4101269ՌՃԻԲ-ԻԳ 1673-4։
բոլորգիր արդի եւ դիւրընթեռնլի։
34, իւրաքանչիւրն 12 թղ. ունի։
թուղթ, ոչ լաւ ողորկուած. սպիտակ սերի գոյն, դիմացկուն։ Սկիզբէն, Թղ. 1-5, 390-430 իրարու փակցուած կրկին թուղթերէ՝ հաստ թուղթ մ'է ձեւացած։
փայտեայ կաշեպատ՝ շագանակագոյն։ Առաջին կողքին մէջտետը կայ դրոշմազարդ մեծ խաչ մը՝ բարձր պատուանդանի վրայ. խաչափայտերը՝ իրարու փաթթուած օձերու կը նմանին. ծայրերը՝ խաչաձեւ կ'աւարտին։ Սոյն դրոշմազարդին կեդրոնը՝ դրուած է ուրիշ խաչ մը պղնձէ (8x7 մեծութեամբ), մէջտեղն ունի կարմիր ակունք մը, 3 ծայրերը՝ բոլորաձեւ փոքր գամեր, որոնցմէ ստորին գլուխն ինկած է. 4 ծայբերը՝ նիզակաձեւ կ'աւարտին։ Վերջին կողքին կեդրոնը՝ աստղանման դրոշմազարդ մը կայ՝ պարզ գիծերէ շըրջապատուած. աստղին ստորեւ՝ աջ կողմը՝ կաշին ծակած է՝ մատի մը մտնելու չափ։ Գոցելիք կաշեկտորը կայ, բայց դիմացի կոնկելիք փայտեայ երեք գամերէն՝ միայն մէջտեղինը մնացեր է. 2 կողքերը, էջին մեծութեամբ, շրջապատուած են նոյն ոճով դրոշմազարդ շրջանակէ։ Կողքերուն ներսը պարզ տախտակը կը տեսնուի, աջ կողմինը՝ 2 կտոր կարմիր լաթ ունի ամուր մը փակցուած։ - ՄԱԳ.ՊԱՀՊԱՆԱԿՔ չկան։
ընդհանուր կերպով լաւ պահուած է եւ անթերի։ Վերջին կողքի պահպանակին թանձր թուղթէն փոքր պատառ մը մնացեր է։ Առաջին եւ վերջին թուղթը բաւական մաշած են, ցեցակեր եւ գունաթափ։ Թղ. 1-75 ստորին լուսանցք՝ խոնաւութենէ գոյն փոխած են. ժզ թերթը թէեւ թղ. մը պակաս է՝ բայց գրութիւնը թերի չէ։ Թղ. 282-292 աւելի թխացած են։ Թղ. 362-390. առջեւի լուսանցքին միջին անկիւնը՝ ցեցակեր եղած է՝ անվնաս։
Յակոբ Ջուղայեցի վանառական։
բազմաթիւ են. ահա ցանկը. Թղ. 6ա, 8բ, 21ա, 52ա, 61ա, 64ա, 65բ, 70ա-բ, 72բ, 74բ, 76բ, 78բ, 92բ, 109բ, 110բ, 111ա, 115ա, 113բ, 119ա, 124բ, 125ա, 147բ, 151բ, 152բ, 163բ, 165ա, 170ա, 175ա-բ, 190ա-բ, 191բ, 194բ, 197բ, 202ա, 212ա-բ, 230ա, 234բ, 240բ, 264ա, 267ա, 280ա, 289ա, 297բ, 314բ, 325բ, 417ա, եւ դեռ շատ ուրիշներ։
շատ են, բաւական յաջող եւ ձաշակաւոր. տես զարդագիրք։ Թէ՛ ասոնք, թէ յաջորդ զարդերը, նարնջագոյն, մութ կարմիր, կապոյտ, ըսպիտակ ու սեւ գոյներու յարմար բաղադրութեամբ՝ նկարուած թռչնագիրներ են, ծաղկեփունջեր, խաչաձեւեր, խորանիկներ կամ լուսաբողբոջ աշտարակներ, որոնցմով գիրքը կը շքեղանայ։
կարելի է նկատել Թղ. 320ա-բ, գծուած փոքր գառնուկ մը, աքաղաղ մը եւ հաւ մը. շատ անյաջող։
Թղ. 21ա, 176ա։
շատ են բայց ոչ յաչող. Թղ. 6ա, 8բ, 69բ։ 109բ, 211ա, 124բ, 147բ, 131բ, 152բ, 169ա, 170ա 194բ, 197բ, 213ա, 240բ, 250բ, 254բ, 307բ։
սեւ եւ կարմիր մելանով են։
Թղ. 2բ-5բ, 15ա-17բ, 20բ։
Թղ. 78բ, 81բ. 92ա, 109բ, 118բ, 124բ, 147ա, 152բ, 163ա, 175բ, 297ա, 307բ, 314ա, 325ա, 399բ, 422ա, 425ա։
1834ին Հ. Փիլիպպոս Վրդ. Թէրճիմեանի ձեռքով հասած է վանք Մատեանս է Բնամաշտոց եւ Գիրք ձեռնագրութեանց, մեծադիր, որու ցանկը տես Թղ. 18ա-19բ, եւ կը պարունակէ 83 կանոններ հետեւեալ կարգով. 1. Թղ. 6ա1։ «Կանոն ջուր աւրհնելոյ յաւուր Յայտնութեան». հմմտ. Ա. Մաշտ։ Ձեռագրիս մէջ չկան «Ով զարմանալի» եւ «Այսօր ձայնն հայրական» տաղերը։ Հանդէսը կը վերջացնէ «Հայր մեր որ յերկինս ձայնիւ, եւ դառնան շարականաւ. Արեգականն արդարութեան» (Յովհ. Կարապետին)։ 2. Թղ. 21ա։ «Հիմնարկէնք եկեղեցւոյ», առանց վերնագրի. տ. Ա. Մաշտ։ 3. Թղ. 29ա1։ «Կանոն հանդերձեղէն ըսպաս աւրհնելոյ», տ. Ա. Մաշտ։ 4. Թղ. 29բ1։ «Կանոն սկի եւ մաղզմայ աւրհնելոյ», տ. Ա. Մաշտ։ 5. Թղ. 30բ2։ «Կանոն յորժամ եկեղեցւոյ նոր դուռն դնեն», տ. Ա. Մաշտ։ 6. Թղ. 31ա1։ «Կանոն նաւակատեաց եկեղեցւոյ»։ 7. Թղ. 51բ2։ «Կանոն պղծեալ տանարի», տ. Ա. Մաշտ։ 8. Թղ. 60ա2։ «Կանոն նկաբեալ եկեղեցւոյ պատկեր աւրհնելոյ», տ. Ա. Մաշտ։ 9. Թղ. 60բ2։ «Կանոն աւազան աւրհնե10. Թղ. 64ա1։ «Կանոն ժամահար աւրհնելոյ», տ. Ա. Մաշտ։ 11. Թղ. 65բ1։ «Սկիզբն աստինանաց կըղերիկոսաց որ ձեռնադրեն ի չորս եղանակս տարւոյն։ Առաջին աստիճան կղերիկոսաց՝ որ են Բեմականք։ Զգենու Եպս...։ Եւ նուիրեալքն նախ մաքրեալքն զգագաթն բոլորակի թագաձեւ զհերս չափաւորեալ, հոլանի եւ անգօտի անկանին առաջի եպիսկոպոսին, եւ հարցանէ Եպս. ի խոստովանահարցն զարժանաւորութիւն նոցա, այսպէս. Ով եղբարք, գիտէ՞ք...։ Պտ. Այո՛յ, հայր սուրբ։ - Գիտէ՞ք եթէ յարդար...։ Այո՛յ հայր սուրբ։ - Վկայէ՞ք դոցա զի իսկապէս առեալ են զկնիք մկրտութեան եւ զդրոշմն։ Այո՛յ հայր սուրբ։ - Գիտէ՞ք ճշմարիտ զի ունին հաւատս ուղղափառս...։ Այո՛յ հայր սուրբ։ - Գիտէ՞ք եւ վկայէ՞ք եթէ կարող են բառնալ զխաչն Քրիստոսի յուսն...։ Այո՛յ, հայր սուրբ, որչափ բաւէ կարողութիւն մարդկան, կարող եւ բաւական են։ Եւ ապա հրաժարեցուցանէ յամենայն հերձուածողացն»։ Կը յարէ Հաւատոյ դաւանութիւն մը։ - Թղ. 67բ1։ «Եւ ապա Եպս. Ով որդեակք իմ...» (յորդոր մը)։ - Թղ. 67բ2։ «Եւ Եպս. դնէ կանոնս եւ նուիրեալքն յանձն աշնուն զկանոնս եպիսկոպոսին։ Նախ զհրաժարական եւ ապա յանձնառ(ա)կանն»։ - Ընթերցուածք, յԵզեկ. ի Ծննդոց, Պաւղ. ի Կորնթ. Աւետ. Մտթ։ Եւ ապա «Եւ եւս. Միաբ. ամենեքեան։ Աղօթք. Տէր տերանց» եւն. հմմտ. ԺԳ. Մաշտ։ 12. Թղ. 69բ2։ «Կարգ Դռնաբացին», հմմտ. ԺԳ. Մաշտ։ Բայց Աղօթքը, հոս ընդարձակութեամբ եւ իմաստով տարբեր է. Թղ. 71բ2։ «Տէր Աստուած իմ Յիսուս Քրիստոս հովիւ քաջ եւ բարի...» զոր ԺԳ. Մաշտ. 13. Թղ. 72բ2։ «Կարգ ձեռնադրութեան Անագանոսի», տ. ԺԳ. Մաշտ։ Այս կարգը պիտի տեսնենք կրկնուած նաեւ ստորեւ § 70։ 14. Թղ. 74բ2։ «Կարգ ձեռնադրութեան Երդմնեցուցչին», տ. ԺԳ. Մաշտ. 15. Թղ. 76բ1։ «Կարգ ձեռնադրութեան Ջահընկալին», տ. ԺԳ. Մաշտ։ 16. Թղ. 78բ2։ «Կարգ ձեռնադրութեան կէս սարկաւագաց»։ Ձեռագրիս Թղ. 80ա-բաղօթքր «Աստուած ամենակալ եւ Տէր զօրութեանց... Տէր Աստուած մեր որ ի ձեռն Տեառն մերոյ», երկու մասով ըլլալէն զատ՝ բոլորովին տարբեր է ԺԳ. Մաշտոցէն եւ մեր տպ. 1878էն։ Մինչ Սսոյ, այսինքն ԺԳ. Մաշտ. այդ 5 փոքր աստիճանները, Քրզ. Աղօթք եւ Տուչութեան պարգ եւ համառօտ արարողութեամբ կը լմնցնէ, մեր ներկայ մաշտոցը հանդիսաւոր կերպով կը պահանջէ նըւիրեալներէն՝ տեղեկութիւն իրենց մասին, Հաւատոյ դաւանութիւն եւ ամէն աստիճանին կը դնէ յատուկ Ընթերց. Գիրք եւ Աւետարան, ինչ որ ուրիշ, հնագոյն ձեռադիրներ չունին։ 17. Թղ. 81ա2։ «Կարգ յորժամ Սարկաւագ ձեռնադրեն», տ. ԺԳ. Մաշտ։ Սակայն «Տէր Աստուած ամենակալ, Հայր Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի... Տէր Աստուած զաւրաց եւ զաւրութեանց երկնաւոր դասուց» Թղ. 82բ1-2 աղօթքը, ինչպէս նաեւ Թղ. 89բ291ա2 «Աստուածային շնորհ՝ որ միշտ զհիւանդս բժշկէ» երգը, «Տէր Աստուած մեր որ ի ձեռն կանխագէտ» եւ միւսը «Աստուած փրկիչ մեր որ կենդանարար ձայնիւ... Փառաւորեալ յամենայնի մարդասէր Տէր» աղօթքները եւ արարողութիւնները, ոչ ԺԳ. Մաշտ. եւ ոչ 1878 տպ. ունին։ 18. Թղ. 92բ1։ «Կարգ ձեռնադրութեան Քահանայի», տ. ԺԳ. Մաշտ.։ Տպ. եւ յիշեալ Սսոյ ԺԳ. Մաշտ. «Տէր Աստուած զաւրութեանց եւ արարիչ ամենայն արարածոց» աղօթքէն վերջ՝ Քահանայական Օծումն ու զգեստաւորումը կը կատարեն եւ կարգը կ'աւարտեն. մեր ներկայ ձեռագիրը, Թղ. 102բ-109ա կը շարունակէ հետեւեալները. «Աստուածային շնորհք՝ որ զհիւանդս բժըշկէ...». «Աղ. Աստուած անսկիզբն եւ անվախճան...». «Քրզ. Եւ եւս։ Վասն ի վերուստ...». «Աղ. Աստուած մեր եւ զաւրաւոր, անհետազաւտելի իմաստութիւն...» եւ «Յիսուս Քրիստոս հայեաց ի ծառայ քո քո...» (տ. տպ. էջ 63, միայն առաջին մասը)։ «Տէր Յիսուս կատարումն աւրինաց եւ մարգարէից...»։ Հոս ունի Զգեստաւորումն եւ Տուչութիւնը, եւ ապա Ընթերցուածներ՝ յԵլից, ի Գործոց Առաք, Յովհ. ի Կթղ. Յովհ. Աւետր. «Եւ էր երեկոյ ի միաշաբաթոջ...». «Աղ. Տէր Աստուած դու ես արարիչ ամենայն սրբութեանց...»։ Հոս կը կատարուի Քհ. Օծութիւնը։ Ապա «Աղ. Տէր Աստուած մեր որ աւծեր սրբութեամբ եւ աւրհնութեամբ զձեռս սորա...»։ Հոս Եպս. կու տայ Բաժակն ու Մաղղմայն՝ Մարմնով եւ Արեամբ հանդերձ՝ Օծելոյն ձեռքը «Առ ընկալ...» եւ ապա «Աւրհնութիւն Աստուծոյ Հօր եւ...»։ 19. Թղ. 109բ2։ «Կանոն նորակերտ գիրք աւրհնելոյ»։ 20. Թղ. 110բ։ «Կանոն խունկ աւրհնե21. Թղ. 111ա1։ «Կանոն փրկչական պատկեր աւրհնելոյ», տ. ԺԳ. Մաշտ։ 22. Թղ. 115ա2։ «Կանոն զսուրբ Աստուածածնի պատկեր աւրհնելոյ», տ. ԺԳ. 2§. Թղ. 118ա2։ «Կանոն զամենայն սրըբոց պատկեր աւրհնելոյ», տ. ԺԳ. Մաշտ։ 24. Թղ. 119ա1։ «Կանոն մոնոզոնի հերակտրութեան Եգիպտացւոցն եւ լերինն եւ Պաղեստին. արանց եւ կանանց որք զկուսութիւն յանձն առնուն ի Քրիստոս»։ Հմմտ. Ա. Մաշտ. § 24։ 25. Թղ. 124բ2։ «Կանոն ձեռնադրութեան կրաւնաւորութեան արժանացելոցն, ի չափ հասակի կատարման տիոցն, եւ նմանակցութեան ի Քրիստոս միացելոցն»։ 26. Թղ. 147բ1։ «Կանոն հայր աւրհնե27. Թղ. 151բ1։ «Կանոն տնտես աւրհնե28. Թղ. 152բ2։ «Կանոն յորժամ կրաւնաւոր վախնանի՝ առ ի թաղումն» - Թղ. 161ա1-163ա2։ «Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած մեր... Տէր մեր եւ փրկիչդ...» աղօթքին միայն վերջին մասն ունի Ա. Մաշտ։ 29. Թղ. 163բ1։ «Կանոն զնշխարս սըրբոցն ընդունիլ եւ փոխել ի հանգիստ», տ. Ա. Մաշտ։ 30. Թղ. 165ա2։ «Մեծի աւուր Հինգշաբաթուն խորհրդածութիւն սուրբ իւղոյն. Մեռոն աւրհնել»։ - Ձեռագիրս միայն Աղ. եւ Քրզ. դրած է. ընդարձակ եւ լիակատար արարողութիւնը տ. ԺԳ. Մաշտ. § 100։ 31. Թղ. 170ա2։ «Կանոն թագաւոր ձեռնադրել(ոյ)», տ. ԺԳ. Մաշտ. § 97, որ միայն ընթերցուածներով կը համաձայնի ներկայ մաշտողին, որուն կարգաւորութիւնն այս է. «Յետ ըզգենլոյն զթագաւորական հանդերձսըն, ուրոյն զքղամիթն եւ զթագն դնեն ի վերայ սրբոյ սեղանոյն արծաթ սկտեղբ, ասելով ի թիւ սղ. Գ. Լուր Աստուած։ Եւ ելանէ հայրապետն եւ կայ առաջի սրբոյ սեղանոյն՝ կալով յետոյ նորա որ պսակելոցն է զնա։ Յետ Սղ. Սարկաւագն Քրզ. Խնդրեսցուք։ Եպս. Աղ. Որ թագաւորդ ես թագաւորաց Քրիստոս... զի դու ես փրկութիւն մեր եւ ապաւէն եւ աւգնական, եւ քեղ վ...։ Եւ ապա ասեն ժամամուտ. Որպէս յետ աստուածասէր թագաւորին Իսրայելի Եղեկիայ.... Եւ ապա առեալ զաջոյ ձեռանէ նորա՝ դարձուցանէ Եպս.ի ժողովուրդն ասելով ձայնիւ երիցս. Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհքն հեղեղեալ առ այս անուն, կոչեն յաթոռ թագաւորութեան տանս թորգոմեայ օծանել ըստ նմանութեան Կոստանդիանոսի մեծի թագաւորին։ Եւ ասասցէ ամենայն ժողվ. Եղիցի, եղիցի ամէն։ Ապա դարձուցանէ ի սեղանն, եւ այս կանոն կատարի։ Սղ. Կց. Թգր. յուսացաւ։ Երկինք պատմեն զփա»։ Ընթերց. Գիրք, Աւետր. Յառաջին թգր. Պաւղ. Առք. Ի Տիմոթ. - Յովհ. Առաք. ի կթղ. - «Աւետր. Ղուկ. Այր ոմն ազնուական գնաց յաշխարհ հեռի առնուլ իւր թագաւորութիւն...։ Քրզ. Ենդր. հաւատ։ Աղ. Տէր Աստուած մեր որ թագաւորդ ես թագաւորաց...։ Ապա առնու հայրապետն զքղամիթն ի սեղանոյն եւ տայ ցքահանայսն զի արկցեն զնովաւ։ Եւ ի շուրջ առնել նորա զայն՝ հայրապետն ասէ. Խաղաղութիւն ամենեցուն։ Եւ Սրկ. Աստուծոյ երկրպագեսցուք։ Եւ հայրապետն դնէ զաջն ի վերայ գլխոյն, եւ ասէ զԱղ. Քեզ միայնոյ թագաւորութիւնդ յաւիտենից... յապահովական կենցաղաւ բընակեսցուք ամենայն բարեպաշտութեամբ, զի դու ես թագաւոր խաղաղութեան Քրիստոս Աստուած մեր, եւ քեզ վ...։ Ապա առնու հայրապետն զմեռոնն և աւծանէ զգլուխն եւ զճակատն ասելով. Աւրհնեսցի, աւծցի եւ սրբեսցի թագաւորս այս յանուն Հօր եւ։ Զայս երիցս ասէ, եւ երիցս ժողովուրդն ասեն զԱմէնն։ Տէր կեցո զթագաւորն եւ լուր մեզ։ Ապա հայրապետն առնու երկոքին ձեռօքն զթագն ի սեղանոյն եւ պսակէ զնա եւ ասէ. Աւրհնեսցի աւծցի եւ սրբեսցի թագս եւ զթագաւորս այս, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն։ Եւ ժողովուրդն զնոյն. Ամէնն։ Տէր կեցոյ զթագաւորն եւ լուր։ Եւ Աւրհնութիւն եւ փառս ասէ հայրապետն։ Եւ նոյն ժամ մտանեն ի ճաշոյ ժամ եւ պատարագ մատչի, եւ թագաւորն հաղորդի օրինաց, բայց զգոյշ կացցէ յամենայն ճանապարհսն Աստուծոյ, երկիւղիւ եւ սրբութեամբ կացԺԳ. մաշտոցը շատ աւելի երկար եւ զուտ լատինական ծէսով է, իսկ ներկան՝ որ հաւանաբար արեւմտեան ծէսի նմանութեամբ կազմուած է, աւելի համառօտ է եւ ազգային գոյնով։ 32. Թղ. 175ա1։ «Կանոն կենդանարար եւ սուրբ մկրտութեան. յորժամ քրիստոնեայ առնեն»։ - Թղ. 176բ2։ «Տէր Աստուած մեր Յիսուս Քրիստոս, որ ասացեր մի՛ արգելուք». այս աղօթքը Ա. Մաշտ. չունի։ Նոյնպէս Թղ. 185ա1։ «Որք ի Հայր և յՈրդի և ի Ս. Հոգին լուսաւորեցարուք՝ Ս. Հոգին բերկրեսցի ձեզ», տարբեր է ուրիշներէն։ - Թղ. 188ա2։ «Տէր Աստուած ամենակալ» աղօթքին՝ երկրորդ մաս մ'ալ ունի ձեռագիրը «Որ երանելիդ ես եւ միայն հզաւր...»։ 33. Թղ. 190ա2։ (Պսակ վերացուցանելո ի մկրտելոց). «Եւ յաւուրն ութերորդի տանին զնորընծայն յեկեղեցին եւ վերացուցանէ քե. զբագն», տ. տպ. էջ 37։ 34. Թղ. 190բ2։ «Կանոն յորժամ տղայն քառասնօրեայ լինի», տ. տպ. էջ 38-9։ 35. Թղ. 191բ1։ «Կանոն հաղորդ տալոյ»։ 36. Թղ. 194ա1։ «Կանոն նշան աւրհնեյ(ոյ). Պարտ է նախ քահանային ընտրել կանոնով զփեսայն եւ զհարսն՝ զի մի՛ լիցին ազգակիցք միմեանց հոգեւոր կամ մարմնաւոր. եւ մի՛ աննմանք միմեանց, որպէս կոյս ընդ այրոյ կամ ընդ պոռնկի. այլ լիցի փեսայն ժդ ամեայ։ Եւ նստուցանեն ի վերայ աթոռոյ ընդդէմ միմեանց՝ եւ ոչ ի ծածուկ հեթանոսաբար։ Եւ դիցեն...։ Զի ոչ եթէ գեղչուկ իմն նորաձեւութիւն է այս, այլ ի խորհուրդ կենսաբեր աւետացն Գաբրիէլի առ Ս. Կոյսն Մարիամ» եւն։ Տպ. էջ 44-51։ - Թղ. 196բ։ «Աղ. Յիսուս Քրիստոս Աստուած մեր ճըշմարիտ» չկայ տպագրին մէջ։ 37. Թղ. 197բ1։ «Կանոն զհանդերձ հարսանեաց աւրհնել(ոյ)», տ. տպ. էջ 52-58, բայց շատ տարբեր է։ Կը սկսի հոս «ԴՁ. շարկ. Խաչանիշ դրոշմամբ», սկզբնատառք՝ (հոս աղաւաղուած՝) Խաչատուր։ «Իգնատիոսի շրկ. այլ ասայ ԴՁ. Որ ընտրեցեր»։ Ընթերցուածք, յԱռակաց, յԱռակաց, յԵսայեայ, Պաւղ. ի Կոռնթ. Աւետր. Յովհ. «Եւ յաւուրն երրորդի հարսանիք էին»։ «Աղ. Աւրհնեալ Հայր սուրբ Աստուած ճշմարիտ», Պետր. Առք. ի կթղ. «Նոյնպէս եւ կանայք»։ «Աղ. Թագաւոր թագաւորաց, եւ Տէր տերանց... եւ շնորհեա սոցա հոգի զգաստ եւ միտս անմոռաց... եւ քեզ վայել...»։ Ասոնցմէ ոչ մին ունի տպագիրը։ 38. Թղ. 202ա2։ «Խրատ փեսային եւ հարսին, որ է Ձեռնազինահար». 7 գլուխ են. «Առաջին՝ այս է աստուածադիր սահման» եւն։ «Է. Եւթն՝ այս է պատուիրանն որ լաւ գիտացէք...»։ «Աւետ. Մարկ. Ածին զաւանակն առ Յիսուս...»։ Առանց նոր վերնագրի՝ կը մտնէ Պսակին մէջ 19. Թղ. 205բ2։ «(Կանոն) պսակ առնեԼ(ոյ)». իսկ ստորին լուսանցքի վրայ Պսակ։ Հմմտ. Ա. Մաշտ։ - Թղ. 208բ2։ «Տէր Աստուած զաւրութեանց» աղօթքին վերջին մասը տարբեր է հոս «Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած ամենայն արարածոց»։ 40. Թղ. 212ա2։ «(Կանոն) թագ վերացուցանելոյ». «Աղ. Տէր Աստուած որ յամենայն ժամ ընդ մեղ ես». հմմտ. տպ. 82։ Ձեռագիրը քիչ մը աւելի կ'ընդարձակէ զայն, եւ մէկ մաս է։ 41. Թղ. 212բ1։ «Աղօթք վասն մեռելի երեսի վարշամակին. Հոգի երեսաց մերոց տէր մեր Յիսուս Քրիստոս...»։ 42. Թղ. 212բ2։ «Կանոն համօրէն ամենայն ննջեցելոց յուղարկեն առ Քրիստոս», տ. Ա. Մաշտ։ 43. Թղ. 224բ2։ «Գանձ համաւրէն ննջեցելոց. Մինդ ի յԷէն». Մանվելս։ Թղ. 227բ1։ «Ով քահանայք եւ վարդապետք»։ Թղ. 228բ2։ «Եկայք այսաւր եղբարք ա44. Թղ. 229բ2։ «Կանոն երկրորդ աւուր յորժամ յայգալացն ժողովին», տ. Ա. Մաշտ։ 45. Թղ. 234բ1։ «Կանոն եւթներորդ աւուրն». Ընթերցուածք, Պաւղ. Թեսղ. - Աւետարան Յովհ. «Եթէ ոչ հատն ցորենոյ»։ «Քրզ. Վասն հրաժ»։ «Աղ. Աստուած թադաւոր յաւիտենական... Գթած եւ մարդասէր Աստուած»։ 46. Թղ. 235բ2։ «Աղօթք յորժամ երթան առ հիւանդն»։ Աւետ. Մթ.. «Եւ մտեալ ի Կափառնաում։ Աղ. Ամենակալ Աստուած, արարիչ ամենայն արարածոց, որ առաքեցեր... Աստուած յաւիտենական՝ որ իջեր ի ստորին կողմ երկրի»։ «Աւետ. Յովհ. Եւ յետ երկուց աւուրց ել անդի»։ «Աղ. Տէր մեր գթած եւ ողորմած, Հայր Տեառն»։ Այս կարդաւորութիւնն ուրիշ տեղ չկայ։ 47. Թղ. 238ա1։ «Կանոն յորժամ սկսանի հիւանդն աւանդել զոգին». լուսանցքն ունի Աղօթք հոգեվարի։ «Աւրհնած ջրով զգլուխն աւծանեն, եւ եթէ երկարէ հոգէվարն՝ կարդան զԽաչելութեան աւետր. զչորս գլուխն տ. ԺԳ. Մաշտ։ 48. Թղ. 240բ1։ «Կանոն (յորժամ) տըղա(յ) վախնանի»։ 49. Թղ. 249ա1։ «Գանձ տղայի. Արարիչն արարածոց մեզ բարկացաւ»։ 50. Թղ. 250բ2։ «Կանոն երկրորդ աւուր», տ. ԺԳ. Մաշտ։ - Ձեռագիրս «Արդ եւ դուք մանկունք առագաստի» աղօթքով կը վերջացնէ այս կարգը։ 51. Թղ. 252բ2։ «Կանոն եւթներորդ աւուրն» (Տղայաթաղին), տ. ԺԳ. Մաշտ։ 52. Թղ. 254բ2։ «Կանոն հոգեհանգիստ առնել(ոյ) կամ պատարագ մեռելոց», տ. ԺԳ. Մաշտ։ 53. Թղ. 258բ1։ «Աւրհնութիւն աղի»։ 54. Թղ. 259ա1։ «Կանոն տեառնական աւրհնելոյ», տ. ԺԳ. Մաշտ։ 55. Թղ. 264ա2։ «Աւրհնութիւն սեղանոյ տեառնականի», տ. Ա. Մաշտ։ 56. Թղ. 264բ1։ «Աւրհնութիւն հատի պատարագի»։ 57. Թղ. 266ա2։ «Աւրհնութիւն հատի մարտիրոսաց յիշատակի. Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած ամենակալ որ ընտրեցեր եւ ընկալար զերանելի վկայսն քո», հմմտ. Ա. Մաշտ։ 58. Թղ. 266բ2։ «Կանոն խաչ աւրհնելոյ», տ. Ա. Մաշտ։ 59. Թղ. 278ա1։ «Կանոն խաչլուայ առնելոյ»։ 60. Թղ. 279բ2։ «Կանոն ապաշխարող աւրհնելով, ապաշխարանք քաշէ. Աղուհացիցն պարտ է բ շաբաթ օրն գայ եկեղեց(ւ)ոյ դուռն, եւ առնու խրատ եւ խոստովանի զամենայն մեղս, եւ քե. տայ խրատ եւ աւրհնէ», տ. Ա. Մաշտ։ - Թղ. 268բ2։ «Մարդասէրն Քրիստոս թողցէ զմեղս քո... ի մահ ապաշխարեսցէ եւ յետին թոշակին թելին լիցի արժանի», զոր Ա. Մաշտ. չունի։ 61. Թղ. 287բ2։ «Մեղսաթիւ. Պարտ է քահանային զգուշ լինել եւ հոգալ». հմմտ. Ա. Մաշտ. § 31. Թղ. 158բ1, ուր ընդհանուր խրատներով կը կնքէ։ 62. Թղ. 288բ2։ «Կանոն մեծի Հինգշաբաթին զապաշխարողսն արձակել(ոյ)»։ 63. Թղ. 297բ1։ «Կանոն մեծի Հինգշաբաթին Ոտնլուային, ըստ որում... զոր արարեալ է Ս. Եփրեմի... զոր թարգմանեաց սուրբ դիտապետն Հայոց մեծաց Գրիգորիոս վկայասէրն», տ. Դ. Մաշտ։ Միակ դիտելու բան որ կայ, այն է թէ՝ մինչ Դ. Մաշտ. (1216ին) օրհնութիւնն եւ աղօթքները՝ ի վեբայ ջրոյն կը պատուիրէ կատարել, ներկայ մաշտոցը իւղին վրայ ըսել կու տայ։ 64. Թղ. 307բ2։ «Կանոն քարոզ պատուիրանի»»։ 65. Թղ. 311բ2։ «Աւրհնութիւն զոր աւրհնէ քե. զժամատունն հանդերձ ապաշխարող ժողովրդականօքն»։ 66. Թղ. 314բ1։ «Կանոն զարմտիս սերմանց, զշեղջ եւ զհնձան աւրհնելոյ», տ. ԺԳ. 67. Թղ. 317ա1։ «Կանոն աւրհնութեան խաղողոյ զոր արարեալ է սրբազան կաթուղիկոսին Հայոց Տեառն Ներսիսի», տպ. էջ 691-95։ 68. Թղ. 320ա2։ «Կանոն գառն աւրհնելոյ Զատկի եւ Վարդավառի»։ 69. Թղ. 320բ1։ «Կանոն հաւ աւրհնելոյ», տպ. 685։ 70. Թղ. 320բ2։ «Կանոն վասն երաշտութեան», ԺԳ. Մաշտ. «Տէր Աստուած ամ. որ վերածես» աղօթքին վերջին մասը չունի։ 71. Թղ. 321բ2։ «Կանոն անագու(անո)սնաց որ ձեռնադրեն եւ լինի(ն) գրակարդաց. Տէր Աստուած արարիչ եւ հաստիչ բոլորովին եղելոցս... ընդ նմին քեզ փառս հանցուք Հօր ամենահզօրիդ եւ որդ(ւ)ոյ միածնիդ եւ սուրբ Հոգւոյդ նորոգողիդ, այժմ եւ միշտ»։ Կրկնութիւն է վերեւ տեսած § 13ին. սակայն աղօթքը տարբեր է։ 72. Թղ. 322ա2։ «Կանոն պղծեալ կերակրոյ թէ ոք ուտիցէ ի քրիստոնէից տաճկազէն, կամ ի զոհից հրէից եւ հեթանոսաց», տ. ԺԳ. Մաշտ. որ աղօթքին վերջին մասը 73. Թղ. 323ա1։ «Աղօթք ի վերայ երդման սղալանաց», տ. ԺԳ. Մաշտ։ 74. Թղ. 323բ1։ «Կանոն մրգաց աւրհնելոյ. Աղ. Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած մեր արարիչ ամ. արարածոց, որ ստեղծեր»։ 75. Թղ. 324ա2։ «Կանոն հնձան աւրհնելոյ. Աւրհնեալ ես տէր Աստուած, որ վասն մեր մարդ եղեր». Ընթ. Գիրք, Աւետր. տ. վերը § 66, հմմտ. ԺԳ. Մաշտ։ 76. Թղ. 325ա2։ «Կանոն յորժամ Եպսկ. կամ Քե. կամ Ուխտի առաջնորդ վախջանի»։ Մինչեւ որոշ տեղ մը բառ առ բառ նոյն է Ա. մաշտոցին հետ. ապա՝ կը զարտուղի, այսպէս. Թաղման արարողութեան այլ եւ այլ հանգիստներուն, կամ կայաններուն, ներկայ մաշտոցը՝ իւրաքանչիւ րին առանձին Ընթերց. Գիրք եւ Աւետարաններ կը դնէ, եւ երրեմն մէկէ աւելի։ Ամէն աւետարանէ վերջ անպատճառ կը դնէ Քրզ. եւ Աղօթք, եւ ընդարձակագոյն ոճով։ Ասոնցմէ շատերն Աբեղաթաղէն կամ Աշխարհաթաղէն առնուած են, բայց կան նաեւ քանի մը հատ, որ հազուադիւտ են, ահա. ա - Թղ. 352ա2։ «Տէր Աստուած փրկիչ մեր» աղօթքը՝ հոս 4 մասէ կը կաղմուի, մինչ Ա. Մաշտ. և տպ. (էջ 398) երկու մասով ունին զայն։ Թղ.353բ1։ «Խաղաղութիւն ամենեցուն»ով մը կ'աւելցնէ «Աւրհնեալ ես տէր Աստուած ամենակալ», եւ ուրիշ «Խաղաղութիւն»ով՝ Թղ. 354բ2 կ'աւելցնէ չորրորդ մասը «Քեզ թագաւորիդ անմահի եւ մարդասիրի»։ բ - Նոյնպէս Թղ. 359ա2 Ս. Բարսղի աղօթքէն վերջ, Ընթերցուածներու կարգ մը ունի, ապա՝ Ս. Խաչի Քրզ. «Աղաչեսցուք զմարդասէրն Աստուած զի պահպանեցուսցէ զմեզ...»։ Եւ Աղթ. «Ճառագայթ համատարած՝ եւ աթոռ Աստուծոյ հրայհոս», զոր տ. ԺԳ. Մաշտ։ Իսկ «Լոյս հրահոս, աշտարակ բարձր, կառք անպատում», ԺԳ. Մաշտ. գ - Թղ. 363բ2։ Աղթ. «Տէր Աստուած զաւրութեանց որ մշտնջենաւոր գալստեամբդ քո հաղորդեցուցեր զսա»։ դ - Թղ. 369ա2։ Աղթ. «Փողն աստուածային յ անսայ հրամանին, զի՞նչ արասցես արդ ի ժամուն յայնմիկ... Քրիստոս յոյս արարածոց փայլէ եւ յափշտակին արդարքն յամպս լուսաւորս»։ ե - Թղ. 371ա1։ Աղթ. «Հայր ամենայնի եւ Տէր զօրութեանց դու ինքնին ես... հաշտեցոյց զարարածս ընդ արարչիդ, եւ միաւորեաց զմարդիկ ընդ հրեշտակս, զի փառաւորեսցի ամենասուրբ Երրորդութիւն»։ զ- Թղ. 380ա2։ Աղթ. «Փառք քեզ թագաւոր յաւիտենական», որուն երկրորդ մասը «Աստուած ճշմարտութեան» տ. Ա. Մաշէ - Թղ. 394ա1։ Աղթ. «Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, որ ի հայրական ծոցոյ առաքեցար... Ելեր ի խաչ, բարձրացեալդ ի սերովբէիցդ, ի գերեզման իջեր»։ ը - Թղ. 397ա1։ Ս. Բարսղի «Գոհանամք զքէն» աղօթքին տեղ ունի «Աղօթք սրբոյն Ստեփանոսի Սիւնեաց Եպիսկոպոսի ասացեալ յաղագս կնքելոյ զգերեզմանն. Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած ամենակալ, յամենայնի հզօր եւ սքանչելագործ»։ Կան ուրիշ զանազան աղօթքներ որոնց սկզբնաւորութիւնը միայն նման է տպագրի աղօթքներուն, բայց բովանդակութիւնն ընդարձակուած, բազմաթիւ յաւելումներով եւ տարբերակներով։ Առաջին օրուան համար ունի 27 Աղօթք, որոնցմէ 17ը երկու մասով են. որով կ'ըլլան 44 Աղթ. 77. Թղ. 400ա2։ «Կանոն երկրորդ աւուր՝ Այգ առաւօտուն». հմմտ. Դ. Մաշտ § 43։ - Թղ. 401ա2-402ա2 կան, «Եղիշէի վարդապետի ասացեալ. Ահեղ եւ զարմանալի է գալուստն Քրիստոսի». եւ «Ի վարդապետութենէ սրբոյն Գրիգորի. Քրիստոս է որդի Աստուծոյ որ արար զաշխարհս».. զորս Դ. Մաշտ. չունի, 78. Թղ. 406բ2։ «Կանոն երրորդ աւուր» հմմտ. Դ. Մաշտ։ Ընթերցուածներէն զատ Թղ. 407բ2։ «Աւրհնեալ ես Տէր Աստուած» աղօթքին վերջին մասը, տարբեր ունի ձեռագիրս, այսպէս. «Յորժամ գայ Քրիստոս յերկնից՝ վաղվաղակի ամենայն ուրեք հուր ընթանան առաջի նորա» որ քիչ ծանօթ է։ 79. Թղ. 409բ1։ «Կանոն չորրորդ աւուրն», հմմտ. Դ. Մաշտ։ - Թղ. 410բ2։ «Աստուած բարերար, որդի բարերարի, դու ստեղծեր զմարդն ի հողոյ... Տէր Աստուած մեր, ամենայն իրօք արդարքն՝ դատեալ են ընդ հրեշտակս...»։ Այս աղօթքը եւս չունին ուրիշ մաշտոցներ։ 80. Թղ. 411բ2։ «Կանոն հինգերորդ աւուրն», հմմտ. Դ. Մաշտ։ Բայց աղօթքին առաջին մասը միայն Դ. մաշտոցին երկրորդ մասին կը նմանի, «Յորժամ գաս Տէր մեր և փրկիչ Յիսուս Քրիստոս... Եղբարք քրիստոսասէրք, մերձեալ է գալուստ Տեառն մերոյ». ներկայ ձեռագրին մէջ շատ աւելի ընդարձակ է։ 81. Թղ. 415ա1։ «Կանոն վեցերորդ աւուրն», տ. ԺԳ. Մաշտ 82. Թղ. 416բ2։ «Կանոն եւթներորդ աւուր», հմմտ. ԺԳ. Մաշտ։ Աղօթքն է «Ամենազօր Տէր, որ իշխանդ ես... Որ աղբիւրդ ես կենաց եւ պարգեւատու ճշմարտապէս». ԺԳ. Մաշտ. չունի։ 83. Թղ. 418բ2։ «Կանոն ութերորդ աւուր». «Ընթերց. յԵս. Զգոյշ կացէք իրաւանց։ - «Պաւղ. ի Կորնթ. Աւրհնեալ է Աստուած եւ»։ - «Աւտ. Յովհ. Եւ յետ ութ աւուր»։ - «Աղօթք. Անսկիզբն եւ անհաս եւ անքննին... Տէր Աստուած մշտնջենաւոր եւ անսկիզբն», զոր ցարդ տեսած մաշտոցներն չունին։