631
364
Յիշատակարանին մէջ թուականը կը յիշուի հետեւեալ բացատրութեամբ. «Ի թուաբերութեան երկքառեակ հարիւրի վեշտասաներորդի երկրորդ քառի ամի», ու մենք հետեւեալ կերպով իմացանք թըւականը, 800 ք 164 4ք 4( Ք551) = 1375։
բոլորգիր։
հինը խանգարուած է նորոգութեան ընթացքին՝ ստանալով նոր բաժանում։
թուղթ բամպակեայ։
փայտեայ կաշեպատ, պարգ եւ արդի։
փոքրիկ, տոկուն ու ներկայանալի՝ յետ նորոգուրեան, որ կատարուած ըլլալու է ԺԶ-Ժէ դարերուն, Կորսուած է ձեռագրին առաջին մասը, ա-զ թերթերը, միջանկեալ ալ թուղթեր ինկած են ընդ մէջ թղ. 6-7, 14-15, 27-28, 28-29, 32-33, 33-34։ Նորոգողը արդի թուղթով ամրացուցած է լուսանցքներն ու կարի մասերը։։-
Յորդանան քահանայ։
չկան։
չկան։ - ՍԿԳԻՆԱՏԱՌՔ
բղ. 25ա, 69ա, միագոյն ու պարզ։
կարմիր են։
թղ. 23բ-24բ, ուր գրչի փորձեր կատարուած են։
1. Թղ. 86բ. «Փառք ամենասուրբ Երրորդութեան Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, որ ետ կարողութիւն հասանել ի վերջ աղաւթամատուցիս։ Արդ եղեւ գրեալ ի թվաբերութեանս երկքառեակ հարիւրի վեշտասաներորդի երկրորդ քառի ամի ( = 1375), ի խնդրոյ սրբասէր քահանայի Յորդանան ճգնաւորի, ձեռամբ եւ տխեղծ մատամբ Մա նուէլի, առ ի յիշատակ վերոյ ասացեալ Յորդանան քահանայի եւ ամենայն մերձաւորաց նորին։ Եւ որք հանդիպիք սմա ուսանելով կամ աւրինակելով, յիշեցէք ի սուրբ տաի ձեր, և ևոքոակ զձեգ յիմէ, տմէն 2. Թղ. 23ա. «Զմեղապարտ եւ զփցուն գրիչ Մանուէլ սուտանուն քահանայ՝ աղաչեմ յիշել ի Տէր։ Նաեւ զՅորդանան քահանայ, որ ստացաւ ըզսա յիշատակ իւր եւ ծնաւղաց իւրոց եւ ամենայն արեան մերձաւորաց՝ յիշեցէք ի Քրիստոս»։
«Ստացաք յամի 1882, ի ձեռն Սերովրէի Ալիշան»։ Մատեանս է ժամագիրք եւ Խորհրդատետր, թերի սկիզբէն. ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը. 1. Թղ. 1ա. (Կարգ Իններորդ ժամու)։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 7, որու աւարտին կ'աւելցնէ. «Զսաղմոսերգութիւնս եւ զաղաչանս...»։ - Թղ. 3բ-4ա ունի խորագիր մը աղուհացից շրջանի Երրորդ եւ Վեցերորդ ժամուն ըսուելիք սաղմոսներուն եւ աղօթքներուն վերաբերեալ։ 2. Թղ. 4ա. «Երեկուն ժամուն»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 10. «Խոնարհեցո» եւ «Ապրեցո» սաղմոսներուն միջանկեալ՝ չունի «Փառք քեզ Աստուած» մաղթանքը։ Կ'աւելցնէ «Լոյս զուարթ» երգը։ 3. Թղ. 12ա. «Առ սեղան մարմնաւոր պիտոյից» (հմմտ. Բ. Ժմգ. § 8)։ 4. Թղ. 14բ. «Խրատք Խաղաղականի»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 11. կը պակսին «Նայեա սիրով» եւ «Ի քեզ նայիմք» եր5. Թղ. 21ա. «Զկնի Եկեսցուք աղաւթք. Կց. Անձն իմ ի ձեռս...»։ «Քրզ. Աղաչեսցուք զամենակալն»։ «Աղ. Տէր Յիսուս եւ արարիչ դու պահեա... Հրեշտակի խաղաղութեան յանձն...»։ 6. Թղ. 25ա. Աւրէնք արկանելոյ ըսպաս եկեղեցւոյ. Յորժամ կամեսցի քահանայն...»։ Խորհրդատետրը իր բովանդակութեամբ՝ ստացած է իր վերջնական ձեւը, եւ կը համապատասխանէ այսօրուան մեր գործածած Խորհրդատետրին։ Սկզբնական մասը հմմտ. Ա. Ժմգ. § 8։ Յետ զգեստաւորութեան եւ «Ազատեսցէ...» աղօթքին՝ կ'աւելցնէ. «Եւ լուասցեն զձեռս. Սղ. Լուացայց. փոխն. Դատ արա ինձ։ Քրզ. Սուրբ զԱստուածա(ծինն)։ Աղ. Ընկալ տէր։ Իսկ եթէ եպիսկոպոս՝ ընդ խորհրդածոյն առնու սուրբ կոնքեռն, ածէ ի վերայ լանջաց եւ զպատուական իմիփորոնն եւ գայ առընթեր ընծայարան սեղանոյն լուացեալ զձեռս... Ամենակալ Աստուած բարերար... Աղաչեմք եւ աղերսեմք արտասուալից...»։ Ապա կ'առնէ հացն ու գինին. ունի նաեւ «Աստուած սուրբ եւ ի սուրբս բնակեալ...» աղօթքը։ Այնուհետեւ աղօթքներն ու քարոզները կ'ընթանան ներկայիս ընդհանրացած ձեւով, որոնց մէջ կայ նաեւ «Ոչ ոք արժանի է...» աղօթքը։ Թղ. 56ա. «Պատարագամատոյց արարեալ է սրբոյն Աթանասի Աղեքսանդրու հայրապետի. Տէր Աստուած զաւրութեանց...»։ Սրբագործման զոյգ բանաձեւները «Առէք կերայք...», «Արբէք ի սմանէ...» ունին այսօրուան ընդհանրացած ձեւերը։ Ս. Հոգիի կողման աղօթքը՝ երեքական անգամ կրկնել կու տայ հացին եւ գինիին վրայ՝ աւելցնելով. «փոխարկելով Հոգւովդ քով սրբով»։ «Առաքելոց սրբոց» քարոզին մէջ կան տարբերակներ. «Առաջնորդացն... Գրիգորիսի, Սահակայ, Դանիէլի եւ ամենայն հովուացն եւ հովուապետացն Հայաստանեայց»։ «Միանձնացելոց... Մակարայ, Մեսրովբայ վարդապետին, Ոնովփրիոսի, աբբայ Մարկոսի, Նեղոսի, Արսէնի, Եւագրի, Յովհանիսեանց եւ Սիմէովնեանց եւ ամենայն սըրբոց...»։ «Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն...» քարոզին ստորին լուսանցքին վրայ կայ սա ծանօթութիւնը. «Մի՛ ոք մտացածին կարծելով ջ(նջ)եսցէ, զի մեծին Խոսրովու է ասա«Նայեաց Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս» աղօթքը ստացած է իր բնականոն տեղը։ Քահանան ճաշակումէն առաջ ունի երկու աղօթք. «Հայր սուրբ որ անուանեցեր...» եւ «Գոհանամք զքէն Քրիստոս թագաւոր...»։ Խորհրդատետրի աւարտին՝ իբր յաւելուած կայ «Ի բանից Թովմայի առաքելոյն. Մարմին քո անապական լիցի ինձ... եւ փոխանակ լեղւոյն զոր արբեր...» աղօթքը՝