923
1318
դատելով արտաքին պարագաներէն՝ ժէ դարու աւարտին։
նոտր։
Ա-ԺԶ։
թուղթ։
սեւ կաշի, որ նորագոյն կաշիով ամրացած է, միջուկը ստուարաթուղթ։
բաւարար արտաքսապէս, սակայն միջանկեալ ունի թերիներ. այսպէս կտրուած եւ կորած են էջ 7-8, 65-66, 99-100, 123-124, 345-352։
եւ այլ ծանօթութիւններ՝ կը պակսին, որովհետեւ չունի յիշատակարան։
եւ այլ զարդեր չունի։
կարմիր։
չունի։
Էջ 6, 13-14, 26, 30-31, 36-37, 41, 46-48, 64, 67, 77-78, 87-91, 98, 108-112։ Հաւանաբար նախագաղափարը անկատար ըլլալով՝ օրինակողը շատ մը էջերու կէսը թողած է դատարկ. այսպէս՝ դատարկ են էջերու առաջին կէսը՝ էջ 27, 38, 42, 68, 125, 216. կիսատ մնացած են գրութեան երկրորդ կէսը՝ էջ 12, 25, 29, 35, 40, 63, 76, 86, 97, 122, 215, 243։
Պոլիսէն Տիար Յովհաննէս Ներսէսեան ներքին գաւառները երթալով՝ բերած է Ձեռագիրս, իսկ Սերովբէ Ալիշան ի հաշիւ Մխիթարեան Միաբանութեան գնելով՝ դրկած է Ս. Ղազար։ Բովանդակութիւն. Մատեանս Կիլիկիոյ պատմութիւն մըն է, ճոխ բովանդակութեամբ, եզական եւ միակը իր տեսակին մէջ։ Չեն կատարուած ուսումնասիրութիւններ հատորիս մասին, ստուգելու համար անոր գործածած աղբիւրները։ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան մատիտով լուսանցքներուն վրայ երբեմն նշանակած է «Կիրակոս», «Վարդան» եւ կամ հարցական նշաններ։ Զանազան տեղեր պատմութիւնը կ'ընդհատուի, հաւանաբար թերի նախագաղափարէ մը օրինակելուն համար. նոյն պատճառով Ձեռագրիս միջանկեալ կան դատարկ մնացած թուղթեր, հաւանաբար յաջորդաբար ամբողջացեելու համար պատմութիւնը՝ ուրիչ օրիՉունի Գլուխներու բամանումներ, եւ պատմութիւնը կը շարունակուի միակտուր, սակայն լուսանցներուն վրայ կը հանդիպինք կարմրատառ այբուբենի, որոնք կաթողիկոսներու իրարու յաջորդականութիւնը կը մատնանշեն։ Ստորեւ կու տանք նմոյշներ զանազան հատուածներու՝ Ձեռագրին բովանդակութեան գաղափար մը կազմելու համար։ 1. Էջ 1. «(Ա)րդ զկնի համբառնալոյն տեառն մերոյ եւ ընդունելոյ զհոգին սուրբ յերանելի առաքելոցն, վիճակաւ բաժանեցին զաշխարհս, եւ եհաս վիճակ սրբոց առաքելոցն Թաթէոսի եւ Բարթուղիմէոսի երթալ յաշխարհն Հայոց եւ կատարեալ ի Սանատրուկ արքայէն Հայոց։ Իսկ յետ ՄԿԶ ամի անցանելոյ ի վերայ, փոխանորդէ զաթոռ նոցա սուրբն Գրիգոր, որ էր ի Քրիստոսէ ՅԺԴ...»։ 2. Էջ 5. «Եւ եղեն թագաւորք ԺԱ ի Տրդատայ թագաւորէն, Ժ Արշակունի եւ Ա որդին (Յ)ազկերի Շապուհ. յայժմ սկսանի ի Վարդանայ զմարզպանութիւն...։ Աստանօր կատարումն Սօսէսի»։ 3. Էջ 15. «Զկնի Վահանայ, որ էր ամս ԼԳ, մարզպան եղեւ եղբայր նորա Վարդ ի Քրիստոսի ՇԼԸ...»։ 4. Էջ 27. «Իսկ Յուստիանոս յետ եօթներորդ ամին, ըստ Միքայէլի ժ. զոր գնացեալ էր ի Խազարաց խաքանն, դարձեալ գայ զօրօք, փախչի Յեփրիմոս զԼեւոնսարն. եւ դարձեալ թագաւորէ ՉԺԱ Քրիստոսի (թուին), Հայոց ՃԾԸ, Աբթլմէլիքայ Ի...»։ 5. Էջ 32. «... ի Հալապ, ութ քրիստոնեայց տաճկացոյց եւ էՌ վկայեցին, իսկ ուրացողաց կանայքն եւ տղայք թողին զնա եւ գնացին. (ի)սկ թագաւորն Լեւոն մեռաւ թագաւորեալ ամս Ե, ըստ Սիխայէլի ժ, եւ գնաց ի ճանապարհ հօրն իւրոյ...»։ 6. Էջ 38. «...թագաւորն Սմպատ կատարի ի թվին յետ ԻԴ ամին, ՋԺԶ Քրիստոսի, ՅԿԳ Հայոց, ի Յուսբայ որդոյն Ապուսէթայ...»։ 7. Էջ 49. «...Տուկիծն ՌԿԱ Քրիստոսի, Ղէ Հայոց, ըստ այլոց ՌՄէ Քրիստոսի, ՇԴ Հայոց։ Սա յղեալ տարաւ զՏէր Խաչատուր եւ եդ ի կապանս, զի պահանջէին զգանձն Տէր Պետրոսին, զամս Գ, եւ բազում ջանիւ կամէր դարձուցանէր զհայս ի քաղկեդօնիս...»։ 8. Էջ 57. «Եւ յայնժամ գնացեալ Տէր Գրիգոր յԱնի եւ ձեռնադրեաց եպիսկոպոս զԲարսեղ քեռորդին իւր, զորդի Վասակայ զորդոյ Ապիրատին որդոյ Հասանայ։ Եւ ապա զկնի այսորիկ գնաց Տէր Գրիգորիս ի ՇԻՉ Հայոց, ՌՀԶ Քրիստոսի։ Իսկ Վասակ յորժամ անցանէր ընդ փողոցն...»։ 9. Էջ 60. «Սկիզբն Ռուբինեանց թագաւորութեան. Իսկ մանուկն զոր գնեաց ասեն հայ վաճառականն, որ էր ինքն Ռուբէն, որ իբրեւ զարգացաւ, որ էր արեանառու Գագկայ թագաւորին Բագրատունեաց...»։ 10. Էջ 69. «Եւ եղեւ թվական Հայոց ՇԽէ, գնաց Պաղտին կոմսն էառ զԹլպաշար եւ ըզՄարաշ եւ ետուն Ալեքսին...»։ 11. Էջ 75. «Իսկ Տէր Գրիգորիսի փոխումն եղեւ ի ՇԾԴ Հայոց, ՌՃէ Քրիստոսի, ԻԵ Ալեքսի, ԻԳ Բարսեղի. ի ժամանակի մահուանն հանդիպեցաւ առ իշխանն Գող Վասիլ, յանձնեալ Տէր Գրիգոր ի տէր Բարսեղ զտղայն ձեռնասունսն, որ էին նմա քւերորդոյ որդիք զԳրիգորիս...»։ 12. Էջ 85. «Ի սոյն ամի (ՇԿԲ Հայոց) յղեաց Տափար Սուլթանն պարսից զՓուրսուխըն, որ եկեալ ի Հալապ եւ էառ զՇեզարն քաղաք տաճկաց եւ կամէր ասպատակ առնել զԹլպաշար եւ զամենայն գաւառն...»։ 13. Էջ 92. «... եւ ասաց բանալ. եւ նոքա ասեն մեք ոչ իշխեմք, բայց դու հայր։ Եւ յորժամ բացաւ՝ միքացաւ երկինք եւ եղեն ձայնք եւ որոտմունք, անձրեւք, կայծակունք եւ կարկուտք մեծամեծք եւ կամէր տապալել զքաղաքն։ Իսկ պատրիարքն եւ ամենայն քաղաքն...»։ 14. Էջ 97. «Ի ՇՂԸ Հայոց սպանեալ եղեւ տէրն Յանտիոքու բրինծն եւ անգլուխ եղբայր պաշտօնին, զոր Նուրատինն ի Հալապ սրախողող արարեալ (...)։ Եւ զբազումս սուտ բանիւք յամրոցէն իջուցեալ գերի տանէին։ Եւ տէր երկրին» կը մնայ կիսատ։ 15. Էջ 107. «Եւ կայսրն Մանիլ եկաւ յօգնութիւն Երուսաղեմի եւ յամենայն քրիստոնէից ի ՈԸ թվին Հայոց. իջաւ ի Մսիս, որ ունէր ընդ իւր Ծբիւրս զօրաց։ Եւ մեր Թորոս պարոնին Խ բիւր, որ իմացեալ զգալն թագաւորին, փախստեայ գայ ունելով զկինն եւ զմեծութիւն գանձուցն իւր եւ զիշխանս իւր եւ զմեծութիւնս գանձուց նոցա» կը մնայ կիսատ։ 16. Էջ 116. «Յայսմ ամի ի ՈԺԱ Հայոց, էառ Գորգի վրաց թագաւորն զԴվին եւ քակեաց զմնարայսն, զոր արեամբ եւ ոսկերօք քրիստոնէից էր շինեալ...»։ 17. Էջ 129. «Իսկ ի ժամ վաղճանին իւրոյ ինքն Տէր Ներսէս պատուիրեաց զի զաւագ եղբօրն զորդին դիցեն յաթոռ, զՎասիլն ըզՏղայ Գրիգորն...»։ 18. էջ 136. «Իսկ ի թվին Հայոց ՈԻԳ սպանին զՄլեհ իշխանն Կիւլիկեցոց զօրքն իւր, հրամանաւ իշխանացն իւրոց, վասն խստասրտութեան իւրոյ...»։ 19. Էջ 142. «Եւ մինչ ի յայս Լեւոն, եօթն իշխանք հայոց տիրեցին յերկրին Կիլիկեցոց զկնի միմեանց, որ են այսոքիկ. Ռուբէն, որդին Կոստանդին մարգիզն, որդին Թորոս, սեւպռտաւ սեւաստոսն, քաջն Լեւոն եղբայրըն, որդին մեծն Թորոս, եղբայրն Սլեհն, Ռուբէն երկրորդն որդին Ստեփանէի, որդոյ քաջին Լեւոնի. եւ զկնի Լեւոն...»։ 20. Էջ 151. «Ի նմին ամի (ՈԽԳ Հայոց) թագաւորեաց Կիպրոսի Հէրմի, յետ եօթն ամին Կիթայ թագաւորին Երուսաղեմայ. իսկ յամիր Պալարն զօրավարն վրաց Թամարայ հառ զԱնի ի թուրքաց զկնի ամաց մի...»։ 21. Էջ 155. «Եւ յետ երկոտասան յամի իշխանութեանն օծեցին զԼեւոն թագաւոր ի ՈԽԶ Հայոց (...)։ Այս Լեւոն շինեաց ի Սիս եւ կառոյց եւ հիմնարկեաց զհաստահիմն եւ զհոյակապ, զհռչակելի, զբարձրաշտարակ, զգմբեթաշէն սուրբ կաթուղիկէ տաճարն ի յանուն Էջմիածնայ, եւ ի յօրինակ սուրբ Յակոբայ յԵրուսաղեմի, զոր տեսանողքն վկայեն...»։ 22. Էջ 166. «Իսկ ի ՈԿԴ Հայոց թվին գնաց էառ զԱնտիոք Լեւոն թագաւորն եւ եդեր բրինծ Անտիոքու զեղբօրորդին իւր ըզՌուբէն, այն որ Բրինծ Ռուբէն կոչեն...»։ 23. Էջ 174. «Եւ ի միւս ամին որ ՈՀԵ Հայոց գայ Ջալալադինն ի Տպխիս, եւ բազում ոճիր գործեալ դառնայ ի վերայ Խլադայ...»։ 24. Էջ 193. «Յայնու ժամանակաւ ի ՉԺԲ թվին Հայոց փոխի մեծ ճգնաւորն Յովհանէս Տվեցին, որ էր եպիկոպոս տանն Գարգմանայ եւ այլ բերդից, որ զերիս յիսնակսն անհաց եւ անջուր կատարէր, եւ զուրբաթս եւ զչորեքշաբաթիս...»։ 25. Էջ 211. «Յայնու ժամանակաւ ի ՉԼԲ Հայոց, ծնաւ Օշին որդին Լեւոնի, եւ զկնի ամաց մի, ՉԼԳ Հայոց, հաւանեցոյց արքայն Լեւոն զորդիքն իւր ձիաւոր, զՀեթում եւ զԹորոս եւ յիսմայելացոցն արշաւեցին ի քաղաքս Իյիքիայ, որ է Այաս, եւ ի նոյն օր դարձան։ Ի նոյն ամին գրեաց Յովհանէս Պլուզ զքարոզն երկնից...»։ 26. Էջ 223. «Եւ շէխ Մուխլուս պապան նստաւ ի ՉԽԸ թվին Հայոց. այսու աւուրք վաղճանեցաւ Գէորգ վարդապետ իւր վանքն ի Սկեւռայ։ Ի նոյն ամին եկն Սուլամիշտն ի Շամայ...»։ 27. Էջ 234. «Յետ անկման Յակոբ կաթողիկոսին մի ամ զկնի, յետ քսան ամի թագաւորութեանն Լեւոն մեռանի ամաց երեսնից, ի 27 թվին, Օգոստոսի ԻԸ, եւ ունէր որդի մի Հեթում անուն, խիստ փոքր. եւ թագաւորեցուցին ի նոյն ազգէ զԿոստանդին, զորդի մարաջախտին...»։ 28. Էջ 250. «Իսկ թագուհին Լեւոնի Մարուն, յետ գ. ամի ճգնութեան փոխեցաւ յԵրուսաղէմ, եւ թաղեցին զնա առաջի դրան սրբոյն Յակոբայ ի ՊԻԶ թվին, յամսեանն Յուլիսի ԺԸ...»։ 29. Էջ 266. «Յայնու ժամանակօքն ի ՊՄԶ թվին արար Գրիգոր Տաթեւացին զԱմռան հատորն։ Երանելիս այս այսմ ամի ետես ահագին տեսլեամբ գիշերոյ յանուրջս երագոյ զկաթողիկոսն Աղթամարայ կապեալ ոտիւք...»։ 30. Էջ 282. «Յայսմ ամի էառ Սկէնտէրն զՎան եւ կոտորեաց Շախրուխն զԻսկէնտէըն եւ էառ աւար բազում յերկրէ նորա. եւ ի ՊՀԸ ամին, յետ ԺԱ ամին յանկարծամահ եղեւ Պողոս կաթողիկոսն ի Սիս...»։ 31. Էջ 300. «ՋԻԲ. եկն Հասան պէկն ի հոռոմոց տունն բազում զօրօք եւ շատ աւեր արար, եւ մի Սեպտեմբերի էառ զթօխաթն եւ այրեաց զքաղաքն երկրովն եւ գերեաց զբազումս եւ էանց ի Կեսարիայ եւ էառ զնա...»։ 32. Էջ 317. «ՋՀԴ. Կարապետ եկեղեցպան, ազգաւ հայ, ի Մելտին վասն Քրիստոսի հրով այրեցին։ Եւ ի Յամիթ Պուտախն նահատակ եղեւ...»։ 33. Էջ 332. «ԶՁԸ. Յայսմ ամի թագաւորն Սուլէման արար ութերորդ սաֆէրն ի վերայ Ղարայպու պուղտանին, զի յառաջ խարաճ կու տայր...»։ 34. Էջ 343. «ՌՃԲ. Յայսմ ամի մահ տարածեցաւ ընդ ամենայն երկիր եւ ի բազում տեղիս եղեն անապատ. եւ այսմ ամի Թորոս Թօխաթեցին ասաց զհէրիսային տաղն...»։ 35. Էջ 373. «(ՌԾԴ). Յովհաննէս կաթողիկոսն յուսալով ի խնամքն արարչին, ել աշակերտօքն հանդերձ եւ ընդ մոլար ճանապարհն լեառն լեռնայն, եկեալ եհաս ի սուրբ աթոռն ի Սիս. իսկ չար բռնաւորն ի լուսանալ աւագ երկուշաբաթին մտաւ ի քաղաքն եւ նստաւ իբրեւ զտէր քաղաքին, եւ թալանեաց զքաղաքն ամենայն, եւ ապա գին եդին ի բերդն եղեալ քրիստոնէիցն, եւ առեալ զգինս նոցա թողին զնոսա։ Եւ երեսուն օր նստաւ բռնաւորն յԱտանայ եւ ապա ելեալ գնաց մեծաւ աւարաւ. եւ Սսոյ ժողովուրդքն յետ գնալոյն պղծոյն՝ դարձան եկին ի Սիս հանդերձ սուրբ աջերօքն եւ այլ սրբութեանցն, որ է յաթոռ եւ հայրապետական եկեղեցին Սսոյ, զոր Տէր Յիսուս հաստատ պահեսցէ. ամէն»։