1038
714
հաւանաբար ժԶ դար, անկարելի չէ որ ըլլայ աւելի հին։
բոլորգիր ընտիր եւ հին։
թուղթ բամպակեայ։
կիսակաշի լաթակազմ արդի։
բաւարար. անցեալին մաշած ըլլալով՝ նորոգութեան ենթարկուած է. հաւանաբար ներկայ ձեռագիրս մաս մըն է ամբողջութեան՝ որ կորած է։
չունի։
չունի, ճառերու առաջին տողերը դատարկ մնացած են, հաւանաբար զարդագիր ընելու նպատակով։
եւ այլ զարդեր չունի։
սեւ մելանով։
չունի. փոքրիկ յիշատակագրութիւն մը կը գտնենք թղ. 38բ-39ա ստորին լուսանցքին վրայ. «Վայ քուն. վա քուն պրծա ի քեզնէ»։
ստացած ենք 1881ին։ Մատեանս է Գրիգոր Նարեկացիի ճառերն ու գանձերը, որոնց առաջին տողերը չեն օրինակուած, հաւանաբար զարդագրելու նպատակով. մենք ամբողջացուցինք փակագիծի մէջ, հետեւելով այլ օրինակներու։ Ունի հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 1ա. «Նորին Գրիգորի Նարեկացո(յ) ասացեալ ճառքս։ Յիշատակագրութիւն պատմաբանութիւն ամենազօր նշանի աստուածեան խաչին, որ ի վերուստ ամենահա(յ)ե(ա)ց նախատեսն ակնարկութենէ ի ստորին կողմանց կա(յ)իս աշխարհի ազգացն յունաց բերեալ հանգուցաւ ի սահմանս վայրից գաւառին Մոկաց ի շինուած բնակութեան ուխտին սրբութեան որ կոչի Ապարանք. (Ընդ աւուրս ժամանակաց բազմավրդով սասանութեանց, որ ի կայս եւ ի կոյս) կողմանցն յունաց հարազատութեան արեան զարմին Եսաւայ...»։ Թղ. 14ա. «Առընթեր սակաւ դրութեանս յարակցեալ ի սոփեստէս հիւսեալ ճառս ներբողի լուսակազմ խաչիդ նըշանի. (Աստանօր սկզբնաւորեալ առ պատմական) բանս յարակայ զձեռնտուութիւն խորհրդոյս ամովսականն...»։ Թղ. 19բ. «Այլ մեք ըստ չափո(յ) կշռութեան զօրութեան մերոյ կենդանարար նշանի աստուած(եան) խաչիս այսուհետեւ ձօնեսցուք ձայն մաքուր ընձա(յ)ից քաղցրաբարբառ բանից օրհնութեամբ. (Աստուածային անբաւ հանճարոյն, ամենանկատ տեսու)թեան աչաց յարմարական ձեւակերպութիւն...» (սկ. Ա-Ք)։ 2. թղ. 26ա. «Ի նոյն կարգ եդի ներբողինի խաչիդ խորհրդի եւ զգովեստ զոր Տիրուհւոյդ երգել հիւսեցի. (Գումարք խմբից դասուց երջանկաց պատուասիր)են բանիւք գովեստի...»։ 3. Թղ. 36ա. «Յիշատակագիր պատասխընւոյ սորին ընծայական գրոյ երջանիկ եւ շնորհընկալ Տեառն Ստեփանոսի յերեսաց նորին հոգիաբուխ վարդապետի. (Շնորհաձիր էին եւ հոգւոյ նորա ընդունակ, ընտրեալդ եւ) ներանձնացեալդ...»։ Օրինակուած է միայն վեց տող եւ մնացած է անաւարտ։ 4. Թղ. 37ա. «Երանելոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ ներբողեան գովեստի ասացեալ ի համօրէն գունդս առաքելոցն երկոտասանից նախապատուելոցն գլխաւորաց եւ եւթանասուն եւ երկու սրբազան աշակերտացն Քրիստոսի. (Տիեզերաց ծաղիկք եւ տունկք տենչալիք տանն) եդեմայ Ադամայ նախաստեղծին ծնունդք եւ զարմ Սիոնի...»։ 5. Թղ. 47բ. «Գրիգորի Նարեկա(յ) վանաց վանականի հոգիամատեանն հռետորի հայոց անյաղթ փիլիսոփայի ասացեալ մատեան ներբողինի գովասանութեան յԵկեղեցի, որ է համանման վերինն Երուսաղեմի. (Դ)աւանիմք ի հաւատ ուղիղ եւ անխոտորնակ ամբծութեան համբուրիւ շրթանց ողջունել զկառուցեալս խորան...»։ - Վերջ թղ. 52բ. «ոչ ունի տեղի գլխոյն հանգստեան տէրն բոլորից, եթէ ոչ յայս կտարան կենաց մտեալ ագանի, քան ի կամար վերնա(յ)ինն երկնի» կը մնայ կիսատ. թերի է միջանկեալ եւս թուղթի անկումով։