Other notices
— - Bibliographic notice
652
ԺԱՄԱԳԻՐՔ ԻԴ
- 1655էն առաջ

ID
Number
652
Old record number
1860
Title
ԺԱՄԱԳԻՐՔ ԻԴ
Start date
End date
1655էն առաջ
Date details

չունի յիշատակարան, սակայն պատարագին մէջ կը յիշատակուի «Փիլիպպոս Հաղբակացի» կաթողիկոս, որ վախճանած է 1655ին։

Copy place
Reference
Type
Number of pages
306
Dimension
12x15
Layout
միասիւն (7x11)։
Writing details

բոլորգիր ընտիր։

Codicology

26, որոնցմէ ա եւ ժէ՝ ունին 10 թուղթ, իզ՝ 11 թուղթ, մնացածները իւրաքանչիւրը ունի 12 թուղթ։

Principal subject
Subject details

մագաղաթ ընտիր։

Number of lines
25։
Binding

փայտեայ կաշեպատ, դրոշմազարդուած, ներքին կողմէն ծածկուած մութ սրճագոյն լաթով. առաջին կողքը կաշիով միասին նաթած, իսկ կռնակի կողմը չորութենէ նաթած ու բացուած, վերէն վար կը պակսի կաշիի շերտ մը ու կը տեսնուին կազմին թելերը։ Գոցելու զոյգ ականջները ինկած են։

State of preservation

բաւական լաւ, անթերի ու կատարեալ. միայն կազմն է որ կարօտ է նորոգութեան։

Copyist
Թորոս։
Owner

Commanditaire
Illuminator
եւայլն ծանօթութիւններ կը մնան անյայտ։
Binder
Parchment flyleaf

սկիզբն ու վերջը երկուքի ծալուած սպիտակ մագաղաթներ։

Lettrines

բազմաթիւ։

Initials

ոսկետառք ու կարմիր։

Marginal illuminations

բազմաթիւ, կիսախորաններու նման բազմագոյն, ուր կը տիրէ ոսկին։

Images

երկու հատ, թղ. 4բ՝ եմիփորոնով հայրապետ մը, ձախ ձեռքին ունի աւետարանը ու աջը օրենելու դիրքով. թղ. 281բ՝ սուրբ մը կանգուն, քայելու դիրքով, աջով բռնած է աւետարանը։ Երկու նկարներուն ալ կը պակսի դէմքի արտայայտութեան նրբութիւնը։

Canon tables 1

թղ. 5ա, 281ա։

Canon tables 2

եօթը հատ (թղ. 71ա, 106ա, 113բ, 142ա, 167ա, 175ա, 282ա). բոլորն ալ բազմագոյն եւ ընտիր, ճարտար գրիչի արդիւնք։

Title text

կարմիր թանաքով են։

Blank pages

թղ. 65բ-70բ, 197բ-200ա, 272ա, 281ա. երկու թուղթ ալ թղ. 1էն առաջ՝ որոնք մաս կը կազմեն ա թերթին եւ չեն թուարկուած։

Colophon

տօնացոյցին մէջ անցողական կերպով գրիչը յիշած է անունը խորագիրներուն մէջ՝ այսպէս. թղ. 229ա. «զգծողս յիշեայ», թղ. 248ա. «Եւ զմեղաւոր Թրս ( = Թորոս) գրիչս յիշեա»։

Informations

«Գնեցաւ ի 14 Փետր. 1920, ի Պր. Կարապետ Ձօրպաճեանէ՝ 120 իտ. լիրայից»։ Մատեանս է ժամագիրք, Տօնացոյց, Տումար եւ Դպրութեան գիրք։ Իր բովանդակութեամբ կը տարբերի նախորդ ժամագիրքներէն, որովհետեւ լրիւ ունի ժամերգութեան սաղմոսներն ու այլ երգերը, որոնց ցանկը հետեւեալն է. 1. Թղ. 1ա. (Դաւանութիւն հաւատոյ եւ կարգ ապաշխարութեան). «Դառնան յարեւմուտս եւ երիցս անգամ կրկնեն ասելով. Հրաժարիմք ի սատանայէ...»։ 2. Թղ. 3բ. «Խրատք ժամատեղեաց ըստ արեւելեան սահմանացն սկսուածոց եւ ասութեան աղօթից, զոր խնդրեալ սուրբ վարդապետն Յակօբ Ղրիմեցին ի մեծէ Րաբունւոյն Գրիգորէ Խլաթեցւոյն»։ 3. Թղ. 5ա (Կարգաւորութիւն Գիշերային ժամու) անվերնագիր։ Տպագիր ժամագիրքներու նման ունի «Տէր զի բազում» սաղմոսը ամբողջութեամբ. «Յիշեսցուք ի գիշերի...»։ «Զարթուցեալքս» քարոզէն յետոյ՝ տէրունական տօներուն համար օրինակուած է «Առաւօտ լուսոյ», որու կը յաջորդէ իսկոյն «Աշխարհ ամենայն», «Արթունք եղերուք» եւ «Աստուածածին մայր Քրիստոսի» երգերը։ - «Վասն գտանելոյ» քարոզին եւ երկմասնեայ աղօթքին կը յաջորդէ «Կանոնագլուխ ըստ կարգի. Դատեա՛ Տէր...», «Կանոնագլուխ Բուն բարեկենդանին եւ Նոր կիւրակէին», «Կանոնագլուխ մեծի Ուրբաթոշն», «Կանոնագլուխ մահու մեծի Շարաթոջն»։ - Բացատրական խորագրէ մը յետոյ ամբողջութեամբ օրինակած է «Այսօր անճառ» երգը, միջանկեալ նշանակելով աւետարանի հատուածն ու երգուելիք սաղմոսը «Բան անօրէնութեան...»։ Թղ. 35ա. «Աւետարանք Հանգստեան, ըստ Մատթէոսի». չորս աւետարաններուն կը յաջորդեն «Աստուած անեղ» «Արարիչ եւ մարդասէր» երգերը։ Թղ. 44բ. «Ողբ գերեզմանաց. Ես ասացի ի վերանալ...»։ Թղ. 45ա. Կը յաջորդեն Գիշերային ժամերգութեան աւարտին երգուելիք Ալէլուիաները, ապաշխարութեան ու մարտիրոսաց ւթագաւոր յաւիտեան»ները, 4. Թղ. 71ա. «Կարգաւորութիւն... Առաւօտու ժամու»։ «Մեծացուսցէ» սաղմոսին կը յաջորդէ Իւղաբերից քարոզը, երգը եւ չորս աւետարանները, ինչպէս «Փառք ի բարձունս»ի ամբողջ «Առաւօտու երգ»երը։ Կիրակի օրուան համար ունի Բժշկութեան չորս աւետարաններն ու «Նորաստեղծեալ» երգը, որու կը յաջորդէ «Քարոզ յորժամ ի թափօր ելանեն»։ «Օրհնեցէք մանկունք» սաղմոսէն յետոյ՝ նմոյշի համար ամբողջութեամբ ընդօրինակած է Մարտիրոսաց եւ Ապաշխարութեան շարականներէն ԱՁ. Մանկունքները, որոնց կը յաջորդէ «Արարչական» երգը ամբողջութեամբ։ Մնացածը կը համաձայնի տպագիր ժամագիրքներու։ 5. Թղ. 105բ. «Կարգաւորութիւն... Ա. րեւագալին ժամուն»։ Արեւագալի սաղմոսներն ու երգերը օրինակուած են ամբողջութեամբ։ 6. Թղ. 113ա. «Կարգաւորութիւն... Երրորդ ժամուն» եւայլն։ «Չսաղմոսերգութիւնս» ըսելէն յետոյ իսկոյն կ'անցնի «Աւրհնեալ թագաւորութիւնըն Հաւր...»։ Կը նշէ ճաշու փոխերը, երեքսրբեան «Սուրբ Աստուած»ը, պատարագի առաջին քարոզը, ճաշու սաղմոսները, «Հաւատամք ի մի Աստուած», իր քարոզն ու աղօթքը, որու իսկոյն կը յաջորդէ պատարագի «Հայր մեր»էն մինչեւ «Ի սուրբ ի սուրբ»ը կանխող աղօթքը։ Ապա պատարագի վերջին հատուածը՝ «Ամէն եղիցի անուն»էն մինչեւ «Աւրհնեալ եղերուք...»։ 7. Թղ. 139բ. «Աւրհնութիւն սեղանո(յ վասն մարմնաւոր կերակրոց»։ 8. Թղ. 142բ. «Կարգաւորութիւն... Երեկոյին ժամուն»։ 9. Թղ. 155բ. «Կարգաւորութիւն... խաղաղական ժամուն»։ Հակառակ որ բոլոր սաղմոսները օրինակուած են ամբողջութեամբ, վերջին «Շընորհատու բարեաց» աղօթքէն յետոյ չէ օրինակած «Երանեալ են Անբիծք»ը, այլ պարզապէս կը գրէ. «Յաղուհացին ասի Անբիծքն, իսկ յայլ աւուրս՝ Հայր մեր»։ կը շարունակէ «Ի քէն հայցեմք» երգն ու «Սրբուհի Մարիամ» յաւելեալ երգերը՝ ամբողջութեամբ, առանց խորագրային նչումներու։ 10. Թղ. 167ա. «Կարգաւորութիւն... Հանգստեան ժամուն»։ Իբր յաւելեալ աղօթք ունի միայն «Ընկալ քաղցրութեամբ», զանց ըրած է «Հաւատով խոստովանիմ»ը։ 11. Թղ. 175ա. (Երգ դպրութեան)։ Առանց յատուկ խորագրի՝ կը սկսի «Խորհուրդ խորին»էն, յաջորդաբար ունի պատարագի ընթացքին դպիրին ու սարկաւագին բոլոր երգերը, որոնց մէջ յատկանշական է «Մայր հաւատոյ սուրբ հարսնարան» երգը՝ ժողովրդեան հաղորդութիւն բաժնուած պահուն։ 12. Թղ. 191բ. «Պաշտման շարական ըստ չորից աւետարանաց. Աստուած անեղ...», «Արարիչ եւ մարդասէր...»։ 13. Թղ. 196բ. «Ողբ գերեզմանաց. Ես ասացի վերանալ»։ 14. Թղ. 200բ. «Տօնացոյց եւ աւետարանացոյց եւ կարգաւորութիւնք եւ հրա(հա)նք տէրունական տօնից, զոր եդեալ եւ սահմանեալ սրբոյն Սահակայ Հայոց հայրապետին, զոր ընկալեալ ի նմանէ՝ հասուցին առ մեզ նախնիքն մեր. Աստուածայայտնութեան ճրագալուցին...»։ Աւետարանացոյցը կը սկսի թղ. 266բ, որու կը յաջորդեն Մեսեդիներն ու ժամամուտները։ 15. Թղ. 272բ. (Պարզատումար) անվերնագիր. «Թվին հազար եւ երկուսն, բանալի յառաջին գիրն...»։ Թղ. 273բ-278ա ունի աղիւսակները, ՌԲ տարիէն մինչեւ ՌՇԻԹ, իսկ թղ. 282ա.էն կը սկսի անոնց բացատրութիւնը (Ա-Ք). «Եւթներրեակն Դ. Յունվար լա է, եշ ի մտանէ...»։ Թղ. 306բ, վերջին թուղթին վրայ ունի. «Ծնունդ լուսնի այսպէս արայ. կալ հանապազ լ կամ կ զվերադիրն...»,

Content