649
1338
ՌՁԸ = 1639։
բոլորգիր։
18, որոնցմէ միայն վերջինը ունի 7 թուղթ, մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թուղթ։
թուղթ տոկուն։
փայտեայ կաշեպատ, գեղեցիկ դրոշմազարդերով. ներքին կողմէն ծածկուած են տպածոյ զարդերով մութ կարմիր կերպասով. ունի գոցելու կաշին, ինկած են զոյգ ականջները, ու առաջին կողքին վրայ մնացած են մետաղէ աստղանիշ գամերը։
շատ լաւ, մաքուր ու անթերի։
Մելքիսէթ աբեղայ։
սկիզբն ու վերջաւորութեան մէկական մագաղաթեայ թուղթեր, դատարկ, առանց որեւէ գրութեան։
հոն ուր կան խորան ու կիսախորան, բոլորն ալ կարմիր եւ կապոյտ գոյներով։
բացմարիւ, խըրաններու եւ կիսախորաններու դիմաց, նոյն գոյներով, նուրբ ու պարզ։
հինգ հատ, այլազան գոյներով. թղ. 5բ, երկու հայրապետներ, կանգուն, ձախով բռնած աւետարանը իսկ աջով՝ օրհնելու դիրքով. թղ. 6բ՝ դարձեալ երկու հայրապետներ, որոնցմէ մին ունի աւետարան եւ օրհնելու դիրքով, իսկ միւսը եմիփորոնով. 84բ՝ միակ հայրապետ մը, աւետարանով եւ օրհնելու դիրքով։ Երեք նկարներն ալ հետաքրքրական են ծիսական տարազներու պատմութեան համար։ Թղ. 118բ՝ Յիսուս վերջին ընթրիքին, հաղորդութիւնը հաստատած պահուն, դիմացը ունենալով 11 առաքեալները, բոլորն ալ կուլակաւոր։ Թղ. 122ա՝ խորանի ձեւով, ուսկից կ'իջնէ Ս. Հոգին։
թղ. 7ա, 85ա։
տասը հատ, բոլորն ալ երկու գոյնով, նուրբ եւ հաշակաւոր։
կարմիր բանաքով են։
թղ. 224ա եւ 224բ։
1. Թղ. 208ա. «Ով սուրբ եղբայր, յորժամ սրտի մտաւք աղաւթես, զմեղաւոր գըծողս զանպիտան Գրի(գոր) ի յաղաւթս քո յիշես։ Եւ եթէ գրես՝ բանիցն զգոյշ լեր որ չփոփոխես, եւ Աստուած ողորմի մեր ծնաւղացն հրամայես, եւ ի Տեառնէ դու գտանես յորժամ զաղաւթս կատարես»։ 2. Թղ. 223բ. «Գրեցաւ Աղաւթ(ա)մատոյցս ի թվին ՌՁԸ ( = 1639), ի քաղաքն Քօթահիայ, ի դուռն Սուրբ Աստուածածնին եւ Սրբոյն Թէոթորոսի զինաւորին եւ Սըրբոյն Սարգիս զաւրավարին, ձեռամբ Լեհցի Տէր Գրիգոր քահանային, որ յայսմ ամի փոխեցաւ առ Աստուած, ի Փետրուար ամսոյ ժէ ( = 17), աւրն կիրակի. ի վայելումն Մելհիսէր աբեղայիս, Հայր մեր որ յեր.»։
կը պակսին։ Մատեանս է ժամագիրք եւ Խորհրդատետր, ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը. 1. Թղ. 1ա. «Դաւանութիւն ուղղափառ հաւատոյ որ է այսպէս. Խոստովանիմ եւ հաւատամ...»։ 2. Թղ. 6ա. «Կարգաւորութիւն... որ կատարի ի մէջ գիշերի»։ «Ջարթուցեալքս» քարոզէն յետոյ բնագրին մէջ տեղ գրաւած են «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Աշխարհ ամենայն»։ 3. Թղ. 30ա. «Կարգաւորութիւն... Առաւաւտու ժամուն»։ 4. Թղ. 59ա. «Կարգաւորութիւն... Արեւագալի ժամուն»։ 5. Թղ. 65բ. «Կարգաւորութիւն... Երրորդ ժամուն» եւայլն։ 6. Թղ. 83բ. «Աւրէնք արկանելոյ ըսպասք եկեղեցւոյ»։ 7. Թղ. 146բ. «Աղաւթք որ ասի նախ քան զնաշակելն խորհրդոյն, ի բանից Թումայի առաքելոյն. Մարմին քո պատուական...»։ 8. Թղ. 148ա. «Տեառն Ներսէսի Լամբրաւնացւոյ խրատք եւ սահմանք վերոյ գըրեալ գործոյս. Քանզի բազում ինչ եցոյց բան հրահանգութեան...»։ 9. Թղ. 152բ. «Եռամեծի եւ քաջ վարդապետի Մխիթարայ Գոշի խստակրաւն ճըգնաւորի եւ բանիբուն հռետորի ասացեալ զաղաւթս ի ժամ սուրբ պատարագի. Տէր Աստուած իմ Յիսուս Քրիստոս, բան Հաւր ես կերպարան...»։ 10. Թղ. 165ա. «Կարգաւորութիւն... Երեկոյին ժամուն»։ «Օրհնեալ Տէր բնակեալդ ի բարձունս» մաղթանքէն առաջ՝ կայ հետեւեալ խորագիրր. «Յաղագս աւրհնութեան ճրագացն, արարեալ սրբոյն Պետրոսի, եղբաւր սրբոյն Բարսղի եւ ոմանք Յովհաննու ասեն»։ 11. Թղ. 177բ. «Աւրհնութիւն մարմնաւոր սեղանոյ»։ 12. Թղ. 181ա. «Կարգաւորութիւն.. Խաղաղական ժամուն»։ 13. Թղ. 188բ. «Կարգաւորութիւն.. Հանգստեան ժամուն»։ Հոս օրինակուած են թէ՛ «Ընկալ քաղջրութեամբ» եւ թէ՝ «Հաւատով խոստովա14. Թղ. 208բ. (Աղօթք ի հնոց սուրբ վարդապետաց). «Ամենակալ ամենախնամ Աստուած...» (անխորագիր)։ 15. Թղ. 218բ. «Արարողութիւն խոստովանութեան... Հրաժարիմ ի սատանայէ եւ ի չար կամաց նորա...»։