1602
206
դատելով յատկապէս գիրին տեսակէն եւ արտաքին պարագաներէն, գրուած ըլլալու ԺԱ-ԺԲ դարերուն։
բոլորգիր հին, խառն երկաթագրով, իսկ թղ. 210բ-232բ՝ ամբողջ երկաթագիր։
ունի երկու մաս, առաջին մասին առաջին երկու թերթերը կորսուած են, մնացած են Գ-ԺԱ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի 12 թուղթ։ Երկրորդ մասին թուարկումի ձեւր կը փոխուի, եւ կը սկսի այրուբենի շարունակական տառերով, որ է՝ Ա-Շ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի 8 թուղթ, իսկ Ա եւ Շ՝ 7 թղ., Կ եւ Հ՝ 10 թղ., 6 եւ Ն՝ 12 թուղթ. չէ նշանակուած Ծ թերթը։
թուղթ դեղնորակ, տոկուն։
Ս. Ղազար հասած է անկազմ, եւ հոս ստացած է նոր կազմ, դեղնո րակ կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ։
չենք կրնար ըսել բաւարար, որովհետեւ պակասաւոր է սկիզբը եւ վերջաւորութեան, միջանկեալ եւս ունի անկատար մաս մը, որ նշանակած ենք ստորեւ. զանազան տեղեր թուղթը փնացած ըլլալով՝ տառերն ալ անընթեռնլի են, յատկապէս վերջաւորութեան, թղ. 250էն սկսեալ, ուր խոնաւութիւնը աւեր գործած է, փնացնելով գրադաշտը։
չունի։
չունի։
կամ
չունի, որոնց փոխարէն ստորին լուսանցքներուն վրայ, սկսեալ թղ. 231բ. էն, հոն ուր նշուած են թերթերուն տառերը, աջին ու ձախին, գծուած են անասուններ, շատ յաջող արտայայտութեամբ։
եւ այլ զարդեր չկան։ - ԽՈՐԱՆի տեղը միայն գծուած է սեւ թանաքով, թղ. 109ա, ուր ոչ մէկ զարդ գծուած է։
ունի միայն թղ. 109, ուր հինգ տողերը կարմրատառ են։
թղ. 70բ, իսկ կարգ մը թուղթեր՝ գրուած են կիսով չափ, այսպէս թղ. 69բ, 70ա, 106բ։
թղ. 60բ, ստորին լուսանցքին վրայ կը կարդանք. «Մինչեւ ցայս վայր գտա(ք) իւրով ձեռովք գրեալ երանելոյն Յոհաննու յունարէն». բայց սա յիշատակագրութիւն ըլլալէ աւելի՝ կը պատկանի բնագրային հարցերու։
«Զայս մատեան ի ձեռս եբեր Վ. Հ. Փիլիպպոս Վրդ.ն մեր Թերճիման Ասլանեան, փոխանակելով զսա ընդ նորոգ օրինակելոյն, յոր ծախեալ է 225 դահեկան։ Ի Պոլսոյ եհաս ի վանս 1830, յԱպրիլի 22»։ Մատեանս է Յովհաննու Ոսկեբերանի Մեկնութիւն Եսայեայ մարգարէին, միակ օրինակը մեր Մատենադարանին։ Այս Ձեռագրին վրայէն պատրաստուած է 1880ին Ս. Ղազար լոյս տեսած «Երանելւոյն Յովհաննու Ոսկեբերանի Մեկնութիւն Եսայեայ Մարգարէի» հատորը, էջ Ա-ԺԶ Յառաջաբանով, որու կը յաջորդէ բնագիրը (էջ 1-472)։ Տպագիր օրինակը հաւատարիմ կերպով կը պատկերացնէ Ձեռագիրը, ծանօթութեանց մէջ տալով լուսաբանութիւններ՝ Ձեռագրին անընթեռնլի բառերուն կամ այլ պարագաներուն մասին։ Մինչ տպագիրը դիւրութեան։ համար բաժնած է Եսայիի գլուխներուն համաձայն (Բ-ԿԴ), Ձեռագրիս մէջ չենք հանդիպիր այդ բաժանումներուն։ Կու տանք ընդհանուր նշումներ՝ ներկայացնելու համար Ձեռագիրը. 1. Թղ. 1ա. «... ժամանակաց. զսոյն եւ մարգարէս ասէ թէ Եղիցի յաւուրս յետինս՝։ Իսկ լեառն զեկեղեցի կոչէ եւ զկրաւնիցն ամրութիւնս...»։ Սկիզբը թուղթինկած ըլլալով՝ կը պակսի Եսայիի Ա Գլխուն մեկնութիւնը եւ Բի առաջին համարը։ Թղ. 108-109ի միջանկեալ երկու կամ աւելի թերթ ինկած ըլլալով՝ կը պակսի մեկնութիւնը ԻԱ-ԻԹ գլուխներու։ Հոս է որ կ'աւարտի Ձեռագրիս առաջին մասը (թերթ Գ-ԺԱ) եւ կը սկսի երկրորդը (թերթ Ա-Շ), նոր խորագրով, որ է 2. Թղ. 109ա. «Երանելոյն Տեառն Յոհաննու Ոսկեբերանի ի մարգարէն Եսայի մեկնութիւն. Տեսիլ չորքոտանեաց յանապատի, ի նեղութեան եւ յանձկութեան'. Քանզի ամբարշտութիւնս ընկալան յանձին, վասն այնորիկ չորքոտանիս կոչէ զնոսա...»։ Վերջ թղ. 294բ։