646
3
ՌՉԳ = 1634։
բոլորգիր ընտիր։
19, որոնցմէ զ ունի միայն երկու թուղթ, առաջինը եւ վերջինը, միջանկեալ թուղթերը ինկած են. ժդ ունի 14 թուղթ. մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թուղթ։
մագաղաթ ընտիր։
փայտեայ կաշեպատ, դրոշմազարդուած. ունի գոցելու կաշին, կորսուած են գոցելու զոյգ ականջները։
մաքուր ու ներկայանալի. խոնաւութեան հանդիպած ըլլալով՝ շատ մը տեղեր աղտոտած են, լուսանցազարդերու գոյները անցած են դիմացի երեսին։ Թուղթ ինկած է ընդ մէջ Թղ. 12-13, 20-21։ Երեք սպիտակ թուղթեր աւելցուած են վերջաւորութեան (թղ. 217.220)։
Տէր Պետրոս աբեղայ։
երկու թուղթ սկիզբը եւ երկու վերջաւորութեան, որոնց վրայ գրիչի փորձեր կատարուած են։
բազմաթիւ, բոլորն ալ բազմագոյն եւ շատ գեղեցիկ։
ոսկեգիր, կապոյտ եւ կարմիր։
յիսունի չափ, շատ ընտիր եւ արուեստի գործեր, որոնք խոնաւութեան հետեւանքով երբեմն կորսնցուցած են իրենց փայլը։
չկան։
երեք հատ (թղ. 3ա, 115ա, 162ա) բազմագոյն, որոնք խոնաւութենէն վնասուած են։
կարմիր, մանր բոլորգիր։
թղ. 23բ, 157ա եւ 160բ։
1. Թղ. 215բ. «Փառք...։ Շնորհիւն Աստուծոյ կատարեցաւ մատեանս այս ի թըվին Հայոց ՌՉԳ ( = 1634), ի յերկիրս Գերմանիկոյ, ի գիւղաքազաքս ի Ձեթուն, ձեռամբ մեղաւ(ք) զառածեալ փծուն գրչի Յոհան տարտամ ոգւոյ, ընդ հովանեաւ Սուրբ Լուսաւորչին եւ Սուրբ Աստուածածնին եւ այլ սրբոցն որ աստ կան ի յօգնութիւն քրիստոնէից։ Ի յաթոռակալութեանն Կիլիկիոյ Տէր Սիմէովնի եւ ի յառաջնորդութեան այսմ գաւառի Տէր Մկրտիչ եպիսկոպոսի. ի խընդրոյ Տէր Պետրոս աբեղային, զի բազում փափաքանօք ետուր գրել ի վայելումն անձին իւրոյ եւ յիշատակ ծնօղաց իւրոց եւ հոգեւոր հօրն մահտեսի Խաչերին եւ հոգեւոր մօրն Մարիամին եւ մեծ մօրն Հռիփսիմէ եւ Տէր Կարապետին եւ մահտեսի Կիրակոսին եւ մահտեսի Աննային եւ Եղիսէ, եւ կողակցին իւրոյ Ասմընին եւ դստերն Հռիփսիմէ, որ հանգուցեալ են առ Քրիստոս. եւ զոքանչին իւրոյ Խաթունին եւ այլ ամենայն արիւնամերձ տոհմին։ «Արդ աղաչեմ զամենեսեան որ հանդիպիք սմա տեսանելով կամ կարդալով, յիշեցէ՛ք յաղօթս ձեր եւ լի սրտիւ Աստուած ողորմի ասացէք վերոյ ասացեալ ստացողի գրոցս Տէր Պետրոս աբեղային, որ եռափափաք սիրով ստացաւ զսա յիշատակ իւրն եւ ամենայն տոհմից իւրոց։ «Այլ եւ զիս զանարժան գծողս եւ զծընաւղս իմ եւ զուսուցիչն իմ զՏէր Վահան զքաջ քարտուղարն՝ յիշեցէ՛ք յաղօթս ձեր, եւ Տէրն Քրիստոս, որ առատն է ի տուրս բարեաց՝ զձեզ յիշողացդ եւ յիշեցելոցս, ի միւսանգամ գալստեանն իւրում առհասարակ ողորմեսցի. ամէն։ Հայր մեր»։ 2. Թղ. 221բ. Նոտր գրով. «Այս Աղօթ(ա)մատոյցս Տոյվէթին է, ի թվոյն Քրիստոսի ՌՃԻԸ ( = 1697). ի վայելումն տացէ 3. Թղ. 222բ. «Թվականիս Հա(յ)ոց ամին ՌՃԼ եւ Ա ( = 1682) գրեցաւ գիրս վերըստին, ի վա(յ)ելումն Տոլվէրին»։
կը պակսին։ 1. Թղ. 1ա. «Երգ Տեառն Ներսէսի Հայոց կաթողիկոսի յաղագս եսկման գիշեԻի. յիշեսցուք ի գիչերի»։ 2. Թղ. 5բ. «Երգ ողբերգական արարեալ Տեառն Ներսէսի կաթողիկոսի վասն գիշերապաշտման. Աշխարհ ամենայն»։ 3. Թղ. 8ա. «Կարգաւորութիւն կարգաւ. Դատեա Տէր» (ԱԶ-ԴԿ)։ 4. Թղ. 10բ. «Իւղաբերից աւետարանին. Եղիցի անունն Տեառն»։ 5. Թղ. 12ա. (Անվերնագիր). «Լոյս զուարթ...»։ Ստորեւ, Երեկոյեան ժամուն մէջ ալ կը կրկնուի նոյնը. հոս առաջին մասը խազագրուած է։ Առաջին այս հինգ երգերը, գրուած բնագրին գրչութեամբ, կը գրաւեն ձեռագրին առաջին թերթը (թղ. 3-12), եւ ապա կը սկսի հին բնագիրը։ 9. Թղ. 13ա. (Կարգաւորութիւն գիշերային ժամուն)։ Թուղթ կտրուած ըլլալով՝ բնագիրը կը սկսի «Ջարթուցեալքս» քարոզին «Աստուած ի, մխկթարութիւն եւ ի սփոփանս...» բա7. Թղ. 21բ. «Կարգաւորութիւն... Առաւաւտու ժամուն»։ 8. Թղ. 42բ. «Կարգաւորութիւն... Արեւագալի ժամուն»։ 9. Թղ. 47բ. «Կարգաւորութիւն... Երրորդ ժամուն» եւայլն։ 10. Թղ. 53ա. (Օրէնք արկանելոյ սպաս եկեղեցւոյ)։ Ձեռագրիս զ թերթէն մնացած է միայն առաջին եւ վերջին թուղթերը, իսկ միջանկեալ (թղ. 57-58) թուղթերը կորսուած են։ Պատարագի բնագիրը կը սկսի եպիսկոպոսին «Ամենակալ Աստուած բարերար» աղօթքին կէսէն, «...քեւ եւ ի ձեռն քո առաջինք» բառերով։ Խորհրդատետրին բնագիրը կը հետեւի Դ ժամագիրքի բովանդակած օրինա11. Թղ. 115ա. «Կարգաւորութիւն.. Երեկոյի ժամուն»։ 12. Թղ. 124բ. «Կարգաւորութիւն առ մարմնաւոր սեղանոյ»։ Գոհութեան աղօթքին մէջ պահած է հին բնագիրը. «Փառք քեզ Տէր փառք քեզ», որմէ յետոյ օրինակած է երկրորդ աղօթքը («Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած մեր որ կերակրես»), որու իբր խորագիր դրած է՝ «Այ աղաւթէ արձակման սեղանոյ»։ 13. Թղ. 127բ. «Կարգաւորութիւն.. Խաղաղական ժամուն»։ 14. Թղ. 133ա. «Կարգաւորութիւն.. Հանգստեան ժամոյն»։ Երեկոյեան աղօթքին («Տէր Աստուած մեր դու պահեա») կը յաջորդէ «Ի քէն հայցեմք հայր» երգը, որու միայն առաջին բառերը նշանակուած են, ապա «Աստ ընթերցեալ լինի աւետարանն սուրբ», սակայն չի նշանակեր աւետարանի հատուածը։ Նարեկացիի «Ընկալ քաղցրութեամբ» աղօթքէն յետոյ փոխադրուած է «Յաղագս արձակման ժողովրդեանն» աղօթքը. «Փառք քեզ Աստուած որ պարգեւեցեր»։ 15. Թղ. 139ա. «Նախադրութիւնք խրատականք... Հաւատով խոստովանիմ...»։ 16. Թղ. 148ա. «Դաւանութիւն ուղղափառ հաւատոյ չորեքտասան աստիճանաւ, զոր ժողովեալ այսպէս դաւանեմք հասարակ բառիւ եւ համառօտ բանիւ... Խոստովանիմք եւ հաւատամք...»։ 17. Թղ. 152ա. «Խոստովանութիւն քահանայից... Յաղագս խոստովանութեան մեղաց, զոր արարեալ է վարդապետացն սրբոց. Մեղայ ամենասուրբ Երրորդութեանն»։ 18. Թղ. 162ա. «Պարզատումար լաւ եւ յընտիր յօրինակէ, յանանց եւ յաւիտենական. Այբն որ լինի գիրն...»։ Թղ. 157-161ա ունի տումարական աղիւսակները, ՌՉԳ տարիէն մինչեւ ՌՈԺ տարին, նշանակելով տարւոյն գիրերը. ապա իւրաքանչիր տարւոյն համար կու տայ բացատրութիւններ (թղ. 162ա-163ա), ուսանցքին վրայ նշանակելով տարւոյն գիրը (Ա-Ք)։ 19. Թղ. 213բ. «Կանովն աղ աւրհնելոյ»։