1592
1663
1410 բ. յետոյ։
բոլորգիր։
թղ. 1-249՝ Ա-ԻԳ, այնուհետեւ չեն նշուած։
թուղթ տոկուն եւ թուխ։
արդի, կիսակաշի լաթակազմ, միջուկը ստուարաթուղթ։
խեղն. թէեւ ստացած է նոր կազմ, սակայն Ձեռագիրս խոնաւութեան մէջ մնացած ըլլալով՝ թողած է հետքը, յատկապէս վերջին թուղթերուն վրայ. միջանկեալ ունի կորսուած թուղթեր։
երա Մխիթարիչ Ապարանեցի։
սեւ թանաքով, որոնց վրայ կայ կարմիր թանաքի հետք։
թղ. 1ա, շատ պարզ եւ անյաջող։
կարմիր թանաքով։
Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ. 1. Թղ. 274բ. «Թվ. ի ՌԵՃԽԸ (1548), ես Տէր Ջվանս ծահեցի զայս գիրքս ֆրա Զաքարէն, ԲՃ դկ. (200 դահեկան), հալալ գինն յիս հասաւ. Բարխուրդար վկայ, Ղօկաս վկայ, Ղուլիջան վկայ, Թրվանդ վկայ, ես արա Մօսէսս վկայ՝ գիրս գրեցի. ա2. Թղ. 284ա. «Ես ծրա Անդրիաս Թումեցի, գնացի ի Հուռաւմ (իմա՛ Հռոմ) քաղաքն սուրբ (..) թ(ու)ին ՌՈՀԵ (1675)»։ 3. Թղ. 239բ. «Ես Ճահկեցի Պատրի Պետրոս Պրօվինցեալս գրեցի այսը գրքոյս թղթահամարն եւ ցանգն. ՌՉԻԱ (1721), Ապր(իլի) ԺԹ»։
«Ի գաւառն Ջանատ աշխարհիս, սահմանակցութեան Առատայ, ի Հունկարիա, ի Բուստայն Պանատուշ, առ Քիթիքազաւ, ի տան պատուելի Աղաչայ Գրիգորի Նիքօշի Լուսիկեան, ես Հ. Միքայէլ վրդ. Չամչեանց գտի զայս գիրս վինաբանութեան փրա Մխիթարիչ Ապարանեցւոյ եւ առեալ բերի ընդ իս ի վանս Սրբոյն Ղազարու, ի Վենետիկ, յամի տեառն 1790»։ Մատեանս կը բովանդակէ Փրա Մխիթարիչի «Գիրք տրամաբանութեան»ը, որ հեղինակին գրչութեամբ է, օրինակուած վերեւ տեսած մեր նախորդ օրինակէն (Ձեռ. թիւ 334)։ Ձեռագրիս մասին Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի տուած անդրագոյն բացատրութիւնը տե՛ս վերեւ։ Ներկայ Ձեռագիրս ունի հետեւեալ կազմը. 1. Թղ. 1ա. «Գիրք ուղղափառաց, ըստ կաթօլիկէ սուրբ եկեղեցո(յ) եւ ընդդէմ հերձուածողաց. Նախ յաղագս անուան գրոցս. Մի՛ խոտորեսցիս յաջ կամ յահեակ, ասէ սաղմոսերգուն, ընդ սրբոյն սուրբ եղիցիս եւ ընդ առն ամբծին անբիծ եղիցիս, եւ ընդ ընտրեալսն ընտիր եղիցիս եւ ընդ թիւրսն կործանեսցիս...»։ Ձեռագիրս հաւատարիմ ընդօրինակութիւնն է առաջին օրինակին (Ձեռ. թիւ 334), հետեւեալ զանազանութիւններով. ա. Թուղթ ինկած ըլլալով ընդմէջ թղ. 8-9ի, կը պակսի Գլ. Գ. ի վերջաւորութիւնը, ուր կար Ձեռագրին Յիշատակարանը, գըրուած արա Սխիթարիչէն։ Նոյնպէս թուղթի անկումի հետեւանքով՝ կիսատ է Գլ. ԻԷ.ի սկզբնաւորութիւնը։ բ. Գլ. ԼԳ.ի ընդօրինակութիւնը մնացած է կիսատ, եւ յաջորդաբար կը պակսին Գլ. ԼԴ-ԼՋ։ Թերի է Գլ. ԼԷ.ի սկզբնաւորութիւնը։ Անկարելի չէ որ Ձեռագրէն ինկած ըլլան մէկէ աւելի պրակներ, որու հետեւանքն է այս գ. Յաջորդաբար Ձեռագիրս ունի Գլ. ԼԴ-ԽԴ (միջանկեալ թերի թուղթերով)։ Դ. Ամբողջութեամբ կը պակսին Գլ. ԽԵ-ԾԶ (Ձեռ. 334, §§ 45-56)։ ե. Հաւատարմութեամբ օրինակուած են մնացած մասերը, այն է՝ Ժամանակագրական ցուցակները (հմմտ. Ձեռ. 334, §§ 57-60)։ զ. Ֆրա Պետրոս Ջահկեցի, 1721ին կազմած է Ձեռագրիս ցանկը՝ թղ. 282ա, որու շարունակութիւնը տե՛ս թղ. 239բ։