— - Bibliographic notice
1200
ԱՂՕԹԱԳԻՐՔ Թ
1712 - 1712

ID
Number
1200
Old record number
72
Title
ԱՂՕԹԱԳԻՐՔ Թ
Start date
1712
End date
1712
Date details

Յիշատակարանին մէջ գրուած է «Թվականին Քրիստոսի երեք շրջան եւ երկ յոբելինի եւ եօթն թիւ այլ աւելի», այսինքն՝ իւրաքանչիւր շրջան ըլլալով 532 տարի, նոյնը կրկնելով 3 անգամ՝ կը ստանանք 1596, որու վրայ պէտք է աւելցնել երկու յոբելեան (50 եւ 50) եւ 7, որոնց համագումարը կ'ընէ 1703, երբ դեռ գրիչը Պոլիս կը գտնուէր եւ ոչ Հռոմ։ Համապատասխան Հայկական թուականին համար կ'ըսէ. ՆՈՃԷԼԸԶԱԹ», (Ն(400), Ո(600), Ճ(100), Է(7), Լ(30), Ը(8), Զ(6), Ա(1) Թ(9)), որոնց համագումարը կ'ընէ 1153, որու վրայ աւելցնելով 551՝ կը ստանանք 1712, որու Նոյեմբեր 22ը իրապէս երեքշաբթի օր մըն է։

Copy place
Հռոմ։
Reference
Type
Number of pages
144
Dimension
10,5x14,5
Layout
միասիւն (6x10)։
Writing details

նոտր։

Codicology

Ա-Զx12 (Ա՝ 14 թղ., Զ՝ 10 թղ.)։

Principal subject
Subject details

թուղթ։

Number of lines
15 -
Binding

մագաղաթակազմ, որ գործածութենէ ստացած է սահունութիւն։

State of preservation

լաւ եւ գոհացուցիչ։

Copyist
Մատթէոս Կաթողիկոս Սիսի, Կեսարացին, նանչցուած «Սարը» մականունով։
Owner

գրիչը՝ Մատթէոս Կաթողիկոս։ - ԿՆԻՔ զանազան էջերու վրայ Մատթէոս կաթողիկոս դրած է իր կարմիր կնիքը, բոլորաձեւ՝ էջ 1, 113, 118, ութանկիւն եւ աւելի մեծադիր՝ էջ 1, 31, 46, 82 եւ 96, որոնց վրայ յստակ կը կարդացուի չորս անկիւններուն վրայ «ՅԻ, ՔԻ, ԾՌ, ԱՅ», իսկ կեդրոնը «ՄԱԹԷՈՍ ԿԹՈՍ. ՌՃԽԶ», այսինքն «Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Աստուծոյ, Մատթէոս Կաթողիկոս, ՌՃԽԶ» (1697)։

Commanditaire
Illuminator
Binder
Parchment flyleaf

չկան։-

Lettrines

Initials

կարմիր մելանով են։

Marginal illuminations

չկան։

Images

Canon tables 1

չկան։

Canon tables 2

Title text

Blank pages

էջ 140-144։

Colophon

Էջ 136. «Փառք ամենասուրբ Երրորդութեանն, Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. «Արդ գրեցաւ փոքրատփի գրգուկս ի յաղօթից նախնեաց սրբոց, Սրբոյն Եփրեմի եւ Սրբոյն Յոհաննու Ոսկեբերանին եւ Գրիգորի Նարեկացւոյն, ասացեալ վասն զղջման եւ դարձի մեղաց. ի խորոց սրտէ պաղատեսցէ առ Աստուած, օր ըստ օրէ անխափան ասել եւ զյանցանսն մտածելով՝ զներումն եւ թողութիւն խնդրելով ջերմեռանդ սրտիւ. վասն որոյ տեսի զայս ոգեշահ աղօթս, կարդալով, զմտաւ ածելով ի խորոց սրտէ՝ տպաւորեցաւ միտք իմ եւ զյանցանս իմ մտաւ ածի, որ վերոգրեալ սուրբ հարքն վասն ինձ խնայելոյ ասացեալ են զայս աղօթս, եւ ինձ մոլորելոյս դարձ եւ զղջումն յանցանաց իմոց։ Վասն որոյ եւս տեսի եւ փափաքօղ եղէ, եւ գրեցի տկար անձամբ եւ նուազ աչօք եւ մոլար մտօք, աշխատեցայ եւ ժողովեցի իբրեւ զծաղիկս ի բուրաստանէ, եւ ըստ աւուրց պատշաճին, զերեկոյեանն եւ զվաղորդայն, եւ սուրբ մարմնոյ եւ արեան, ջերմեռանդ սրտիւ եւ սերտ հաւատով կատարէ զաղօթս զայս, ես Մատթէոս անկեալ տրուպ Կաթողիկոս Կեսարացի, գրեցի զայս հոգ(ւ)ոյ իմոյ յիշատակ, եւ խնդրեմ տեսողացդ, ով ոք հանդիպեսցի տեսանելով եւ կամ կարդալով, յիշեսջիք յաղօթս ձեր։ Անմեղադիր լերուք սղալութեան գրիս, զի ծերացեալ եմ եւ բազում վշտաց եւ տառապանաց պատահեալ՝ իբրեւ խելագար շրջիմ։ Բայց յուսալով (յ)ողորմութիւնն Աստուծոյ եւ աղօթք սրբազան վեհապետին ընդհանրական ամենայն քրիստոնէից Կլէմէնդէ ԱԺ.աներորդ փափին, որ կայ այժմ հաստատ սուրբ յաթոռոյն Պետրոսի վիմին հաւատոյ առաքելոյն, որոյ տէրն Քրիստոս՝ երկար կեանս պարգեւեսցէ եւ զինքն վէմ անդրդուելի արասցէ. եւ մեք սորին ընդ հովանացեալ հանգչիմք, որպէս գթա(յ) հայր ի վերայ որդւոց իւրոց եւ որպէս ժողովէ հաւ զձագս իւր, ես զանկեալս որպէս ձագ ի յարծուոյ փախուցեալ եւ կատաղի շանց պրծեալ հալածական եկաք, եւ մայր ամենեցուն ի փարախ սուրբ եկեղեցւոյ անկաք, եւ հայրն հանուրց գթացեալ ըստ Տեառն բանին՝ զեկեալն առ իս ոչ հանից արտաքս. վասն որոյ ըստ մխիթարութեան յանձինս գրեցի սակաւ գրգիկս եւ զբօսանս իմոյ տկարի։ «Եղեւ թվականի Քրիստոսի երեք շըրջան եւ երկ յոբելինի եւ եօթն թիւ այլ վերադրի, եւ սովաւ թիւն կատարի։ Եւ ըստ Հայոց ՆՈՃէԼԸՋԱԹ թվին, աւարտ եղեւ Նոյեմբերի քսան եւ երկուքի, օր երեքշաբաթի, աւուր տօնի սրբո(ւ)հ(ւ)ոյ կուսին Ձիչիլեայի»։

Informations

կը պակսին։ Բովանդակութիւն. Ձեռագիրս եղած է սեփականութիւն Մատթէոս Կեսարացի Սիսի կաթողիկոսին, գըրուած իր գրիչով։ 1. Էջ 1. «Աղօթք Սրբոյն Եփրեմի ասացեալ վասն զղջման եւ դարձի մեղաց. «Կիր. Գառն Աստուծոյ, Տէր իմ եւ Աստուած իմ Յիսուս Քրիստոս, որ զենար ի վերայ խաչին...»։ «Բշ. Ով ամենակալ եւ ամենակարօղ Տէր իմ եւ Աստուած իմ, որ յայսմ աւուր...»։ «Գշ. Վերին վայելչութեանցդ վերանորոգօղ եւ ստորայնոցս ստեղծօղ...»։ «Դշ. Ակն ունիմ առաջի քո եւ աղաչեմ զքեզ Տէր իմ եւ Աստուած իմ...»։ «Եշ. Ներօղ եւ ներգործօղ բարեաց բազմագութ եւ ողորմած Տէր...»։ «Զշի. Էապէս բարի եւ ամենակարօղ զօրութիւն Տէր իմ եւ Աստուած իմ...»։ «Շբթ. Սուրբ Երրորդութիւն անբաժանելի, անճառելի եւ անաշխատ...»։ Շաբթուն իւրաքանչիւր օրուան համար հաւաքուած են զանազան աղօթքներ, անխորագիր, առնուած Եփրեմէ, Ոսկեբերանէ եւ Գրիգոր Նարեկացիէ։ 2. Էջ 113. «Յեկեղեցի մտանել ասա ըզայս. Տաճար Աստուծոյ եւ բնակարան սուրբ Հոգւոյն, ի քէն սուրբ աւազանաւն կոչեցայք յորդեգրութիւն...։ Երկրպագեմ Քրիստոս, փրկութիւն աշխարհի, բան Հօր, պատարագ կենդանի...»։ 3. Էջ 118. «Աղօթք գիշերային ժամու ննջման. Աղաչեմք զքեզ Տէր ամենակալ, գըվեմք եւ գոհանամք զանհաս մարդասիրութենէդ...։ Սուրբք եւ սիրեցեալք ամենասուրբ Երրորդութեան, հոգիք հարկաւորք...։ Աղաչեմ զքեզ սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածածին, մայր Քրիստոսի եւ համարձակ բարեխօս վասն մեղաւորաց...»։ 4. Էջ 126. «(Աղօթք) Յովհաննու Ոսկեբերանի. Անսկիզբն Աստուած եւ անհասանելի, բաց զաչս սրտի իմոյ»։ - Վերջ էջ 134. «...եւ բնակեցո՛յ զիս ընդ կամարար կամաց քոց յանանցական կեանսն, զի ընդ նոսին արժանի եղէց գոհանալով փառաւորել զհայր եւ զՈրդի եւ զսուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յ»։

Content