— - Bibliographic notice
1586
ՖՐԱ ՄԱՐԹԻՆ Ա
1348 - 1348

ID
Number
1586
Old record number
1578
Title
ՖՐԱ ՄԱՐԹԻՆ Ա
Start date
1348
End date
1348
Date details

1348։

Copy place
Աւինիո՞ն. Ներսէս Պալեանց առաջին խորագրին մէջ կը գրէ. «եղեւ թարգմանութիւն գրքիս ի բազում տեղիս եւ գաւառս՝ յայլ եւ այլ ժամանակս. իսկ ի սրբասնեալ պալատս Հոօմայ, ուր այժմ համահաւաքի ի վինիունս կոչեցեալ քաղաքի...»։
Reference
Type
Number of pages
139
Dimension
21x28
Layout
միասիւն (15x23,5)։
Writing details

բոլորգիր։

Codicology

Ա-ԺԲx12 (Է՝ 14, Թ՝ 10, ԺԱ14, ԺԲ՝ 5). տե՛ս Հանգամանք։

Principal subject
Subject details

ջրանիշ թուղթ, թուխ։

Number of lines
47-54։
Binding

դրոշմազարդը հազիւ տեսանելի սեւ կաշի, մաշած եւ մասամբ անհետացած. միջուկն է ստուարաթուղթ։

State of preservation

բաւարար. Ձեռագիրս անցեալին նորոգուած է, զանազան տեղեր նորագոյն սպիտակ թուղթով ամրացած. կռնակէն եւ ստորին լուսանցքէն խոնաւութիւնը մասամբ թափանցած է եւ թողած հետքը։ Նորոգողին կողմէ աւելցուած են՝ թղ. 1-2, 16, 73, 32-3, 37, 135-6, ամբողջացած նօտր գրչութեամբ։ Նորոգութեան ընթացքին լուսանցքները կտրուած են, ուր բնագրային բազմաթիւ յաւելումներ վնասուած են։

Copyist
որ եւ թարգմանիչն է գրքիս՝ ներսէս Պալեանց, Սսեցի։
Owner

հաւանաբար գրիչը։

Commanditaire
Illuminator
Binder
անյայտ։
Parchment flyleaf

Lettrines

եւ այլ զարդեր չունի։

Initials

կարմիր, իսկ նոր տողի փոխարէն՝ գլխագիր տառը կարմիրով նշուած է։

Marginal illuminations

Images

Canon tables 1

Canon tables 2

Title text

եւ լուսանցքի վրայ ծանօթութիւններ՝ կարմիր թանաքով են։

Blank pages

թղ. 65բ, 127բ։

Colophon

1380ին՝ Արգրումեցի Օգոստինոս Աւետիքի, Դոմինիկեան, տե՛ս ստորեւ § 22։

Informations

առաջին կողքին ներքեւ նուիրատուն կը գրէ. «Այս գիրգս Պատմութեանց, ըստ խնդրոյ Վ. Հ. Միքաէլին Չամչեանց, ետու յիշատակ ի վանս Հայոց, որ ի Վենետիկ, ես Եւդոկիացի Ղլընեանց Պաղդասար Սապէլրս։ Օվ ոք վոր օրինակէ կամ կարդայ, յիշեսցէ ըզմեզ միով Հայր մերիւ։ Մառտի 8 եւ 1790, Եղիսաբեթ քաղաքի հայոց, որ ի Թրանսիլվանիայ»։ ժամանակին՝ նոյն կազմին մէջ ձեռագրիս մասն եղած է մատենադարանիս թիւ 1603 (աստ՝ ցուցակիս թիւ 1675) ձեռագիրը. առանձնացուած է շուրջ ժԸ դ. կէսերուն։ Մատեանս Ֆրա Մարթինի (######## ####նԱՏ) Ժամանակագրութիւնն է, որ կը բովանդակէ Կայսրերու եւ Քահանայապետներու գաւազանագիրքը։ Հ. Ղ. Ալիշան սոյն Ձեռագրին սկիզբը կը գրէ. «Իսկագիր նախագաղափար թարգմանութիւն է Ներսիսի Պալեանց այս մատեան»։ Եւ իրապէս հեղինակին սկըզբնագիրը ըլլալով կատարուած են բազմաթիւ յաւելումներ եւ յապաւումներ, որոնք յաջորդ Ձեռագիրներու մէջ անցած են բնագրէն ներս։ Ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը, 1. Թղ. 1ա. «Սկսանի գիրքս պատմութեանց որ կոչի ըստ հայոց Գիրք գաւազանաց, որ պատմէ զծայրագոյն քահանայապետից, նաեւ զկայսերաց Հռօմայեցւոց, զկարգն ժամանակագրութեան նոցին եւ զեղեայսն ի նոցանէ եւ առ նոքօք զիրս նորագոյնսն եւ զզարմանալիսն, զոր շարադրեալ էր ֆրաթէր Մարթինոսն, ի Կարգէ Քարոզողաց։ Ես թարգմանեցի զսոյնս ի լատին լեզուէ ի հայս, ես տրուպ Ներսէսս Պալիանենց կոչեցեալ, գաւառաւ Սըսեցի գոլով, եւ կարգաւոր եւ աստիճանաւ լատինացի կանոնիկոս քահանայ, թէպէտ եւ անարժան իսկ։ Արդ, եղեւ թարգմանութիւն գրքիս ի բազում տեղիս եւ գաւառս՝ յայլ եւ այլ ժամանակս։ Իսկ ի սրբասնեալ պալատս Հռօմայ, ուր այժմ համահաւաքի ի Վինիունս կոչեալ քաղաքի, յամի մարդեղութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի 1348, ի քահանայապետութեանն Տեառն Կլէմէսի վեցերորդի, յամի նորին քահանայապետութեան եօթներորդի, զթարգմանեալսն ի յոմանս տեղիս ի մի եդեալ եւ կարգաւորեալ, սրբագրելով գրել սկսանիմ ըստ կարգի։ Նա եւս ի մտի եդեալ է իմ, զի որքան եւ կարացից գտից զպատմութիւնս հայկազնեաց եւ հայրապետաց եւ թագաւորացն հայոց, գրել իսկ՝ եթէ շարս գրոցս եւ եթէ ի վերջն, որպէս դիպեսցի, միայն թէ կարացից գտանել. Քանզի գիտել զժամանակս ծայրագոյն քահանայապետացն Հռօմայ, նա եւս զկայսերացն եւ զայլոցն իսկ նախնեաց նոցին ժամանակս, ի գիտնականաց զանազանապէս պատմեալք գոն. սակայն ես, Փրադէր Մարթինոս՝ տեառն փափին ապաշխարանս յարողաց կարգեալ, նաեւ գաբէլան իսկ, ի զանազան պատմութեանց եւ գաւազանաց...»։ Հին բնագրիս առաջին թուղթերը ինկած ըլլալով, նորոգողին կողմէ աւելցուած են թղ. 1-2, ուր արդի շեղագրով ընդօրինակուած է վերեւ մէջբերուած խորագիրը եւ բնագրին սկզբնաւորութիւնը։ Պաղտասար Սապէլ ջնջած է խորագրին առաջին տողը՝ եւ գրած. «Գիրգ ընթհանուր պատմութեանց հնոյ եւ նորոյ»։ Նոյն նորոգողին գրչութեան կը պատկանին յաջորդ մասերէն 2. Թղ. 1բ. «Վասն չորից մեծամեծաց թագաւորացն, յորոց Հռօմայն վերջին եղեւ»։ 3. Թղ. 2ա. «Վասն ժամանակին, յորում Հռօմ սկսաւ»։ 4. Թղ. 2բ. «Անձինք յորոց Հռօմ շինեցաւ. Անձինք յորոց Հռոմ սկսաւ շինիլ եւ անուանեցաւ...»։ Թղ. 3ա. կը սկսի հին բնագիրը. «...խաղաղութեան եւ սիրոյ։ Արդ, այսպէս գնացեալ Օմերոս եւ միաբանեալ ընդ Էանտրոսի ընդդէմ լադին թագաւորին...»։ 5. Թղ. 3բ. «Որպիսութիւն շինման Հռո6. Թղ. 4ա. «Վասն դրանցն ուրպին Հռո7. Թղ. 4բ. «Վասն ապարանացն, այսինքըն՝ դարպ(ա)սնոյն եւ տաճարնոյն Հռոմայ»։ 8. Թղ. 6բ. «Յաղագս կառավարողացն Հռոմայ եւ թէ որպէս ուղղեցին»։ 9. Թղ. 7ա. «Յաղագս սէնադուրացն Հռո10. Թղ. 8ա. «Դադարեաց իշխանութիւն գօնսուլոսացն»։ 11. Թղ. 9ա. «Վասն յաղթութեան հռոմայեցոցն զՀանիպալտն»։ 12. Թղ. 9բ. «Պատմութիւն յաղագս Հանիպալտին եւ զոր արար նայ»։ 13. Թղ. 10բ. «Վասն յաղթութեանցն զոր արար Ցիբիոս յԱֆրիկայ»։ 14. Թղ. 14բ. «Պատմութիւն Աղեկսանդրի Մեծի»։ 15. Թղ. 15ա. «Պատմութիւնք եւ անուանք ԻԲ թագաւորացն». թուղթ ինկած ըլլալով՝ նորոգողն է որ ամբողջացուցած է այս մասը (թղ. 16), օրինակելով նաեւ յաջորդ երկու բաժանումները։ 16. Թղ. 16ա. «Յաղագս սքանչելեացն Աստուծոյ եւ պէսպէս հիանալի իրի, զորս գտանին ընդ տիեզերս յայտնապէս». «Յաղագս հիացականաց, որք ի կողմանս Իմպէռնիոյ կղզոյն գոն»։ 17. Թղ. 20ա. «Աւարտեալք զամենայն պատմութիւնսն ուրպին Հռոմայ որ ի նորին շինմանէն մինչեւ ի Քրիստոս ածէ, այժմ ի Դրիստոսէ եւ այսր սկսանիմք»։ - Վերջ 18. Թղ. 22բ. «Կայսերք. Աստ բաժանի կարգ գրոցս. Կայսերքն ի ձախակողմն եւ պապերն յաջն. Յամսն շինելոյն Հռոմայ ԷոԺ, Օգդաւիանոս առաջին ինքնակալ Օգոստոս անուանեալ եղեւ կայսր ի Հռոմ, ազգաւ հռոմայեցի, հայր նորա սենադուր լեալ Հռոմայ...»։ - Վերջ թղ. 128բ. «ՃԸ. ՌՅԻԶ (1346). Ինքնակալ Գառլոս չորրորդ (...). ի սորին Գառլոսիս աւուրս բազում եւ նշանաւորս հիանալիս եւ յիշելոյ պարտ իրս եղեն եւ վճարեցան յաշխարհիս. բայց զի ի նոյն Պապին ճառն ամենայն եղեալքն գրեալ գոն, վասն այն անպատշաճ վարկաք երկրորդել, անտ գտցես զամենայնն»։ Սապէլի գրչութեամբ կը շարունակուի ցանկը ինքնակալներուն, 1379-1765 տարի19. Թղ. 23ա. «Քահանայապետք. Աստ բաժանի կարգ գրոցս. վասն զի գրեմք քահանայապետսն յաջ կո(ղ)մս, իսկ զինքնակալքն ի ձախն. Սկսանիմք այսուհետեւ ճառել զծայրագոյն քահանայապետացն, որոց սկիզբն եղեւ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, ճշմարիտ քահանայապետն ըստ կարգին Մելքիսեդեկի եւ Ահարոնի, եւ զորս...»։ Վերջ թղ. 133ա. «Այս Գլեմ(է)նս ի սոյն ամի առաքեաց ի հայս ի Կիլիկեայ վասն միաբանութեան եւ ուղղութեան հաւատոյ եւ խորհրդոց եկեղեցւոյ (...)։ Յամի Տեառն ՌՅԽէ եւ պապութեան սորա է ամի, խրատն հասարակաց մարդկան (...)։ Որոյ շնորհիւ թողութեան ամենայն հոգիքն ազատ անընդմիջաբար յարքայութիւնն երկնից գըՆորոգողին կողմէ աւելցուած են թղ, 134-136, ուր կը շարունակուին Քահանայապետներու պատմութիւնը, հասցնելով մինչեւ Ուրպանոս վեցերորդ, որ պապ կ'ընտրուի 1371ին։ Կը յաջորդէ Սապէլի գրած Պապերու անունները եւ ցանկը՝ 1389-1775 տարիներու։ 20. Թղ. 129բ. «Հաշիւ Զատկի ՃԽ ամաց» (աղիւսակ)։ 21. Թղ. 130բ. «Կայսերք եւ թագաւորք քրիստոնեայք յամենայն աշխարհս. Այսոքիկ են ինքնակալք որ եւ կայսերք, նաեւ թագաւորք քրիստոնեայք որ են յերկրի...»։ Թագաւորներու ցանկին մէջ կը կարդանք. «Թագաւորն Հայոց»։ Ապա՝ յաւելում Աւետիս Օգոստինի. «Կու բառնի, աւա՛ղ է յոյժ. քանզի գերեալ իսկ կայր մինչեւ ցայժմ ի յԵգիպտոս, եւ այսպէս բարձաւ թագաւորութիւնն յազգէս Հայոց»։ 22. Թղ. 131բ. «Պատերազմողքն հմտագոյն. Այսոքիկ են ինն խոհեմ եւ հմտայգոյն պատերազմողքն, արքն քաջ եւ ամենայն զօրութեամբք զարդարեալք, որք եղեն յաշխարՆոյն թուղթին վրայ կատարուած է յաւելում մը, 12 տող, որու աւարտին կայ սա Յիշատակագրութիւնը. «Յամի ծննդեան Տեառըն Յիսուսի Ռա Յի եւ 2ա (1380) թըվականի, ես Օգոստինս Արզրումցի ըզբանյտ զայս շարադրեցի»։ Նոյն Օգոստինոսի գրչութեամբ են թղ. 137բ-138բ, 139բ։ 23. Թղ. 132բ. «Իշխանութիւնն եւ թագաւորք Հայոց. Արդ, վասն զի գիրքս ժամանակագրաց կոչեալ մինչեւ ցայս վայր ի գրոյ լադին ի հայ թարգմանեցաւ ինեւ, փցուն Ներսէսիւ Պալիանցի կոչեալ, ի Կիլիկոյ գաւառէն, պարտ վարկայ վերջոյ ինքնակալութեան Հռոմայեցոցն եւ տէրութեան լադինացոցն, զիշողութենէն եւ զթագաւորութենէն (Հա)յոց համառօտաբար շարադրել. նաեւ զհայրապետացն...»։ - Վերջ թղ. 133բ. «Արմոգ, յԱրմոգա(յ) Բագամ, ի Բագամա(յ) Վան, ի Վանա(յ) Վահէ. սա ընդվզեալ մեռանի յԱղեքսանդր Մակեդոնացոյ. Յայս վայր տէրութիւնն Հայոց դադարէ»։ Թղ. 134բ. նորոգողին կողմէ աւելցուած է։ 24. Թղ. 137ա. «Կաթօլիկոսք Հայոց. Եւ արդ, վասն զի զկնի ինքնակալացն հռոմայեցոց զթագաւորացն հայոց համառօտաբար ի մէջ բերաք զպատմութիւն եւ զաւուրս, սմին վասն եւ զկնի ծայրագունիցն քահանայապետիցն եւ զմասնաւոր առ(ա)ջնորդաց եւ կաթողիկոսացն հայոց շարագրեսցուք զանուանսն եւ զաւուրս յաջորդութեան նոցա։ Իսկ կաթողիկոսք որք ուղղափառք են լեալ եւ միաբանք սրբուհւոյ եկեղեցոյն Հռոմ(այ), զնոսայ նախ կէտ դնեմք եւ Տէր գրեմք եւ ապա զանունն, եւ որք ոչ են միաբան, զանուն գրեմք սոսկ. Տէր սուրբն Գրիգոր լուսաւորիչն ամս Լ...»։ 25. Թղ. 137բ. «Ժամանակագրութիւնք կարճ ի կարճոյ հաւաքեալ ի զանազան պատմութեանց հայ, ֆռանգ եւ ասորի, շարագրեալ պարոն Հեթմոյ տեառն Կօռիկոսոյ եւ արար զայս բանք ի թվիսն հայոց ՉԽԵ, (եւ յամի մարդեղութեան տեառն ՌՄՂԶ (1296)). Ի թվականին հայոց ՇԻԵ (1076) Գագիկ թագաւորն հայոց սպանաւ յորդւոցն Սանդալէի, ի բերդն Կենդրօսկօի...»։ - Վերջ թղ. 138բ. «ՌՅԽԱ (1341) Կիտ եղբայր Ճօհաննէս, ամս Բ. զսա ընդ եղբօրն իւր հայերն սպանին։ ՌՅԾԱ (1351) Կոստանդին ազգական Լեւոնի». կ'աւարտի հին գրութիւնը, այն է Օգոստինոս Արզրումեցիի գրչութիւնը եւ նորագոյն գրով ամբողջացած է նոյն էջը։ 26. Թղ. 139ա. «Նորագոյն իրս եւ արմացք որ կայ յերկրի մարդիք Պրակմանք անուն. Պրակմանքն են ժողովուրդք ի հնդիկըս, եւ որպէս ասէ վարդապետն աշխարհականն պատմութեանց, ի Ռակման թագաւորէ, որպէս ասի յոմանց, այս անուամբ կոչեալ...»։ Վերջ անդ. «... ի վերայ մեկնութեանն թղթոյ միոջ երանելոյն Ճէրօնիմոսի, զոր գրեաց առ Բավլինոս քահանայ, որ սկսանի. Զամենայն եկեղեցական պատմութեանց. զոր մեկնեաց ոմն անուն Պռիդօն, ուր զայս ամենայն ասացեալս գրէ անդ»։ 27. Թղ. 139բ. «Դարձեալ եւ այլ հիանայի իրս ի գոյութիւնս Աստուծոյ, զոր երանելին Օգոստինոս յիշէ ի գիրքն կոչեալ Յաղագս Աստուծոյ. Երեք են իրս պայծառս եւ լուսատու...»։ - Վերջ թղ. 139բ. «Դարձեալ ի կղզին Սարտին է լեառն մի մերձ ի ծովն, եւ անտ ուր ծովն հասանէ՝ լինի աղ սպիտակ, եւ յորժամ զաղն զայն երկաթէ ամանով դնեն ի կրակն, հալի իբրեւ զարծաթ եւ թափեն ի կաղպար եւ ձող քարշեն եւ առնեն մատանի եւ թաս եւ զայլ զինչ կամին. բայց յորժամ դարձեալ ըստ առաջին կերպին դնեն ի հուրն, նա հալի եւ է աղ պատուական». (գրչութիւն Օգոստինոս Արզրումեցիի)։ Յետագայ գրիչներ նօտրգիրով կը շարունակեն գրութիւնը նման նիւթերով։

Content