674
1411
յիշատակարանին մէջ որոշ թուական չի յիշուիր. նկատած որ (թղ. 41ա) սարկաւագը քարոգին մէջ կը յիշէ «Հեթմո, եւ Լեւոնեանց եւ թագուհեացն նոցին Զապէլի եւ կեռանի» իբր հանգուցեալ, ակնարկր ըլլալու է Հեթում առաջինի եւ զոյգ Լեւոններու. նկատած նաեւ որ Ձեռագիրս ստացողը, Նիկաւլայոս, քեռորդին է Կոստանդիանոս կաթողիկոսի, կ'ուզենք եզրակացնել որ ըլլայ Կոստանդին Բ. Կաթողիկոս, որ գահակալած է 12871322 տարիներուն, եւ որով Ձեռագիրս գրուած ըլլալու է ԺԳ դարու աւարտին կամ ԺԴ դարու սկիզբը։
բոլորգիր մեծ ու շքեղ։
), յատկապէս սկիզբի առաջին երկու թուղթերը, որոնք հաւանաբար ունէին մանրանկարներ։ Բնագրին մէջ ինչ ինչ տեղեր բառեր ջնջուած են՝ դիտումնաւոր սրբագրութիւններ կատարելու նպատակով։ Թղ. 7 ամբողջութենէն անջատուած է։
մագաղաթ ընտիր, մաքուր եւ ողորկ։
փայտեայ, կաշեպատ, գեղեցիկ դրոշմանիշերով, հաւանաբար նորոգութեան մը արդիւնքն ըլլայ։ Ներքին կողմերէն ծածկուած են սրըճագոյն ազնիւ կերպասով։ Ունի գոցելու կաշին, վնասուած վինակի մէջ, գոցելու երեք ականջները կորսուած են։
շատ լաւ, շքեղ ու գեղեցիկ, լայն լուսանցքներով. միակ թերին՝ ձեռագրէս պոկուած են թուղթեր (տե՛ս
Տէր Նիկաւլայոս սարկաւագ, քեռորդի Կոստանդին կաթողիկոսի։
չունի։
սակաւ, միագոյն եւ ճաշակաւոր։
մութ կարմիր։
սակաւ են, կիսախորաններու ոնով։
չկան ներկայիս, գուցէ պոկուած են։
հինգ հատ, թղ. 1ա, 56ա, 79բ, 123ա, 167ա, բոլորն ալ միագոյն, մուբ կարմիր մելանով, բոլորն ալ ճարտար գծողի մը աշխատանքը։
եւ բնագրին միջանկեալ տէրունական անուններ՝ կարմիր թանաքով։
չկան։
1. Թղ. 198բ. «Յիշատակարան գրոցս. «Տէր իմ եւ Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, գառն Աստուծոյ որ զենար ի վերայ խաչին եւ բարձեր զմեղս աշխարհի, ի ձեռն աւարտման սոսկալի տնաւրէնութեան քո, նայեա՛ հաշտ ակամբ ի բանաւոր հաւտս քո եւ ողորմեա՛ ստացաւղի տառիս՝ սրբասէր սարկաւագին Նիկաւլայոսի, որ է քըւեր որդի կաթողիկոսին Հայոց Տէր Կոստանտեայ։ Ընդ նմին եւ եղբաւր իւրոյ պատուական քահանային Թովմասու, եւ հաւր իւրոյ՝ Բարսեղ քահանայի եւ մաւր իւրոյ Կիրա խաթունի՝ հանգուցելոյն առ քեզ, «Դարձեալ աղաչեմ զամենայն դասս լուսերամիցդ աստուածամերձ քահանայից եւ պատուական սարկաւագաց, որք մաքուր սրտիւ հանդիսանայք ի կատարումն սոսկալի սուրբ պատարագիս, յիշել առաջի զենմանն Քրիստոսի զվերոյ ասացեալ սարկաւագն նիկաւլայոս եւ գծնաւղս իւր եւ զեղբարս եւ գամենայն ազգատոհմն իւր, զկենդանիս ե։ զննջեցեալսն։ «Աղաչեմ եւ ես, մեղաւոր գրիչս Թորոս, յիշել ի սուրբ աղաւթս ձեր՝ զիս եւ զծնաւղսն իմ եւ զեղբարս զհանգուցեալսն ի Քրիստոս։ Եւ որ առատն է ի տուրս բարեաց Քրիստոտ Աստուած, մեզ եւ ձեզ առհասարակ ողորմեսցի, եւ նըմա փառք յաւիտեանս. ամէն»։ 2. Թղ. 79ա. «Զստացաւղ տառիս զսրբասէր սարկաւագն զՏէր նիկաւյայոս, զքեռորդի կաթողիկոսին Հայոց Տէր Կոստանտեայ աղաչեմ յիշել ի Տէր, եւ զգրողս Ծորոս»։
«Յիշատակ է Ջուղայեցի պարոն Հէքիմ Ծատուրին Ուոպելեանց, ի վանս սրբոյն Ղազարու, ի Վենետիկ, ձեռամբ Հ. Միքայէլ Վրդ.ի Մխիթարեան Չամչեանց. յամի Տեառն է7, - Միճայէլ ճամչեան հասրայէն բերած է Վե. Մատեանս է Խորհրդատետր եւ Գիրք ձեռնադրութեանց, ունի հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 1ա. «Պատարագամատոյց Աստոծով, զոր արարեալ է սուրբ Հաւրն մերո, Աթանասի. Յորժամ կամեսցի քահանայն... Որ զգեցեալ ես զլոյս որպէս հանդերձ...»։ - Վերջ թղ. 56ա. «Քահանայն կնքեալ արձակէ զժողովուրդս ասելով. Աւրհնեալ եղերուք ի շնորհաց սուրբ Հոգւոյն, երթայք խաղաղութեամբ եւ Տէր եղիցի ընդ ամենեսեան. ժող. ամէն»։ Ներկայիս տպագրութեամբ ընդհանրացած խորհրդատետրը՝ խորքին մէջ կը հետեւի այս Խորհրդատետրին, որու յատկանշական կէտերը հետեւեալներն են. ա. Խորագիրներու ընդարձակութիւն եւ մանրամասնութիւններ՝ որոնք ժամանակի ընթացքին թօթափած են, ինչպէս՝ ընծաները առնելէն ետք, խնկարկութեան ընթացքին. «(Քահանայն) դարձեալ արկանէ սեղանոյն եւ տա(յ) զբուրվառն ի սարկաւագն, եւ նա ծխէ նմին»։ բ. Սարկաւագին առաջին քարոզին մէջ(«վասն ի վերուստ...») կան յաւելեալ տուներ՝ յատուկ միայն ա՛յս ձեռագրիս, ուր կը յիշատակուի թագաւորը «եւ ամենայն պաղատանն եւ ամենայն զինուորաց նորա», «Վասն քաղաքիս մերոյ եւ ամենայն քաղաքաց եւ դաւառաց...» գ. Աւետարանով թափօրի վերաբերեալ խորագիրը ընդարձակ կերպով կը բացատրէ արարողութիւնը։ դ. Աւետարան կարդալէն առաջ ունի ըեդարձակ խորագիր մը՝ թէ ձեռնադրութիւնները այդ պահուն ինչ կերպով պէտք է կատարուին։ ե. «Հաւատամք»ին մէջ եզական են. «արարողն երկնի եւ երկրի», «ճշմարտապէս եւ ոչ կարծիս ունելով», «չարչարեալ, այսինքն խաչեալ», «հաւատամք եւ ի սուրբ Հոգին, որ ի Հաւրէ ելանէ եւ ընդ Հաւր եւ ընդ Որդւոյ երկրպագակից եւ փառաբանակից, որ խաւսեցաւ...», «Հաւատայ յայս միայն ընդհակառակն», «ի դատաստանսն յաւիտենից, յարքայութիւն երկնից»։ զ. Սրբագործումէն ետք. «Եւ զգինիս աւրհնեալ... փոխարկելով Հոգւովդ քո սըըբով» երեք անգամ կրկնել կու տայ, եւ չկայ «Որով զհացս եւ զգինիս...»։ է. Սարկաւագը «Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն» քարոզին մէջ կը յիշատակէ հանգուցեալները, որոնց շարքին «հանգուցալ թագաւորացն մերոց Հեթմոյ եւ Լեւոնեանցն եւ թագուհեացն նոցին Զապելի եւ Կեռանի եւ արեամբ նահատակացն Թորոսեանց եւ պարոնին Կոստանդեայ եւ որդւոց իւրոց եւ նախնեաց նոցին Ռուբինանց. ազատութիւն...»։ ը. «Ի սուրբ ի սուրբ»էն ետք, «Զոր աւրհնութիւն կամ զոր գոհութիւն...» աղօթքը՝ աւելի ընդարձակ է, որու կը յաջորդեն. «Այս աղաւթք Թովմայի առաքելոյ է որ կա(յ) ի վկայութիւն նորա. Մարմին քո պատուական սա լիցի մեզ...», «Աղաւթք Յոհաննու Ոսկեբերանի ի ժամ հաղորդութեան. Ոչ եմ արժանի եւ ոչ բաւական...»։ Ասոնց փոխարէն՝ չունի «Հայր սուրբ որ անուանեցեր» եւ յաջորդող զոյգ աղօթքթ. Չունի փակման աւետարան, այլ նըշխարը կ'օրհնուի քահանայէն, կիսասարկաւագը կը բաժնէ ժողովուրդին։ 2. Թղ. 56ա. «Կարգ որ լինի ի ձեռնադրութիւն Անագանոսի, որ թարգմանի վերընթերցողի»։ 3. Թղ. 58ա. «Կանոն ձեռնադրութեան Սարկաւագաց»։ 4. Թղ. 64ա. «Չեռնադրութիւն Սարկաւագաց ըստ (Հռո)մայ եկեղեցւոյն»։ 5. Թղ. 66բ. «Չեռնադրութիւն յորժամ ի Քահանայութիւն զոք կոչեն ի սարկաւագութենէ»։ 6. Թղ. 75բ. «Կարգ ձեռնագրութեան Երիցու ըստ Հ(ռոմ)այ եկեղեցւոյս»։ 7. Թղ. 79բ. «Պատարագամատոյց Աստուծով զոր արարեալ է սրբոյ հաւրն մերոյ Յոհաննու Ոսկեբերանին...»։ - Վերջ թղ. 123ա. «Թէ ոյր առաջիկայ եւ վասն ինչ խոր8. Թղ. 123ա. «Աստուածային պատարագ ասացեալ սուրբ հաւրն մերում Բասիլիոսի կեսարու եպիսկոպոսին»։ - Վերջ թղ. 166բ. «Գայ առաջի սրբոյ սեղանոյն, երկըրպագէ երիցս եւ երթայ խաղաղութեամբ»։ 9. Թղ. 167ա. «Աստուածային պատարազ նախասրբեցելոց որ կատարի աղուհացիցն չորեքշաբաթին եւ ուրբաթն»։ - Վերջ թղ. 182ա. «Մտանէ յաւանդատունն եւ մերկանայ ի զգեստուցն»։ 10. Թղ. 182բ. «Կանովն հանդերձեղէն սպաս աւրհնելոյ»։ 11. Թղ. 183բ. «Աւրենուրիւն գորրո12. Թղ. 184բ. «Աղաւթք աւրհնեալ դաս տառակին սրբոյ սեղանոյ»։ 13. Թղ. 185ա. «Աւրհնութիւն սկոյ եւ մաղզմայի»։ 14. Թղ. 187բ. «Աղաւթք ամենայն քահանայական զգեստեղէն կազմածոյ»։ 15. Թղ. 192բ. «Այլ աղաւթք ամենայն քահանայական զգեստուց...»։ 16. Թղ. 194բ. «Յորժամ քահանայն բերէ զրնծայսն ի սեղանն, ունելով երկոքին ձեռաւքն ի վեր եւ ասէ զաղաւթս. Սուրբ Երրորդութիւն ընկալ զպատարագս...»։ Վերջ 197բ. «յիշեա զիս տէր ի յարքայութեանդ քում. եւ ապա ճաշակէ»։