1547
1566
1833 թուին, Պեռլինէն Բեդերման Մ. Ղազար կը բերէ Պեռլինի Մատենադարանէն Ձեռագրի մը ընդօրինակութիւնը։ Վանքիս մէջ կը կատարուի նոյնին ընդօրինակութիւնը, թողլով հետեւեալ Յիշատակագրութիւնը. «Այս գլուխք բանից օրինակեցան յամի 1833, ի ձեռն նորընծայից ԺԹ դասուն, յօրինակէ անտի Պարոն Բեդերմանին՝ աշակերտելոյ լեզուիս մերում ի նմին ամի, զոր նա ինքն Բեդերմանն փոխադրեալ էր ի Ձեռագրէ գրելոյ յամի Հայոց ՌԿԹ (1620), որ եւ գրչագիրն այն հին պահի ի գրատան Պեռլինու։ Ի նմին Ձեռագրի գոյր եւ բառգիրք յար եւ նման բառագրոց մերոց հնոց»։ Այս գրչագրէն կատարուած է թիւ 2711 Ձեռագրին ընդօրինակութիւնը, որ կը բովանդակէ միայն Նեղոսի խրատները։ Ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը, 1. Թղ. 1ա. «Սուրբ հաւրն Եւագրեայ Հարիւրաւորքն վեցերորդք. Առաջինն յաղագս ընդդէմ բանաստեղծիցն արտաքնոցն»։ Թղ. 10բ. «Նորին երկրորդ հարիւրն»։ Թղ. 18բ. «Նորին Եւագրեայ երրորդ հաԹղ. 26բ. «Նորին Եւագրեայ չորրորդ հարիւրն»։ Թղ. 35ա. «Նորին Եւագրեայ հարիւրակ հինգերորդ»։ Թղ. 42ա. «Նորին Եւագրեայ վեցերորդ հարիւրեակ»։ Թղ. 51ա. «Նորին Եւագրեայ պակասքն վեցհարիւրեկացն»։ 2. Թղ. 63ա. «Երանելւոյ սուրբ հօրն Նեղոսի ճգնաւորի, Յաղագս աղօթից, Գլուխ ՃԾ. Ա. Որ ոք կամեսցի անուշահոտ խունկս կազմել, զերեւելի կնդրուկն եւ զկասիաս եւ զեղունգն եւ զտաշխն առհասարակ հանդերձեսցէ ըստ օրինացն, այս է չորից առաքինոչթեանցս ցոյցք...» (Ա-Ճ0)։ - Վերջ 3. Թղ. 85ա. «Աղօթք Անաստասայ սուրբ քահանայի յոյժ գեղեցիկ. Տէր մի՛ սրտմտութեամբ քո յանդիմաներ զիս եւ մի՛ բարկութեամբ քո խրատեր զիս. գիտեմ տէր թէ աններելի պատուհաս կայ առաջի իմ...»։ Վերջ թղ. 92բ։