1548
931
1793։
նօտր։
Ա-ԺԴ։
դրոշմազարդ կաշի, միջուկը ստուարաթուղթ, կազմուած է ի Ս. Ղազար։
բաւարար։
Մխիթարեան Միաբանութիւն։
կարմիր թանաքով։
Էջ 231. «Փոխագրեցաւ ազնիւ մատեանս բարեպաշտանուն մատենագրին ի հին մագաղաթեայ բոլորագիր ստոյգ եւ պատուական օրինակէ միոջէ, ըստ ամենայնի յար եւ նման բուն գաղափարին, զգուշացեալ մինչեւ ի նշանախեցսն եւ ի խեցխեղեփս նորին։ Եւ եղեւ գրչութիւն այսր մատենի ձեռամբ Գէորգեայ նուաստ դպրի, ի Կոստանդինուպօլիս քաղաքի, ի թուականին Հայոց ՌՄԽԲ եւ յամի Տեառն 1793, Յունիս ժԱ, ի վայելս հնագէտ վերծանողաց»։
«Յիշատակ է նորին բազմարդիւն գրչի՝ տիրացու Գէորգեայ Տէր Յովհաննիսեան, զոր բերեալ հասոյց առ մեզ Վ. Հ. Յովհաննէս Վրդ.ն Զօհրապեան, յամի 1794 - ՌՄԽԳ, ի Դեկտ. 25, ըստ թախանձելոյ մեր զտիրացու Գէորգն ի քանի մի ամաց հետէ, ի ձեռն Վ. Հ. Ղուկասու Վրդ.ին մերոյ Ինճիճեան։ Ապա Հ. Մկրտիչ Աւգերեան ի 1802 երթեալ ի Պօլիս, բաղդատեաց նորոգ եւ օրինակեաց զերեւելի տեղիս ըստ բնագրին, որով հաստատեցաւ ամենայնիւ ճշդութիւն ստոյգ օրինակիս, ըստ որոյ եղեւ եւ տպագրութիւնն ի 1818»։ Մատեանս է Եւսեբիոս Կեսարացիի ժամանակագրութիւնը, ծանօթ «Քրոնիկոն» անունով, օրինակուած ԺԳ դարու բոլորգիր անթուական Ձեռագրէ մը (Մաշտոցեան Մտնդ., թիւ 1904), Գէորգ Պալատեցի Տէր Յովհաննէսեանի գրիչով, 1793ին։ 1802-ին Հ. Մկրտիչ Աւգերեան այս ընդօրինակութիւնը Վենետիկէն տարած է Պոլիս, կրկին անգամ համեմատելու համար բնագրին հետ, իսկ 1805ին կրկին անգամ ձեռք բերած է բնագիրը ուսումնասիրելու եւ ընդօրինակելու համար, որոնց մասին կու տայ ծանօթութիւններ՝ Ձեռագրի աւարտին (էջ 232253)։ 1818ին նոյն այս միակ Ձեռագիրը հրատարակուած ըլլալով՝ կու տանք միայն սկզբնաւորութիւնը եւ աւարտը, Էջ1. Անխորագիր. «(Ը)նդ պէսպէս մատեանս առաջնոց պատմութեանց անցի, զոր քաղդէացիք եւ ասորեստանեայք յիշատակեն, զոր գրեն մի ըստ միոջէ եւ եգիպտացիք...»։ Էջ 143. «Առ որով Իղիոն առաւ. յամի ն, որդի է, որդի առաջնորդի...»։ - Վերջ