— - Bibliographic notice
1074
ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԺԲ. ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ
ԺԴ դար - ԺԴ դար

ID
Number
1074
Old record number
1104
Title
ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԺԲ. ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ
Start date
ԺԴ դար
End date
ԺԴ դար
Date details

նկատած գիրը եւ արտաքին պարագաները՝ անտարակոյս ԺԴ դարու գրչութիւն է, գուցէ աւելի հին եւս։

Copy place
Reference
Type
Number of pages
582
Dimension
13,5x18,5
Layout
միասիւն 11x15 կամ 10x14. երկսիւն՝ էջ 33-39։ Գրութեան չափերը շատ փոփոխական են, եւ հակառակ որ նոյն գրիչն է, բայց կամայական կերպով փոխած է չափերը։
Writing details

բոլորգիր՝ զանազան տեսակներով, սկսեալ հին բոլորգրէն, որ երբեմն կը վերածուի շեղագրի, իսկ էջ 45-57 շատ նուրբ փոքր երկաթագիր։ Ամենեւին տարակոյս չկայ որ նոյն գրիչն է որ կամայական կերպով կը փոխէ գրութեան ձեւերը։ Այս տեսակէտով յատկանշական է էջ 64, ուր կայ շեղագիր, երկաթագիրն ու բոլորգիրը։

Codicology

Ա-ԼԵx8 (Բ՝ 12 թղ., Գ՝ 7 թղ., Ե, Է, ԼԳ՝ 10 թղ., ԼԵ՝ 3 թղ.)։ Թուարկումը եղած է նորոգողին կողմէ, քանի ինկած թուղթերու փոխարէն դրած է նոր թուղթեր՝ որոնք թուարկած է։

Principal subject
Subject details

թուղթ դեղնորակ։

Number of lines
20-30։
Binding

դրոշմազարդ արդի կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ. կռնակի կողմը ցեցակեր է։

State of preservation

թէեւ նորոգութեան ենթարկուած է անցեալին, սակայն կրկին նորոգութեան կը կարօտի. առաջին երկու թերթերը գրեթէ անջատուած են ամբողջութենէն։ Յոյժ փճացած է առաջին թուղթը, իսկ վերջաւորութեան կը մնայ կիսատ։ Միջանկեալ ինկած են թուղթեր, որոնց փոխարէն նորոգողը դրած է նոր դատարկ թուղթեր։ Ունի ցեցակեր թուղթեր։

Copyist
եւ այլ ծանօթութիւններ կը պակսին, որովհետեւ չունի գլխաւոր յիշատակարանը։ Անկարելի չէ որ գրիչը ըլլայ Մովսէս կամ Ստեփանոս անունով մէկը, քանի յունատառ Մովսէս անունին կը հանդիպինք էջ 80, իսկ Ստեփաննոս անունին՝ էջ 54, 65, 66, 67, 68, 80, 88. յունարէն տառերու կը հանդիպինք նաեւ ուրիշ էջերու վրայ։
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

չունի։

Initials

կարմիր։

Marginal illuminations

չի կրնար ունենալ, որովհետեւ գրութիւնը այնպիսի լայն կերպով գրուած է՝ որ լուսանցք չէ մնացած։

Images

եւ այլ զարդեր ամենեւին չունի։

Canon tables 1

Canon tables 2

Title text

կարմիր, շատ ստէպ նաեւ սեւ։

Blank pages

էջ 42. դատարկ են նաեւ նորոգողին կողմէ աւելցուած թուղթերը (էջ 261262, 366-7)։

Colophon

բնագրին գրչութեամբ. էջ 260. «Ով սուրբ ընթերցաւղք, ողորմութիւն խնդրեցէք երախտաւորաց գրոցս ի Քրիստոսէ Աստուծոյ»։

Informations

«Զայս մատեան ստացաւ գրատան վանացս սրբոյն Ղազարու որ ի Վենետիկ, Վ. Հ. Յովհաննէս մրդ. Ձօհրապեան՝ ի ճանապարհորդութեան իւրում, որ եւ եհաս 1791 ՌՄԽ Սեպտ. 26»։ Բովանդակութիւն. 1. Էջ 1. (Քերականութիւն Դիռնեսիոսի Թրակացւոյ, որ եւ ասի Դաւթի Անյաղթի). Քերականութիւն է հմտութիւն որք ի քերթողացն եւ ի շարագրացն (իբրու բազում անգամ ասացել)ոց եւ մասունք են նորա վեց. նախ (վերծանութիւն ներ)կուռ ըստ առոգանութեան, երկիր (զրուցատրութիւն ըստ ներ)գոյն քերթողական յեղանակս։ - Վերջ էջ 16. «Ստորադասական, ներգործական եւ դառագոյ՝ թէ կոփիցեմ. յարակայ եւ գերակատ(ար)՝ թէ կոփիեցի. անսահման ապառնի թէ կոփկցիցեմ. ստորադասական կրաւորական, ներկայ եւ յարաձգական՝ թէ կոփիցեմ, յարաձգականի՝ թէ կոփեալ լինէի. յարակայ թէ կոփեալ եմ. գերակատար՝ թէ եկոփեցեալ. ապառնի՝ կոփեցայցիմ. յոքնական՝ թէ կո փիցիմք, կոփիցիք, կոփոցին. Քրիստոսի փառք»։ Առաջին թուղթը մեծ մասամբ փճացած զլլալով, ամբողջացուցինք ձեռ. թիւ 1232, էջ 2. Էջ 17. «Հիմնարկէք եկեղ(եցւոյ). Ժողով էած աստուածային քահանայապետն ի տեղին նուիրեալ զդասս կղերց եւ պաշտաւնէից, ըստ որում եւ երկնաւորն քահանայապետ զառաջին երիցունսն ի գլուխ լերինն թափաւրական, զկազմիչ վկայութեանն խորանի զըմեծն Մովսէս եւ զսեղանակազմնն Հեղիաս նախանձայոյզ փառացն Աստուծոյ ի մարգարէից անտի, իսկ զվէմն անուանեալ հաւատոյ եւ զորդիսն որոտման ի մերձաւոր ականատեսացն իւրոց»։ - Վերջ 26. «Մինչեւ ի դէպ ժամու ի սեղան արքայութեան նորա բազմիցիմք ըստ անսուտ խոստման եւ վայելիցեմք զպատրաստեալն ի սկզբանէ խորտիկսն հոգեւորականս ընդ Քրիստոսի անըստերիւր յուսոյն մերոյ եւ հոգացաւղ ձայնիւ փառս վերերգեսցուք ամենասուրբ Երրորդութեանն»։ 3. Էջ 27. «(Ճառ եկեղեցւոյ). Բարեբանեցէք զԱստուած յեկեղեցիս մարգարէականն հրամայէ բան, ուստի եւ մեր առեալ աստանաւր զնոյն ձայն հոգեշնորհ հընչեցուցանեմք աւրհնութիւն նոր երգելով Տեառն ի յարկի սրբութեան նորա. զի թէ առ հնով եւ ստուերականաւն այսպիսի ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ յորդորէ բան աւրհնել զտէր ի դրունս սիովնի, որչափ եւս առաւել ի նորոգմանս մերում ճշմարիտ լուսաւորելոցս իրաւացի է աւրհնել զուարճալից բերանաւք զհրաշագործն Աստուած»։ - Վերջ էջ 43. «Եւ այսպէս տեղեկացեալ ի Հոգւոյն սրբոյ զորպիսութիւն խորհրդոյ շինուածոյ նորա եւ զսրբազան ի սմա յաւրինեալ կարգս ընդ հըրեշտակացն տաւնելով զնաւակատիս սորա երկնաւոր առաքինութեամբ ի սմա կրաւնաւորեսցուք փառաւ.»։ 4. Էջ 45. «Սուրբ Հաւր մերոյ Մովսէսի Քերթաւղի, որ զմասունս գիտէ բանին եւ ճանաչէ զդիմախաւսիցն, զոր ինքն տեղեակն է լեզուին, զի քերումն ի վերայ ղորկութեան բանին ասացաւ, զի քերէ եւ սրբէ ըստ ամենայն դատողական հրամանաց եւ բերէ ի ցանկութիւն լսողաց անընդդիմադրելի բանիւք. Քերթողութիւն է առասպելավարժութիւն, զի որպէս հիւսնութիւն բաժանի ըստ տեսակաց»։ - Վերջ էջ 101. «Որպէս զԱստուած անմասն եւ անհամայնգամայն ի խորութեան կամ ի բարձրութեան Քրիստոս ըստ մարմնոյ, քառամանակ մաշ դոց, մայ գ. գիր եւ տոցն գ. զ եւ քառամանակ, զի առաջին վանգըն այբն լիաձայն է եւ շայն կիսաձայն. յերկրորդ վանգն ո սուղ եւ ց կէս, եւ դոքա քառամանակք կոչին»։ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան սա ծանօթութիւնը թողած է այս հատուածին համար. «Սուրբ Հօր մերոյ Մովսեսի, այն է քերականութիւն Մովսեսի Քերթողի՝ հանդերձ հաւաքածոյ յաւելուածովք Ստեփաննոսի Սիւնեցւոյ եւ այլոց, որպէս յայտ է ի բաղդատութենէ այլոց օրինակաց, թո՛ղ զի եւ յընթացս սորա Մովսէս Քերթողն ի մէջ բերի յերրորդ դէմս, եւ դարձեալ դնի անուն Դաւթի Փիլիսոփայի՝ ի խորագրի»։ 5. Էջ 101. «Պիսիդեայ է պատառիկս. Ով մշտաշարժ երկրի բնութեանն գնդաձեւ եւ իմաստագործ ձեղուանցն բարձրութեամբ լայնացեալ եւ այսքան հաստիւք խարիսխ եդեալ յոչընչի հաստատեալ, որպէս խորան ըզգունդն ձգեաց, զոր եւ աստուածաբարբառ տաւիղն հարկանելով Դաւիթ խորանասաց զգունդն պրկեալ ըստ երկայնութեանն»։ Վերջ էջ 105. «Զի որքան դու զմեծութիւն էութեանդ անհաս գերագոյութեամբ ամփոփեցեր, այսքան ներգործութեամբք տեսանելի մեզ արարեր, աստուածայնովք հրեշտակայնւովք եւ ամենայն աշխարհ առ այժմ երեւեցելովս եւ որով նախ եւ յետ սորա»։ 6. Էջ 106. «Գլուխք Երկրորդ օրինաց. Ա. Երկրորդելով մեկնէ Մովսէս զաւրէնսն որպէս տղայոց եւ ցուցանէ թէ զքառասուն ամ յամելն յանապատին՝ ինքեանք իսկ արարին»։ - Վերջ էջ 114. «ՃԷ. Զի եկաց Յեսու փոխանակ Սովսէսի առաջնորդ ժողովըրդեանն»։ Էջ 115. «Երկրորդումն Աւրինաց. Այս են պատգամք զոր խաւսեցաւ Սովսէս ընդ ամենայն Իրայեղի յայնկոյս Յորդանանու յանապատին յարեւմուտս»։ - Վերջ էջ 259. «Եւ ոչ եւս եկաց մարգարէ իսրայեղի իբրեւ զՄովսէս, զոր ծանեաւ տէր դէմ յանդիման ամենայն նշանաւք եւ արուեստիւք, զոր առաքեաց տէր առնել յերկրին եգիպտացւոց ի փարաւովն եւ ի ծառայս նորա եւ յամենայն երկիր նորա, զնշանսն մեծամեծս եւ զձեռն հզաւր եւ զբազուկ բարձր զոր արար Մովսէս առաջի ամենայն Իսրայեղի։ Երկրորդումն Աւրինաց»։ Էջ 260. «Այս է պատնառ գրոցս որ կոչի Երկրորդումն Աւրինաց. Մերձ ի վախճան հասեալ Մովսէսի, զի երկու եւս ամիս պիտի առ լրումն խ. ամաց»։ - Վերջ անդ. «Իսկ բովանդակ հինգ գիրքս Մովսէսի ունի չափ ժամանակի յելիցն ի դրախտէն ցվախճանն Մովսեսի ՎՉէՉ ամ»։ 7. Էջ 263. «Ժողովումն մեկնութեան աւետարանի Մատթէի (ի) Ներսիսէ. Սիրոյ զաւրութիւն գերազանց է քան զբնութիւն, եւ այնքան մինչ զի մոռացումն անել տկարութեան, զի թէ զերկիւղ մահու մերժէ ըստ գրեցելումն, զի՞նչ ըստ փոքունց է ասել ներհակաց ցրումն յունողացն զնա»։ էջ 412. կ'աւարտի Ներսէս Շնորհալիի բնագիրը («... ըստ այնմ թէ ահաւասիկ ելանեմք յԵրուսաղէմ եւ կատարեսցին գրեալքըն»), եւ առանց որեւէ նոր խորագրի, իբր շարունակութիւն բնագրի՝ կը սկսի Յովհան Ոսկեբերանի Մեկնութիւն Մատթէէն այն հատուածը՝ որ կ'ըսէ. «Մինչեւ անցեն երկինք եւ երկիր, յովք մի որ նշանախեց մի է ոչ անցցէ յաւրինաց եւ ի մարգարէից. զհաստատութիւն աստուածային բանիցն նշանակէ թէ չէ հնար անցանել» (հմմտ. Յովհան Ոսկեբերան, Մեկնութիւն Մատթէի, տպ. Վենետիկ, 1826, հտ. Ա., էջ 243)։ - Վերջ էջ 441. «Այլ ի յամբաստանութիւն եւ ի կշտամբանս, եթէ յինէն եղեւ ամենայն ինչ եւ կատարեցաւ, թէպէտեւ չէիք ուղղելոց, այլ ես զիմն արարի եւ կատարեցի, Քրիստոսի փառք յաւիտեանս. ամէն»։ Համեմատելով տպագիր Ոսկեբերանի հետ, կը տեսնեն որ քաղուածաբար հետեւած է անոր մինչեւ տպ. էջ 395։ Էջ 442-443. Աւետարանի մեկնութեան հատուած մըն է, բնագրէս տարբեր գրչութիւն կը թուի ըլլալ, շատ մը սղագրութիւններով. Հատուածը կը սկսի. «Վասնզի լուեալ էր ի Տեառնէ թէ զոր կապիցէ եւ զոր արձակիցէ. Զպատուիրան տեառն ախորժելով ուսանել թէ որքան իցէ մարդասիրութեան շնորհ, ասացեր մեզ թէ զոր կապիցէք մարդ որքանիցս անգամ թէ մեզ, մինչեւ եաւթն անգամ. իսկ տէրն հայեցեալ յաղքատութիւն նորա յաղագս ընկերին մարդասիրութեան ասէ ցնա»։ 8. Էջ 444. «Յաղագս խնդրոյ ընթերցուածին սուրբ վարդապետ(աց). Առաքեաց Կիւրեղ յԱղեքսանդը քաղաք առ Պետրոս եւ զառաքելոյն Յակոբայ եդեալ ընթերցուածն խնդրեաց, եւ նա գտեալ ի վանսն Անտոնի առաքեաց առ սուրբն Կիւրեղ յԵրուսաղէմ, զի անապական Պետրոս եւ Անտոն պահեցին զընթերցուածն ի հերձուածողացն. եւ յորժամ մարտիրոսացաւ սուրբն Պետրոս եւ Աբիսաղոմ՝ յամպարշտէն Դեկղետիանոսէ, զի ՃԾ եպիսկոպոս սպանեալ էր եւ աւարտ սոքա եղեն, յորժամ լուաւ սուրբն Կիւրեղ զկատարումն սուրբ հայրապետին ի Յունուարոյ ԺԱ, կարգեաց զյիշատակ նորին զկնի Յայտնութեանն եւ եդ յընթերցուածին։ Իսկ սրբոյն Անտոնի, վասն այնորիկ տաւնեմք, զի աւանդապահ եղեւ առաքելադիր ընթերցուածոցն եւ անապական պահեաց ի վանս իւր ի հերձուածողաց»։ 9. Էջ 445. «Ամենայն տաւնից տէրունականաց գլուխ եւ տնաւրէնութիւն որդւոյն Աստուծոյ, զի որպէս ի սկզբանն խորհուրդն առաջին պատճառն ընդ որդին համագոյ եւ ընդ սուրբ Հոգին համափառ առնել զմարդն եւ կատարեցաւ ի ձեռն որդւոյ»։ Էջ 453. «Արդ վասնզի ձեռն արկի անվարժ մտաւք եւ անբաւական հոգւով, սիրով կատարել զկամս ձեր հնազանդութեամբ, ոչ մեկնութեան պարապեալ...»։ Էջ 455. «Արդ աստ դարձեալ վերստին առնելի է ինձ զմիտս ընթերցուածոցն, ցուցանել թէ զինչ է, զի յերկուս տաւնս կարգեալ բան աշխարհարութեանն սկիզբն լինել»։ Էջ 457. «Իսկ մեծի աւուր Ծննդեան եւ Յայտնութեան Տեառն մերոյ մի տաւն կատարէ ուղղափառ եւ առաքելաշէն եկեղեցի, վասն այսը պատճառի, զի չորս ամաւք նըհանջիլ...»։ Էջ 464. «Իսկ երկրորդ աւուրն կանոնն... Նախավկային ընթերցուածն ցուցանէ թէ ոչ միայն Քրիստոսի մկրտելն բացան երկինք այլ եւ ի Ստեփանոսի արեամբ մկրտութեանն»։ Էջ 470. «Իսկ քառասնաւրեայ գալուստ աստուածորդւոյն ի տաճարն եւ ի մատրանն կատարել զկանոնն, զի...»։ Էջ 474. «Իսկ Յառաջաւորաց պահոցն անընթերցուած լինել զնախահարցն բերել զխորհուրդ...»։ էջ 176. «Յաղագս երախայիցն ընթերցուածոցն խորհուրդ, որ ասի ի գիր անկելոց. Ամենայաղթ սուրբ նշանն փայլեալ յերկնից...»։ Էջ 484. «Արժան է դարձեալ վերըստին ի սկիզբն պահոցն դառնալ, իսկ քառասուն աւր լինել պահոցն բազումս առադրեցին հարքն»։ Էջ 487. «Արդ յիսուն լինել աւուրք ծընընդեան յոբելեան ասի, որ է ամենայն թողութեան եւ ազատութեան ծառայից...»։ Էջ 491. «Իսկ կիրակէ յարութիւն Քրիստոսի տաւնի, վասն յուսոյ յարութեան մերոյ...»։ Էջ 497. «Իսկ ուրբաթուն ի սուրբ Սիոնն լինել կանոնին այս է, զի սկսեալ յառաջագոյն միշտ ի Սիոն ըստ մարգարէիցն ճառիւր...»։ Էջ 520. «Իսկ Ղազարու յարութիւնն ըզկընի քառասնիցն, այս ցուցանէ թէ պահք եւ աղաւթք...»։ Էջ 520. «Իսկ Արմաւենեաց աւրն կանոնըն ի մատրանն կատարի, որ է աւր յարութեան...»։ Էջ 543. «Իսկ առաւաւտուն (զատկի) կիրակէին ժողովին ի սուրբ մատուռն...»։ 10. Էջ 547. «Ա. Սկիզբն տաւնից մերոց Աստուծոյ Յայտնութիւնն է եւ Մկրտութիւնըն, իսկ կատարումն փրկութեան եւ ազատութեան մերոյ կիրակին է, որում միաշաբաթ ասի եւ կոչի աւր մի»։ Էջ 550. «Բ. Երկուշաբթի աւր արար Աստուած զհաստատութիւն, մեծ արարչութիւն, եւ ծածկեաց իբրեւ վարագուրաւ զլուսեղէԷջ 551. «Գ. Յաւուրն երեքշաբաթի առեալ սքանչելի արարչութիւնն զաւրէնսդիրն իսրայելի ընդ խորս անհաստատութեանն»։ Էջ 552. «Դ. Չորրորդ աւուրն ստեղծումն լուսաւորացն, զի յարարչութիւնն նախ լուսաւորեաց Աստուած զերկնայինսն»։ Էջ 552. «Ե. Հինգշաբաթին աւուրն արարչին գործքն լի գիտութեամբ եւ հոգեւոր իմաստութեամբ»։ Էջ 553. «Զ. Աւրն վեցերորդ եւ գործք նորա զարմանալի եւ աստուածային խորհըրդով լցեալ»։ Էջ 555. «Է. Յաւուրն եւթներորդի ոչ գործին գործք, այլ կատարումն գործոցն Աստուծոյ»։ Էջ 556. «Սքանչացաւ տեսանաւղն եւ ասէ. Ոչ արար Աստուած ինչ զոր ոչ յայտնեաց յունկն մարգարէիցն»։ 11. Էջ 557. «Յաղագս Դաւթի եւ Յակոբայ խորհուրդ. Արդ զոր աւրինակ ոք շինուած կամիցի հաստատել զհիմնն ի վերայ հաստատուն վիմի դնէ, զի մի՛ անկցի կործանեալ ի հեղեղաց յարուցելոց»։ 12. Էջ 560. «Սուղ ինչ յաղագս նախավկային. Զամենայն զոր արար Աստուած բարի է, այլ Մովսէս ասէ զերկինս ասէ եղանիլ»։ 13. Էջ 563. «Սուղ ինչ յաղագս Պետրոսի եւ Պաւղոսի. Երրորդ կարգեցաւ տաւն սոցա յետ Դաւթի եւ Յակոբայ եւ Ստեփանոսի, թիւ խորհրդաւոր»։ 14. Էջ 564. «Պատճառ նաւակատեաց եկեղեցւոյ որ զկնի Պենտակոստէին, ի Դաւթէ շարագրեալ. Ի բազմաց զանազանից եւ յաննման կարծեաց եւ զանխուլ մնալոյ իրացս խնդրոյ»։ 15. Էջ 568. «Պատճառ Աշխարհամատրանըն. Ի ժամանակին իբրեւ շինեաց Կոստանդիանոս զեկեղեցիսն Երուսաղեմի, հրամայեաց զաւուրս ութ նաւակատիս կատարել»։ 16. Էջ 570. «Յաղագս Շողակաթին. Բացաւ ասէ հաստատաշէն խորանն երկնից, որ նշանակէ զմարդասիրութեանն Աստուծոյ յայտնումն ի ստորայինս»։ 17. Էջ 573. «Յաղագս Համբարձմանն Տեառն. Յամենայն տաւնս տէրունիս յայտնի են մեծագործութեան սքանչելիք եւ ծածկեալ խորք իմաստիցն Աստուծոյ»։ 18. Էջ 575. «(Յաղագս) երկրորդ գալըստեան. Զտաւնս զայս տաւնեն ոչ միայն մարդիկ այլ եւ վերին զաւրութիւնքն»։ 19. Էջ 576. «Պատնառ Վարդավառին. Վասն էր ոչ Յակոբ մեծն որ եղբայր Տեառն կոչեցաւ եւ ոչ Կիւրեղ, ոչ կարգեցին յընթերցուածին զտաւնս զայս մեծ»։ 20. Էջ 579. «Յաղագս սրբոյ Խաչին. Ընդէր կանոն ոչ ի Գողգոթայ այլ ի սուրբ Յարութիւնն կատարի»։ 21. Էջ 580. «Չինչ է այս երեք նաւակատիքս առանց մսակերութեան ի քրիստոնե(այսն). Նաւակատիք բարձրագոյն տեսանի եւ աստուածատեսակագոյն քան զամենայն տաւնս»։ 22. Էջ 581. «Ընդէր ի ծննդեան ճրագալուցի երիկունն Տէր հովուեսցէ եւ Որ հովուեսդ եւ Հովիւքն էին... եւ ապա սկսանին Խոնարհեցո»։ 23. Էջ 582. «Յաղագս Պենտակոստէին. Բազումք բազում ինչ կանոնադրեն դիպաբանութեամբ, ոմանք զՊենտն հինգ ասեն եւ զԿոսն քսան եւ թարգմանեն զնա»։ - Վերջ անդ. «Եւ սկիզբն հնձոց ցորենոյ, զոր եւ Յոհան Ոսկեբերան ի կիր առնու ի գործոցն մեկնութիւն ի Պենտակոստէն, զնոյն Գրիգոր Աստուածաբան». կը մնայ կիսատ։

Content