— - Bibliographic notice
1551
ԵՓՐԵՄ Ա
ՈԽԴ = 1195 - ՈԽԴ = 1195

ID
Number
1551
Old record number
312
Title
ԵՓՐԵՄ Ա
Start date
ՈԽԴ = 1195
End date
ՈԽԴ = 1195
Date details

ՈԽԴ 1195։

Copy place
Տարսոն։
Reference
Type
Number of pages
590
Dimension
12,5x16
Layout
, միասիւն (9,5x14)։
Writing details

բոլորգիր։

Codicology

Ա-ԼԷx8 (Ա՝ 6 թղ.)։

Principal subject
Subject details

թուղթ թուխ եւ տոկուն։

Number of lines
21։
Binding

արդի. կարմրորակ կաշի, ոսկեդրոշմ շրջանակով, կեդրոնը խաչ, կռնակին ոսկեգիծ զարդեր եւ դրոշմուած՝ «Ս. Եփրեմ, Համաբարբառք, Ձեռնագիր Ս. Ներսէս Լամբրոնացւոյ». կազմը ստացած է Ս. Ղազարի մէջ։

State of preservation

բաւարար. առաջին թուղթը մասամբ պոկուած, խորագրով հանդերձ, որու փոխարէն դրուած է նորագոյն սպիտակ թուղթ. էջ 10 կիսով չափ պոկուած է. վերջաւորութեան ալ մէկ թուղթ պակաս ըլլալով բնագիրը կը մնայ անաւարտ։ Անցեալին խոնաւութեան մէջ մնացած է, յատկապէս վերին լուսանցքը գրութեամբ հանդերձ, թողած է իր հետքը։ Ընդհանուրին մէջ շատ մաքուր եւ ներկայանալի, կը կազմէ զարդը Մխիթարեան Մատենադարանին, ուր ցուցադրուած է, բացուած Ս. ներսէս Լամբրոնացիի ինքնագիր Յիշատակարանը (էջ 460)։

Copyist
սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի։
Owner

գրիչը։

Commanditaire
Illuminator
անյայտ։
Binder
վերջինը՝ Մխիթարեան միաբանութիւն։
Parchment flyleaf

չունի։

Lettrines

եւ այլ զարդեր չունի։

Initials

Marginal illuminations

չունի։

Images

անցեալին պէտք է ունեցած ըլլայ՝ որ պոկուած է. էջ 1ի բնագրին վրայ անցած են կորսուած նկարին գոյները՝ կարմիր եւ կապոյտ։

Canon tables 1

Canon tables 2

Title text

Աւետարանի եւ Հին Կտակարանի խօսքերը՝ կարմրատառ։

Blank pages

չկան։

Colophon

Էջ 460. «Փառք եւ գոհութիւն նմա որ սկիզբն է եւ կատարած, ի նւաստ վաստակաւորէ Ներսիսէ։ «Տառապեալ Ներսէս, վրիպեալ յառանձինն խոկմանէ, վերակացութեամբ Տարսոնի քաղաքին եւ որ ի նմա մեծի եկեղեցւոյն պաշտամամբ, զբաւսանս իմոյ զբաղմանցն, ըստացայ զվաստակ գրչութեան ի մատեանս աստուածային լեզուաւ, բազում անգամ ըզքաղաքականն լնլով հոգս եւ հիւսմամբ ձեռին եւ մտաց աստ դեգերելով, զբնականն եւ զկրթականն խոկմամբ յաստուածայինս կերակրելով զոգի։ Ո՜հ, ո՛հ, թերեւս ըստ մեծ Քրիստոսի գթութեանն պատահեցայց եւ զերկնից արքայութիւնն բռնաբարոզաց։ Ի թու(ին) Ոնի (1195)»։

Informations

«Զհոգելից սոփերս զայս ստացեալ եղեւ ի պտղոյ արդար վաստակոց իմոց՝ Յարութեան Իսահակեանի Նորոյ Ջուղայեցւոյ, յամի Տեառն Ռէ3Ձ (1786), Դեկտեմբերի ԺԳ, ի Նոր Ջուղա». «Զցանկալի մատեանս Պարոն Յարութիւն Իսահակեան Աղանուրեանց յաշխարհն Հնդկաց, ընծայեալ գրատան Ուխտի Մխիթարեանց, Վ. Հ. Սարգիս Վրդ.ն մեր Թէոդորեան ի դարձին իւրում ի Մատրասայ՝ եբեր ի վանս, յամի 1835, ի նոյեմբերի 3»։ Մատեանս, ինքնագիր Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի, - եւ որ մեր աւանդութեան համաձայն՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան միշտ պահած է սնարին մօտ, խնդրելով որ միայն մահէն ետք հեռանայ իրմէ, - կը բովանդակէ Ս. Եփրեմ Ասորիի Մեկնութիւն Համաբարբառ Աւետարանին, այսինքն 1. Էջ 1. «(Եփրեմի Խորին Ասորւոյ, Մեկն)ութիւն (... չո)րից Աւետարանչացն. Զգեցաւ Տէր մեր զմարմինն. զի ինքն մարմինն ճաշակեսցէ զյաղթութիւն եւ իմացեալ գիտասցեն զպարգեւսն, եւ եթէ Աստուած առանց մարմնոյ յաղթէր, զի՛նչ գովեստ լինէր նման»։ - Վերջ էջ 460. «Արդ, զայս ամենայն ինքն թշնամին գործեաց զպատառմունս եւ հերձուածս ի մէջ ժողովրդեանն արկ, որպէս զի մկրտութիւնն Քրիստոսի խափանեսցի եւ մի՛ իցէ հաւատալի. բայց մեք ճշմարտութեամբ հաւատասցուք եւ փառս վերառաքեսցուք Հաւր եւ Որդւոյ եւ սուրբ Հոգւոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն» (հմմտ. «Սրբոյն Եփրեմի Մատենագրութիւնք», Վենետիկ, 1836, հտ. Բ., էջ 1-260)։ Ձեռագրին առաջին թուղթը վնասուած ըլլալով եւ մասամբ կտրուած, խորագիրը կը ներկայանայ անկատար։ 2. Էջ 461. «Սրբոյ հաւրն Եփրեմի ընդդէմ Մարկիովնի որ ասէ, ոչ իմիք նման եւ մեկնութիւն, յառակս աւետարանչացն եւ ի վախճան գալստեանն Տեառն հանդերձ. Ամենայն գիրք որ ի մտաց մարդկանէ գրեալ են եւ ոչ յաւրինաց եւ ի մարգարէից առնուն ի խաւսել, մատեանք են՝ ծնունդք եւ ստեղծուածք մտաց հակառակողաց. եթէ ոք մատչի քննել զմիտս նոցա, մոլորականս եւ դանդաչեալս գտանէ զնոսա»։ - Վերջ էջ 590. «Արդ, աղաւթիւք եւ խնդրուածովք հայցեսցուք փախչել մերեսաց բարկութեանն, կամ լիցուք հզաւրս» եւ կը մնայ անաւարտ. կը պակսին վերջին 25 տողերը (հմմտ. անդ, էջ 261-345)։

Content