918
1564
հաւանաբար ժէ դար։
նոտր, նախ մեծ, ապա մանր։
թուղթ։
բաց շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ. հաւանաբար կազմուած է Ս. Ղազարի մէջ. կռնակի կողմը թեթեւ մը ցեցակեր է։
բաւարար։
, ԼՈՒՍԱՆ ՑԱԶԱՐԴ միայն էջ 1, բոլորն ալ ոսկեգոյն եւ նաշակաւոր։
Էջ 103-110։
կու տայ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան, որ գրած է Ձեռագրին սկիզբը. «Զայս անկատար Պատմագրութիւն մեծին Ագաթանգեղոսի՝ ստացաւ գրատան վանացս սրբոյն Ղազարու որ ի Վենետիկ, Վ. Հ. Յովհաննէս Վրդ.ն մեր Ձօհրապեան, ի ճանապարհորդութեան իւրում (ի Լեհս), որ եւ եհաս յամի 1791, ՌՄԽ, Սեպտ. 26»։ Բովանդակութիւն. Էջ 1. «Վկայաբանութիւն սրբոյն Գրիգորի Հայոց լուսաւորչի եւ առաքելանման վարդապետի Ագաթանգեղայ պատմութենէ. Ընդ նուազել ժամանակաց թագաւորութեանն Պարթեւաց, ի բառնալ տէրութեանն Արտաւանայ, որդւոյ Վաղարշու, ի սպանանել զնա Արտաշրի որդւոյ Սասանայ, որ էր նախարար ոմն ի Սըտահր գաւառէ»։ - Վերջ էջ 102. «Զի թէ լիվիջիք բանից իրաւանց քարոզութեանս արարչին ամենայնի, փրկեալ եւ սրբեալ լիջի(ք) եւ ի փոքր պատուհասէդ եւ յաւիտենական կենացն վայելեսցուք, լուիջիք եւ զբարութիւնս յարքայութեան յանձինս ձեր ընկալջիք, ապա թէ յակամա(յ) տգիտութենէ մեղացդ քարապաշտ փայտապաշտութեանդ սրբեալ լինիջիք եւ զանճառ բարիսն Աստուծոյ յանձինս ձեր»։ Հոս կ'աւարտի Ձեռագիրը, առանց ամբողջացնելու նոյն իսկ առաջին մասը, որ բնագրէն չեղելով՝ ազատ գրութիւն կը թուի