632
666
ՋԺԴ = 1465։
բոլորգիր։
17, որոնցմէ ա ունի 10 թղ., ժէ՝ 5 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։
թուղթ։
արդի կաշեկազմ (տես
նախնական վինակը արմատապէս քայքայուած ըլլալով՝ 1977ին վերանորոգուած է Տորինոյի մէջ։ Ձեռագրին իւրաքանչիւր թերթը առնուած է նոր թուղթի վրայ, ամբողջացնելով կիսատ թերթերը, յատկապէս ձեռագրին առաջին թուղթերը։ Բնական մեծութիւնը թերթերուն եղած են 7,5x 11,5, մինչ նախապէս էին 6,8x9։ Զանազան թերթեր խոնաւութենէն կամ կամաւոր ձեռքէ մը՝ եղծուած են, անընթեռնլի դարձնելով յատկապէս խորագիրները (տե՛ս թղ. 52ա, 58ա, 121բ)։ Վերակազմութեան ատեն պահուած են նախկին թերթաքանակները։
անյայտ։
չունի։
գլխաւոր կանոններու առաջին տառերը, միագոյն եւ նուրբ։
միայն թղ. 65ա, միագոյն։
թղ. 96բ, պատարագի «Առէք կերայք»ը սկսելէ առաջ՝ Յիսուս նստած կերկարէ հացը առաքեալներուն։ Հնութենէ մաշած, սակայն տպաւորիչ են առաքեալներու դէմքերու արտայայտութիւնը։
չկան։
վեց հատ (թղ. 41ա, 47ա, 64ա, 65ա, 139բ, 153բ), միանգոյն ու պարց։
կարմիր։
թղ. 96ա, 194ա։
1. Յիշատակարան Թոմաս Մեծոփեցիի. Թղ. 192բ. «Արդ ես մեղապարտս ի ծընունդս եկեղեցւոյ Թովմա անուն պիտակ վարդապետ ի Քաջբերունեաց գաւառէ, ի սուրբ ուխտէն Մեծոփայ, ի կարգէ աշակերտաց մեծ վարդապետացն Սարգսի, Վարդանայ եւ Գրիգորի Տաթեւացւոյ, սրբագրեցի զգիրս հասարակաց աղաւթից եւ յիններորդ մասն բաժանեցի, եւ ետու ի ձեռս մանկանց եկեղեցւոյ։ Վասն որոյ յերեսս անկեալ պաղատիմ քրիստոսակիր եղբարցդ, որք ընդաւրինակէք եւ կամ ուսանիջիք զնկարագիր բանիս, մի՛ այլայլէք, աղաչեմ։ Եւ զսակաւ յիշատակարան գրեսջիք, զի ամենեցունց ճանաչեալ լինի այս աւրինակ, զի դուք գրեսջիք ի գիրն կենաց, եւ զմեզ անմոռաց յիշեսջիք յաղաւթս ձեր, հանդերձ հոգեւոր եւ մարմնաւոր ծընաւղաւք եւ հարազատաւք, եւ թողութիւն մեղաց շնորհեսցէ, զի եւ ինքն Յիսուս Քրիստոս ձեզ չեղրձեսցէ գանձառ արքայութիւնն. ա2. Թղ. 193բ. «Փառք... ամէն։ Արդ գրեցաւ փրկական խորհուրդ պատարագի եւ հասարակաց աղաւթս մերոյ եկեղեցւոյ ի թվականիս Հայոց ՋԺԴ ( = 1465), ի գաւառս Քաջբերունեաց, ի գեաւղս (ջնջուած) ... անի» (կիսատ)։ 3. Թղ. 15ա. «Զանպիտան գծագրողս զն(օ)դ(ոյ)ս վարդապետ, աղաչեմ յիշել առ 4. Թղ. 52բ. «Զմեղաւոր գծողս զՊաւղոս վարդապետս, աղաչեմ յիշել ի Տէր սրտի մըտաւք»։ §. Թղ. 64ա. «Ջնուաստ վարդապետս զՊաւղոս աղաչեմ յիշել առաջի գառինն անարատի»։ 6. Թղ. 153ա. «Զմեղաւք մեռեալս զգըծող սորա զՊաւղոս վարդապետս՝ աղաչեմ յիշել ի Տէր մի.»։
«Ստացաք յամի 1887, ընդ այլ գրենոյ Տէր Մարգարայ»։ Մատեանս է ժամագիրք եւ Խորհրդատետր, օրինակուած Թովմա Մեծոփեցիի օրինակին վրայէն, ուր կը տեսնուի որ ծիսական զոյգ գիրքերն ալ ստացած են գրեթէ իրենց վերջին ձեւը, այն է՝ նման տպագիր օրինակներու՝ որոնք կը գործածուին Հայաստանեաց եկեղեցւոյ մէջ։ Կը նշենք միայն այն կէտերը՝ որոնք տարբեր են մեր գործածած տպագիր օրինակներէն։ 1. Թղ. 1ա. (Կարգաւորութիւն Գիշերային պաշտաման)։ Չունի սկզբնական խորագիր մը, այլ խորանին տակ կը սկսի իսկոյն բնագիրը. «Տէր եթէ զշրթունս իմ բանաս»։ - Նշանակած է սաղմոսներու միայն առաջին բառերը։ - Թուղթ ինկած ըլլալով՝ յայտնի չէ թէ բնագրին մէջ մտա՞ծ էին Ն. Շնորհալիի «Յիշեսցուք»ները եւ «Ջարթիք»ները։ - Կը պակսի «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Աշխարհ ամենայն» երգերը, որոնց փոխարէն կ'ըսուի. «Մարտիրոսաց (Ծ) եւ ապաշխարողաց 8 Տէր ողորմեա, եւ կիրակէ եւ տէրունական տաւնից՝ երիս Տէր ողորմեա»։ - «Վասն ի վերուստ խաղաղութեան» քարոզը իբր խորագիր ունի «արարեալ Սահակայ եւ Մերսովպայ վարդապետաց մերոց»։ 2. Թղ. 15ա. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Առաւաւտու ժամուն, որ կատարի ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ, յորմէ ըմբռնեալ եղեւ ի հրէիցն»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 3։ «Փառք ի բարձունս» երգին խորագիրն է՝ «Աւրհնութիւն փառաց առաւաւտու, ի դէմս Երրորդութեանըն, Կոստանդնուպաւլսի ժողովոյն ասացեալ»։ - Երկրորդ մասը, «Եւ յամենայն ժամ...» իբր խորագիր ունի՝ «Առ ժողովն Եփեսոսի ասացեալ»։ - «Սուրբ Աստուած» երեքսրբեան երգին փոփոխակները կը նշէ հետեւեալ կերպով. «Աւետեացն, Ծննդեան եւ Թլփատութեան. Որ ծնար եւ յայտնեցար վասն մեր։ Քառասնաւրեայ գալստեան եւ Ծաղկազարդին. Որ եկիր եւ գալոցդ ես։ Ուրբարի գիշերին. Որ մատնեցար։ Ուրբար երեկոյին, Շարար գիշերին. Որ թաղեցար։ Զատկին եւ ամենայն կիրակէից. Որ յարեար ի մեռելոց։ Համբարձ(ման). Որ համբարձարդ։ Հոգւոյն գալստեանն. Որ եկիր եւ հանգեար յառաքեալսն։ Վարդավառին. Որ երեւեցար ի Թաբաւր լերին։ Փոխման Աստուածածնին. նր եկիր ի փոխումն մաւր քո եւ կուսին։ Իսկ այլեւայլ ասելի՝ անընդունելի է Թումայ առաքելոյն»։ 3. Թղ. 41. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Արեւագալի ժամուն, որ կատարի ի դէմս Հոգւոյն Աստուծոյ. այլ եւ ի դէմս Յարութեան Քրիստոսի եւ երեւման աշակերտացն»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 4։ Նշանակուած են Արեւագալի Ն. Շնորհալի երգերուն միայն առաջին բառերը. «Յարեւելից մինչ ի» եւն.։ 4. Թղ. 47ա. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Երրորդ ժամուն, որ կատարի ի դէմս Հոգւոյն Աստուծոյ իջմանն, եւ ի դէմս նախահաւրն ճաշակմանն եւ ազատութեանն Քրիստոսի»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 5. կը սկսի «Աւրհնեալ Հոգիդ սուրբ Աստուած ճշմարիտ» մաղթանքով։ - «Ողորմեա» սաղմոսին կը յաջորդէ «Աւրհնեմք զքեզ» երգը։ 5. Թղ. 52ա. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Վեցերորդ ժամուն, որ կատարի ի դէմս Հաւր Աստուծոյ, այլ եւ ի դէմս չարչարանացն եւ խաչելութեանն Որդւոյն Աստուծոյ»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 6. կը սկսի «Աւրհնեալ Հայր սուրբ Աստուած ճշմարիտ» մաղթանքով։ - «Ողորմեա» սաղմոսին կը յաջորդէ «Խաւարեցաւ լոյսն արեւուն» երգը։ 6. Թղ. 57բ. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Իններորդ ժամու, որ կատարի ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ, այլ եւ մահուանն եւ բանական հոգւոյն աւանդՀմմտ. Ա. Ժմգ. § 7. կը սկսի «Աւրհնեալ Որդիդ սուրբ Աստուած ճշմարիտ» մաղթանքով։ - «Ողորմեա» սաղմոսին կը յաջորդէ «Չարչարակցեալ քեզ» երգը։ «Հայր մեր»ին կը յաջորդէ «Զսաղմոսերգութիւնս եւ զանազանս...» մաղթանքը։ 7. Թղ. 64ա. «Աւրէնք արկանելոյ սպաս եկեղեցւոյ»։ ա. Զգեստաւորումէն ետք՝ «Սղ. Դատ արա ինձ». «Խոստովանիմ առաջի..., Ողորմեսցի... Ազատեսցէ...»։ - «Իսկ եթէ եպիսկոպոս լինի խորերդածուն, առնու ըզսուրբ կոնքեռն ածէ ի վերայ լանջացն... Ամենակալ Աստուած բարերար մարդասէր... Աղաչեմք եւ ազերսեմք արտասուալից...»։ բ. «Աւրհնեալ թագաւորութիւնն»էն յետոյ կան երեք աղօթքներ. «Տէր Աստուած մեր որոյ կարողութիւնդ...», «Տէր Աստուած մեր կեցո զժողովուրդս...», «Որ հասարակաց զայս...»։ գ. «Սուրբ Աստուած» երեքսրբեան երգի ընթացքին՝ քահանան կ'աղօթէ. «Աստուած սուրբ որ ի սուրբս հանգուցեալ դ. Սրբագործման համար կը գործածէ ընդհանրացած բանաձեւր. «Առէք կերայք այս է...», «Արբէք ի սմանէ ամենեքեան...»։ ե. Սուրբ Հոգիի կոչման աղօթքը երեք երեք անգամ հացին ու գինիին վրայ արտասանելէ ետք՝ երեք անգամ ալ կը կրկնէ միահաղոյն հացին եւ գինիին վրայ։ զ. «Նայեաց Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս» աղօթքը կը կատարուի «Ի սրբութիւն սըրբոց»էն ետք։ է. Ճաշակումի պատրաստութեան աղօթքները երեք են. «Հայր սուրբ որ անուանեցեր...», «Գոհանամ զքէն Տէր Քրիստոս թագաւոր...», «Գոհանամ եւ մեծացուցանեմ...»։ ը. Ճաշակումէն ետք «Եթէ սարկաւագ կայ՝ հաղորդեսցի եւ նա։ Եւ առնու սարկաւագն զսկիհն եւ դառնայ ի ժողովուրդն ասելով. Երկիւղիւ..., Աստուած մեր եւ Տէր...»։ Ապա՝ «հաղորդեսցի նոր ձեռնադրեալն, ապա ո՛չ ի բերանն, այլ յափն տալով զսրբութիւնն։ Եւ ամենայն արժանաւոր ժողովուրդն հաղորդին...» եւայլն։ թ. «Կատարումն աւրինաց» աղօթքէն յետոյ կը բաժնուի նշխար, եւ հուսկ «Աւրհնեալ եղերուք...»։ ժ. Կէս էջ խորագիր մը կամաւոր ձեռքէ եղծուած է (թղ. 121բ), որու կը յաջորդէ Թոմաս առաքեալի վերագրուած աղօթքր. «Մարմին քո անապական... եւ փոխանակ լեղւոյն զոր արբեր...»։ 8. Թղ. 123ա. «Տեառն Ներսէսի Լամ(բ)րանացոյ խրատ եւ սահման վերոյ գրեա, գործոյ. Քանզի բազում ինչ եցոյց բանս հրահանգութեան գործ սարկաւագացն աստիճանի...»։ 9. Թղ. 127բ. «Եռամեծի եւ քաջ վարդապետի Մխիթարայ Գոշի խստակրաւն ճրգնաւորի եւ բանիբուն կրաւնաւորի ասացեա, աղաւթս ի ժամ սուրբ պատարագին. Տէր Աստուած իմ Յիսուս Քրիստոս բան Հաւր եւ կերպարան, կենդանի...»։ 10. Թղ. 139բ. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Երեկոյի ժամուն, որ կատարի ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ, որ էջ ի խաչէն եւ պատեալ պաստառակալաւ եդին ի գերեզմանի»։ «Աւրհնեալ Տէր բնակեալդ ի բարձունըս...» ունի սա խորագիրը. «Յաղագս աւրհնութեան ճրագալուցին, ասացեալ սըրբոյն Պետրոսի եղբաւրն Բարսղի»։ - Կաւելցնէ «Լոյս զուարթ» երգը։ 11. Թղ. 150բ. «Աւրհնութիւն մարմնաւոր սեղանոյ»։ Գոհութեան «Փառք քեզ տէր փառք քեզ...» աղօթքը ունի առաջին մաս մը. «Աւրհնեալ ես տէր Աստուած մեր որ կերակրես...»։ Փակման մաղթանքը հետեւեալն է. «Զկերաւղքս Աստուած աւրհնեսցէ, աշխատաւորացն եւ երախտաւորացն եւ վաստակաւորացն վարձս բարեաց պարգեւեսցէ եւ աւրհնեսցէ զամենեսեան. լիութիւն սեղանոյս աննուազ եւ անպակաս եղիցի, Քրիստոս Աստուած, որ զմեզ կերակրեաց, նմա փառք յաւիտեանս. ամէն»։ 12. Թղ. 153ա. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Խաղաղական ժամուն, որ կատարի ի դէմս Հոգւոյն Աստուծոյ. այլ եւ ի դէմս բանին Աստուծոյ որ եդաւ ի գերեզմանի եւ էջ ի դժոխս եւ խաղաղութիւն արար հոգւոցն»։ «Շնորհեա՛ մեզ Տէր...» երգին աւարտին՝ նշանակուած է «Նայեա սիրով Հայրդ գթ» երգին առաջին այս բառերը, գուցէ սխալելով, որովհետեւ նոյնը կրկնուած է «Տէր լոյս իմ» սաղմոսէն յետոյ։ - «Երանեալ - Բաժին - Արարիչ» սաղմոսէն յետոյ նշուած է «Ի քէն հայցեմք Հայր» երգին առաջին բառերը, որու կը յաջորդէ «Հոգւոց հանգուցելոց... Քրիստոս որդի...»։ 13. Թղ. 160բ. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղաւթից Զ(հ)անգստեան ժամուն, որ կատարի ի դէմս Հաւր Աստուծոյ, զի պահպանողական աջով միածնին պահեսցէ զմեզ խաղաղութեամբ ի խաւար գիշերիս»։ Հմմտ. Բ. Ժմգ. § 6. Սաղմոսներէն վերջ՝ նշուած է «Նայեա՛ սիրով Հայրդ գթած» երգին առաջին այս բառերը։ - Գրիգոր Նարեկացիի «Ընկալ քաղցրութեամբ» եւ ժամասացութեան «Փառք քեզ Աստուած որ պարգեւեցեր...» աղօթքներով կը փակ14. Թղ. 168ա. «Նախադրութիւնք խրատական յաղագս աղօթիցն զոր արարեալ է Տեառն Ներսէսի եղբաւր Գրիգորիսի Հայոց վարդապետի. Աղաւթք հասարակաց քրիստոնէից մեծամեծաց...»։ .15. Թղ. 173ա. «Աղաւթք իւրաքանչիւր անձին հաւատացելոց ի Քրիստոս, առ սուրբ Երրորդութիւնն եւ միաստուածութիւնն. Հաւատով խոստովանիմ եւ երկիր պագանեմ...»։ 16. Թղ. 180բ. «Աղաւթք յայլէ վարդապետէ. Ամենակալ ամենախնամ Աստուած յամենայնի աւրհնեալ...»։ 17. Թղ. 188ա. (Կարգ ապաշխարութեան). «Մեղայ ամենասուրբ Երրորդութեան Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, Մեղուցեալ եմ Աստուծոյ, խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ...»։ «Աստ ասէ որիշ որիշ յանուանէ զմեղսն զոր առանձնակի գործեալ...»։ «Ողորմեսցի քեզ մարդասէրն Աստուած եւ թողութիւն...»,