1094
343
ՌՀԹ - 1630։
բոլորգիր ընտիր։
2+Ա-ԻԷx12 (Իէ՝ 11 թղ.)+4։
մագաղաթ ընտիր։
դրոշմանիշ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ, դռնակով. աստառը սովորական թուղթ. ինկած են զոյգ փականքները, մնացած են մետաղէ գամերը։
բաւարար, կատարեալ ամէն տեսակէտով։
Գասպար քահանայ, որ կը կոչուի նաեւ սարկաւագ։
չունի։
բազմաթիւ, բոլորն ալ բազմագոյն եւ ընտիր զարդերով։
ոսկեգիր կամ կարմիր։
բազմագոյն եւ զանազան զարդերով՝ երեսունի չափ, որոնցմէ զատ կան փոքրիկ մանրանկարներու ոճով՝ զանազան սուրբեր, սրբուհիներ, մարգարէներ կամ թագաւորներ, բնագրին նիւթին համաձայն. այսպէս թղ. 5բ, 6ա, 11ա, 12ա, 14բ, 15բ, 17բ, 21ա, 24ա, 24բ, 28ա, 30ա, 31ա, 35ա, 36ա, 39ա, 50ա, 53բ, 80ա, 84ա, 90ա, 91ա, 123ա, 132ա, 153ա, 168բ, 194բ, 196բ, 199բ, 200բ, 223բ, 268բ, 282ա, բոլորն ալ բազմագոյն եւ դէմքերու կատարեալ արտայայտու թիւններով։
եօթը հատ, բոլորին ալ մեծութիւնը՝ շուրջ 5,5x7,5։ Թղ.3ա, Յիսուս բազմած գահի վրայ, ձախով բռնած է գիրք մը եւ աջը օրհնելու դիրքով. աջին կանգնած է Աստուածածին եւ ձախին Յովհաննէս Մկրտիչ։ Թղ. 103բ, սուրբ Երրորդութիւն՝ ամպերու վրայ, Հայրը նստած ձախին, կապոյտ զգեստով եւ կարմիր փիլոնով, բազկատարած, խօսելու դիրքով Որդիին հետ՝ որ է իր աջին, կարմիր զգեստը կիսամերկ մարմնին վրայ, աջով բռնած է խաչը. ձեռքերուն վրայ կը տեսնուին վէրքերը։ Երկուքին վերեւ կայ կապոյտ աղաւնին՝ թեւերը բաց։ Թղ. 142բ, նկարին վարի կէսը կը ներկայացնէ աստղազարդ կապոյտ երկինքը, որու վրայ տասներկու առաքեալները. նկարին վերի կեդրոնը, երկու քառակուսիներու մէջ, որու անկիւնները հրեշտակներ, Քրիստոս բազկատարած՝ օրհնելու դիրքով. զգեստն է ծիրանեգոյն, իսկ ետեւի խորքը կապոյտ շրջանակ։ Թղ. 179բ, Ս. Ներսէս Շնորհալի՝ կանգուն. նկարին խորքը՝ առաջին կէսը ոսկեգոյն, վարի մասը մութ կանաչ՝ մարմարաձեւ. սուրբը ունի սեւ երկար մօրուք, լուսապսակով, կապոյտ շապիկ եւ կարմրորակ բիւզանդական շուրջառ, դեղին ուրարով, սպիտակ խաչազարդ եմիփորոնով. ձեռքերը բաց են, ձախով բռնած է գիրք, աջը օրհնելու դիրով։ Թղ. 221բ, բազմակամար Սողոմոնեան տաճարը, որու կամարներուն տակ չորս անձեր, մին մօրուքաւոր, այլազան գոյն ըզգեստներով։ Թղ. 273բ, հրեշտակաց ներբողեանը սկսելէ առաջ, կը ներկայացնէ բազմութիւն մը հրեշտակներու, որոնց առջեւ կանգնած են երեք հրեշտակներ, այլազան գոյն զգեստներով, որոնցմէ երկու եզերք կեցողները ունին տէգ ի ձեռին, եւ միասին բռնած են բոլորաձեւ նկար մը՝ հաւանաբար Յիսուսի։ Երկինքը ոսկեգոյն է։ Թղ. 306բ, Քրիստոսի խաչելութիւնը. կեդրոնը գամուած Յիսուս, հինգ վէրքերէն եւ կողէն կը հոսի արիւն. խաչին ստորոտը գանկը։ Աջին Տիրամայրը եւ բարեպաշտ կիներ, ձախին Յովհաննէս աւետարանիչ եւ Յովսէփ Արեմաթացի։ Երկինքը ոսկեգոյն է, իսկ Երուսաղէմի մասը կապոյտ։ Բոլոր նկարներն ալ են բազմագոյն եւ յոյժ յաջող, դէմքերու կատարեալ արտայայտութեամբ եւ արուեստի գլուխգործոցներ։
թղ. 4ա, 104ա։
թղ. 143ա, 180ա, 222ա, 274ա, 281բ, 307ա։
կարմիր։
թղ. 2ա-3ա, 29ա, 142ա, 179ա, 221ա, 329ա։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 324բ. «Փառք եւ գոհութիւն սուրբ Երրորդութեան եւ միաստուածութեան, Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ աւրհնելոյն յաւիտեանս. ամէն։ Որ ետ կարողութիւն տկարութեան մերոյ հասանել յաւարտումն աստուածապատում եւ սքանչելապայծառ տառիս Տեառն Ներսէսի Կաթողիկոսի Հա(յ)աստանեացս եկեղեցւոյ, արեանառու եւ համանման մերոյն Լուսաւորչին, որ շարժեալ ի Հոգւոյն սրբոյ խաւսեցաւ բանս հրաշալիս եւ գեղեցկայարմարս տաղիւ չափով, սկսեալ յառաջին մարդոյն մինչեւ ի յաւարտն, զիւրաքանչիւր վարս պատմելով միշտ ի խրատ եւ ի զգուշութիւն։ «Արդ աղաչեմ զամենեսեանդ, որք հանդիպիք սմա կարդալով կամ յաւրինակելով, մէկ Հայր մեղայիւ մի յիշեցէք զՄիքաէլ գրիչըս եւ զծնաւղսն իմ, եւ զկենդանիս եւ զննջեցեալսն իմ, եւ Աստուած զյիշողդ յիշէ իւր միւսանգամ գալըստեանն. ամէն։ Հայր մեր որ յերկին։ «Դարձեալ յիշեցէք զըստացող սորին զմղտեսի Տէր Գասպարն եւ զիւր ծնաւղսն Աստուածատուրն եւ զՄինան եւ զեղբարքն զՄելքոնն եւ զԹումասն եւ զքոյրն զՄարգարիտն, եւ Աստուած զյիշողդ յիշէ իւր միւսանգամ գալստեանն. ամէն։ «Գրեցաւ թվին ՌՀԹ (1630), ի մայրաքաղաքն ի Կոստանդինուպաւլիս, ձեռամբ Թոխաթցի Միքաէլի, ի վայելումն Գասպար քահանա(յ)ի. Աստուած բարով վայելել տացէ իւրեանն. ամէն»։ 2. Թղ. 328ա. «Փառք.... Գրեցաւ ի մայրաքաղաքն Կոստանդինուպաւլիս, թմին ՌՀթ (1630), ձեռամբ անարժան գրչի Թոխաթցի Միքաէլի, ի վայելումն մղտեսի Գասպար սարկաւագի. Աստուած բարով վայելել տացէ իւրեանն. ամէն։ Արդ աղաչեմ զամենեսեանըդ, որք հանդիպիք սմա կարդալով կամ յաւրինակելով, մէկ Հայր մեղայիւ մի յիշեցէք զՄիքաէլ գրիչս, եւ զծնաւղսն իմ եւ զկենդանիս եւ զննջեցեալսն, եւ Աստուած զյիշողդ յիշէ իւր միւսանգամ գալըստեանն. ամէն։ Հայր մեր որ յերկին։ «Դարձեալ յիշեցէք զըստացող սորին ըզԳասպար սարկաւագն եւ զիւր ծնաւղսն զԱստուածատուրն եւ զՄինան, եւ զեղբայրքն զՄելքոնն եւ զԹումասն եւ զքոյրն զՄարգարիտն, եւ Աստուած զյիշողդ յիշէ իւր սուրբ արքայութիւնն. ամէն»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ. 3. Թղ. 329բ. «Յիշատակ է Յիսուս Որդիս Միքայէլին կընոչէն Սալչուկին եւ հաւրն Կիրայկոսին եւ որդոցն Թորոսին, Նիկողոսին, Կարապետին, Գրիգորին, կողակցին Սալչուկին, Մարգարին եւ այլ ամենայն արեան մերձաւորացն. ամէն»։
1886ին գնած ենք Պոլիս։ Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 5ա. «(Ներսէսի Շնորհալւոյ, Ողբերգութիւն). Յիսուս որդի հաւր միածին, եւ ճառագայթ կերպարանին, ծնունդ անճառ սկըզբնատրպին, անհատաբար քում ծընաւԹղ. 99ա. «Յիշատակարան Տեառն Ներսէսի ի վերայ սուրբ Աստուածաշունչ գրոց. Ի վեց հարիւր հա(յ)ոց թվական, եւ առաջին սկսեալ նոր ամ»։ 2. Թղ. 104ա. «Նորին Տեառն Ներսէսի Բանըս հաւատոց դաւանութեան. Խոստովանիմ Աստուած ըզհայր, անծին անեղ եւ անըսկիզբն, խոստովանիմ Աստուած որդին, անժամանակ հաւր միածին, խոստովանիմ Աստուած զհոգին, ի բնութենէ հաւր անքըննին»։ Թղ. 138ա. «(Յիշատակարան). Ինձ ոչ էր ակն եւ ոչ նման, զի սիրտն յիմար անձն անարժան»։ 3. Թղ. 141բ. «Տեառն Ներսէսի վասն երկնից շրջագայութեան եւ զարդուց նորա, ի չափ երկոտասանից պարեալ ոտից, ի խնդրոյ բժըշկապետի եւ աստեղագիտի. Ի մեղական գոլով բնութիւն եւ սկզբնական, ի յանեղէն ձըգեալ կամար անզուգական»։ 4. Թղ. 150բ. «Նորաչափ այլաչափ տաղ, ի խնդրոյ անուն նախագիծ. Միշտ էիդ անեղ բնութիւն բնաւորեցան, անեղին անմահ բրնութիւն հետեւեցան» (սկ. «Մխիթար բժիշկ ընկալ ի Ներսէսէ զայս բան»)։ 5. Թղ. 152բ. «Նորին Ներսէսի Կլայեցո ասացեալ. Այբն առաջին ըզքեզ տղա(յ), հանէ յիմաստըն գերակա(յ)» (ակ. Ա-Ք)։ Թղ. 156բ. «Նախանձելի մարդկան լինիս, թէ զվերագրեալսդ ի միտ ունիս» (սկ. «Ներսէսի է»)։ 6. Թղ. 157ա. «Նորին Ներսէսի ասացեալ արարչութիւն. Անըսկիզբն ասէ զԱստուած, անեղ բնութիւն ոչ արարած» (սկ. Թղ. 160բ. «Նորոգ մանկունք իմաստութեան» (սկ. «Ներսէսի է»)։ 7. Թղ. 161ա. «Նորին Ներսէսի ասացեայ. Այբն Աստուծոյ զքեզ մերձակա(յ), լինել խրատէ թէ հաւատայ» (սկ. Ա-Ք)։ Թղ. 168ա. «Նորոգ բանիս յայսմիկ հանդէս, գումարելոց աստ տիրապէս» (սկ. «Ներսէս»)։ 8. Թղ. 168ա. «Տեառն Ներսէսի յիշատակարան Առակացն Սողոմոնի, զոր իւրով ձեռաւքն գրեաց. Աստուածեղէն հոգովն ի սմա, խաղաղութեան անուն արքա(յ), բարբառեցաւ իմաստութեամբ, զորդիս խրատեաց զգօնութեամբ» (սկ. եւ վերջատառք Ա-Ք)։ Թղ. 170ա. «Անդրադարձութիւն տառիս յիշատակիս սորա. Քաղցրագունիս եւ մաղթանաւք, լըցեալ հոգիս մեռեալ մեղաւք, փափագեցի սրտատրոփ, Ներսէս բնաւից բարեաց անփոխ» (սկ. եւ վերջատառք Ք-Ա)։ 9. Թղ. 172ա. «Նորին ի Ժողովօղ անուն ասացեալ. Սա մարգարէ աստուածաբան, եւ իմաստուն յոյժխոհական» (սկ. «Սողոմոն»)։ Թղ. 173բ. «Նըմանաբար խորհուրդ նըմին, յայտնէ եւ միւս անուն նորին» (սկ, «Ներսէսի բանս է»)։ 10. Թղ. 174ա. «Թուխթ մխիթարական Տեառն Ներսէսի Կաթուղիկոսի Հայոց, առ ոմն իշխան արեւելեան, վասն որդոյ իւրոյ տարաժամ մեռելոյ. Անտեսն է յոյս աստուածային, ըստ առաքելոյ անսուտ բանին» (սկ. Թղ. 175բ. «Նա(յ)եաց զոր ետ քեզ թագնաբար, հայրըն գթած եւ բարերար» (սկ. «Ներսէսի է Կաթողիկոսի Հայոց»)։ 11. Թղ. 177ա. «(Նորին Ներսէսի). Աստուածային բանից լըսել, ի մուտ բարեաց է մերձենալ, բայց որ բանից կենաց սովին, հոգով մեռեալ են ի մարմին» (սկ. Ա-Ք)։ 12. Թղ. 180ա. «(Վիպասանութիւն Հայկազնոյ սեռի եւ Արշակունեաց զարմի). Պարտապան է Հօր որդի, հատուցանել վարձ ծնաւղին, եւ անդրադարձ փոխարինին, բազում երկանց ըստ պատշաճին»։ 13. Թղ. 181բ. «Վիպասանութիւն սկսեալ նախնի, ըստ հոմերի վերստին. Աստանօր սկզբնաւորեալ, բանն իսկըզբանն սկիզբն եդեալ»։ 14. Թղ. 222ա. «(Նորին Ներսէսի, Ողբ Եդեսիոյ). Ողբացէք եկեղեցիք, հարսունք վերին առագաստի, քորք եւ եղբարք իմ սիրելի, որք ընդհանուր կողմ աշխարհի»։ 15. Թղ. 274ա. «Տեառն Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի ասացեալ մաղթանք. Այլ պաղատիմք առ հոգեղէնսդ, մեք տըկարքս եւ հողեղէնքս»։ 16. Թղ. 279բ. Անվերնագիր. «(Նորին Ներսէսի ասացեալ). Աստուած անեղ անհասական, հայր գթութեանց ինձ ողորմեա» (սկ. Ա-Ք)։ 17. Թղ. 281ա. «Գովեստ ներբողան պատմագրական բանիւ, յաղագս վարուց մեծին հայրապետին Տեառն Ներսէսի Հայոց Կաթուղիկոսի եւ տիեզերական վարդապետի, ասացեալ Տեառն Ներսէսի սրբոյ վարդապետի եւ սորա հարազատի որդւոյ դստեր որդւոյ. Շարժել ստիպէ հա(րկ) տէրունի, ըզդադարումն իմա բանի»։ Վերջին ներբողը, «Աստուածային տէր սրրբազան, Ներսէս հոգւոց մեր ըղձական, տեսուչ եւ հայր դու գթական, նախախնամաւղ եւ աւգնական» չէ օրինակուած իր տեղը, այլ տեղափոխուած է կազմի ատեն. կը սկսի թղ. 1ա-բ, եւ ապա կը շարունակէ թղ. 326ա-328ա։ 18. Թղ. 306ա. Անվերնագիր. «(Նորին Ներսէսի ասացեալ). Բարձրացուցէք ըզտէր Աստուած մեր միաբան, մարգարէն յառաջ ձայնեալ տայ ձեզ հրաման»։ - Վերջ թղ. 324ա. «Աստանաւր բանըս հանգիցէ, իրաւապէս ըզկաց առցէ, զի անդ ժրպիրհն որք ձեռնարկէ, որ ի մարմին դեռ կապեալ է, եկեղեցի այսաւր պարէ, զպայծառ նըշան ձայնիւ պատուէ, զՅիսուս ի սա փառաւորէ, այժմ եւ յապայն որ գալոց է»։