղթեր ինկած ըլլալով՝ է եւ իա ունին 10 թղ., ժա, իզ, իթ, լը՝ 11 թղ., իե՝ 9 թղ., մնացածները իւրաքանչիւր 12 թղ.։

Principal subject
Subject details

թուղթ։

Number of lines
43։
Binding

խաւաքարտ կաշեպատ, գործ ԺԹ դարու։

State of preservation

արտաքսապէս ներկայանալի, հաւանաբար անկազմ հասած է Վենետիկ եւ հոն կազմուած, քանի կազմին վրայ կը տեսնուի Մխիթար Աբբահօր քրիստոնէական տպագիր գիրքէն հատուած մը։ Ձեռագիրս թերի է սկիզբէն. միջանկեալ զանազան տեղեր թուղթ ինկած են, այսպէս՝ ընդ մէջ թղ. 5-6, 61-2, 110-1, 218-9, 228-9, 273-4, 2845, 304-9, 4156, 473-6, 436-6։ Հատուած մը պատռած է թղ. 146 եւ 158։ Ձեռագիրս հանդիպած է խոնաւութեան, թուղթերը սեւցուցած, առանց վնասելու գրութեան։

Copyist
Գաբրիէլ։
Owner

մահտեսի Տօնապետ, որ գրել տուած է Ձէյթունի Չարխափան Աստուածածնի եկեղեցիին համար։

Commanditaire
Illuminator
հաւանաբար գրիչր։
Binder
կը յիշուին իբր կոկող՝ Անտոն աբեղայ եւ Նիկողայոս սարկաւագ, որոնք օգնած են Գաբրիէլ գրիչին։
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

Initials

Marginal illuminations

շուրջ 300 հատ, իւրաքանչիւր նոր օր սկսելուն։

Images

չկան։

Canon tables 1

թղ. 191ա, 309ա, պարզ եւ ճաշակաւոր, բազմագոյն։

Canon tables 2

թղ. 25ա1։

Title text

երկու տեսակ կարմիր մելանով։

Blank pages

թղ. 495բ, ուր գրիչի փորձեր կատարուած են։

Colophon

1. Թղ. 494ա1 - բ2. «Փառք...։ Եւ արդ, քանզի որք մեծութեան ընչից ըղձանան, ոչինչ աշխատութիւն զմտաւ ածեն յայլմէ յայլ անցանել, գաւառս, հեռագնաց ուղեւորութեամբ, որպէսզի զշահն աճեցուցեալ մարթասցին։ Նայ եւ ընդ համատարած ծովուն ծփանս նաւարկեալ, որք բարկացայտ ալեօքն լեռնացեալ բարձրանան եւ կոհակաձեւ դաշտանան անդնդապտոյտ խորոցն փքացեալ կուտիցն, մէտ առ մէտ ալեացն ահ պակուցող տեսանողացն արկանելով։ Իսկ արիացեալքն ստորիջիցն ի խորս խաւարային ձորոցն համարձակին ի քարաժեռս դժ(ո)ւարային տեղեացն՝ ի խնդիր ականց զանազանաց։ Եւ ոմանք ըստ ջրամտական զօղնորդութեանն, որք քօղարկեալ զերեսօքն եւ իջանեն ի յատակս անդլընդական ծովուն, ի խնդիր լուսափայլ մարգարտաց, ոչինչ ահ զմտաւ ածելով զվիշապաձեւ գազանաց ծովուն, լաւ համարելով զկորուստ անձանց, քան թէ ու նայն ձեռօք զվատացն ժառանգել զանուն։ Եւ այլք ըստ քրէական արուեստին, զոսկւոյն գիւտ ճարտարասանեալ, յառաջ բերելով զանօթսն պատուական։ «Ըստ նմին աւրինակի ի խնդիր ելեալ այսմ հոգիանորոգ եւ լուսերանց ծաղկաւէտ եւ վարդափթիթ անուշահոտ բուրաստանիս, պատուկան եւ աստուածասէր եւ բարեմիտ մղտիսի Տօնապետն, եւ ստացաւ զմարգարտաշար տառս զայս եւ զանառիկ մեծութիւնս, զպայծառութիւնս մանկանց սուրբ եկեղե«Եւ ես Գաբրիէլ գրիչս, տեսի զեռափափաք սէր սորա՝ զոր ունէր հետ սուրբ գրոցս, եւ ձեռն արկեալ գրեցի ըստ իմում տկարութեանս եւ ըստ Աստուծոյ յաջողութեանն, յաւարտ ածի զսուրբ գիրքս՝ որ կոչի Յայսմաւուր, որ ունի հաւաքեալ ի յինքեան զճառս՝ տէրունական տօնից, եւ զպատմութիւնս եւ զգործս առաքելոց եւ մարգարէից, զվարս սրբոց հարանցն եւ զյիշատակութիւնս ամենայն արդարոց, զհնոց եւ զնորոց, զարիութիւնս թագաւորաց եւ զհրաշագործութիւնս հայրապետաց, զժուժկալութիւնս կուսանաց եւ զնահատակութիւնս արեամբ ներկեալ մարտիրոսացն, որք ազգի ազգի տանջանօք եւ դառն մահ(ո)ւամբ կատարեցան վասն անուանն Քրիստոսի։ «Եւ եղեւ գրաւորութիւն գրոցս ի Ջ եւ Ղ ( = 1541) թուականին Հայոց, ի լաւ եւ յընտիր օրինակէ՝ որ ասի Ծերենց, եւ այլ աւելի քան զնորացն, զի շատ նոր վկայք աստ գրեցան եւ հարստացաւ գիրքս այս քան զայն։ Ընդ հովանեաւ սուրբ եկեղեցւոյս որ անուամբ կոչի Սուրբ Կարապետ, ի հայրապետութեան Տեառըն Սիմէոն կաթողիկոսի։ «Արդ որ հանդիպիք սուրբ գրոցս, կարդալով կամ աւրինակելով, յիշեցէք ի սուրբ յաղօթս ձեր զվերոյ յիշեցեալ ստացող գրոցս զՏօնապետն, եւ զծնօղսն իւր զՃըւանշէին եւ զԱսանթանն եւ զամուսինն իւր զՈսկէհատն, եւ զքոյրն իւր զՆազուքն, եւ զմեծ մայրն իւր զՏիլտարն եւ զամենայն ազգայինս իւր, եւ լի բերանով եւ ուղիղ սրտիւ Աստուած ողորմի ասացէք բարիհոգի Տօնապետին եւ իւրոցն ամէնին որք յիշատակեցան աստ, եւ Աստուած ձեզ ողորմեսցի. ամէն։ «Իսկ որ շարժողն է ամենայնի եւ զի շարժէ զամենայն էակս ի բարի, եւ ինքն անշարժ է յամենայնի, Հոգին Աստուած ճշմարիտ, շարժեաց զշարժումն բարի եւ բորբոքեաց ի սիրտ եւ յոգի յայս բարեսէր մղտսի Տօնապետի, որ շարժեցաւ ի նախանձ բարի եւ ցանկացաւ այսմ տառի եւ հոգելից սուրբ մատենի, աստուածատունկ բուրաստանի, եւ բազմածիւղ այսմ ծառի որ բագում պտուղ յինքեան ունի, եւ կերակրին մանկունք բարի։ Որոտ ընդոստ գարնանային քաղցր բարբառի, որում հոգւոյն ունկն բաց(ո)ւի. ըզսորա բանքն յինքն ընդունի, եւ ի շնորհացն Հոգւոյն զմայլի, որով Աստուած Հոգին ի յինքն հանգչի, ւիւր սուրբ տեսոյն առնէ արժանի, յարքայութեան ունի տեղի, յորում սուրբ տառս յիշատակի իւր եւ ծնօղացն եւ ամենայն մերձաւորաց նախնեացն ամենայնի։ «Յորժամ յարութիւն հոգւոց լինի, նա ինքն յառաջ երթայ բազմի ընդ սուրբ վարդապետացն եւ ան(ո)ւանակցին իւր պսակի, նայ որ առնէ զգործս բարի, ամենեւին թող չերկբայի, ւլուսայ յԱստուած տէրն ամենի, հանգուցանէ ի գոգն Աբրահամի, եւ պսակէ ընդ սրբոցն յամենայնի, յայնժամ փառօք նա զարդարի, յաւիտենի. ամէն։ «Այլ եւ զիս զմեղաւոր գծողս զԳաբրիէլ, աղաչեմ յիշել առ Տէր, եւ զծնօղսն իմ զԿոստանդինն եւ զՈսկի մահդասին, եւ զքոյրսն իմ զՄեծ տիկինն եւ զՄարիամն, եւ զհօրեղբարսն իմ զմղտիսի Յովաննէսն։ Այլ եւ զհոգեւոր որդիսն մեր զԱնտոն աբեղայն եւ զՆիկողայոս սարկաւագն՝ որ աշխատեցան ի կոկել թղթիս եւ զայլ փոքր սարկաւագունս մեր եւ զամենայն արեան մերձաւորս մեր, եւ լի բերանով Աստուած ողորմի ասել եւ Աստուած ձեզ ողորմեսցի. ամէն։ «Եւ զի ետ զսա մղտիսի Տօնապետն ընծայ եւ ն(ո)ւէր ի դուռն Ձարանցից Սուրբ Աստուածածին Ձեթոնոյ վանացն, անջինջ յիշատակ իւրն եւ ծնօղաց իւրոց։ Եւ մի՛ ոք իշխեսցէ հեռացուցանել զսա ի դրանէ Չարխափան Սուրբ Աստուածածին, այլ կացցէ յիշատակ յաւիտենից Տօնապետին եւ իւրոցն ամենին, եւ լաւ պահողն եւ խնամողն աւրհնեսցի յԱստուծոյ. ամէն։ «Եւ ով ոք որ հեռացուցանէ զսուրբ գիրքս ի դրանէ սուրբ եկեղեցւոյս, թէ վարդապետ, թէ եպիսկոպոս, թէ կրօնաւոր, թէ աշխարհական եւ թէ այլ ոք, զպատիժն Յուդայի եւ զխաչահանուացն ընկալցի եւ զչորս կողմ աշխարհիս անէծքն ընդունիցի, եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս. ամէն»։ 2. Թղ. 86բ2. «Որ ողորմի ստացողի գրոցըս՝ մղտիսի Տօնապետին եւ ծնօղաց նորին Ճուանշէրին եւ Ասանթանին, Նազուքին եւ Յակոբին, Տիլտարին եւ Ոսկէհատին. ամէն»։ վկայաբանութիւններուն աւարտին, ըստորին լուսանցքին վրայ, գրիչը ստէպ կը կատարէ տաղաչափեալ խորհրդածութիւններ, որոնցմէ կու տանք քանի մը նմոյշ. 3. Թղ. 105բ. «Սպաննաւ որդով կինն ընդ նմա, Եւ դասեցաւ ընդ սատանայ»։ Թղ. 106ա. «Պատմութիւն պիղծ պատըրկին, Թէպէտ թաղւաւ յեկեղեցին, Այլ այրեցաւ ի գեհենին»։ Թղ. 124ա1. «Մանուկ ապրեալ ի կամարին, Որպէս Մովսէս ի տապանին»։ Թղ. 124ա2. «Այս մեծատուն հիւանդացաւ, Զգանձս իւր բաշխեաց ւառողջացաւ, Փոշիմանեալ ւյայոց առաւ. Եւ նոյնժամայն անկեալ մեռաւ»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ կան. 4. Թղ. 495ա2. «Ի մեծ պահոյցը առաջի կիրակին, Սահակ օրհընվեցաւ ի վանքը, ի անառակին կիրակին, Տէր Մարգարէն, ի տնտեսի կիրակին, որ էր փետիրվարին ԻԴ ( = 24), որ ես մահտեսի Հովիկի որդի, հող եւ փոշի կոխան ամենայնի, այսինքն Գայուստըս առի ըզկարք քահանայութեանն ի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ի Յարութիւն վարդապետէն, ի թվին ( = 1790)»։ 5. Թղ. 497ա2. «Գրեցաւ գիրս ի թուին ՌՄՉԲ ( = 1833), ձեռամբ անպիտան եւ անարժան մեղաւոր Տէր Մնացականս, որ ի գեօղն Ձէյթունոյ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյս սպասաւոր եւ անպիտան (հատուած մը պատռած եւ կորսուած) դիւրին... գտանել, վասն այ (սուրիկ գր)եցի աշխատանօք զայս մասնաւոր տետրակս, ձեզ հաճելի եւ ինձ յիշատակ մեղուցելոյս։ Եւ եթէ գտանիցէք սխալ ինչ ի մէնջ գրոյս, անմեղադիր լերուք, սորին առիթն է ծերութեան եւ տկարութեանս։ Վասն որոյ աղաչեմ զձեզ, յորժամ ընթեռնուք զսուրբ գիրս, յիշեցէք զմեղապարտ Տէր Մնացականս եւ զծնօղսն եւ զեղբայրսն իմ եւ զորդին իմ զտիրացու Յարութիւնն, միով Հայր մերիւ, եւ դուք յիշեալ լիջիք ի Քրիստոսէ Աստուծոյ մերոյ. ամէն։ «Նա եւս յայտ լիցի ընթեցցցցացքր գրեծաւ գիրս ի ժամանակս Մէհէմէտ Ալիին, որ յԵգիպտոսէ խաղաց եւ գնաց ի մայրաքաղաքն Ըստամպօլ, մարտնչիլ ընդ արքային տաճկաց, թուականիս Հայոց ՌՄՁԲ ( = 1833)։ «Ծանուցումն լիցի առ ընթերցողացդ, ի մերում ժամանակիս սով սաստիկ եղեւ, մէկ քիլէ ցորենն ժբ( = 12) զռշի, ի Սեպտեմբերի ամսոյն, մինչեւ ի հունձս քաղելոց, եւ ետ սորա առատութիւն եղեւ, մէկ քիլէ ցորենն գ( = 3) ղռշ եղեւ եւ շատ առատութիւն եղեւ, փառք բարերարին Աստուծոյ. ի թվին մերում ՌՄՂ ( = 1841)»։ 6. Թղ. 497բ2. «Յամի Տեառն 1852, Ապրիլի 18ին, Տէր Մնացական սրբակրօն եւ մաքրափայլ քահանայն փոխեցաւ առ Աստուած. լուսատուն ամենեցուն Քրիստոս զհոգին իւր լուսաւորեսցէ եւ սրբազան քահանայիցն պսակացն արժանի արասցէ, եւ Հոգին Սուրբ Աստուած զմեզ մխիթարեսցէ։ Նա եւս ի նորին շնորհացն լցուսցէ զմանկունս սրբոյ եկեղեցւոյս. ամէն։ «Նա եւս յամի փրկչի մի հազարի եւ ութնհարիւր յիսունեկի այլ եւ երեք յարաբարդի ( = 1853). եւ Յունվարի յերեսնեկի ( = 30) զՏէր Մնացական սրբակրօն քահանայ(ի) սիրելի որդին Տէր Յոհաննէս իմաստնափայլ քահանայն հանգեաւ ի Քրիստոս եւ եթող մեզ եւ բոլոր ժողովրդոցն՝ ոչ սակաս տրտմութիւնս եւ սուգ յաշխարհիս»։ 7. Թղ. 495ա1. Արդի շեղագրով. «Մարաշու Ազիզ փաշան մեր վրայ եկաւ, մենք ալ ի չախս տէրայ դիմեցինք եւ այն տեղ պատերազմը վերի թաղէն եւ մեր թաղէն 100 տղայ ջարտեցին, եւ օրոնց անունները ասոնք են. Աւետիք, Տալջիւն, Մարտիրոս, Յակոբ, Չըսփառիւն (1), Տէլիղուշ, Պապիկ։ «Յամի 1871 Յունվարի 24ին որ այրեցաւ անթիրասինց, որ կըսվի ուրանիւն, ան օրն ալ բոլոր աշխարհս շարժեցաւ, մեծ հռաչում «Ծաղկազարդ կիրակի օրն գրեցաւ այս գիրը. Աստուած շնորհք եւ իմաստութիւն տայ գրողին. 1872 Ապրիլ 2։ «Ստեփան Տաշջունի որ ձեռնադրեց ի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին»։

Informations

«Գնեցաւ ի Կ. Պօլիս, յամի 1894»։ Մատեանս է Յայսմաւուրք, որ աննշան տարբերակներով՝ կը հետեւի Զ Յայսմաւուրքին ունեցած կարգին։ Ստորեւ կու տանք իւրաքանչիւր ամսուան առաջին օրուան պատկերը։ 1. Թղ. 1բ1. «Նաւասարդ Ժ. Օգոստոս Ի. մօրն Վասայ»։ Ձեռագրիս առաջին թուղթերը կորսուած ըլլալով, թղ. 1ա կը սկսի Նաւասարդի Թ. օրուան Ատոմեանց վկայաբանութեան կէսէն։ 2. Թղ. 25ա1. «Հոռի Ա. Սեպտեմբեր Ժ. Վկայաբանութիւն երից սուրբ կուսանացն եւ Պօղոսի եպ. ի»։ 3. Թղ. 61բ1. «Սահմի Ա. Հոկտեմբեր Ժ. Թշրին ԻԲ. Տօն յղութեան Եղիսաբէթի զսուրբ Կարապետն»։ 4. Թղ. 97ա1. «Տրէ Ա. Նոյեմբեր Թ. Վկայաբ. սրբոյն Անտոնիոսի եւ Բիքտորո5. Թղ. 141բ2. «Քաղոց Ա. Դեկտեմբեր Թ. Տօն է յղութեան Աննայի Յովակիմայ ամէնաւրհնեալն Մարիամ»։ 6. Թղ. 197ա2. «Արաց Ա. Յունուար Ը. Վերստին տօն է Ծննդեան եւ Յայտնութեան եւ վկայաբ. Թէոփիլեայ»։ 7. Թղ, 234ա2, «Մեհեկի Ա. Փետրուար է. Անդրոնիկոսի եւ ամուսնոյն իւրոյ Աթանասիայ»։ 8. Թղ. 277բ1. «Արեգ Ա. Մարտ Թ. Վկայ յաբ. սրբոց Քառասնիցն»։ 9. Թղ. 333բ1. «Ահեկի Ա. Աարի, Ը. Սրբոց իշխանացն Սահակայ եւ Համազաս10. Թղ. 374բ2. «Մարերի Ա. Մայիս Ը. Որդւոցն Որոտման, Յակոբայ եւ Յովհան11. Թղ. 409ա2. «Մարգաց Ա. Յունիս է. Սիւքիանոսի անապատաւորի»։ 12. Թղ. 440բ2. «Հրոտից Ա. Յուլիս է. Վկայաբ. սրբոյն Պրոսկոպիոսի»։ 13. Թղ. 473ա2. «Աւելեաց Ա. Օգոստոս Զ. Տօն է Այլակերպութեան»։ 14. Թղ. 477բ2. «Աւելեաց Ե. Օգոստոս Ժ. Պատմութիւն Յովասափայ թագաւորի եւ Բարղամու ճգնաւորին»։ 15. Թղ. 489բ1. «Պատմութիւն նախահարցն սրբոց Ադամայ եւ որդւոց եւ թոռանք նորա. Եւ յետ ելանելոյն Ադամայ...»։ Ստորին լուսանցքին վրայ գրիչը դրած է սա ծանօթութիւնը. «Զպատմութիւնս նախահարցն կարդա՛յ յաւուր կիրակէի եւ զանպիտան գծողս յիշեայ, եւ յայլ օրինակաց ի յետեւ հրեշտակապետացն է գրած զպատմու16. Թղ. 491բ2. «Հոռի ԺԲ, եւ Սեպտեմբերի ԻԱ. Կատարումն սրբոյն Եղիշէի առաքելոյն»։ 492ա2. «Յայսմ աւուր վկայաբ. սրբոյն Դաւթի. Սա էր ի յերկրէն Խարբերդու, որդի Գրիգոր քահանայի»։ 492բ2. «Յայսմ աւուր յիշատակ է սրբոյն Խաչատրոյ որ ի յԱմիթ կատարեցաւ. Սա էր յերկրէն Կողբայ»։ 493ա2. «Ի սմին աւուր յիշատակ է հապաշի Թադէոս ճգնաւորին, որ յԵրուսաղէմ կատարեցաւ. Սա յառաջ զինուորեալ թագաւորին»։ 17. Թղ. 496ա1 - 497ա2. Յետին դարու բոլորգրով՝ կայ Յայսմաւուրքին ցանկը Յունուար եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն։

Content