634
703
ՌԵ = 1556։
բոլորգիր։
)։
թուղթ բամպակեայ։
փայտեայ կաշեպատ, դրոշմազարդուած, ունի գոցելու կաշին՝ նոյնպէս դրոշմանիշ. ինկած են զոյգ գոցելու ականջները։ Ներքին կողմէն ծածկուած են կապոյտ կերպասով։
առաջին 10 թուղթերը մկնակեր եղած են, թղ. 24-47 վարի արտաքին լուսանցքը պատռած եւ անհետացած է. շատ մը տեղեր թուղթեր ինկած են (տե՛ս
հաւանաբար Պետրոս երէց, Պետրոս սարկաւագ եւ Իսքանտար։
միայն առջեւը, երկուքի ծալուած միջին երկաթագիր մագաղաթի հատուած մը, որմէ հազիւ կտորիկ մը մնացած է։
չկան։
կարմիր։
, ԼՈՒՍԱՆՑԱԶԱՐՔ չկան։
միայն հատ մը, թղ. 70բ, երկու գոյնով, պարզ ու նախնական։
սեւ մելանով։
թղ. 174ա-բ, ուր օրինակուած է տգեղ գիրով «փառք քեզ...» մարմնաւոր սեղանի գոհութեան աղօթքի երկրորդ մասը։
Թղ. 173ա. «Գրեցաւ ի թվին ՌԵ (1556), ի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին ի դուռըն ի քով, Պետոս իրիցուն եւ Պետրոս սարկաւագին եւ Իսքանտարին, եւ Աստուած ողորմի տէր սիրուն հոգւոյն։ Ի Չարտախ գրեցաւ, Աստուած պահէ զիր որդին, ձեռամբ անարժան Յովանէս իրիցու»։
կը պակսին։ Մատեանս է ժամագիրք եւ Խորհրդատետր, որոնք կը պատկանին հին խմբագրութեան, եւ ունին հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 1բ. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից եկեղեցեաց Հայաստանեայց որ կատարի ի մէջ գիշերի, ի դէմս Հաւր Աստուծոյ մերոյ, արարեալ է սրբազան հայրապետն մեր Լուսաւորիչն Գրիգոր, Սահակայ եւ Մեսրոպայ, Յոհանու Մանկացու(..)լոց վարդապետաց ի փառս Աստուծոյ. Տէր եթէ զշրթունս... (Յո)հանու (Մանդակ)ունոյ կաթողիկոսի Հայոց, ի գաւառէն Աշամունեաց, ի գեղջէն Ծախնստոյ, արարեալ զաղաւթս գիշերային ժամուն։ Քարոզ գիշերային զկնի Տէր եթէ շրթանց, սարկաւագն քարոզէ. Ջարթուցեալք...»։ Խառնակ ու անկատար կերպով հիւսուած խորագրին՝ կը յաջորդէ հին կարգաւորութեամբ Գիշերային ժամը, որու գլխաւոր մասերն են. «Քրզ. Ջարթուցեալքս...»։ «Աղ, Ջքէն գոհանամք... Նայեա՛ տէր բարերար...»։ Կը յաջորդեն չորս քարոզները («Վասն ի վերուստ խաղաղութեան...») համապատասխան երկմասնեայ աղօթքներով։ 2. Թղ. 21բ. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից առաւաւտու ժամուն» (հմմտ. Ա. Ժմգ. § 3)։ 3. Թղ. 53ա. «Կարգաւորութիւն... Արեւայգալին ժամու» (հմմտ. Ա. Ժմգ. § 4)։ 4. Թղ. 61ա. «Կարգաւորութիւն... Երրորդ... Վեցերորդ... Իններորդ ժամու»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. §§ 5-7. նշանակած է նաեւ իւրաքանչիւր ժամու երգը. «Աւրհնեմք զքեզ», «Խաւարեցաւ», «Չարչարակցեալ», եւ զանց ըրած է մեծ քարոզներն ու համապատասխան երկմասնեայ աղօթքները։ 9 Թղ. 9որ։ «Աւրէեք արկահեոլա, Նցաեկեղեցւոյ»։ Հմմտ. Դ. Ժմգ. § 7, հետեւեալ տարբերակներով. ա. Զգեստաւորումէն յետոյ՝ չունի «Իսկ եթէ եպիսկոպոս լինի...» խորագիրը եւ համապատասխան աղօթքը։ բ. «Աւրհնեալ թագաւորութիւնն»էն յետոյ զանց ըրած է երկու աղօթքները. «Տէր Աստուած մեր կեցո...» եւ «Որ հասարակաց զայս...»։ գ. «Սուրբ Աստուած» երեքսրբեան երգի ընթացքին՝ զանց կընէ «Աստուած սուրբ եւ ի սուրբս...» աղօթքը։ դ. Սրբագործման բանաձեւերն են՝ «Առէք կերայք ի սմանէ ամենեքեան...»։ «Առէք արբէք ի սմանէ...»։ ե. «Նայեաց Տէր մեր Յիսուս» աղօթքը կը կատարուի «Ի սրբութիւն սրբոց»է առաջ։ զ. Ճաշակումի պատրաստութեան աղօթքները երկուք են. «Հայր սուրբ...» եւ «Գոհանամ զքէն Քրիստոս թագաւոր...»։ 6. Թղ. 139բ. «Աւրհնութիւն մարմնաւոր սեղանոյ» (հմմտ. Բ. Ժմգ. § 8)։ 7. Թղ. 143ա. «Կարգաւորութիւն... Երեկոյին ձամուն». Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 16. «Խռնարհեցո, եւ «Ապրեցո» սաղմոսներուն միջանկեալ կը պակսի «Փառք քեզ տէր» մաղթանքը։ Կ'աւելցնէ «Լոյս զուարթ» երգը։ - Վերջաւորութեան կը պակսի «Ի յարկի քում սրբութեան» եւ «Ի մէջ տաճարիս» աղօթքները։ 8. Թղ. 157բ. «Կարգաւորութիւն... Խաղաղական ժամուն» (հմմտ. Ա. Ժմգ. § 11)։ 9. Թղ. 167բ. «Կարգաւորութիւն... Հանգստեան ժամուն»։ Սաղմոսներուն կը յաջորդէ «Անձն իմ ի ձեռս քո...»։ «Աղ. Տէր Յիսուս եւ արարիչ դու պահեա... Հրեշտակի խաղաղութեան...»։ «(Աղ. Գր. նարեկացւոյն). Ընկալ քաղցրութեամբ...»։