Other notices
— - Bibliographic notice
675
ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐ Բ
ԺԴ դար - ԺԴ դար

ID
Number
675
Old record number
1044
Title
ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐ Բ
Start date
ԺԴ դար
End date
ԺԴ դար
Date details

դատելով արտաքին պարագաներէն՝ ԺԴ դար։

Copy place
Կիլիկիա։
Reference
Type
Number of pages
44
Dimension
12,8x18
Layout
միասիւն (8,5x12)։
Writing details

բոլորգիր ընտիր եւ մաքուր։

Codicology

կը սկսի զ թերթէն եւ կը հասնի ժդ, սակայն այնպէս կը թուի որ նորոգողը իր դիւրութեան համար դրած ըլլայ։

Principal subject
Subject details

մագաղաթ նուրբ եւ ընտիր։

Number of lines
18։
Binding

խաւաքարտ, կաշեպատ, յատուկ Ժէ-ԺԹ դարու ոնին։

State of preservation

ընդարձակ ձեռագրէ մը մնացած է միայն 44 թուղթ. թերի է սկիզբըն ու վերջաւորութեան, միջանկեալ շատ մը թուղթեր կը պակսին. ժէ կամ ԺԹ դարու նորոգողը փրկած է ինչ որ մնացած է եւ ձեւացուցած է այս հատորիկը։

Copyist
Կոստանդին սարկաւագ
Owner

Կոստանդին երէց։

Commanditaire
Illuminator
հաւանաբար գրիչը։
Binder
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

բազմաթիւ, մէկ կամ երկու գոյնով, շատ ընտիր եւ կոկիկ, ճաշակաւոր զարդերով։

Initials

Marginal illuminations

գրեթէ ամէն թուղթի վրայ, մէկ կամ երկու գոյնով, ճարտար գրիչի արդիւնք։

Images

Canon tables 1

չկան։

Canon tables 2

մնացած է հատ մը, թղ. 32ա, երկու գոյնով, նուրբ եւ ճաշակաւոր։

Title text

երկու տեսակ կարմիր մելանով. աղօթքներու երկու առաջին տողերը՝ մութ եւ պարզ կարմիր թանաքով են։

Blank pages

Colophon

1. Թղ. 13բ. «Յիշեա՝ Տէր եւ Կոստ(ջընջուած) եւ զծնող եւ զգրող սորին զԿոստ. սարկաւագն եւ զծնողս իւր»։ 2. Թղ. 15բ. «Ողորմեա՝ Քրիստոս Աստուած Տէր Կոստ. (բառ մը ջնջուած) երիցուն եւ ծնող, եւ գծողին Կոստ. սարկաւագն եւ ծնօղն»։ 3. Թղ. 43բ-44ա. Ստորին լուսանցքներուն վրայ՝ ջնջուած, բայց կը կարդացուի. «Յիշատակ աղօթ մատոյցս Սուրբ Աստուածածին ժողովրդեանն, զոր Դանիէլ վարդապետին ձեռամբ ետուր յիշատակ ի սուրբ եկերկցին, ի Թվին Ռ(գիր մը ցեցակեր) և

Informations

«Յիշատակ է Տեառն Վրթանայ ( = իմա՛ Վրթանէս) Արհիեպիսկոպոսին՝ շնորհեալ վանաց սրբոյն Ղազարու միանձանց Հայոց Մխիթարեանց, որ ի Վենետիկ, ձեռամբ գաղատացի հազաննի ողլուենց Տէր Յովսէփին, յամի Տեառն 1761, Ապրիլի 15»։ Մատեանս է Պատարագամատոյցներու խումբ մը, որոնք իրենց բովանդակութեամբ նման են Ա. Խորհրդատետրին, եզական տարբերակներով։ Դժբախտաբար ձեռագիրս պակասաւոր է, ինկած են բազմաթիւ թուղթեր, որով բնագիրներուն մասին գաղափար կազմելու համար պէտք է օգտագործել ամբողջական եւ անթերի օրինակ մը։ Հոս կու տանք գլխաւոր բաժանումները, օգտագործելով Ա. Խորհրդատետրի խորագիրները. 1. Թղ. 1ա. (Պատարագամատոյց Աստուծով զոր արարեալ է սրբոյ հաւրն մերոյ Յոհաննու Ոեկեբերանի)։ Հմմտ. Ա. Խորհրդ. § 7. Ձեռագիրս ունի յիշեալ պատարագին միջանկեալ մէկ հատուածը՝ հետեւեալ սկզբնաւորութեամբ. «անմահ էութիւն, որ յանձն առեր մարմնանալ ի սուրբ յԱստուածածնէն...»։ - Վերջ թղ. 12բ. «Եւ ասեն. Հաւատամք մի Աստուած. Ի բուն ասի։ Սարկ. ի յամբոնն վերաձայնէ զլայնանա» կը մնայ կիսատ։ 2. Թղ. 13ա. (Աստուածային պատարագ ասացեալ սուրբ հաւրն մերում Բասիլիոսի Կեսարու եպիսկոպոսին)։ Հմմտ. Ա. Խորհրդ. § 8. յիշեալ ընդարձակ պատարագէն՝ ձեռագրիս մէջ մնացած է ընդարձակ հատուած մը (թղ. 13-31), որոնք կազմի ատեն խառնակուած են։ 3. Թղ. 32ա. «Աստուածային պատարագ Նախասրբեցելոյ»։ Հմմտ. Ա. Խորհրդ. § 9. միջանկեալ զանազան ընդհատումներ ունի՝ թուղթերու անկումին հետեւանքով։ 4. Թղ. 41ա. (Կարգ օծութեան հիւանՉեռագրիս վերջին չորս թուղթերը (թղ, 41-44) հիւանդաց օծութեան արարողութեան միջանկեալ հատուած մըն է. եւ այսպէս կ'աւարտի ձեռագիրս։

Content