1194
1072
ՌՀԳ - 1624։
բոլորգիր մեծ եւ մաքուր։
29, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի 12 թղ., բացի ԺԱ եւ ԺԲ թերթերէն, որոնց միջանկեալ (թղ. 134-135) երկու թուղթ ինկած ըլլալով՝ ունին 11 թղ.։
թուղթ տոկուն եւ մաքուր։
փայտեայ, կաշեպատ, եւրոպական գեղեցիկ ծաղկազարդ դրոշմանիշով, առաջին կողքին կեդրոնը կլորի մէջ՝ խաչելութիւնը, երկրորդ կողքին վրայ՝ Աստուածամայրը։ Կռնակի կաշին գործածութենէ մաշած է ու ճաթած՝ բաժնուելով առաջին կողքէն։ Դռնակը ինկած է. կորսուած են նաեւ զոյգ փականքները. առաջին կողքին վրայ մնացած են երկու պղինձէ գամերը։ Կողքերը ներքին կողմէն ծածկուած են հասարակ կապոյտ լաթով։
կատարեալ ու անթերի. երկու թուղթ կտրուած են միջանկեալ, նմանապէս առաջին չորս թուղթերուն լուսանցքները պոկուած են, հաւանաբար կտրուած հանուած են լուսանցազարդեր։ Առաջին կողքը կռնակի կողմէն վնասուած է (տե՛ս Կազմ)։
առաջինն անյայտ, ապա 1749ին Աստուածատուր Ստեփանի որդի Ռոշքա։
թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջը՝ երկուքի ծալուած մագաղաթներ, լատիներէն մեծատառ գրութեամբ, ուր կը տեսնուին կարմիր մելանով տառեր։
գրեթէ բոլոր աղօթքներուն առաջին տառերը, երկու կամ երեք գոյնով, ԺԶ դարու յատուկ զարդերով։
կարմիր մելանով են։
մնացած է հատ մը, թղ. 6ա, այն է բնագրիս սկզբնաւորութեան, խորանին քով. ունի կարմիր եւ կապոյտ գոյն, բաւական նուրբ ու ներկայանալի։ Անցեալին հաւանաբար լուսանցազարդեր ունեցած են նաեւ թղ. 8-11, որոնք կտրուած հանուած են։
27 հատ, 8x8 կամ 9,5x12 մեծութեամբ։ Բոլորն ալ բազմագոյն ջրաներկ, արդի գծագրութեան տպաւորութիւն թողլով։ Նկարները գծուած են Վարդան Այգեկցիի աղօթքներուն նիւթերուն համաձայն, եւ կը ներկայացնեն հետեւեալ տեսարանները. 5բ՝ վանական մը, վեղարը գլխուն, աջով բռնած է վարդապետական գաւազան, ձախով՝ բաց գիրք մը. նկարին վերեւ գրուած է «Սուրբ վարդապետն Վարդան»։ 13բ՝ Յիսուսի ծնունդը. 21ա՝ քառասնօրեայ ի տանարն. 26բ՝ Եգիպտոս փա խուստը. 33բ՝ Յիսուս տասներկու տարեկան տանարին մէջ. 36ա՝ մկրտութիւնը. 45ա՝ Յիսուսի փորձութիւնը. 53բ՝ Այլակերպութիւնը. 58ա՝ Յիսուս կը քալէ ծովուն վրայ. 60բ՝ Յիսուս սամարացի կնոջ հետ. 63ա՝ Ղազարոսի յարութիւնը. 67ա՝ Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ. 69բ՝ Յիսուս տաճարէն կ'արտաքսէ վանառականները. 73ա՝ ոտնլուայ. 78բ՝ Յիսուս Գեթսեմանիի մէջ. 83բ՝ Յուդայի համբոյրը. 89բ՝ խաչելութիւնը. 98ա թաղումը. 102բ՝ Թոմաս առաքեալ յարուցեալ Քրիստոսի դիմաց. 107ա՝ Համբարձումն. 116բ՝ Հոգեգալուստ. 126ա՝ Տէրը բազմած տաճարին մէջ. 136ա՝ ննջումն Տիրամօր. 144բ՝ «Պետրոս ի հառաչման». 150բ՝ քարկոծումն Ստեփանոսի. 155բ՝ կոյրին բժշկութիւնը ի Բրոբատիկէ։ Բացի այս մանրանկարներէն, ձեռագրիս մէջ զետեղուած են լատին աստուածաշունչի մը տպագիր նկարները, թիւով չորս, թղ. 18, 29, 41, 248։
թղ. 6ա, կարմիր եւ կապոյտ գոյներով, 8x8 մեծութեամբ, պարզ եւ ճաշակաւոր։
չկան։
կարմիր մելանով են։
Թղ. 1ա-բ, 347բ, 347ա՝ ուր գրիչի փորձ կատարուած է։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 321ա. «Գրեցաւ Տէր ողորմեայքս թվ(ին) ՌՀԳ Լըսաւղք լերուք այսմ բանի, Որ է գըրեալ ի քարտիսի։ Յիշման արէք զիս արժանի, ՋԱստուածատուրս մեղաւք ի լի»։ 2. Թղ. 327բ. «Ով սուրբ մանկունք նոր Սիովնի, Ձձեզ աղաչեմ յամենայնի, Թողութիւն հայցեցէք գծողի, Աստուածատուրիս ձեր ծառայի»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ. 3. Թղ. 5բ. «Ես Ասվածատուրս Ստեփանի որդի Րոշքա, կու տամ զայս դուխդըս պիզտի որդուս Ակոբին ավտիան. «###### ########### ###### ######### ##### ####, ## ###### 1749, ########## ###### ## ### ######### ######. #####»։
«Ընծայեալ Հ. Մինաս մրդ.ին մերոյ Բժշկեան ի Ստանիսլաւ, 1820»։ Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 1բ. Յանկ. «Այս ինչ կա(յ) բովանդակեալ ի գիրքս այս»։ 2. Թղ. 4բ. «Կշտամբանք յանդիմանութեան առ սակաւ անձին ողորմելոյս Վարդանա(յ), աղերս վասն իմ, որ ի Մարաթայոյ, եւ ամենայն մեղաւորաց,եւ ի խորոց սրտէ աղերս մաղթանաց, առ Յիսուս Քրիստոս միածին Որդին Աստուծոյ, երթալ յամենայն տեղիս, ուր կատարեաց Յիսուս զմարդեղութիւն իւր տնաւրինաբար, զոր գրեցին տեսանողքն վասն նորա եւ ընթեռնուլ անդէն որիշ որիշ, եւ հայցել թողութիւն մեղաց ի նմանէ։ Զոր մեղաւոր Վարդանս գրեցի յԵրուսաղէմ, ի Սուրբ Յակոբ, ի խնդրոյ Թորոսի աստուածասէր քահանայի եւ այլ միանձանցն, որ բազում անգամ թախանձեցին զիս. Ծագումն անիմանալի եւ անհետազաւտելի, յանհասանելի եւ յանճառելի Հաւր յէութենէ Յիսուս Քրիստոս, խորհուրդք եւ միտք»։ Բովանդակ պատկերը տե՛ս Ա. Աղթգր. §§ 32-55. երկու օրինակները ունին տարբերակներ խորագիրներու, որոնք ստէպ զանց եղած են ներկայ ձեռագրիս մէջ։ 3. Թղ. 162ա. «Վարդան վարդապետի ասացեալ է աղաւթս վասն կենդանեաց եւ հանգուցելոց. ասացէք եւ զանարհեստ գրիչս յիշեցէք. Անսկիզբն Աստուած, որ վասն մեր մոլորեալ բնութեանս մարդկան խոնարհե4. Թղ. 165բ. «Աղաւթք սրբոյն Անաստասայ. Տէր, մի՛ սրտմտութեամբ յանդիմաներ զիս եւ մի բարկութեամբ քով խրատեր Հմմտ. Բ. Աղթգր. § 56, ուր կիսատ է բնագիրը, մինչ ներկայ ձեռագիրս ունի ընդարձակ պատկերը։ 5. Թղ. 187բ. «Աղաւթք սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին Հայոց հայրապետին. Աւրհնեալ է մարդասիրութիւն քո, Տէր իմ եւ փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, ընդէ՞ր լքանես զիս»։ 6. Թղ. 189բ. «Նորին Աղաւթք սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին. Աղաչեմ զքեզ փրկիչ աշխարհի Քրիստոս, հայեաց յիս եւ ողորմեա ինձ, փրկեա զիս»։ 7. Թղ. 190բ. «Աղաւթք սրբոյն Մեսրովպա(յ) վարդապետի ասացեալ յաղագս զղջման եւ արտասուաց. Ո՜վ որ անեղդ ես եւ անստեղծ եւ արարիչ ամենայն արարածոց, որ ոչ երկինք բաւեն քեզ»։ 8. Թղ. 193ա. «Աղաւթք սրբոյն Կիւրղի Աղեքսանդրացոյ ասացեալ է վասն զղջման. Ամենակալ Տէր, արարիչ եւ ստեղծիչ ամենայն համայնից, երեւելեաց եւ աներեւու9. Թղ. 194բ. «Աղաւթք Մովսէսի Քերթողա(յ) սուրբ հաւրն. Աղաչեմ քեզ, Տէր, թող ինձ զմեղս իմ որպէս կամիմ, եթէ ասես թէ մեղար՝ ասեմ թէ մեղա(յ)»։ 10. Թղ. 197ա. «Աղաւթք եւ մաղթանք առ Աստուած ասացեալ սրբոյն Եփրեմի Խորին. Ես անարժան եւ մեղուցեալ ծառայս քո, հայցեմ եւ խնդրեմ ի քէն արտասուալի հառաջ11. Թղ. 214բ. «Աղաւթք Փոկասու հայրապետի ասացեալ. Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, Տէր իմ եւ Աստուած, որոյ սուրբ է անունդ, տէր հրեշտակաց»։ 12. Թղ. 218բ. Բշ. «Ներսէսի կաթողիկոսի ասացեալ բանս մաղթանաց առ սուրբ հրեշտակապետսն Գաբրիէլ եւ Միքայէլ եւ ամենայն զաւրսն երկնաւոր. Արդ պաղատիմք առ հոգեղէնսդ, մեք որ տկարքս եւ հողեղէնքս»։ 13. Թղ. 224բ. Գշ. «Աղաւթք սրբոյն Բարուքա(յ) մարգարէի ասացեալ. Ամենակալ Աստուած Իսրայէլի, անձինք նեղեալք եւ հոգիք ձանձրացեալք աղաղակեն առ քեզ»։ 14. Թղ. 226ա. Դշ. «Առաքել շնորհալից վարդապետէ ասացեալ գովեստ եւ ոտանաւոր ի սուրբ Աստուածածին. Աստուածածին կոյս պատուական, Հաւր Աստուծոյ խորհըրդարան»։ 15. Թղ. 237ա. «Գրիգորի գերագով եւ շնորհայի վարդապետի Սկեւռաց(ւ)ոյ միայնաւորի է բանքս պանծալի առ սուրբ Աստուածածին. Բարեբանեալ ես ամենասրբուհի Աստուածածին, երկին վերագոյն, յորում Աստուած բնակեցաւ»։ 16. Թղ. 240ա. Եշ. «Յովհաննու Ոսկեբերանի ասացեալ է աղաւթս. Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, որ զքո խաղաղութիւնդ շնորհեցեր սրբոց քոց առաքելոց»։ 17. Թղ. 243բ. Զշ. «Աղաւթք սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ ասացեալ յաղագս Մեծի Ուրբաթի. Եւ արդ քանի աւր է աւրհնաբանեալ եւ լուսանորոգ կշռութեան երկուց ընտրութեանց»։ 18. Թղ. 247բ. Շբ. «Աղաւթք սրբոյն Եփրեմի Խորին Ասորւոյ ասացեալ. Տէր Աստուած իմ, Յիսուս Քրիստոս, բան Հաւր եւ կերպարան, կենդանի եւ կենդանարար»։ 19. Թղ. 257ա. «Յորժամ վերացուցանէ քահանայն ի տեսս ժողովրդեանն, ասա զաղաւթս զայս. Երկրպագեմ քեզ Քրիստոս փրկութիւն աշխարհի, բան Հաւր»։ 20. Թղ. 258ա. «Աղաւթք Թովմայի առաքելոյ ասացեալ. Մարմին քո պատուական եղիցի մեզ ի կեանս»։ 21. Թղ. 259բ. «Աղաւթք ի դէմս սուրբ մարմնոյ եւ արեանն. Ձերեւելդ ինձ ի փըրկութիւն խոստովանիմ ճշմարտապէս»։ 22. Թղ. 260ա. «Նորին աղաւթք առ սուրբ մարմինն եւ արիւնն Յիսուսի Քրիստոսի. Հոգի Քրիստոսի սրբեա զիս»։ 23. Թղ. 260ա. «(Գրիգորի Նարեկացւո,) Վերստին յաւելուած կրկին հեծութեան հրսկողի, առ նոյն աղերս մաղթանաց բանի, ի խորոց սրտէ խաւսք ընդ Աստուծոյ. Երեքանձնեա(յ) տէրութիւն, միով բնութեամբ եւ էութեամբ»։ 24. Թղ. 262ա. «Նորին Գրիգորի Նարեկացւոյ (աղաւթք). Արդ աղաչեմ զխնամակալդ վտանգաւորաց, տաժանելեաց»։ 25. Թղ. 266ա. «Նորին Գրիգորի Աղաւթք առ Հոգին սուրբ, յառաջ քան զպատարագըն ասի. Ամենակալ Աստուած, բարերար եւ մարդասէր, Աստուած բոլորից»։ 26. Թղ. 268ա. «Նորին Գրիգորի Նարեկացւոյն աղաւթք. Աղաչեմք եւ աղերսեմք արտասուալից հառաջմամբ յամենայն անձնէ զփառատրելի արարչութիւնդ»։ 27. Թղ. 269բ. «Նորին Գրիգորի Նարեկացւոյ է աղաւթս. Որդի Աստուծոյ կենդանւոյ, աւրհնեալ յամենայնի, Հաւրդ ահաւորի անքննին ծնունդ»։ 28. Թղ. 271ա. «Ազաւթք եւ մաղթանք առ Աստուած, փրկիլ ի գիշերային զարհուրմանց, Գրիգորի Նարեկա(ցւոյ). Ընկալ քաղցրութեամբ Տէր Աստուած հզաւր զդառնացողիս զաղաչանս»։ 29. Թղ. 272բ. «Նորին Գրիգորի Նարեկա(ցւոյ). Աստուած յաւիտենական, բարերար եւ ամենակալ, ստեղծիչ լուսոյ»։ 30. Թղ. 274բ. «Նորին Գրիգորի աղաւթք ի ժամ առաւաւտին. Արքա(յ) երկնաւոր, թագաւոր բարձրեալ, տէր բոլորից»։ 31. Թղ. Թղ. 276բ. «Յոհանու Գառնեցոյ ասացեալ աղաւթք առ Տէր Յիսուս Քրիստոս. Գառն Աստուծոյ, Տէր իմ եւ Աստուած իմ, որ զենար ի վերայ խաչին»։ 32. Թղ. 278բ. «Նորին աղաւթք առ սուրբ Աստուածածին. Աստուածածին մայր Քրիստոսի եւ ծնաւղ միածնին Հաւր եւ բարձող անիծից»։ 33. Թղ. 280բ. «Նորին աղաւթք առ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս. Ռահ լուսոյ եւ ճշմարիտ ճանապարհ կենաց»։ 34. Թղ. 281բ. «Նորին աղաւթք առ Տէր Աստուած մեր. Նայեա՛ քաղցրութեամբ առ դառնացուցիչս, Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։ 35. Թղ. 282բ. «Նորին աղաւթք առ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս. Երկնաւոր թագաւոր որ վասն միոյ մեղաւորի գտանելոյ զՀայր եւ զՀոգի»։ 36. Թղ. 283բ. «Նորին աղաւթք ի դիմաց Հաւր Աստուծոյ. Ցաւագնեալս եւ կորդացեալս մեղաւք՝ ցանկամ քաւութեան»։ 37. Թղ. 284բ. «Նորին աղաւթք առ Տէր Աստուած մեր. Ի քեզ յուսամ Քրիստոս Աստուած յոյս իմ, քանզի բազում են յանցանք 38. Թղ. 286բ. «Նորին աղաւթք ի դիմաց Հաւր Աստուծոյ. Տէր Տէր հայր եւ Աստուած Աստուած կենաց իմոց»։ 39. Թղ. 289ա. «Աղաւթք ի ժամ պատարագին ասասջիր զասացեալն Յոհանու Ոսկեբերան վարդապետին. Տաճար Աստուծոյ եւ բնակարան սուրբ Հոգւոյն, ի քէն սուրբ աւազանաւն կոչեցայ յորդեգրութիւն»։ 40. Թղ. 290բ. «Աղաւթք առ սուրբ խաչն կենսակիր եւ աստուածընկալ. Պսակ անհասական գլխոյն Յիսուսի, միջնորդ փրկութեան մերոյ»։ 41. Թղ. 291ա. «Ներբողեանք կենսատու խաչին, առ ի սուրբ հաւրէն մերմէ Դաւթի Անյաղթ փիլիսոփայէ ասացեալ, զոր մեծ քահանայապետն Աստուծոյ եւ հովիւն քաջ, Տէր Ներսէս Տարսոնեան շարայարեալ ոտանաւոր չափով. Բարձրացուցէք զՏէր Աստուած մեր միաբան, մարգարէն յառաջ ձայնեալ...։ Աւրհնեալ ես փայտ քրիստոսական, աստուածազարդ սուրբըդ նշան...»։ 42. Թղ. 313ա. «Տեառն Ներսէսի կաթողիկոսի ասացեալ է ողբս. Աւաւաւտ լուսոյ, արեգակն արդար» (Ա-Ք)։ 43. Թղ. 316ա. «Նորին Տեառն Ներսէսի սորին աղագաւ. Աշխարհ ամենայն, առ իս նայեցեալ» (Ա-Ք)։ 44. Թղ. 319ա. «Աստուածածին մայր քրիստոսի, իմ յոյսըն դու յաւուր մեծի» 45. Թղ. 321ա. «Ողբ ի յԱռաքել վարդապետէ ասացեալ վասն մեղաւորաց հոգեվարութեանն եւ երկնային ճանապարհին եւ դիւացն հանդիպմանցն եւ հոգոց կայանին եւ յաւուր դատաստանին եւ դժոխոցն. Աչք իմ ծովացեալ, գետք յինէն հոսեալ» (Ա-Ք. վերջին տողերու սկզբնատառերը՝ «Տէր յԱռաքեալ», ապա՝ «Թիւն Հայոց մեծի, Ութ հարիւր տարի, Եւ յիսուն ւերեք էր մտեալ, Որ զբանս ոգեցի»)։ 46. Թղ. 25բ. «Ողբս ի Գրիգոր վարդապետէ ասացեալ. Գանկատ ունիմ ասել քեզ թագաւոր, Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս» (Սկ. «Գրիգորի է»)։ 47. Թղ. 326բ. «Նորին է ասացուածքս. Քանքարթաքոյց եմ ւանարժան, ծառայ եմ չար եւ անպիտան»։ 48. Թղ. 327բ. «Այլ ողբ վասն մեղաւորաց զղջման. Մեղա(յ) քեզ Քրիստոս Աստուած, ապաւէն յոյս զքեզ ունիմ»։ 49. Թղ. 329բ. «Վասն խոստովանութեան ի Կիրակոս վարդապետէ. Պարտ է քրիստոնէին, յորժամ կամիցի գնալ ի խոստովանութիւն, երիս ինչ ածել զմտաւ»։ Թղ. 331ա. «Եւ ապա ի ծունկս անկեալ, բացագլխով եւ արտասուաւք յառաջի քահանային, ի վերայ երեսաց իւրոց, խոստովանի իբրեւ Աստուծոյ, եւ նա թողու իշխանութեամբ կարգին՝ որպէս զԱստուած։ Եւ ասասցէ նախ զդաւանութիւն սուրբ Լուսաւորչին, ըստ ուղղափառ հաւատոյ եւ առաքելական կանոնաց, որ է այսպէս. Հաւատամ եւ խոստովանիմ զամենասուրբ Երրորդութիւնն»։ Թղ. 343ա. «Զկնի այսորիկ այլ մանրամասնաբար զինչ առանձնականի պատահեալ է իւր եւ որքան յամէ եւ յերկարէ ի խոստովանութիւնն բարի է եւ շահ եւ աւգուտ նմա։ Եւ դու, ո՛վ սուրբ քահանա(յ), մտադրութեամբ լուր եւ համբերեա, զի բազում վարձս առցես ի Քրիստոսէ, եւ ապա շնորհեա նմա զարձակումն մեղաց իւրոց, ողորմութեամբն Քրիստոսի. ամէն։ «Ապա ասէ ուրիշ ուրիշ զյանցանս, զոր առանձնակի գործեալ է ի հարստահարութենէ մարմնոյն կամ յորոգայթից սատանայի. Հայր սուրբ, քեզ ունիմ միջնորդ» Թղ. 343բ. «Պատասխանէ խոստովանահայրն եւ ասէ այսպէս. Բանդ Աստուած ծոցածին ծնունդ»։ Թղ. 344բ. «Խրատք պիտանիք որ ասէ խոստովանահայրն առ խոստովանորդին. Որ հաքիմին ասեն զցաւ եւ գտանէ զդեղն»։ 50. Թղ. 345բ. «Հարց(ումն). Ո՞րն է եօթն զգայութիւնքն. Պատասխանի. Նախ ականջն որ լսէ»։ - «Հարց(ումն). Ո՞րն է վեց շարժման մեղքն. Պատասխանի. Ի վեր հպարտութեամբ»։ - Վերջ. թղ. 347բ. «Հարցումն պատուական, եթէ ի միտ առցես, բազում պարգեւք առնուս դու յԱստուծոյ. Հարց ոմն ընդ իմաստուն բժիշկ մի...։ Այս է դեղ ամենայն ցաւոց եւ առողջութիւն ցաւագնեալ հոգ(ւ)ոց»։