1042
1375
ՌՂԵ - 1646։
բոլորգիր։
Բ-Լx12 (Բ՝ 10, Գ՝ 2, Լ՝ 6)։ Գ թերթը թէեւ ունի 11 թուղթ, սակայն երկու թերթեր իրարու կպած ըլլալով՝ կազմած են մէկ։
թուղթ։
դրոշմանիշ կաշի, միջուկը տախտակ։ Առաջին կողքի կաշին սեւ է նորագոյն, իսկ երկրորդինը՝ մնացած է հինը, որու աստառը կարմիր տպածոյ լաթ է, բոլորակ եւ խաչաձեւ զարդերով։ Ինկած է դռնակը, որմէ մնացած է կողքին վրայ հաստատուած մասը՝ կարմիր գծաւոր աստառով։ Ինկած են զոյգ փականքները։
լաւ. ունի երկու թերութիւն. առաջին՝ ինկած է առաջին պրակը եւ յաջորդաբար ալ կը պակսին քանի մը թուղթեր. երկրորդ՝ ջուրի հանդիպած ըլլալով՝ բազմաթիւ թուղթեր իրարու կպած են եւ կամ արտաքին լուսանցնքներու վրայ կը տեսնուին հետքերը։
Ամիրգույ։
չունի։
բազմաթիւ, թռչնագիր։
կարմիր թանաքով։
չկան։
չկան։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 327բ. «Փառք ամենասուրբ Երրորդութեանն Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։ Որ ետ կարողութիւն տկար ոգոյ սուտանուն Զաքարիա, որ զանունս ունիմ բարի եւ գործովս եւ անձամբս լի ամենայն ժախահոտութեամբ եւ գարշելի եւ անպիտան։ «Շնորհիւ Տեառն սկսայ եւ ողորմութեամբ նորին կատարեցի զմատեանս այւ աղաւթական, զոր ի Հոգւոյն սրբոյ շարժեալ գրեաց սուրբն Գրիգոր Նարեկացի։ «Արդ գրեցաւ սուրբ տառս որ կոչի Նարեկացի, ձեռամբ մեղսամած Զաքարիա գըրչի, ի Վան քաղաքի, ի դուռն Ծիրանաւոր սուրբ Աստուածածնի, ի թըւականիս հայոց ՌՂԵ (1646), ի հայրապետութեան Տեառն Էջմիածնայ Փիլիպոսի, եւ հայրապետութեան Տեառն Աղթամարայ Ստեփանոսի։ «Արդ ցանկացօղ եղեալ այսմ տառի հոգեսէր, բարեմիտ եւ աստուածասէր տանուտէրն Ամիրգուլ, ի միտ առեալ զբանն Եսայեա(յ) որ ասէ. Երանի որ ունիցի զաւակ ի Սիօն եւ ընտ(ան)եակ Երուսաղէմ։ Արդ ստացաւ զսա ի հալալ վաստակոց իւրոց, յիշատակ իւրն եւ ծնօղացն, հօրն Պարոնին եւ մօրն Ուսթիանին, կողակցուն Զիմաթին եւ զոքանչին իմոյ Մարգարտին, եւ որդւոյն իւրոյ Տէր Ներսէսին, եւ իւր կողակցուն Զմրութին, որդւոյն Սահակին, եւ դստերացն Գուլդան ազզին եւ Սառին, եւ միւս որդոյն Յոհանիսին, եւ կողակցին Մարիանին, եւ որդւոյն Մարտիրոսին, եւ դստերն Ուսթիանին, եւ միւս որդոյն Գազպարին, եւ իւր կողակցուն Նազլուխանին, եւ միւս կողակցին իմո(յ) Ալմաստին։ Եւ գեղի տանուտերացն Մկրտչին եւ Աւետիսին, Եղիային. եւ քահանայիցն Տէր Գրիգորին եւ Տէր Մարգարին, եւ Տէր Ներսէսի աներ Սարուխանին զոքանչին Մարգարտին. ամէն։ «Արդ աղաչեմ զձեզ մանկունք սուրբ եկեղեցւոյ, որ կարդաք եւ ընթեռնուք, ով ոք հանդիպիք կարդալով կամ աւրինակ դնելով, յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր զմեղապարտ Զաքար(ի)ա գրողս եւ կողակիցն իմ զՇայումն, եւ ծնօղքն իմ զՆահապետն, ըցԲէկաղէն, եւ զեղբարսն իմ զՀայրապետն եւ զՄելքիսէթն, զԱմիրջան եւ զՍուքիասն, եւ հօրեղբարքն իմ զՄխիթարն, զՍտեփանոսն, զՅովանէսն, զՍրապիոն, զԽլղաթն. եւ դըստերքն իմ զԽաթունաղէն եւ զԱղասին, որդին՝ զԽաչատուրն, զԽանալէն, եւ որդին՝ զՍարգիսն եւ դըստերն զԳոհարն, զՄարգարիտն, զՎանեցին եւ զՏէր Մխիթարն, որ ինձ աւգնական էր զթուղթ կոկելն զնշելն. եւ ըզվարպետքն իմ զՀիզանցի Տէր Սարգիս վարպետն, զՏէր Յովանէսն. Աստուած լուսաւորէ զիւրեանց հոգին. ամէն։ «Դարձեալ յիշեցէք եւ մէկ ողորմի ասացէք Ամիր(գուլին) եւ իւր ծնօղացն Պարոնին եւ Ուսթիանին, եւ որդոցն Տէր Ներսէսին, Յոհանիսին, Գազպարին, եւ իւրեանց որդւոց եւ դստերացն, եւ մեծ պապուն Մլխամին, իւր ծնօղացն Յովանիսին, մօրն Մարգարտին եւ կողակցուն Գուլաղին, եւ որդւոյն Կարապետին, կողակցուն Գուլդան ազզին, եւ որցւոցն Յոհանիսին, Պարոնին, Միրաքին, Միքայէլին, եւ ամենայն արեան մերձաւորաց սոցին առհասարակ ամենեցուն. յիշեցէք եւ Աստուած ողորմի ասացէք, (եւ Աստուած) ձեզ եւ մեզ ողորմեսցի յիւր միւսանգամ գալըստեանն. ամէն»։ 2. Թղ. 23ա. «Յիշեցէք ի Քրիստոս զմեղապարտ Զաքարիայ գրիչս, որ ամենայն մեղօք լի եմ»։ 3. Թղ. 191բ. 237բ. «Յիշեցէք ի Քրիստոս զմեղապարտ գրիչս»։
ստացած ենք Մուշէն, 1909ին, Հ. Անանիա Գոնտակնեանի Բովանդակութիւն. 1. Թղ. 1ա. «(Բան է). ... սափելեացն բանին երկնաւոր թագաւորին վըճռաւն կնքելոյ թէ ոչ գիտեմ զքեզ»։ Աղօթամատեանը սկիզբը թերի, կը սկսի Բան Է.ի վերջին հատուածով, որու կը յաջորդէ Բան Ը։ Կան թերի թուղթեր մինչեւ Բան ԺԳ. այնուհետեւ կը յառաջանայ կանոնաւոր։ Թղ. 319ա՝ Բան ՂԵ։ 2. Թղ. 319ա. «(Բան) ՂԶ. Վերստին յաւելուած կրկին հեծութիւն... Բարեբանեալ ես ամենասրբուհի Աստուածածին, երկին վերագոյն, յորում Աստուած բնակեցաւ, արեւելք, ուստի արդարութեան արեգակն ծագեաց»։ Սա յաւելուած մըն է՝ հաւանաբար Գրիչին կողմէ, որովհետեւ աղօթքը կ'աւարտէ այսպէս. թղ. 323բ. «Անարատ Աստուածածին բարեխօսեա՛ վասն յոգնամեղ անպիտան եւ ամենայն մեղաւք լի եւ անարժան փղծուն գրչիս Զաքարի. ամէն»։ 3. Թղ. 323բ. «Յիշատակարան մատենիս գրութեան նորին Հսկողի. Ըստ հոլովման ընթացից ամանակաց յառաջ շարժութեան... որով եւ դուք եղիջիք գրեալ ի մատեանս կենաց վերին դըպրութեան. ամէն»։ 4. Թղ. 325ա. «Յիշատակարան. Փառք ամենասուրբ Երրորդութեանն... ի թուականիս հայոց ի ԴՃ եւ յերեսուն եւ յերկուսն, ի հայրապետութեան Տեառն Վահանայ, եւ ի թագաւորութեան յունաց Վասլի...»։ - Վերջ թղ. 327բ. «հուպ եկեղեցւոյն սրբուհւոյն Սանդըխտոյ, ի փառս Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ աւրհնեալ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ 5. Թղ. 330ա. «Գրիգորի Նարեկացւոյ Անձինքն է դարձեալ. Արփիական լոյսդ երկնային, Յիսուս Քրիստոս Հաւր միածին, լըցեր շնորհիւ քո անքըննին, սուրբն Գրիգոր Նարեկացին, աղաւթիւք սորա ողորմեա մեզ Աստուած» (սկ. Ա-Հ, կը մնայ կիսատ եւ կ'աւարտի ձեռագիրս)։