1195
1093
ՌՁԸ - 1639։
բոլորգիր։
19, որոնցմէ Ա ունի 13 թղ., Բ, Գ, Զ, Է, Թ՝ ունին 11 թղ., Ե եւ Ը՝ 10 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։
թուղթ սպիտակ ջրանիշ։
փայտեայ եւ կաշեպատ. գործածուած կաշին ժԵ. դարու ձեռագրի մը առաջին կողքին կաշին է, որ կը ծածկէ մեր Ձեռագրին երկու կողքերը, որոնց վրայ գեղեցիկ եւ շարունակական կերպով կը տեսնուի մեծադիր դրոշմանիշ խաչ մը, շրջակայ զարդերով։ Կողքերը ներքին կողմէն մնացած են առանց ծածկոյթի ու կը տեսնուի մաքուր փայտը։
մաքուր եւ ներկայանալի. թուղթ կտրուած է էջ 67-68ի միջանկեալ, եւ որով էջ 68ի կէս էջ աղօթքը անիմաստ մնալով՝ ջնջուած է գիծերով։
անյայտ, հաւանաբար գրիչը։
թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջաւորութեան կան երկուքի ծալուած անգիր մագաղաթներ։
եւ այլ զարդեր չկան։
կարմիր մելանով են։
Էջ 11-205, 392-417, 435-441. էջ 435ի վրայ անվարժ ձեռքէ մը կատարուած են գրիչի փորձեր։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Էջ 277. «Գրեցաւ ձեռամբ անարժան, հող եւ մոխիր Աւետիս իրիցու, թվին ՌՁԸին, սուրբ Պարսամ եկեղեցին, ի Թոխաթ քաղաքին։ Ով որ կարդա(յ) եւ օրինակէ եւ ի սուրբ աղօթսն յիշէ, ինքն յիշեալ լիցի ի Քրիստոսէ Աստուծոյն մերո(յ). ամէն։ Հայր մեր որ 2. Էջ 391. «Զանարժան Աւետիսս յիշեսջիք ի մաքրափայլ աղօթս ձեր, հայրք իմ եւ եղբայրք իմ, եւ Աստուած զձեզ յիշեսցէ ի բարին. ամէն»։
կը պակսին. 1791էն առաջ մտած է մեր մատենադարանը։ Բովանդակութիւն. 1. Էջ 2. «Աղօթք խօսակցութեան առ Աստուած դէմ յանդիման. ընկալ զսայ ընծայ յինէն որպէս գրաւական եւ սովաւ հանապազ խօսեա ընդ Աստուած, արտաս(ո)ւօք որպէս ի խորոց սրտէ. Տէր իմ եւ Աստուած իմ Յիսուս Քրիստոս, դու ես իմ օգնական, ի ձեռս քո 2. Էջ 3. «Աղօթք սրբոյն Աբբա(յ) Եփրեմի ասացեալ. Տե՛ս, Տէր, զտառապանս իմ եւ զցաւս հոգ(ւ)ո(յ) իմո(յ) բազմամեղիս, ներեա եւ ի քեզ առաջնորդեա»։ Աղօթքը կ'երկարի մինչեւ էջ 110, որու լրիւ օրինակը տպագրուած է Ս. Եփրեմի «Մատենագրութիւնք»ին մէջ (Վենետիկ, 1836, հտ. Գ., էջ 227-281)։ 3. Էջ 110. «Աղերս մախթանաց ասացեալ ումեմն հոգեկիր վարդապետի. Քրիստոս Որդի Աստուծոյ եւ Տէր դատաւոր կենդանեաց եւ մեռելոց»։ Ութը տող է Աղօթքը ու կը մնայ կիսատ. յաջորդաբար կը շարունակուին դատարկ թուղթեր (էջ 111-205)։ 4. Էջ 206. «(Աղօթք առանց հեղինակի). Ես անարժան եւ մեղուցեալ ծառայս քո հայցեմ եւ խնդրեմ ի քէն արտասուալի հառաչմամբ, զօրացո՛յ զտկարութիւնս իմ...»։ 5. Էջ 232. «Աղօթք Մովսէսի Քերթողա(յ) սուրբ Հօրն. Աղաչեմ զքեզ, Տէր, թո՛ղ ինձ զմեղս իմ որպէս կամիմ, եթէ ասես թէ մեղար, ասեմ թէ մեղա(յ), զի մարդ եմ»։ 6. Էջ 237. «Սրբոյն Մեսրոպա(յ) վարդապետի ասացեալ յաղագս զղջման եւ արտասուաց. Ո՜վ որ անեղդ ես եւ անըստեղծ եւ արարիչ ամենայն արարածոց, որ ոչ երկինք բաւեն քեց»։ 7. Էջ 240. «Աղօթք սրբոյն Կիւրղի Աղեքսանդրաց(ւ)ոյ ասացեալ է վասն զղջման եւ արտասուաց. Ամենակալ Տէր արարիչ եւ ըստեղծիչ ամենայն համայնից, երեւելեաց եւ աներեւութից»։ 8. Էջ 243. «Առ ամենահայրն ի սուրբ Սիոն խորհրդական, որ է յԵրուսաղէմ, նայեւ յամենայն յեկեղեցիս ուր եւ պատահի եւ յամենայն տեղիս. զի ընդ ամենայն տեղիս է տէրութիւն նորա, ի խորոց սրտէ աղերս մաղթանաց ողորմել(ւ)ոյս Վարդանայ եւ ամենայն մեղաւորաց. Ամենահայր բարի, ամենախնամ ստեղծօղ, ամէնօրհնեալ ճառագայթ, ամէնիմաստ բազմազեղ»։ 9. Էջ 257. «Սուրբ վարդապետին Յո(վ)հաննու Սարկաւագի, ի Հայր Աստուած. Առատ յամենայն տուրս բարեաց, փարթամացուցիչ աղքատաց, հապէս բարի»։ 10. Էջ 262. «Նորին է ասացեալ ի յՈրդին. Ի լուսոյ ճշմարտէ համագոյակ լոյս, յԱստուծոյ Աստուած»։ 11. Էջ 266. «Նորին սուրբ վարդապետին ի Հոգին սուրբ. Անբաւելի եւ զանազան շնորհաց առատապէս մատակարար եւ բաշխիչ Հոգի սուրբ»։ 12. Էջ 271. «Աղօթք ոգեշահք եւ պիտանիք եւ յոյժ պատուական. Սուրբ, սուրբ, Հայր ամենակարօղ եւ յաւիտենական Աստուած, ի սուրբ պահպանութեանն այն որ յանձին կալար»։ 13. Էջ 278. «Աղօթք Կիրակոսի տիեզերալոյս եւ սուրբ վարդապետի ասացեալ. Տէր Աստուած, մեծ եւ հզօր, անհառելի եւ անպատում, անտեսանելի եւ անիմանալի բնութիւն, անբաւելի, անտանելի»։ Երկար աղօթքս ունի միջանկեալ բաժանումներ, կարմրատառ սկզբնաւորութեամբ. էջ 39. «Խնդրեմ ի քէն, ողորմած Աստուած, կատարեա՛ յիս զաստուածային զանսուտ խոստումն քո». էջ 359. «Տէր Աստուած ամենափրկիչ եւ խնամակալ այժմ հայցեմ». էջ 374. «Բարեխօսութեամբ ամենասուրբ Աստուածածնին մօր քո եւ Յով(հ)աննու»։ Աղօթքը կ'աւարտի էջ 391, որու կը յաջորդեն դատարկ թուղթեր (էջ 392-417)։ 14. Էջ 418. «Աղօթք դարձելոցն ի զրղջումն ապաշխարութեան, ասացեալ սրբոյն Յո(վ)հաննու Ոսկեբերանին. Անսկիզբն Աստուած եւ անհասանելի, բաց զաչս սրտի իմո(յ) բանիւ գիտութեամբ քո բաւական լի15. Էջ 425. «Պաղատանք առ սուրբ Երրորդութիւնն յառաջ քան զՏէր եթէ շրթունսըն. օգնեա Քրիստոս. Եկեալ եմք առաջի ամենազօր տէրութեանդ քո, սուրբ Երրորդութիւնդ, անբաժանելի»։ 16. Էջ 426. «Աղօթք մասին առ սուրբ Երրորդութիւնն ի պատարագն սոսկալի (առեալ ի Նարեկէ). Տէր թագաւոր, Աստուած մարդասէր, հայր գթութեանց, սիրոյ եւ ցըքըմութեան»։ - Վերջ էջ 433-434. «եւ բառնաս զխաւար վշտաց եւ զհեծութիւն ողբոց ի ծաղը փոխես, եւ քեզ վայելէ օրհնութիւն, գովութիւն, հանդերձ յերկինս եւ յազգս հարցն եւ ի ծնունդս նոցա, քեզ փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։