Other notices
— - Bibliographic notice
532
ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԶ
ԺԳ դար - ԺԴ դար

ID
Number
532
Old record number
943
Title
ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԶ
Start date
ԺԳ դար
End date
ԺԴ դար
Date details

գիրէն, թուղթէն եւ մանաւանդ պարունակութենէն դատելով՝ ԺԳ կամ ԺԴ դար։

Copy place
Reference
Type
Number of pages
283
Dimension
9,6x12,8
Layout
միասիւն (6,5x10)։
Writing details

բոլորգիր հին։

Codicology

25, կայ հին եւ նոր թերթահամարներ, նոր ձեռք մը՝ ա թերթը երկուքի բաժնած է եւ գրած է ա եւ բ. մենք հետեւեցանք հին թերթահամարին՝ որ մեծ մասամբ կտրուած է կազմելու ատեն. ա ունի 10 թղ., Ժ. 11 թղ., իդ՝ 8 թղ., իե՝ 3 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։

Principal subject
Subject details

թուղթ հին, դեղնորակ։

Number of lines
23։
Binding

փայտեայ, կաշեպատ, դրոշմազարդուած, կռնակի կողմը քիչ մը մաշած է. գոցելու զոյգ ականջները ինկած են. ներքին կողմէն կողքերը ծածկուած են կապոյտ լաթով մը։

State of preservation

շատ լաւ, մէկական թուղթ ինկած է ընդ մէջ Թղ. 112-113, 151-152։ Թղ. 280ը պատռած է եւ հատուած մը կորսուած է. Թղ. 281-283 նոր թուղթ եւ նոր գրչութեամբ են։

Copyist
Owner

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

բազմագոյն միայն Թղ. 1ա, շարականին առաջին տողը, մնացածները միագոյն, սակայն ճաշակաւոր, եւ նուրբ գրիչի արդիւնք։

Initials

կարմիր են։

Marginal illuminations

շատ քիչ, միագոյն՝ բայց ճաշակաւոր։

Images

չկան, լուսանցազարդի ձեւով՝ Թղ. 44ա, Յովնան մարգարէ ձուկի բերանին մէջ, միագոյն եւ դէմքի կատարեալ արտայայտութեամբ։

Canon tables 1

Թղ. 1ա, բազմագոյն եւ շատ գեղեցիկ, սակայն առաջին թուղթն ըլլալով՝ քիչ մը վնասուած է։

Canon tables 2

Թղ. 8բ, 49բ, 89ա, 151ա, 189ա, 223ա, 240բ, 264ա, միագոյն սակայն շատ աշխատուած զարդերով։

Title text

եւ

Blank pages

չկան։

Colophon

ամենեւին չկան, որով կը պակսին ձեռագրին վերաբերեալ միւս գիտելիքները։

Informations

վանքիս ձեռագիր ցուցակին մէջ գրուած է. «Եբեր ընդ իւր Վ. Հ. Արսէն Վ. Անթիմոսեան (Բագրատունի), յամի 1857, ի գալստեան իւրում ի Կոստանդնուպօլսոյ»։ Մատեանս է Շարակնոց, որ ունի շատ մը պարականոն շարականներ. կը բովանդակէ հետեւեալ կանոնները. 1. Թղ. 1ա. «Կանոն ծնընդեան սրբուիւոյ Աստուածածնին յիւրոց ծնողացն»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 1, 3-5. Աւետման կանոնի երկրորդ Հարցը ունի Ճաշու շարական. «Ի քեզ եմք ապաւինեալ Քրիստոսի մայր» եւ այլն։ 2. Թղ. 6բ. «Կսեոն Ասսուածայայանութեան ճրագալուցին»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 6-16. Ճրագալուցի կանոնը ունի Մեծացուսցէ «մ. Մայր բնութեանց մարմնացեալ լուսոյն որ ըզփրկանս». իսկ Յայտնութեան ութօրէքին կը յաջորդէ «Կանոն մանկանցն Բեթղեհեմի» (հմմտ. և. Երկ. § 174)։ 3. Թղ. 29բ. «Կանոն Անտոնի անապատականի»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 17-25։ Անտոնի կանոնին կը յաջորդէ «Կանոն սրբոյն Յակոբայ (Մծբնայ)» հմմտ. Ա. Շրկ. § 173, սակայն աւելի ունի՝ Ճաշու շարական մը. «Թագաւոր թագաւորաց Քրիստոս ի մարդկանէ ընտրեցեր»։ Թէոդոս թագաւորի կանոնը իբր վերնագիր ունի «Կանոն սրբոց թագաւորացն Թէոդ(ոսի), Կոստ(անդիանոսի), Տրդ(ատայ)», ու կանոնին վերջին շարականը «Որ գերագոյն քան ըզբընութիւնս» խորագիր կը կրէ՝ «Եարական սրբոյն Տրդատայ թագաւորին»։ Յովնան մարգարէի կանոնին վերնագիրն է «Կանոն Նինուէացւոցն եւ Յովնանու մարգարէի»։ Յովնանու կանոնին կը յաջորդէ «Կանոն սրբոց հայրապետացն Նիկիոյ սուրբ ժողովոյն, Կոստանդնուպօյսի, Եփեսոսի» (հմմտ. Ա. Շրկ. § 176), աւելի ունենալով «Շարական սրբոց ժողովոցն տեառն Գրիգորի ասացեալ. Հիման յառաքեալս Հաւր յայտնութեամբ», որու սկզբնատառերը կը կազմեն «Հեթմս ի Գրիգորէ», իսկ շարականին միջանկեալ զանազան վերջագիրեր կարմիր թանաքով են, որոնք կը ձեւացնեն «Արքաի կաթողիկոս», եւ որով սկզբնատառերն ու վերջատառերը կը կազմեն «Հեթմո արքաի ի Գրիգորէ կաթողիկոս(է)»։ 4. Թղ. 49բ. «Կանոն Բուն Բարեկենդանին կիրակէին»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 27-78։ Բուն Բարեկենդանին կը յաջորդէ «Շարական Համամայ. Հայր երկնաւոր անկանիմ» (Հմմտ. Ա. Շրկ. § 26)։ Իսկ § 28բ սկսելէ առաջ կայ «Կանոն ապաշխարութեան» խորագիրը։ Քառասնորդաց առաջին շաբաթը կը փակուի «Կանոն սրբոյն Մէոդորոսի զաւրավարին»ով, որու բովանդակ պատկերը հմմտ. Է. Շրկ. § 19։ § 40 ունի «Շարական Կիւրղի եւ Յոհաննու Երուսաղեմի հայրապետին. Մանկունըք նոր Սիովնի, փառաբանիչք սուրբ Երրորդութեանն, ըզյիշատակ սըբոյն Կիւրդի Երուսաղեմի» եւ այլն, լուսանցքին վրայ գրուած է «Յոհաննու», այսինքն ըսել «Յոհաննու» փոխանակ «Կիւրղի»։ 5. Թղ. 89ա. «Կանոն յարութեան Ղազարու»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 79-88. ձեռագրիս մէջ զանց եղած է Ծաղկազարդի կանոնը (§ 81), որ փոխադրուած է Յինանց «Երկրորդ Ծաղկազարդէն» առաջ։ Ներսէս Շնորհալիի յօրինած «Արարչական բանին հրաման» երգը բաժնուած է աւագ շաբաթուան եօթը օրերուն վրայ, այսինքն օրինակուած են Մանկունքէն յետոյ (Համբարձիէն առաջ)։ Աւագ Ուրբաթ օրը՝ Հարցէն առաջ ունի Ներսէս Շնորհալիի «Այսաւր անճառ» ծանօթ երգը, որոնց միջանկեալ նշանակուած են աւետարաններու առաջին բառերը եւ երգուելիք սաղմոսները. «Բան անաւրէնութեան եդին ի վերայ իմ, Տէր Տէր մի թողուր զիս» եւ այլն։ Մանկունք շարականին կը յաջորդէ «Չհանդուրժեալ բնութեամբ», եւ ապա «Երզ ցերեկուն աւետարանացն՝ ըստ անուան երգողին. Նորոգաւղ տիեզերաց»։ Այս երգերուն կը յաջորդէ «Եկայք հաւատացեալք» Համբարձին։ 6. Թղ. 113ա. (Կանոն Պասէքին)։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 89-144. թուղթ ինկած ըլլալով՝ կը պակսի Պասէքի Օրհնութեան առաջին մասը. նոյն օրուան կանոնին կը յաջորդէ «Նորաստեղծեալ բանն յանէից» երգը։ Հոգեգալստեան Է. օրուան կը հետեւի «Շարական սրբալոյս մեռոնին. Որ յառաջագոյն յաւրէնս յաւրինակ... Հայր ամենակալ որ առաքեցեր» (Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 186-7)։ 7. Թղ. 160բ. «Կանոն ծնընդեան Յով(հ)աննու Կարապետին» (հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 145-152)։ 8. Թղ. 174ա. «Կանոն Տապանակին Աստուծոյ»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 153-170։ Վարագայ Խաչի կանոնը փոխադրուած է Վերափոխման Գ. օրուան կանոնէն յետոյ, Ս. Խաչի նաւակատիքէն առաջ։ Ս. Խաչի է օրուան կանոնրը ունի երև, չարականներ եւս. «ո. Որ վասն մեր որդի Աստուծոյ ի վերայ քառաթեւ խաչին», «տ. նր զխաչ քո շնորհեցեր Քրիստոս գաւազան», «տ. Յոյս եւ ապաւէն ետուր ըզխաչ քո մեզ Քրիստոս»։ Գիւտ Խաչի «Ապաւինեցաք» շարականը ունի վեց տուն(Ա-Չ)։ 9. Թղ. 201բ. «Կանոն սրբոց ՄարգաՀմմտ. Ա. Շրկ. §§ 171-2, 175, 177-8 185, 188-195. § 180ի կը յաջորդէ Նիկողայոսի շարականը, § 194ի՝ Տարագոսեանցը, § 195ի՝ Մինասի ծանօթ շարականը եւ «Շարական սրբոյն Կոզմայի եւ Դամիանոսի. ԲԿ. Բըժի,կ հոգւոց եւ մարմնոց փըրկիչ Տէր Յիսուս Քրիստոս» եւ այլն։ 10. Թղ. 219ա. «Արեւագալին ... Յարեւելից մինչ ի մուտս» եւ այլն։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 197-9, որու կը յաջորդէ «Շարական խնկարկութեան. Յայս յարկ նըւիրանաց»։ 11. Թղ. 223բ. «Կանոն համաւրէն Մարտիրոսաց»։ - Թղ. 240բ. «Կանոն համաւրէն նընջեցելոց ի Քրիստոս»։ Հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 200-215. կ'աւելցնէ հետեւեալ շարականները. Մարտիրոսաց կանոնին՝ ԱՁ. «6շ. Ցնծացեալ բերկրի Սիոն վերինն Երուսաղէմ ժողովարան»։ Ննջեցելոց կանոնին մէջ աւելի կան՝ ԱՁ. «Կեանք եւ յոյս ազգի մարդկան», «Որ անճառ խոնարհութեամբ եկիր», «Ի սկզբանէ բանդ Աստուած». ԱԿ. «Հայր երկնաւոր որ մարդասիրութեամբ քո», «Որ ըզկերպարանս ծառայի ճըշմարտապէս». ԲՁ. «Արեգակն արդարութեան Քրիստոս թագաւոր հըզաւր», «Որ բնակեալդ ես ի յերկինս արարաւղ». ԲԿ. «Գալոց է միւսանգամ արարիչն յաշխարհս», «Անըսկիզբն Աստուած եւ ստեղծիչ հոգւոց». ԳՉ. «Հայր անըսկիզբն անեղ, անմահ». ԳԿ. «Ահեղ փողըն յարութեան մեծի աւուրըն յետին». Դ2. «Անեղին տաճար եւ արարչին ծընաւղ Մարիամ». ԴԿ. «Արարչագործ բանիւ քո Տէր ի հողոյ», «Ուրախացան զաւրք երկնայինք եւ զուարճացան»։ 12. Թղ. 261ա. «Աստուած անեղ անժամանակ Հայր» (Ա-Ք)։ 13. Թղ. 264ա. «Աւրհնութեներ Յարութեան Տեառն» (հմմտ. Ա. Շրկ. §§ 216-223)։ 14. Թղ. 281ա. «Արեւելք գերարփին» Այս վերջին շարականը յետագային աւելցուած է նոր թուղթի վրայ եւ նոտր գրով։

Content