682
2395
ՌՉԱ = 1632։
բոլորգիր ընտիր, երգերը խազագրուած։
երեք (գ, դ, ե), ինկած են առաջին երկուքը։
թուղթ։
արդի խաւաքարտ, կիսակաշի։
ձեռագրին առաջին երկու թերթերը կորսուած են, իսկ մնացած երեքը՝ մեր միաբանճերէն Հ. Մինաս Բժշկեան, 1820ին, գտած է ձուանչայի տերակներուն մէջ եւ կազմնլ տուած է արգի կացմոյ։ Միջանկեալ ալ թուղթ ինկած է՝ ընդ մէջ թղ. 8-9ի եւ 19-20ի։ 2ի տեսնուիր խոնաւութեան հետք։
Ծառուկ դպիր։
եւ այլ զարդեր ամենեւին չկան։
կարմիր մելանով են։
Թղ. 24ա. «Ով սրբակրաւն քահանայք եւ մատուցողք սուրբ պատարագիս, զեղկելի զգծող եւ ըզստացող այս սուրբ գանձարանիս զԾառուկ դպիրն հանդերձ ծնողովք աղաչեմ յիշել ի Տէր արժան ար(ար)էք, եւ անզարդութեան գրոյս անմեղադիր լերուք։ Գրեցաւ թվ. ՌԶԱ ( = 1632), եւ Սեպտեմբեր ամսոյ Իէ, օրն զլարթի ( = Ուրբաթ)»։
թղ. 1ա ստորին լուսանցքին վրայ գրուած է. «Գտեալ Հ. Մինասին (Բժշկեան) յաւերակս ձուանչայի, 1820»։ Մատեանս է Խորհրդատետր, անկատար, թերի սկիզբէն։ Թղ. 1ա. Կը սկսի «ջոկք, զարհուրեալք ի փայլակնացայտ եւ յանմատոյց լուսոյ աստուածութեանդ»։ Այնուհետեւ կը շարունակուի բնագիրը անթերի կերպով. «Եւ դպիրքն եղանակեն ձայնիւ ասելով. Սուրբ, սուրբ, սուրբ Տէր զօրութեանց, լի են...»։ համեմատելով ներկայիս ընդհանրացած բնագիրին՝ ունի հետեւեալ տարբերակները։ ա. Սրբագործման բանաձեւն է. «Առէք կերայք ի սմանէ ամենեքեան, այս մարմին բ. Հայր մերէն առաջ, սարկաւագին քարոզին մէջ («Վասն մատուցեալ սուրբ...») կայ կէս էջ յաւելուած մը. «Յոհանու Ոսկեբերանի ասացեալ. Զբարին եւ զաւգտակարն անձանց մերոց եւ զխաղաղութիւն ամենայն աշխարհի...»։ գ. «Սուրբ Աստուած» երեքսրբեան երգէն առաջ ըսուելիք աղօթքր. «Որ հասարարակաց», քահանան կ արտասանէ «Հայր մեր»ի ընթացքին։ դ. «Նայեա՛ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս յերկնից» աղօթքը փոխադրուած է «Որ աղբիւրդ ես կենաց» աղօթքէն անմիջապէս ետք, որու կը յաջորդէ. «Եւ ի կատարման աղաւթիցն վառեն մոմեղէնս եւ բուրմունս խնկոց եւ հնչեցուցանեն զզանկակսն եւ ամենայն ժողովուրդքն կան բացաւ գլխով ի ծնկաց, ակն ունելով տեսութեան մարմնոյն Աստուծոյ... Երկիր պագանեմք քեզ Քրիստոս փրկութիւն աշխարհի...»։ ե. «Ի սուրբ ի սուրբ»էն ետք՝ «Ջոր աւրհնութիւն կամ զոր գոհութիւն» ունի բաւական երկար յաւելուած մը, նմանապէս կայ երկար նոր աղօթք մը («Հաւատամ յամենասուրբ երրորդութիւնն») ճաշակումէն զ. Ճաշակումի վերաբերեալ խորագիրներուն մէջ՝ հետաքրքրական է. «Եւ գայ սարկաւագն եւ համբուրէ զքահանայի բերանն, եւ ապա ի սարկաւագէն սփռի յամենայն եկեղեցին. եւ ապա սարկաւագն առնու զսկիհն...»։ է. «Կատարումն օրինացին կը բաշխուի նշխար, եւ ապա քահանան կու տայ վերջին օրհնութիւնը. «Աւրհնեալ եղերուք..., Եւ փառս տալով արձակին ի տունս իւրեանց»։ Անմիջապէս յետոյ օրինակուած են աւետարանի երկու հատուած. «Յովե. Ի սկզբանէ էր բանն», «Յովհ. Եւ իբրեւ ճաշեցին...»։ ը. Նկատելի է որ ձեռագիրիս վրայ կատարուած են շատ մը սրբագրութիւններ, յարմարցնելով զայն Հռոմի իշխանութեան կողմէ կատարուած Բարսեղեան սրբագրութիւններուն։ թ. Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ, նոտը գիրով, Յիշատակարանէն ետք (թղ. 24ա28ա) օրինակուած են աղօթքներ՝ որոնք զանց եղած են բնագրին մէջ, այն է՝ «Գոհանամ եւ մեծացուցանեմ եւ փառաւորեմ» եւ «Շնորհեա՛ Տէր զսէր զհաստատութիւն եւ զըղձալի զխաղաղութիւն...», որ նոր ես քեդարձակ խմբագրութեան մը կը հե