687
1604
գլխաւոր յիշատակարան մը չըլլալով՝ չէ կարելի իմանալ նշգրիտ թուականը եւ այլ մանրամասնութիւններ. դատելով գիրէն՝ ժէ դարուն գրուած ըլլալու է։
բոլորգիր։
այնպիսի կերպով կազմուած է նորոգութեան ատեն՝ որ չէ կարելի զանազանել։
թուղթ տոկուն։
խաւաքարտ կաշեպատ, տոկուն եւ հաստատուն։
գոհացուցիչ. գործածութենէ թխացած է ստորին լուսանցքը, ուր մաշած ըլլալով վերջին տողը, նորոգողը նոր թուղթով ամբողջացուցած է թէ՛ էջը եւ թէ գրութիւնը։
միայն սկիզբը, միագոյն թըռչնագիր։
միայն սկիգրը, թղ. 1ա, միագոյն կարմիր մելանով, քառակուսի մանր զարդերով, յատուկ հին ձեռագիրներու։
եւ այ, զարդեր չկան։
կարմիր մելանով են։
1791էն առաջ մտած է մեր հաւաքածոյէն ներս։ Մատեանս է Խորհրդատետր, որ հաւանաբար գործածուած է լեհահայերէն։ Համեմատելով ուրիշ ձեռագիր եւ տպագրութեամբ ընդհանրացած Խորհրդատետրներու, կը գտնենք կարգ մը տարբերակներ եւ սըրբագրութիւններ՝ յատուկ Բարսեղեան տպագրութեան։ Տարբերակներն են. ա. Թղ. 1ա. ԱԿխորագիր կը սկսի ագՔէէ. «Որ զդեցեալ ես կլոյս որպէս գհանբ. Զգեստաւորումը աւարտելուն՝ իսկոյն «պատարագիչ քահանայն խոնարհեալ ասէ. Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ..., Ողորմեսցի քեզ Աստուած..., Ազատեսցէ եւ ըզձեզ...»։ Ձեռնլուայէն ետք է որ կը սկսի «Եւ վասն սրբուհւոյ...»։ գ. Գինին առնելէ ետք «առնու զջուրն եւ արկանէ կաթն ինչ ի սկիհն ասելով. Յիշատակ աստուածային...»։ դ. «Օրհնեալ թագաւորութիւնն Հօր...»էն ետք կայ սա խորագիրը. «Իսկ եթէ պատարագն թիւ է եւ ոչ ձայնիւ, զայս ասասցէ քահանայ առ եղջիւր սեղանոյն ուր զընթերցուածսն կարդայ»։ Հոս օրինակուած են ժամամուտները (թղ. 2բ2-6բ1)։ ե. Աւետարան կարդալէն եւ «խաղաղութիւն» տալէ առաջ՝ քահանան կ'ըսէ. «Տէր եղիցի ի սրտի իմում եւ ի շրթունս իմ՝ առ ի պատմել զսուրբ աւետարանն խաղաղութեան՝ յանուն Հօր եւ...»։ զ. «Հաւատամք»ին մէջ նոր են սա բացատրութիւնները. «ծնունդ եւ ոչ արարած համագոյակից Հօր, որով...», «քարոզեաց զառաքեալն», «ի դատաստանսն յաւիտենական հոգւոց»։ է. Վերաբերումի ատեն յատուկ խորագիրով մը, հակառակ հայկական աւանդութեան, կը յանձնարարէ քահանային՝ չխաՀակնքել ընծաներով ժողովուրդին վրայ, եւ ոչ ալ ժողովուրդը ծնրադրէ, որովհետեւ վերաբերուած ընծաները «մարմին եւ արիւն Քրիստոսի ոչ է»։ ը. «Սուրբ ես ճշմարտապէս եւ ամենասուրբ» աղօթքը ունի տասը տող յաւելուած մը սկիզբէն («Զքեզ իսկ ամենագթած») եւ վերջաւորութեան «... յառիթն փրկութեան մերոյ եկեալ կամաւ ի չարչարանս խաչի եւ յընթրիսն վերջին առեալ զհացն...»։ թ. Սուրբ ընծաները օրհնած պահուն միայն մէկ անգամ կըսէ. «Որով զհացս... արարեր...»։ ժ. «Ընդ որս եւ մեզ...», «Աստուածածին սրբոյ կուսին...» յիշատակելէ ետք է որ կամայական կերպով կը գրէ. «Ի ձայնաւոր պատարագն ասի զոր ինչ հետեւի, Սրկ. Մի ոք յերեխայից..., Մարմին տէրունական»։ ժա. «Եւ առաւել զեպիսկոպոսապետն» յիշելէ ետք՝ կը յիշէ նաեւ «զպատուական հայրապետն... եւ զսրբասնեալ զարհի եպիսկոպոսն մեր... եւ զբարեպաշտ թագաւորն մեր...»։ ժբ. «Հայր մեր»ի ատեն քահանային ըսել կու տայ «Որ հասարակաց զայս եւ միաձայն մեզ ամենեցուն...» աղօթքը։ ժգ. Ճաշակումէն առաջ, զանազան նորութիւններու շարքին՝ քահանան կ'ըսէ. «Տէր, ո՛չ եմ արժանի եթէ ընդ յարկաւ իմով...»։ ժդ. Խորագիրներուն մէջ կը դնէ զանազանութիւն՝ գրելով՝ «Ի ձայնաւոր պատարագն՝ սարկաւագն երգէ, եւ ի թիւին քահանայն ասէ. Պատարագ Քրիստոս մատչի...»։ ժե. Ձեռագրիս բնագրէն տարբեր գրչութեամբ, նոտր գրով, թղ. 15բ. կան զոյգ աղօթքներ. «Օրհնեալ Քրիստոս Որդին Աստուծոյ»։ «Սուրբ Երրորդութիւն ընկալ ըզպատարագս...»։