1583
1856
ՌՃՁԵ - 1736։
նօտր մեծ։
Ա-Գx12 (Գ՝ 10). Ա-ԻԴx12 (ԻԳ՝ 10, ԻԴ՝ 9). Ա-Իx12 (ԺԹ՝ 10, Ի՝ 11)։
թուղթ հաստ եւ տոկուն. մագաղաթ են՝ թղ. 318-9։
դրոշմազարդ շագանակագոյն կաշի, միջուկը տախտակ։
բաւարար. խոնաւութիւն թափանցած է թղ. 532-554։
Յովհաննէս Պատրիարգ Կոլոտ, որ ընդարձակ Յիշատակարանով մը կը բացատրէ իր նուիրական եւ ազգօգուտ գործին նպատակը։
թղ. 35ա (բազմագոյն մեծ թոչնագրեր) եւ 319ա (ոսկեգոյն թռչնագիր)։
կարմիր թանաքով։
թղ. 35ա, 319ա, բազմագոյն եւ յոյժ ընտիր զարդերով, որոնց նմանը այս դարուս Ձեռա գիրներուն մէջ դժուար թէ գտնուին։
թղ. 318բ, մեծութիւն՝ 19,6x29,3 սմ., բազմագոյն եւ յոյժ ընտիր, գծուած մագաղաթի վրայ. կը ներկայացնէ յաղթական բազմասիւն կամար մը, զարդարուած այլեւայլ զինուորական 12 արձաններով, որոնց վրայ կը տիրէ Մովսէս մարգարէինը, ձեռքին տասնաբանեայ տախտակը. վերեւ, աջին ու ձախին չորս տեսարաններ, Աստուծոյ անունը գրուած եբրայեցերէն, մանուկն Մովսէս Նեղոսէն հանուած, Մովսէս Փարաւոնին դիմաց օձերու հրաշքով եւ հրեաներու Եգիպտոսէն ելքը։ Յոյժ ընտիր եւ անսովոր մանրանկար մը, հաւանաբար նախագաղափար ունեցած՝ լատինական օրինակ մը։
չունի։
թղ. 34բ, 317բ-318ա, 554ա-բ։
Բնագրին գրչութեամբ. 1. Թղ. 31ա. «Յիշատակարան թարգմանել տուողի գրոց. Ի մէջ զարմանասքանչ եւ հիանալի խորհրդազգածութեանց, անճառելի եւ թաքուն հարցաբանութեանցն Աստուծոյ, ընդ երջանիկ պսակին համբերողաց եւ անկասելի մենամարտին Յոբայ, մինն ի խորին խորհրդոց եւ սքօղեալ բանից եւ յընթարմացուցիչ առակաց եղեւ այս. զի՛նչ երկիր իցէ՝ յորում լոյսն ագանիցի, եւ զինչ տեղի խաւարի, որ թէեւ ի բազմաց հոգեզգօն վարդապետաց այլապէս մեկնեալ է, սակայն փանաքի եւ անիմաց մտաց իմոց ոչ այլ ինչ տեսանի գոլ՝ եթէ ոչ սուրբ Գիրն աստուածային, որ է արդարեւ տեղի եւ լայնատարած ընդունարան աստուածային լուսոյն իմաստից եւ օթարան խաւարի անհասութեան խորհըրդոցն Աստուծոյ։ Արդարեւ՝ սուրբ Գիրն աստուածային է անօթ արփւոյն ճաճանչաւորի եւ երկին հրեղէն, ընդունարան փառացն Աստուծոյ, է երկին յորում Աստուած յարահանգչի եւ աթոռ քառակերպեան (...)։ Թղ. 33բ. «Իսկ ներկայս այս ծաղկալի բուրաստան եւ մրգաւէտ դրախտս աստուածատունկ Հնգամատնեայ եւ միաբազուկ գիրքըս մեկնութեան 5 գրոցս Մովսեսի, զչորեսինն ի միասին միահամուռ պարունակէ, զորս սեղան ամենախորտիկ եւ բարելի իմոյ ազին սիրեցելոյ պատրաստել ջանացի, եւ երանի թէ ազոխակեր ատամանց ոչ հանդիպիւր եւ կամ ցռուկաւոր եզին կալօտւոյ բերնափակի եւ կամ ի նախանձու անուսումնասիրութեան աչօք մտաց խացկելոյ (?). զի թերեւս ծասքեալ զիմաստս՝ որ ի սմա եւ ճանաչեալ զքաղցրութիւն աստուածային գրոց, ի մեղադրանաց զլեզուս իւրեանց դադարեցուցանէին, որ թէեւ արասցեն (զոր չէր արժան), ոչ ունիմ գանգատիլ եւ մեղադրել, ունելով զբանն ապացոյց զառաքելականն, եթէ ոմանց չէր հաւատացեալ, միթէ նոցա անհաւատութիւն զԱստուծոյ հաւատսն խափանէ՞ր. քաւ լիցի։ Բայց հաւաստեաւ գիտեմ, թէ ոչ ոք յարանց իմաստնոց եւ խոհեմից, այլ յուսումնատեցաց եւ յաչաղկոտաց զերկս իմ յաչաղէ եւ եպերէ. բայց զի դիտաւորութիւն իմ ի բարի կոյս գոլով եւ յօգուտ իմոյ ազին սիրեցելոյ, զամենայն զսգտանս նոցին իբր ոչինչ եւ առասպելս վարկանիմ, զի բժոտեալ աչաց ատելի է լոյս արեգական, որ առողջացն է սիրելի, եւ ըստ սրբոյն Դիոնէսիոսի, աստուածայնոյն երանութեան բարեբանութիւնն միշտ նոյն գոլով, զիւր լուսոյն բարեգործական ճառագայթսն յամենեսեան առ ի պէտս հեղու յիմանալի աչսն։ Իսկ եթէ ոք ի բաց կացցէ յիմացականէն լուսոյ, ինքնակամ անձնիշխանութեամբ կափուցեալ զբնաւորաբար սերմանեալսն ի նմա զօրութիւնս առ ի լուսաւորել, մերժէ յինքենէ զմերձակային լոյսն։ «Եւ մի՛ ոք ի մախանաց զաչսն տկարացուցեալ պատճառս յօդիցէ զօտարազնութիւն մեկնողիս սուրբ գրոցս, Կուռնելիոսի ասեմ, առն իմաստնոյ աստուածաբանի եւ հոգեւորական ջերմեռանդի (որ ասելոցս են վկայք մեկնութիւնք վարդապետիս), այլ եւ ի մարգարէս եւ յառաքեալս եւ ի խումբս մարտիրոսաց եւ վարդապետաց նկատեսցէ, որք ոչ վասն օտարազգութեան յազգէս հայոց եղեն տարագրեալք, եւ ոչ գրեանք նոցին աղարտեցան։ Իսկ եթէ ոք առաւել յամառեսցի, զբանն փոխանակ շարագրողին ոչ ընդունելով կամիլ ի բնականաց, այնպիսին առցէ օրինակ, զի եւ ոչ զթիւրակէն, վասն ի յօձից գոլոյն խոտեմք եւ ոչ զվարդն թէ ի փշոց բուսանի, եւ ոչ զմարգարիտն վասն ի ծովային ժժմանց ելմանն, եւ ոչ զաթոռն փղոսկրեայ յանընտել եւ վայրենի՝ գազանէն շինման սակս, եւ զի խստագոյնս ասացից, եւ ոչ զՊօղոս՝ զի ի հրէից, եւ ոչ զսուրբն Գրիգորիոս ակն աշխարհի, զի յԱնակայ էր ծնեալ։ «Բայց աւա՛ղ ցաւոցս, զի՞ էր ինձ զայսպիսիս յիշել, եթէ ազգն իմ իցէր ուսումնասէր, զորոյ ուսումնատեցութիւնն եւ վաղ ուրեմն Խորենացին Մովսէս ողբաց, որոյ պատիւն եղեւ աղօրէից ծառայութիւնն, եւ միւսոյ ընկերին հռավարութիւնն բաղանեաց, իսկ եւ սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ անունն ծայթական։ Բայց զինչ եւ իցէ, ես ի կողմանէ իմմէ, զի մի՛ խոտեցից զթարգմանութիւնն, որ մին է ի պարգեւաց սրբոյ Հոգւոյն, նմին իրի ջանացի զի թերեւս որ յայնմանէ զշնորհաց զրկեալն եմ, գոնէ զանուն պարգեւասիրի ժառանգեցից, եւ որք աղարտեն զերկս եւ զծախն իմ, զորս յոլով ծախեցի, տացեն պատասխանի անաչառ դատաւորին, զի եթէ ոք հակառակեսցի մեք ոչ ունիմք այնպիսի սովորութիւն, ասէ սրբազանն Պօղոս, եւ ոչ եկեղեցին Աստուծոյ. այլ եթէ հարկանիցեն, վասն այսորիկ զմի ծնօտն իմ, պատրաստ եմ ի դարձուցանել զմիւսն, եւ որպէս զառաքեալսն՝ գնամ խնդութեամբ յերեսաց ատենին, զի վասն սիրելոյ զպարգեւ Հոգւոյն սրբոյ արժանի եղէ գանելոյ։ «Բայց ի վախճան բանիս կնքեմ զայս ինչ՝ ասելով զգովութենէ հնգից մատենից մեկնութեան գրոյս մեծին Մովսեսի, թէ զկատարեալ դրուատումն աստուածային սուրբ գրոց կամիս իմանալ, ընթերցի՛ր զառաջաբանութիւն մեկնողի սուրբ գրոցս մեծի վարդապետին Կուռնելիոսի Լափիտէ կոչեցելոյ, եւ թէ զգովութիւն մարգարտաշար մեկնութեանն կամիս իմանալ, գոնէ ընթերցիր զմի միայն տան զմեկնութիւն վարդապետին, եւ անտի կարասցես ճանաչել թէ ոչ ընդունայն եւ ի զուր վաստակեալ իցեմ, որ թէեւ յառաջ բերել նկրտիցիս ասելով. Սիթէ ո՞չ գոյր մեկնութիւն ազին մերոյ ի վերայ հնգից մատենիցն Մովսէսի։ Ասեմ թէ գոյր արդիւնականին մեծին Վարդանայ, հաւաքեալն ի մեծամեծաց վարդապետաց եկեղեցւոյ, բայց հոգայր (հգր) եւ այլաբանական կերպիւ եւ ոչ տարակուսանաց լուծողապէս եւ ոչ նկարագրականին բացայայտողաբար, որ եթէ զմի խրթնագոյն բնաբանի մեկնութիւն յերկոսեանն եւս նկատիցես, իբր փորձաքարիւ զասացեալս փութով ճանաչել կարես։ «Արդ, վախճան արարեալ բանիցս, աղաչեմ զբարեպաշտօն ազգդ իմ հայկական, եւ մանաւանդ զուսումնասէրսն, սիրով հանդիպել գրոցս վարդապետութեանս, եւ մի աղճատել ըստ բարուց բերման, այլ եւ յերկիւղն Աստուծոյ նկատել եւ ուսումնասիրութիւն այլոց ազգաց քրիստոնէից վերադիտել, եւ գոնէ յայնցանէ զուսանելոյ սէր առորսալ։ Եւ մի՛ մոռանալ յաղօթս ձեր յիշման առնելով արժանիք զօգուտն հոգւոց ձերոց կամեցողիս, ձեռնասուն աշակերտի զՏեառն Վարդանայ Բաղիշեցւոյ եւ Ամրտօլացւոյ, մեծի եւ սրբոյ վարդապետի գրասիրի, եկեղեցաշինի, աշակերտաց բանին բազմացուցչի եւ առաքինութեամբ ըստ սրբոյ հաւատոյ վերափայլողի, զՅօհաննէս բանի պաշտօնեայս, զԱրքեպիսկոպոս եւ այցելու սրբոց տեղեացն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ եւ իբրու զՊատրիարգս մեծի եւ արքայանիստ մայրաքաղաքիս Կոստանդնուպօլսոյ, նորոյս Հռօմայ, որ բազում եւ անասելի տառապակրութեամբ եւ ըստ աղքատութեանս ընչից ծախմամբ, ետու թարգմանել զմեկնութիւնս Հնգից գրքոց մեծին Սովսեսի, յիշատակ հոգւոյ սրբոյ վարդապետին իմոյ եւ հօրն իմոյ հոգեւորի Տեառն Վարդանայ մեծի վարդապետի, եւ զկնի նո րին Տեառն Գրիգորի երջանիկ եւ սուրբ հայրապետին եւ պատրիարգին սրբոյ Երուսաղեմի եւ առաքելական Աթոռոյն Քրիստոսի Սրբոց Յակոբեանց արժանաւոր գահակալին. եւ ինձ, ամենից տրուպ եւ նուաստագոյն ծառայիցն Աստուծոյ ծառայիս Յովհաննու վարդապետիս Բաղիշեցւոյ, եւ ըստ մարմնոյ ծնողացս եւ բոլոր դպրատանս մերոյ հոգեւոր զաւակացս, որոց մանաւանդապէս յանձնեմ ի կրթութիւն եւ ի խնամածութիւն յուսանիլ եւ յուսուցանել, զի գոնէ ըստ Տեառն բանի ընդ սերմանողիս եւ ինքեանք հնձողապէս ուրախասցին, եւ իբր զգինի անուշարար կուսից այլոց մատռուակեսցեն յարբումն պասքելոց, որ եւ խնդրեմ յամենայն հանդիպողացդ, լսողացդ եւ գաղափարողացդ զսակաւուկ յիշատակարանս ոչ ձանձրանալ ի գրելոյ եւ մի աստէն յաւելացուցանել եւ պակասեցուցանել, զի մի՛ ցասումն սպառնացեալ ի Յայտնութեանն սրբոյն Յօհաննու ումեք դիպեսցի եւ եօթնեկի հարուածովք գանիլ ումեք պատահեսցի։ Ողջ լերուք ի Քրիստոս Յիսուս առ յոյսն բնաւից. ամէն։ «Թարգմանեցաւ գիրքս մեկնութեան Հնգից մատենից մեծին Սովսէսի, ձեռամբ Ղուկասու վարդապետի Խարբերդացւոյ, լատինականին հմտավարժի, ի թուին Քրիստոսի ՌԷՃԼԶ (1736) եւ Հայոց ՌՃՁԵ, ի մեծ մայրաքաղաքս Կոստանդնուպօլիս»։ 2. Թղ. 30բ. Ձորս զարդագրերու (3. Ա. Բ. Պ. - «Յ(որվհաննէս). Ա. Բ(աղիշեցի). Պ(ատրիարգ)») միջանկեալ կայ հետեւեալը, «Թարգմանել տվողի գրքոյս, Յետնագունեղի հիգոյս, Սաղթեցէք զերանեալ կոյս, ձօնեսցէ գերազանց լոյս»։ Բնագրէն տարբեր գրչութեամբ. 3. Թղ. 314բ. «Յամի Տեառն ՌԷՃԽԱ (1741), Փետրվարի ԺԵ, թարգմանել տուօղ գրքոյս, տէրն իմ եւ հայր Յօհաննէս վարդապետն Բաղիշեցի, եւ ԻԵ հնգեակ ամօք, Պատրիարգն Կոստանդնուպօլսոյ, միակ ժամաւ նախ քան զհոգեւարիլն ասաց զսովորական շնորհակալութեան բանս զայս. Սրհնեալ է Տէր ի պարգեւս իւր։ Զայս առնելով կնիք եւ եզր բանից իւրոց, ի մէջ երկուց ժամուց աւանդեաց զհոգին իւր առ Աստուած»։
«Գնեցաւ ի Կ. Պօլիս, 1886»։ Մեծադիր եւ պատկառելի հատորս կը բովանդակէ Կոռնելիոս Լափիտէի Մեկնութիւն Ծննդոց եւ Ելից գիրքերուն, թարգմանուած Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի մեկենասութեամբ, ձեռամբ Ղուկաս Վրդ. Խարբերդցիի, 1736ին. ունի հետեւեալ կարգը. 1. Թղ. 1ա. «Յառաջաբանութիւն եւ գովասանութիւն սուրբ գրոց» (բաժանումն ԱԲ). մասն ա-ձ։ - Վերջ թղ. 24բ։ Թղ. 24բ. «Մեկնութիւն Հինգ գրեանցն Մովսեսի»։ - Վերջ թղ. 25ա։ Թղ. 25բ. «Կանոնք որք վառեն զջահ Հինգ գրեանցն» (կանոնք ա-խբ)։ - Վերջ 30բ։ Թղ. 31ա. «Այսոքիկ են ժամանակագրութիւնք աշխարհի, կամ բոլոր Հնոյ կտակարանի, յԱդամայ մինչեւ առ Քրիստոս» (աղիւսակ)։ Թղ. 32ա. «Յիշատակարան թարգմանել տուողի գրոց» (տե՛ս ստորեւ)։ 2. Թղ. 35ա. «Մեկնութիւն Ծննդոց. Գլուխ Առաջին, համար կամ կարգ գլխոց, (Գ)րի ստեղծումն աշխարհի եւ գործն վեց աւուրց (...). Ի սկզբանէ. Նախ սուրբ Օգոստինոս, սուրբն Ամբրոսիոս եւ Բասիլիոս, ի սկզբանէ, ասեն, այսինքն՝ Որդւով, քանզի Որդւով իւրով, իբրու գաղափարաւ կամ նախատպիւ եւ իմաստութեամբ Հօր, ամենեքեան ստեղծան...» (Գլ. Ա-Մ)։ Վերջ թղ. 317ա։ 3. Թղ. 319ա. «Յառաջաբանութիւն, նաեւ առարկութիւն Ելից. Գիրքս այս ի մանաւանդական առարկութենէ գործոյ, նախ ի յունաց ապա ի լատինացւոց կոչեցաւ Ելից, զի պատմէ զելմանէն Մովսեսի եւ եբրայեցւոց յԵգիպտոսէ դէպի յերկիրն (Աւետեաց ի Քանան, եւ վասն այնորիկ կոչեցաւ ի) յունաց եւ ի լաթինացւոց Ծննդոց, Ղեւտացւոց, Թուոց, Երկրորդ Օրինաց...»։ Թղ. 320ա. «Գլուխ Առաջներորդ, շար գլխոց. Նոր Փարաւօն ոչ գիտելով զՅովսէփ. եւ երկնչելով յեբրայեցւոց (...). (Այսոքիկ են անուանք). Վէէլէսչէմօթ, այսինքն՝ եւ այսոքիկ են անուանք, ուր եւ տեսանի շարակցել զայս մեկնութիւնս Ելից ընդ վախճանի Ծննդոց եւ զնա շարունակել, զի ի հնումն էր...» (Գլ. Ա-Խ)։ - Վերջ թղ 553բ։