639
601
արտաքին պարագաներէն դատելով՝ ժԶ դար։
13, որոնցմէ ա ունի 10 թղ., ժգ՝ 8 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 12 թղ.։
մագաղաթ։
փայտեայ կաշեպատ, դրոշմազարդուած. ներքին կողմերը առջեւէն կը տեսնուի փայտը, իսկ ետեւի կողմը ծածկուած է տպագիր սաղմոսարանի մը թուղթով։
գոհացուցիչ, թուղթ մը կը պակսի ընդ մէջ թղ. 142-143, ինչպէս նաեւ վերջաւորութեան պատռած են զանազան թուղթեր. թղ. 150 եւ 151՝ հազիւ հատուած մը մնացած են, եւ անոնցմով կ'աւարտի ձեռագիրը։
չունի։
հազիւ քանի մը հատ, միագոյն եւ գեղեցիկ։
երեք հատ, շատ պարզ եւ նուրբ։
չկան, սակայն գրիչը փորձի ձեւով գծած է թղ. 1բ.ի վրայ, Ս. Աստուածածին նստած եւ Յիսուս մանուկը գրկին. թղ. 2ա՝ ծաղիկներ, թղ. 2բ.՝ Յիսուս կանգուն, օրհնելու դիրքով։
միայն հատ մը, թղ. 3ա, միագոյն ու ճաշակաւոր։
թղ. 66ա, շատ պարզ եւ միագոյն։
կարմիր թանաքով են։
թղ. 1ա, ուր արաբերէն թուականներ եւ երկու բառ գրուած է. թղ. 1բ.ի վրայ, Ս. Աստուածածնի նկարին քով կայ սեւ կնիք մը, որու գրութիւնն է. «Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Կարապետ վարդապետ»։
կը պակսին։ Մատեանս է ժամագիրք եւ Խորհրդատետր. ունի հետեւեալ կարգը 1. Թղ. 3ա. (Կարգաւորութիւն Գիշերային ժամու)։ կը պակսի խորագիրը ու կը սկսի «Տէրջ եթէ զշրթունս իմ»։ Կը հետեւի հին ժամագիրքերու կարգին։ 2. Թղ. 17բ. «Կարգաւորութիւն... Առաւաւտու ժամուն» (Հմմտ. Դ. ժմգ. § 2)։ 3. Թղ. 43ա. «Կարգաւորութիւն... Արեւագալին ժամուն» (հմմտ. Դ. Ժմգ. § 3)։ 4. Թղ. 48բ. «Կարգաւորութիւն... Երրորդ ժամուն» եւայլն (Հմմտ. Դ. Ժմգ. § 5. Թղ. 65ա. «Աւրէնք արկանելոյ սպաս եկեղեցւոյ»։ Հմմտ. Է. Ժմգ. § 9։ «Տէր Աստուած մեր որոյ կարողութիւն» աղօթքին կը հետեւին երկու աղօթք եւս. «Տէր Աստուած մեր կեցո զժողովուրդս» եւ «Որ հասարակաց զայս»։ Սրբագործման համար կը գործածէ «Առէք կերայք այս է» եւ «Արբէք ի սմանէ ամենեքեան» բանաձեւերը։ «Ի սրբութիւն սրբոց»է յետոյ ունի «Նայեաց Տէր մեր» աղօթքը։ Ճաշակումէն առաջ «Հայր սուրբ» աղօթքին կը հետեւին երկու աղօթքները. «Գոհանամ զքէն Քրիստոս թագաւոր» եւ «Գոհանամ եւ մեծացուցանեմ»։ 6. Թղ. 120բ. «Կարգաւորութիւն... Երեկոյին ժամուն» (հմմտ. Գ. Ժմգ. § 2)։ 7. Թղ. 133ա. «Աւրհնութիւն մարմնաւոր սեղանոյ» (հմմտ. Բ. ժմգ. § 8)։ 8. Թղ. 135բ. «Կարգաւորութիւն... Խաղաղական ժամուն» (հմմտ. Բ. Ժմգ. § 9. Թղ. 143ա. (Կարգաւորութիւն Հանգըստեան ժամուն) անվերնագիր. (հմմտ. Զ. Ժմգ. § 9)։ 10. Թղ. 148ա. «Դաւանութիւն հաւատոյ. Մեղայ ամենասուրբ Երրորդութեան...» կը մնայ կիսատ։