4111106ՌՃԻԳ = 1674։
բոլորգիր նորագոյն, բաւական յստակ։
22, որոնցմէ 20ը՝ 12 թղ. ունին, 1ը՝ 10 թուղթով, եւ մին՝ § թղ. է։ Թերթերու թիւը՝ ստորին լուսանցքի մէջտեղը նշանակուած է, բացի վերջինէն՝ որ նոյն գրչին ձեռքով յետոյ աւելցուած եւ առանց թիւի մնացած է։
թուղթ սպիտակ եւ տոկուն։
տախտակ, կարմիր՝ սեւի զարնող կաշեպատ, որուն գոցուելիք ականջներն ու գամերը ինկած են։ Առաջին կողքը դրոշմուած է խաչ մը՝ որուն իւրաքանչիւր ծայրը խաչաձեւ կ'աւարտի, եւ ամբողջութիւնը 7 աստիճանով մեծ պատուանդանի վրայ կանգնած է։ Ճիշտ մէջտեղը պղնձէ խաչ մը հաստատուած է, 7x7 մեծութեամբ, որու հորիզոնական թեւին վրայ գրուած է. «Յիշատակ է - Ճանփաշ»։ Երկրորդ կողքին վրայ եւս փակելիք մասով միասին, նուազ ճոխ խաչադրոշմեր կան, որոնք գրեթէ աւրուած են։ Ստորին կողմի վերի անկիւնի կաշին մաշած է եւ տախտակը կը տեսնըւի։ Կողքին ներքին կողմը թաւշանման հին կերպաս մը կայ, կարմիր յատակի վրայ սեւ ու ներմակ մեծ գիծեր ու ծաղիկներ կան։
թէեւ պակաս չկայ, սակայն լաւ պահուած չէ, եւ քայքայուած։ Բ-Գ թերթերը իրարմէ զատուած են, որով յաջորդ 4 թերթերը, ինչպէս նաեւ վերջինը՝ խախտած են, եւ լոկ կազմի բարակ դերձանով մը միացած կը մնան ձեռագրին հետ։ Թղ. 2ա, 89բ լուսանցքին վրայ այբուբենի գրչափորձեր կան։ Վերջին թերթը աւելի թխացած է, եւ առջեւի լուսանցքի վերին անկիւնները իւղոտած են։
«Փիրիխանին կողակից»ը եւ դուստրը «Անայ Խաթուն»։ - ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՔ Թղ. 3բ, 43բ, 70բ, 189բ, 251բ, 259բ։
չունի, այլ սկիզբն ու վերջը՝ մի մի ստուար թուղթ կայ, որոնք երկսիւն բոլորգիր մեծ ճաշոցէ մը առնուած են (20x15,5) ԺԵ-ԺԶ դարուն։
եւ
շատ կան, գրեթէ բոլորն ալ թռչնագիր. վարդագոյն մանիշակ ու նարնջագոյնով բարեխառնած, Թղ. 3ա, 4ա, 21բ, 28ա, 31ա, 48ա, 50ա, 56ա, 70բ, 87բ, 95բ, 100բ, 120բ, 126ա, 131ա, 136բ, 161բ, 171բ, 190ա, 207ա, 217ա, 245ա-բ, 246բ, 247ա, 252ա։
մէկ հատ միայն կայ, Թղ. 4ա։
չկայ։
1. Թղ. 251բ2։ «Փառք ամենասուրբ Երրորդութեան ամէն։ Գրեցաւ սուրբ մաշտոցս ձեռամբ Պարսամ երիցու, ի թվիս ՌՃԻԳ ( 1674)։ Սղալանացս գրիս՝ անմեղադիր (լերուք), զի կար մեր այս է։ Աստուած յիշողացդ ողորմի, ամէն. Հայր»։ 2. Թղ. 259բ2։ «Յիշատակ է սուրբ մաշտոցս Խանտուտին կողակցին, Փիրիխանին եւ դստերն՝ Անայ խաթունին եւ իւր արեան մերձաւորաց, ամէն։ Եւ ետ յիշատ. ի ձեռն տէր Ղուկասին, էթէ ոք յանտքնի գողանայցէ կամ (յ)ափշտակէ, պատիժ Յուդայի առցէ, եւ ի կենացս անմասն ելցէ. ամէն»։
Թղ. 259բ. «Յիշատակ է Մխիթարեան վանաց։ Առաքեալ ի Հ. Պետրոսէ Ապազեան, Եեաս ի Վենետ. ի սուրբն Ղաղար 1805, յՕգոստ»։ Մատեանս է Մաշտոց միջակադիր, որու ցանկը տես Թղ. 3ա. կը բովանդակէ 23 կանոններ հետեւեալ կարգով. 1. Թղ. 3բ2։ Առանց վերնագրի ունի մըկըրտութեան կանոնը. «Եւ յորժամ Ըօրեա(յ) լինի տղան տա(յ) բերել ի դուռն եկեղեցւոյն եւ ասեն սղ. Տուր զաւրութիւն. փխ. Խոնարհեցւոյ տէր զօ։ Քրզ. Խնդրեսցուք։ ԺԲ տէր ողորմեա ասա»։ - Թղ. 4ա կը սկսի մկրտութեան առաջին աղօթքը «Տէր Աստուած մեր»։ Կանոնիս խրատները Թղ 3բ29բ1, ԺԳ մաշտոցին կը հետեւին § 57-63, որ աւելի լատինական են. իսկ Թղ. 9բ2-21բ1, թէ՛ աղօթքներու եւ թէ՛ խրատագրին ոճն ու կարգը՝ նոյն է Ա. Մաշտ. հետ § 18։ Թղ. 8ա1-9բ1, խրատագիրը կ'ըսէ. «Եւ ապա դարձուցանէ յարեւմուտս, եւ տա(յ) ձեւազուցանել զձեռն հրաժարական։ Եւ դնէ տատմայրն զտղայն ի գետին՝ երեսկ ի վայր կոյս, եւ առնու կնքահայրն զտղայն ի գիրկն եւ ինքն զԲ ափն ի վայր կալնու, եւ կանգնի քահանայ յաջ կողմն եկեղեցւոյն՝ եւ կնքահայրն ի ձախ կողմն քահանային, եւ երեսն ի յարեւմուտս։ Եւ երդմնեցուցանէ զնա քահանայ Գ անգամ եւ ասէ. Հրաժարի՞ս ի սատանայէ, եւ յամենայն խաբէութենէ նորա եւ ի պատրանաց նորա, եւ ի պաշտպանէն նորա և ի գնացից նորա եւ ի հրեշտակաց նորա եւ ի կամարարաց նորա։ Եւ զայս Գ անգամ ասէ։ Եւ զ(յ)ետինն ասէ. Հրաժարելով հրաժարիմ ես եւ տղայս։ Եւ ապա դառնայ յարեւելս եւ ասէ. Հաւատամ ամենասուրբ Երրորդութեանն, ի Հայր եւ յՈրդի եւ ի Սուրբ Հոգին։ Ի ստեղծողն եւ յարարիչ ամենայն արարածոց. Յաւետիքն Գաբրիէլի, ի Ծնունդն Քրիստոսի, ի մկրտութիւնն Քրիստոսի, ի տնաւրէնութիւն, ի վարդապետութիւն, ի սքանչելագործութիւն Քրիստոսի, ի պայծառակերպութիւն Քրիստոսի. ի կամաւոր խաչն, ի մահն Քրիստոսի, յերեքաւրեա(յ) թաղումն, յիջանելն ի դժոխս, ի յարութիւնն Քրիստոսի, ի համբարձումն, ի նստիլն նովին մարմնովն ընդ աջմէ Հօր. ի միւսանգամ գալուստն Քրիստոսի, ի թողութիւն մեղաց, ի յարութիւն մեռելոց, ի դատողական իշխանութիւն ի հատուցումն ըստ իւրաքանչիւր գործոց եւ ի կեանսն յաւիտենից։ Եւ զայս Գ անգամ կրկնէ, վերջն Գ անգամ ասէ. Հաւատա՞ս։ Ասէ. Հաւատամ, Գ հետ, եւ զ(յ)ետինն. Հաւատով հաւատամ, ես եւ տղայս»։ Միւս մասերը հմմտ. Ա. Մաշտ. § 18։ 2. Թղ. 21բ1։ «Կանոն փեսայի հանդերձ աւրհնելոյ։ Առնու քահանայ զխաչն եւ ըզմաշտոցն եւ երթայ ի տուն փես. եւ հարս. շրկ. ԳՉ. Խաչանշ. կամ Աւրհնեցէք զտէր։ Սղ. Տարցին թգր։ Փփ. Բղխեսցէ։ Ընթերց. յԵս. Ցնծասցէ։ Պաւղ. Գղտ. Բաժակն աւրհնութեան։ Աւետ. Մթ. Եւ գնացին զհետ» (տ. տպ. 1831 Վենետ. էջ 54-5, ուր Գիրք եւ Աւետ. տարբեր են)։ Թղ. 23բ1-26ա2. Աղօթք «Տէր Աստուած զաւրութեանց»։ «Եւ յետ այս բանի՝ պահանջէ ի նոցանէ խոստումն յանձնառութեան նախանառելոցս, ասելով. Զայսոսիկ ո՜վ որդեակ...»։ Թղ. 27ա1-28ա1։ «Եւ ապա տացէ քե. զաջ ձեռն հարսին... եւ ասէ. Ըստ աստուածային... տէ՛ր ես։ Ցըհարսն. Հնազա՞նդ ես...» «Աստուած ի մէջ սոցա եւ նոքա մի՛»։ «Արդ եթէ այսու աւրինակաւս կեցջիք» (Հմմտ. տպ. Երուսաղէմ 1896, էջ 71-4, եւ Վենետ. թէ՛ ասոնք, թէ ձեռագիրները շատ տարբեր կերպով կը գըրեն այս կանոնը։ Ասոր մէջ Նշանատուութիւնը պսակին հետ նոյնացած է)։ Թղ. 28ա2-30բ2։ «Եւ ապա ասեն զերգս աւրհնութեան քահանայքն քաղցր ձայնիւ. Ամենազօր տէր թագաւոր... փառըս տացուք Երրորդութեանն՝ յանցեալն այժմուս եւ ապագայն»։ Ոտանաւոր մաղթանք մ'է փեսային եւ հարսին, շատ պարզ լեզուով։ 3. Թղ. 31ա2։ «Կանոն փեսայի եւ պսակի աւրհնելոյ»։ Սկիզբի խրատները՝ նոյն են Դ. Մաշտ. § 29ի հետ։ Նկատելի են հետեւեալ տարբերութիւնները. Թղ.32ա1-33բ2. կը դնէ Ընթ. յԱռակաց, զոր Դ. Մաշտ. չունի։ Թղ. 33բ2-36բ2. Գիրք եւ Աւետարանն ալ կը տարբերին Դ. Մաշտոցէն։ - Թղ. 37ա139բ1. «Աստուած որ միայն կարողդ ես...» աղօթք մը կը դնէ, որուն առաջին մասը «Տէր Աստուած զօրութեանց» (տ. վերը § 2) աւղօթքին վերջաւորութիւնն է, իսկ երկրորդն՝ Ա. եւ Դ. Մաշտ. չունին։ - Թղ. 40բ1-44ա2. «Ընթերց. յԵս.» Դ. Մաշտ. աւելի առաջ դըրած է։ - Թղ. 44ա2-47բ1. «Աւրհնեալ ես տէր Աստուած ամենակալ...» աղօթք մը ունի որ Դ. Մաշտ. մէջ չկայ, իսկ երկրորդ մասն արդէն իսկ կրկնած է, տ. Թղ. 23բ1։ 4. Թղ. 48ա1։ «Կանոն պսակ վերացուցանելոյ»։ Հմմտ. Դ. Մաշտ. § 30։ 5. Թղ. 49բ1։ «Կանոն հաղորդ տալոյ» Հմմտ. Դ. Մաշտ. § 31։ 6. Թղ. 55բ1։ «Կանոն աշխարհաթաղ առնելոյ»։ Հմմտ. Դ. Մաշտ. § 32։ Միայն թէ ներկայ մաշտոցն աւելի ճոխ է շարականներով, ու Գիրք եւ Աւետարաններ միւս մաշտոցներու հետ չեն համաձայնիր։ 7. Թղ. 70բ2։ «Ով եղբայր զգանձդ թէ կամիս ասա ի տունն կամ ի գերեզմանն, Մինդ ի յԷէն». Մանվելս։ 8. Թղ. 76ա1։ «Ողբ թաղման. Ով քահանայք եւ վարդապետք»։ 9. Թղ. 87բ1։ «Կանոն այգալացին»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 23։ 10. Թղ. 95ա2։ «Կանոն է (եւթներորդ) աւուրն եւ յամենայն ժամ որ գան ի գերեզմանն ննջեցելոց»։ Հմմտ. տպ. 1831 Վենետ. էջ 254-59 11. Թղ. 100ա2։ «Կանոն յորժամ տղայ վաղճանի»։ Հմմտ. Դ. Մաշտ. § 34։ Դիտելի է որ Ընթերցուածներու մէջ կը խոտորի՝ լոկ կարգին ետեւառաջութեամբ։ - Թղ. 100բ1103ա2. «Տէր (իմա՛ Սուրբ) ես տէր Աստուած մեր» երկու մասով աղօթք մը ունի, որուն երկրորդ մասը, Թղ. 102ա2. «Աւրհնեալ ես արդարադատ Աստուած» Դ. Մաշտ. չունի, - Թղ. 118բ1-170բ1. «Հայր երկնաւոր» աղօթքն ալ Դ. Մաշտ. չի դներ։ - Թղ. 120բ2123բ1, «Նաղաշի ասացեալ. Արարիչն արարածոց մեզ բարկացօ ( = բարկացաւ)», ժողովրդական լեզուով՝ ողբական ոտանաւոր մը, որ Դ. Մաշտ. չունի։ 12. Թղ. 126ա2։ «Եւ երրորդում (երկրորդ) աւուր գնան ի գերեզմանն»։ 13. Թղ. 130բ1։ «Կանոն հոգեհանգիստ առնելոյ»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 14։ 14. Թղ. 136բ1։ «Կանոն խաչ աւրհնել(ոյ)»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 11 եւ Դ. Մաշտ. § 21։ Միայն Թղ. 155ա2։ «Աւրհնեալ տէր Աստուած արարիչ» աղօթքին առաջին մասը չունին Ա. եւ Դ. Մաշտ. թէեւ երկրորդն ու15. Թղ. 161ա1։ «Կանոն պղծեալ տանարի եւ շարժեալ սեղանոյ վերստին հաստատել ի տեղի իւր եւ աւրհնել»։ Հմմտ. Դ. Մաշտ. § 6։ Միայն Թղ. 164բ2166ա1. «Որ ընդունօղդ ես... Բարեբանեմք զամէնաւրհնեալ անուն քո» աղօթքին, միայն երկրորդ մասը կայ Դ. Մաշտ. մէջ։ - Թղ. 162ա168բ. ստորին լուսանցքներուն վրայ «սըրբեալ տաճարի» կը գրէ, չուզելով «պղծեալ» բառը գործածել։ 16. Թղ. 171ա2։ «Կանոն ջուր աւրհնելոյ յաւուր յայտնութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 29 եւ Դ. Մաշտ. § 37։ Թղ. 188բ2-189բ1. «Ով ղարմանալի» տաղն ունի, որ միւսներուն մէջ չկայ։ 17. Թղ. 189բ2։ «Կանոն աւագ Հինգշաբաթին զապաշխարողսն արձակելոյ»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 32։ - Թղ. 189բ2. խրատը կը պարունակէ Ծ (50) տէր ողորմեա», Ա. Մաշտ. Ճ (100) կը պահանջէ։ Մաշտոցը հոս չունի «Աւրհնեալ է ամբաւ ողորմութիւն», «Օրհնութիւն ժողովրդեան» կոչուածը, զոր ուրիշներ ունին։ 18. Թղ. 207ա1։ «Քարոզ պատուիրանի զոր քահանայն զեկուցանէ ժողովրդեանն»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 34։ Թղ. 207ա1. խրատը կը յաւելու. «բայց ոմանք ի մէջ պատարագին կու կարդան, եւ ապա ասեն. Քրիստոս պատարագեալ, եւ ապա հաղորդին արժանաւորքն»։ 19. Թղ. 215բ2։ «Կանոն մեծի Հինգշաբաթին ոտնլուային»։ Հմմտ. Դ. Մաշտ. 8 39, որմէ կը զարտուղի Թղ. 232ա2-233ա2 ուր աղօթքն ու տեառնագրութիւնը իւղի վըրայ կը պատուիրէ, մինչ Դ. Մաշտ. «ի վերայ ջրոյ»։ - Թղ. 233բ2. «Յովհ. Եւ յորժամ լուաց» Աւետարանը, «ի վերայ աթոռոյ կարդայ» կ'ըսէ. Դ. Մաշտ. չունի։ Թղ. 234ա2. Աւետարանէն վերջ՝ կը դնէ «Աւրհնութիւն հասարակաց ժողովրդեան. Աւրհնեալ է ամենասուրբ Երրորդութիւն», եւ ասով կը վերջացնէ կանոնը, դուրս ձդելով ուրիշ ձեռագիր ու տպ. օրինակներու Քրզ. եւ աղօթքները։ 20. Թղ. 245ա1։ «Կանոն հանդերձեղէն եւ զգեստ աւրհնելոյ»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 21. Թղ. 245բ2։ «Կանոն սկիհ եւ մաղզման աւրհնելոյ». տ. Ա. Մաշտ. § 8։ 22. Թղ. 246ա2։ «Կանոն որ պեղծ ինչ կերեալ իցէ». տ. Ա. Մաշտ. § 39։ 23. Թղ. 2462։ «Կանոն զսերմանիս եւ զարմտիս եւ զշեղջի եւ հնձանի». իսկ Թղ. 247ա ճակատի լուսանցքին վրայ նորագոյն գրով, կայ «կանոն սերմանց օրհնութեան, զոր ձգեն ի յարտորայս եւ յայլ տեղիս». տ. Ա. Մաշտ. § 36։ 24. Թղ. 252ա1։ «Կանոն տեառնական աւրհնելոյ». հմմտ. Ա. Մաշտ. § 12. բացի «Ընթ. ի Ծննդ. Եւ եղեւ Հաբել հովիւ խաշանց» զոր Ա. Մաշտ. չունի։ Նոյնպէս Թղ. 255բ2-259ա1. Քրզ. եւ աղօթքը չունի Ա. Մաշտ։ Որով համաձայն է Դ. Մաշտ. § 22ի։ 25. Թղ. 259ա1։ «Աւրհնութիւն աղի». տ. Ա. Մաշտ. § 13։