678
2003
ՉՁԳ = 1334։
բոլորգիր մաքուր։
7, որոնցմէ է՝ ունի 10 թուղթ, մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թուղթ։ Նկատելի է որ առաջին պահպանակը, իր երկու թուղթերով՝ կը կազմէ առաջին թերթը, եւ այսպէս ալ նշանակուած է ստորին լուսանցքին վրայ։
մագաղաթ։
փայտեայ, կաշեպատ դրոշմանիշ՝ որ հազիւ տեսանելի է։ Առաջին կողքի կաշին լրիւ կայ, թէեւ եզերքները մաշած, իսկ երկրորդ կողքի փայտը կոտրած է, վրայի կաշին անջատուած, կռնակի կողմէն կը տեսնուին կազմին թելերը։ Կողքերը ներքին կողմէն ծածկուած են տպածոյ հասարակ լաթով։ Կը կարօտի վերակազմութեան։
ձեռագիրս թէեւ լրիւ է ու անթերի՝ սակայն կը կարօտի նորոգութեան. խոնաւութեան հանդիպած ըլլալով՝ մագաղաթները կորսընցուցած են իրենց ողորկութիւնը, վնասելով բնագրին յատկապէս կարմրատառ խորագիրներուն։
Հեթում քահանայ, 1586ին՝ Շիպկանց Փանոս։
առջեւը երկուքի ծալուած բոլորգիրով Մատթէոսի աւետարանին ցանկը եւ առաջին գլուխէն հատուած մը։ Ետեւի կողմն ալ ունեցած է երկաթագիր պահպանակ մը, որմէ մնացած է ամենափոքր հատուած մը։
թղ. 3ա, 43ա, երկուքն ալ բազմագոյն, յատուկ՝ կիլիկեան զարդագիրերու։
հատ մը, թղ. 3ա, բազմագոյն եւ յոյժ նաշակաւոր, ներդաշնակ եւ գեղեցիկ համադրութեամբ։
կարմիր եւ երբեմն ոսկետառ։
1. Թղ. 69բ. «Փառք սուրբ երրորդութեան Հաւր եւ Որդ(ւ)ոյ եւ սուրբ Հոգւոյն։ Գրեցաւ Պատարագամատոյցս ձեռամբ մեղաւոր եւ անարժան քահանային Սարգսի, ի լաւ եւ յընտիր աւրինակէ, ի թուիս Հայոց Չ2Գ (ա1334), ի մայրաքաղաքս Սիս, ի խնդրոյ պատուական եւ երջանիկ քահանային Հեթմոյ, որ եռափափաք եւ յաւժար սրտիւ ետ գրել ըզսայ ի վայելումն անձին եւ ի յիշատակ հոգ(ւ)ոյ իւրոյ եւ ծնաւղաց եւ զարմից։ «Արդ աղաչեմ զամենեսեան, վասն սիրոյն Քրիստոսի, յորժամ մատուցանէք զաստուածային պատարագն եւ կարդայք զմարգարէականք եւ զառաքելականք, նոյն եւ զաւետարանն, յիշեցէք զստացաւղ սուրբ պատարագիս եւ զծն(աւղս)ն իւր, նաեւ զիս զմեղուցեալ գրաւղիկս եւ զոսկողս եւ զծն(աւղս)ն իմ ազգայնաւք, եւ որ զմեզ յիշէ, Քրիստոս Աստուած որ առատն է ի տուրս բարեաց, ձեզ յիշողացդ եւ մեզ յիշեցելոցս ողորմեսցի, եւ նմա փառք յաւիտեան»։ 2. Թղ. 31բ. «ԶՍարգիս անարժան քահանայ, զգրող եւ զոսկող սորայ, յիշեցէ'ք ի Տէր եւ դուք յիշիք»։ 3. Թղ. 70ա. «Ո՛ զմեղաւք դատայպարտեալս, զկազմող սորայ զՅով(հ)ան(ն)էս ավագ սարկաւագս՝ աղաչեմ յիշել ի Տէր։ եւ զծնողսն իմ, եւ որ յիշէ՝ յիշեալ լիցի ի Քրիստոսէ Աստուծոյ մերոյ»։ 4. Թղ. 70բ. Խեղն բոլորգրով. «Յիշատակ է աւետարանս Շիպկանց Փանոսին եւ իւր կողակցին Սառային եւ Խոէտուկին եւ իւր կողակցին, որ առ Քրիստոս են հանգուցեալ։ Որ գնեց զաւետարանս ի հալալ վաստակոց՝ ի Դանկոկանց Յո(վ)հան(ն)էս յիրէցուն. վկայ Թաթէոս, վկայ Նիկուղա(յ)ոսին, վկայ Բառար Փանոս, վկայ Փանպուղն. ի թ(ո)ւ(ա)կ(ան)ին Հայոց ՌԼԵ ( = 1586), ի դուռն Սուրբ Աստուածածին, ի Փայաս, ի թագաւորութիւն Սու(լ)թանին, եյ ի մոռայ (?) վայելութիւն Հայտառին որ գեկեղեցուն քով նոր գեղ չինեցաւ»։
1962ին Տիար ժագ Մարոսեան նուիրած է ՄատենադաՄատեանս է Խորհրդատետր եւ մասն Ճաշոցի. ունի հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 3ա. «Պատարագամատոյց Աստուծով, զոր ասացեալ է սուրբ հաւրն մերոյ Աթանասի։ Սրկ. Խնդր(եսցուք)։ Քեյ. Որ զգեցեալ ես ըզլոյս որպէս հանդերձ...։ Եւ զգեցուցանեն նմա. եւ դնէ քահանայն զխոյրբն ի գլուխն եւ ասէ. Դիր Տեր սաղաւարա փրկութեան...»։ Հմմտ. Ա. Ժմգր. § 8, հետեւեալ մանր տարբերակներով. Աւետարան կարդալէն առաջ. «Եւ ելանեն ի վեր եւ երկրպագեն երիցս եւ համբուեն զսեղանն, եւ առնու սարկաւագն զԱւետարանն եւ գոչէ բարձր ձայնիւ. Պռաւսխումէն. ժողով. Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզաւր, սուրբ եւ անմահ, Հայր եւ Որդի եւ սուրբ Հոգի, ողորմեա մեզ. երիցս ասեն։ Եւ անդէն խոնարհի քահանայն եւ ասէ. Աստուած սուրբ եւ ի սուրբս բնակեալ...»։ «Հաւատամք»ին մէջ բանաձեւի տարբերակներն են՝ «Հաւատամք եւ ի սուրբ Հոգին... քարոզեցաւ յառաքեալսն...». «Հաւատամք եւ յայս միայն ընդհանրական կաթուղիկէ եւ առաքելական եկեղեցի...»։ «Եւ եւս հաւատով աղաչեսցուք» քարոզէն եւ «Տէր մեր եւ փրկիչ» երկմասնեայ աղօթքէն ետք՝ «Խնկարկէ, եւ սարկաւագն ձայնէ. Մի՛ ոք յերեխայից։ Եւ քահանայն վերացուցանէ զսկիհն եւ ասէ զաղօթս ահիւ։ Ոչ ոք արժանի է...»։ Այս աղօթքին ընթացքին է՝ «Եւ ընծայքն վերաբերին ի սեղանն սուրբ. Սրկ. Եւ եւս խաղ. Եւ քահանայն ասէ զաղօթս. Տէր Աստուած զօրութեանց...»։ Սրբագործման բանաձեւը եւ յաջորդող աղօթքները, համապատասխան խորագիրներով, ներկայիս ընկալեալ ձեւով են, առանց տարբերակներու։ Չեն օրինակուած սարկաւագին ըսելիք քարոզները, բայց նշանակուած են անոնց առաջին բառերը։ Քահանային ըսելիք աղօթքներուն մէջ եզական է սա բացատրութիւնը. «Եւս առաւել զեպիսկոպոսապետն մեր եւ զպատուական հայրապետն Հայոց զսուրբ Լուսաւորիչն եւ զտէր (տեղը պարապ) շնորհեսցես մեզ ընդ...»։ «Ի սուրբ ի սուրբ»էն առաջ կայ այս խորագիրը. «Եւ առեալ զսուրբ պատուական մարմինն Քրիստոսի ի վերայ սկ(հ)ոյն, դեռ եւս կաթեալ պատուական արիւնն ի սկի(հ)ն, եւ դառնայ ի ժողովուրդն եւ ասէ ի լուր ամենեցուն»։ Ճաշակումէն առաջ քահանան ունի երկու աղօթք. «Հայր սուրբ որ անուանեցեր» եւ «Գոհանամ զքէն Քրիստոս թագաւոր»։ Քահանային ճաշակումէն ետք՝ կան սարկաւագին, նորօծներուն եւ ժողովուրդին հաղորդութեան համար՝ խորագիրներ. «Եւ թէ սարկաւագ կայ՝ հաղորդեսցի եւ նա...։ Եւ հաղորդին նոր ձեռնադրեալքն եւ արժանաւոր ժողովուրդքն...»։ «Որ աւրհնես զայնոսիկ...», «Կատարումն աւրինաց» ըսելէ ետք՝ «Եւ դառնայ (քահանայն) ի ժողովուրդն եւ ասէ. Աւրհնեալ եղերուք ի շնորհաց սուրբ Հոգւոյն. ժողովուրդն՝ Ամէն։ Քահանայն ասէ. Խաղաղութիւն ընդ ամենեսեան։ ժողով. Փառք քեզ Աստուած։ Ի սկզբանէ էր բանն...»։ Աւետարանը աւարտելուն՝ «Դպիրքն բերեն նշխար եւ քահ. տայ ժողովրդեան», եւ ապա քահանայն կու տայ վերջին օրհնութիւնը. «Երթայք խաղաղութեամբ եւ Տէր եղիցի ընդ ամենեսեան»։ 2. Թղ. 27բ. «Առնու եպիսկոպոսն ըզսուրբ կոնքեռն ածեալ ի վերայ լանջացն եւ զպատուական եմիփոռոնն եւ գայ առընթեր ընծայարան սեղանոյն, լուացեալ զձեռս...»։ Կը յաջորդեն Գրիգոր Նարեկացիի զոյգ աղօթքները. «Ամենակալ Աստուած բարերար եւ մարդասէր Աստուած բոլորից» եւ «Աղաչեմք եւ աղերսեմք արտասուալից հառաչմամբ»։ 3. Թղ. 32ա-38բ. «Իւղաբերից աւետարան»։ - Թղ. 38բ-43ա. «Աւետարան բժըշկութեան»։ 4. Թղ. 43ա-69բ. Մասն Ճաշոցի։ Օրինակուած են գլխաւոր տօներուն համար համապատասխան՝ Պօղոս առաքեալի թուղթերէն եւ աւետարանէն հատուածներ։ Տօներն են՝ Ծննդեան, Աստուածածնի, Ջատկի եւ Համբարձման, Պենտեկոստէի, Վարդավառին, Վերափոխման, Սուրբ Խաչին, Եկեղեցւոյ, Մարգարէից, Հայրապետաց, Մարճեննոց, Տոնաւորաց, Թագաւորաց, կու