643
1575
յիշատակարանին մէջ չէ նշուած, սակայն մագաղաթեայ կողքին վրայ կպցուած թուղթին վրայ գրուած է «Թվ. Ռ-1551»։ Անկարելի չէ որ այս գրութենէն յետոյ՝ ձեռագրէն կտրուած ըլլայ թուականը կրող յիշատակարանը։
բոլորգիր։
22, որոնցմէ բ ունի 13 թղ., գ՝ 11 թղ., ե՝ 12 թղ., իբ՝ 4 թղ., մնացածները իւրաքանչիւրը 10 թուղթ։
մագաղաթ տոկուն։
փայտեայ մագաղաթապատ, գործածութենէ թխացած։
լաւ, չափազանց գործածութենէ եզերքի լուսանցքները սեւցած, երբեմն վնասելով գըրութեան. թղ. 12 երկրորդ կէսը պատռած եւ թուղթով ամբողջացած։ Խոնաւութեան հանդիպած ըլլալով՝ շատ մը զարդեր վնասուած են։
չկան։
շատ, բազմագոյն եւ ընտիր։
շուրջ յիսուն հատ, որոնց կէսը նկարի ձեւով են, բոլորն ալ բազմագոյն ու ընտիր, բայց գործածութենէ մթնցած։
վեց հատ, 6բ (հայրապետ մը), 26բ (խաչելութիւնը), 68բ (Աստուածամօր նինջը), 112բ (Ս. Երրորդութիւնը), 154բ (Վերջին ընթրիքը), 198բ (Ս. Պատարագը)։ Բոլորն ալ բազմագոյն, սակայն կամաւոր ձեռքէ մը եղծուած են, կորսընցնելով սկզբնական գեղեցկութիւնը։
չկան։
եօթը հատ (44բ, 101ա, 113ա, 137ա, 158բ, 182ա, 199ա), բազմագոյն եւ գեղեցիկ։
կարմիր։
թղ. 1ա, 219ա-220ա։
1. Թղ. 212ա. Բնագրին գրչութեամբ. «Զթերավարժ եւ զապիկար զԱստուածատուր գրչակս՝ յիշեսջիք եւ զուսուցիչն իմ զՏէր Վարդան քահանայն եւ զծնաւղս իմ։ Եթէ ոք յիշէ՝ յիշեալ լիջիք ի Քրիստոսէ Աստուծոյ մերոյ աւրհնելոյն յաւիտեանս. ամէն։ Հայր մեր որ յերկինս սուրբ եղ.»։ 2. Թղ. 220բ. Արդի նօտր գրով. «Ես Տէր Բարսեղ վարդապետ, ի ՌՃկԷ ( = 1718) թվին, զայս ժամագիրքս ետու յիշատակ ինձ եւ իմ ծնողացն ի դուռն սրբազան առաքելոյն Թօմայի, որ ասր Ագուլեաց վանք»։ 3. Թղ. 221ա. Արդի շեղագիր. «Ընթերցողք, յիշեցէ՛ք եւ զՄեսրովբ Արքեպ.ն Սըմբատեանց, ի 1900 ամի, ստացող գրոյս»
«Նուէր Մեսրովբայ Սմբատեանց Արքեպ.ի Նախճաւանի, ի յիշատակ երկդարեան յորելինի Մխիթարեան Ուխտիս, Սեպտ. 1901»։ Մատեանս է ժամագիրք, անթերի եւ կատարեալ, ուր օրինակուած են նտեւ իւրաքանչիւր ժամասացութեան սաղմոսներն ու երգերը՝ ամբողջութեամբ։ Կը նշանակենք միայն տպագրութեամբ ընդհանրացած ժամասացութենէն ունեցած տարբերութիւնները, 1. Թղ. 1բ. «Այս է ուղղափառ դաւանութիւն... Հրաժարիմք ի սատանայէ... Խոստովանիմք եւ հաւատամք ամենակատար սրտիւ...»։ 2. Թղ. 7ա. (Կարգաւորութիւն Գիշերային ժամու). «Տէր եթէ զշրթունս իմ բանաս...»։ Պահելով հին խորագիրը «Եւ ասեն մարտիրոսաց Ս Տէր ողորմեա...», կ'աւելցնէ «Աշխարհ ամենայն...» (Ա-Ք), «Առաւաւտ լուսոյ» (Ա-Ք), «Աստուածածին մայր Քրիստոսի...» (Ա-Ք)։ «Զքէն գոհանամք» աղօթքին կը հետեւի Ն. Շնորհալիի «Այսաւր անճառ» (Ա-Ք) եւ հանգստեան՝ չորս աւետարանները, համապատասխան երգերով. ա. Աւետ. Մթ. «Իսկ նոցա կալեալ զՅիսուս ածին... ելաց դառնապէս». «Տարածեալ...» (Ա-Ք)։ «Հոգւոց... Քրիստոս Որբ. Աւետ Մթ. «Յայնժամ թողեալ Յիսուս զժողովուրդսն... կրճել ատամանց». «Աստուած անեղ...» (Ա-Թ)։ գ. Աւետ. Մկ. «Եւ ասէր... որպէս զի այր մի... մեկնէր զամենայն». «ժողովեալքըս...» (Ժ-Ղ)։ դ. Աւետ. Ղկ. «Մի՛ երկնչիր... գայ որդի մերդոյ». «Ճանապարհ...» (Ճ-Ջ)։ ե. Աւետ. Ղկ. «Պատասխանի ետ... ոչ կարէ որդի... զառաքիչն նորա». «Ռահ գործեալ...» (Ռ-Ք)։ «Թագաւոր յաւիտեան» լրիւ օրինակուած է միայն «Թագաւորք ապաշխարութեան» եւ «Ստեփանոսի»։ 3. Թղ. 44ա. «Կարգաւորութիւն... առաւօտու ժամուն»։ Հմմտ. Ա. Ժմգ. § 3. «Օրհնեալ ես տէր» սաղմոսէն վերջ օրինակած է երեք Հարցեր՝ Յարութեան, Մարտիրոսաց եւ Պահոց, իւրաքանչիւրէն հատ մը (ԱՁ)։ Նոյնպէս ըրած է նաեւ յաջորդ սաղմոսներուն։ «Փառք ի բարձունս»էն յետոյ ունի միայն պահոց «Առաւօտու երգ»երը. «Լոյս տուր տէր...»։ 4. Թղ. 100բ. «Կարգաւորութիւն Արեւագալի ժամուն»։ «Ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն» վերջին երգը ունի յաւելուած յորդորակներ. «բշ։ Իննեակ դասք...», «գշ. Անճառ խորհըրդոցն...», «դշ. Ի քէն աղերսիւ...», «եշ. Ի Հոգւոյն սրբոյ...», «ուր. Անկեալ երկիր...»։ 5. Թղ. 113ա. (Կարգաւորութիւն Երրորդ ժամուն) անվերնագիր։ 6. Թղ. 119ա. «Կարգաւորութիւն Վեցերորդ ժամուն»։ 7. Թղ. 124ա. «Կարգաւորութիւն Իններորդ ժամուն»։ «Սիրեցի» սաղմոսին կը յաջորդէ «Հոգւոց հանգուցելոց...», եւ ապա «Աւրհնեալ թագաւորութիւն Հօր...»։ Կը հետեւին Ժամամուտներ՝ Պահոց, Մարտիրոսաց, Աստուածածնի, Հայրապետաց, Առաքելոց, Վարդավառի, Խաչի, Ջատկի եւ կիրակէի։ Ճաշու սաղմոս Յարութեան, Մարտիրոսաց, Պահոց. «Սուրբ Աստուած ըստ պատշանի». քարոզ՝ «Վասն խաղաղութեան ամենայն աշխարհի»։ Աւետ. Ղկ. «Եւ եղեւ ի հասանելըն... կայր յաղաւթս»։ «Հաւատամք ի մի Աստուած...», որու կը հետեւի պատարագի ատեն ըսուած քարոզը. «Տէր մեր եւ փրկիչ... Խաղաղութեամբ քով...»։ Այս մասը կը փակուի «Հայր մեր»ով, եւ իսկոյն կը սկսի։ «Միայն սուրբ, միայն Տէր...», «Կատարումըն յօրինաց...»։ «Աւրհնեալ եղերուք...»։ 8. Թղ. 137ա. «Կարգաւորութիւն Երեկոյին ժամուն»։ «Խոնարհեցո» սաղմոսէն վերջ՝ «Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ, փառք քեզ Աստուած...»։ վերջաւորութեան հետեւեալ կերպով կ'աւարտի. «Առ դուրս եկեղեցւոյ. Սղ. Ուրախ եղէ...». «Քրզ. Սուրբ եկեղեցեաւս», «Աղ. Առ դրան...», «Ի յարկի քում սրբութեան...»։ «Սաղմոս յորժամ եկեղեցի մտանեն. Աղաղակեցէք առ Տէր...», «Ի մէջ տաճարիս...»։ 9. Թղ. 155ա. «Աւրհնութիւն մարժնաւոր սեղանոյ»։ 10. Թղ. 158ա. «Կարգաւորութիւն.. Խաղաղական ժամուն»։ 11. Թղ. 182ա. «Կարգաւորութիւն.. Հանգստեան ժամուն»։ Վերջաւորութեան կան «Ընկալ քաղցրութեամբ» եւ «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքները, որու աւարտին՝ «Կատարեցաւ ժամագիրքս»։ 12. Թղ. 199ա. «Շարական հանդերձի, դպիրքն եղանակ(են). Խորհուրդ խորին...» ու կը շարունակէ պատարագի սարկաւագութեան եւ դպրութեան յատուկ երգերը։ 13. Թղ. 212բ. «Տումարական. Թվական այսպէս արա. կալ զմեր թվականն հայոց շլբ...»։ - Վերջ թղ. 219ա. «թէ քանի լինի զատիկն, մէկ թիւ յետ առ եւ այն է գիր տարւոյն»։